ԱՆՈՐԱԿ ՍՆՈՒՆԴ. ԴԱՆԴԱՂ ՄԱՀ

Կը յիշեմ մանկութեանս տարիներուն մեր քաղաքի խանութներուն ցուցափեղկերը, որոնք ըստ իս, շատ աղքատիկ էին։ Հատուկենտ հանդիպող մթերային խանութներ, ուր կը բացակայէին տուրմերու, քաղցրաւենիքներու, շաքարներու, խմորեղէններու եւ այլնի առատ տեսականին։ Վստահաբար կրնամ ըսել, թէ այդ խանութներուն մէջ մեծաւ մասամբ կը վաճառէին օգտակար մթերքներ։ Տակաւին քիմիական յաւելումներով պատրաստուած թոյները, զորս սնունդ անուանելը վիրաւորական կ՚ըլլայ սնունդ բառին համար՝ չէր հասած մեզի։

Միայն կրպակի մը մէջ կը վաճառէին ելակի համով, կլորաձեւ, կարմիր գոյնի, ձողի մը վրայ շաքար, զոր շատ կը սիրէի ես։ Երբ մայրիկս կամ մեծ հայրիկս մեզի պզտիկ դրամ մը կու տային, ես զայն կը պահէի, զբօսանքներու ընթացքին չէի ծախսեր եւ տունդարձի ճամբուն կը գնէի ելակի համով ու իմ սիրած շաքարէն։

Դպրոցն ալ մեր տունէն կը գտնուէր գրեթէ երկու քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Երթուղային միջոցներու, հանրաշարժներու բացակայութեան պատճառաւ տասն տարի շարունակ՝ ես, եղբայրս ու մեր հասակակիցները, ոտքով կտրեցինք այդ դժուար ու երկար թուացեալ ճամբան։ Այն ատեն կը տրտնջայինք, փնթփնթալով կ՚երթայինք դասի։ Դիւրին չէր անձրեւին, ձիւնին ու բուքին ոտքերդ թաց, դողալով հասնիլ դպրոց։ Սակայն առողջարար է ու յիշարժան։ Ինչեւէ…

Կարճատեւ ժամանակահատուածի մը ընթացքին քաղցրահամ, ախորժալի, զգլխիչ բոյրով ու համով, փայփլուն, գունեղ ծրարումներու մէջ թոյնը, մեր առողջութիւնը խարխլող, մեր ուղեղը բթացնող «ուտելիքը» ներխուժեց մեր երկիրը, այնուհետեւ՝ մեր մարմինը։ Տարրաբանական յաւելանիւթերով պատրաստուած ամէն ինչ կուրացուց, դիւթեց մարդկութիւնը ու մինչեւ այսօր կը պահէ կախեալութեան մէջ։

Երկար ժամանակ ես նոյնպէս կը գտնուէի անոր ճիրաններուն մէջ։ Կը հրաժարէի մայրիկիս, մեծ մայրիկիս պատրաստած համեղ ուտելիքներէն ու քաղցրաւենիքներէն. պարզապէս չէի հաւներ այն ամէնը, որոնք կը պատրաստուէին տնային պայմաններու մէջ։ Նոյնիսկ մեր հաւերու անարատ միսէն ու հաւկիթէն կը հրաժարէի, նախապատուութիւնը տալով գործարանայինին։

Տեւական հոգիս կը քաշէր որեւէ արհեստական սնունդ։ Զոր օրինակ, տեղական դդմաճի փոխարէն կը նախընտրէի չինացիներու պատրաստած զուտ քիմիական, յաւելեալ համեմունքներով, հինգ վայրկեանի մէջ պատրաստուող դդմաճը։ Ժամանակ վատնելու, յոգնելու կարիք չկայ, պարզապէս անոր վրան կը լեցնես եռացած ջուր, հինգ վայրկեան վերջ «ճաշդ» պատրաստ է։ Գաւաթ մը թէյով կ՚ուտէի հինգ-վեց, նոյնիսկ տասն տուրմ կամ շաքար…

Մայրանալէ վերջ սկսայ զգաստանալ։ Կը փնտռէի ու կը գնէի այն բաները, որոնք բնական էին ու առողջարար։ Սակայն, միաժամանակ կը գիտակցէի, որ առանց մասնագէտի օգնութեան չեմ կրնար սնուիլ ճիշդ ու օգտակար։ Որոշեցի դիմել սննդաբանի մը օգնութեան։ Արդիւնքին՝ հնարաւորութիւն կ՚ունենամ ազատելու թէ՛ իմ ունեցած քանի մը քիլօկրամ աւելորդ ծանրութենէն եւ թէ կը սնուիմ ճիշդ ձեւով։ Ինչպէս կ՚ըսեն՝ որոշումը գործի կէսն է։ Որոշեցի եւ ըրի։

Շուտով արդէն կը բոլորեմ ամիս մը, երբ ես կը սնանիմ առողջ ու օգտակար։ Հաւատացէք ինքնազգացողութիւնս հիանալի է, այլեւս չեմ ունենար տրամադրութեան անկումներ։ Կը նշմարեմ, թէ ինչպէս օրէ օր կը փոխուի իմ մորթի որակը, կը փարթամանան վարսերս եւ ամենակարեւորը՝ ունիմ ծանրութեան կորուստ։

Այլեւս երեկոյեան ժամերուն միրգ չեմ ուտեր, փոխարէնը առաւօտեան՝ մինչեւ կէսօր։

Բազմազան շաքարներու, քաղցրաւենիքներու, խմորեղէններու փոխարէն կը վայելեմ հայկական արեւահամ չիրերու տեսականին, մասնաւորապէս սալորաչիրը, որ կը պարունակէ՝ քալսիում, մակնեզիում, երկաթ, իոտ, մանկանեզ, պղինձ, Սէ., Է. կենսանիւթեր։ Բաց աստի, ան կը կարգաւորէ աղեստամոքսային համակարգի, ինչպէս նաեւ՝ սրտի աշխատանքը։ Կ՚օգնէ նիհարնալու, կը բարելաւէ մորթի առողջական վիճակը։ Ամենակարեւորը՝ օժտուած է երիտասարդացնող յատկութեամբ ու կ՚ամրա-պընդէ անընկալունակութեան՝ իմունային համակարգը։

Բացառած եմ ճերմակ ալիւրի՝ հացի, լաւաշի, շաքարաւազի գործածումը. միմիայն սեւ հաց։ Ճերմակ ալիւրը ինքնին ցորենի ամենավարի հատուածն է։ Այսինքն քանի մը շերտ ցորենը մաքրելէ վերջ, վերջին մասն է։ Ան պարզ ածխաջուր մըն է, որ արեան մէջ անմիջապէս կը յառաջացնէ կլիւքոզ ու մարմնին մէջ ալ կը վերածուի ճարպի։

Մերօրեայ ճերմակ ալիւրը նրբացուած ալիւր մըն է, խճողուած զանազան տարրաբանական յաւելանիւթերով, որոնք ալ իրենց հերթին կը ստեղծեն արագ խմորացում, կեղծ համ ու հոտ, ինչպէս նաեւ առաւել ուտելու ցանկութիւն։

Երբեմն կը վայելեմ տուրմ, սակայն առանց շաքարի ու տեղական։ Յետմիջօրէին կ՚ուտեմ զանազան ապուրներ, անշուշտ ոչ ամէն օր։ Հետաքրքրական է, որ ես այլեւս ապուրը կ՚ուտեմ կտոր մը սեւ հացով ու ձիթապտուղով։ Իմ սննդաբանը ինծի խորհուրդ կու տայ ձիթապտուղը ուտել ապուրով։ Քանզի ձիթապտուղը յագեցուցիչ է. իր մէջ կը պարունակէ բնական ճարպեր, Ա., Է. կենսանիւթեր, օմեկա… Խանութներու մէջ վաճառուող հարիւրաւոր թէյերու տեսականիէն կը գերադասեմ բնականը՝ մասուրի, ուրցի, անանուխի համերով…

Երեկոյեան ժամերուն, հեռատեսիլի դիմաց նստած մեր ընտանիքը կը համտեսէ զանազան բանջարեղէններու, կանաչիներու, կաթնամթերքի ու արեւահամ չիրերու տեսականին, բայց ոչ երբեք պտուղ, տուրմ, քաղցրաւենիք, չոր պտուղ կամ արեւածաղիկի սերմեր։

Առեւտուրի գացած ատեն ուշադիր կը զննեմ, թէ մարդիկ ինչ սնունդ կը գնեն. ոչ մէկ օգտակար բան, բոլորը վնասակար։ Այեւս խանութներու տեսականիներուն իննսուն տոկոսը թոյն է, դանդաղ մահ, կործանիչ ռումբ։ Մարդիկ անգիտակցաբար, երբեմն ալ գիտակցաբար կը սպառեն թոյնը։

Կը խորհիմ՝ կարիքաւորնե՞րը աւելի առողջ կը սնուին, թէ ունեւորները։ Գիւղացիները՝ ան ալ կարիքաւոր։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020