ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴԵՐԱՍԱՆԸ ԵՈԱՔԻՆ ՖԵՆԻՔՍ

Վերջերս տեղի ունեցաւ «Օսքար-2020»ի մրցանակաբաշխութիւնը, բայց մինչեւ յաջորդ «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութիւնը, շարժանկարային աշխարհը եւ շարժապատկերի սիրահարները պիտի քննարկեն այս տարուան «Օսքար»ին արժանացած ժապաւէնները, պիտի խօսին ոսկեայ արձանիկը խլող երջանիկներուն մասին, որոնց անունները արդէն շարժապատկերային արուեստի Ամերիկեան ակադեմիայի պատմութեան մէջ արձանագրուած են:

«Օսքար»ի մրցանակաբաշխութիւնը, երկրորդ անգամ, տեղի ունեցաւ առանց յայտարարագիրը վարողի, փոխարէնը ամերիկացի ռեփըր Էմինէմին ելոյթը հատեց բոլոր սպասուած սահմանները եւ ծածկեց ազդարարողին բացակայութիւնն ու ուրիշ բացեր, եթէ կային:

«Օսքար»ը միշտ կը յաւակնի ըլլալ տարուան գլխաւոր հանդիսութիւնը՝ առանց թերութիւններու եւ բացթողումներու: Իսկ հանդիսավարին բացակայութիւնը կազմակերպիչները իբրեւ ոճ ընտրած էին, ռեփըրին յայտնուիլը եւս բեմին վրայ նախապէս չէր յայտարարուած եւ անակնկալ էր: Էմինէմին առասպելական երգը՝ 2003 թուականի օսքարակիր հիթը «Ինքզինքդ կորսնցել» խորագրով, ողջ աշխարհը կրկին հիացմունքով լսեց:

Մինչ հարաւ-քորէական արտադրութեան «Մակաբոյծը» ժապաւէնը կը խլէր լաւագոյն ժապաւէնի անուանակարգին արձանիկը, շատեր վստահ էին այդ յաղթանակին առումով: Խաղադրոյքներուն մէջ շատ մեծ թիւ կը կազմէին յօգուտ «Մակաբոյծ»ին կատարուածները, հակառակ որ քիչ չէին յաւակնորդ ժապաւէններէն «Ժոքեր»ի եւ միւսներու օգտին դրուած խաղագումարները:

Այս տարի, տարուան դերասանուհի, տարուան բեմադրիչ եւ միւս գործիչներուն մէջ փայլուն էր տարուան դերասան ճանչցուած Եոաքին Ֆենիքսին կերպարը: Տարուան դերասանուհիէն աւելի մամուլը կեդրոնացաւ Ֆենիքսին վրայ, իբրեւ շատ տարօրինակ ճամբայ անցած դերասան մը, որ քառասունվեց տարեկանին, «Ժոքեր» տրամայի մէջ ստանձնած ծաղրածու արքայազն Ժոքերի դերին շնորհիւ դարձաւ 2020 թուականի լաւագոյն դերասան: Մրցանակը ստանալէն ետք Ֆենիքսը յուզիչ ելոյթ մը ունեցաւ, որուն մէջ պզտիկ տարիքէն իր որդեգրած գաղափարները արտայայտեց.

«Բարեւ: Լա՞ւ էք: Ես շատ շնորհակալ եմ. ես զիս երբեք դահլիճին մէջ նստողներէն բարձր չեմ դասեր եւ բարձր չեմ դասեր զիս այն մարդոցմէ, որոնց հետ կը մրցէի: Բարձր չեմ դասեր, քանի որ մենք բոլորս նոյն սէրը ունինք՝ սէր շարժապատկերային արուեստին հանդէպ: Այդ արուեստին շնորհիւ է, որ ունիմ այս երեւակայական ու չքնաղ կեանքը: Չեմ գիտեր, թէ առանց շարժապատկերի ի՛նչ պիտի ընէի: Ես կը կարծեմ, թէ ամենամեծ նուէրը, որ տրուած է ինծի կամ այս դահլիճին մէջ գտնուողներուն՝ ձայնազուրկներուն համար մեր ձայները բարձրացնելու հնարաւորութիւնն է: Ես շատ խորհած եմ այն տագնապալի հարցերուն շուրջ, զորս մենք այսօր բախած ենք եւ վստահ եմ, որ երբեմն ստիպուած ենք զգալ, որ որոշ մարդիկ որոշ մարդոցմէ տարբեր արժէքներ կը կրեն: Խօսելով սեռային անհաւասարութեան, ցեղապաշտութեան կամ ոչ աւանդական սեռային կողմնորոշում ունեցող մարդոց եւ կենդանիներու իրաւունքներուն մասին՝ մենք առաջնահերթութիւնը կու տանք անարդարութեան դէմ պայքարին: Յաճախ այնպէս կը թուի, թէ նոյն ազգը, ցեղը, սեռը իրաւունք ունին անպատիժ բռնութիւն բանեցնել կամ վերահսկել միւսները:

Ես գիտեմ, որ մենք բնութենէն շատ հեռացած ենք: Մենք յանցաւոր ենք եւ այդ յանցաւորներուն մէջ շատ են եսասէրները կամ եսասիրական գաղափարներու հաւատացողները: Եսասէրը կը կարծէ, թէ աշխարհը իր շուրջը կը դառնայ: Մենք պարզապէս խուժած ենք բնութեան մէջ եւ խլած ենք անոր պաշարները: Կը կարծենք, թէ իրաւունք ունինք կով խնամելու եւ խլելու անոր ձագը, հոգ չէ, թէ կենդանին որքան կը տանջուի: Այդ ալ չի բաւեր, կը խլենք անոր կաթը, որ պահուած է իր ձագին համար եւ այդ կաթը կը լեցնենք սուրճին մէջ:

Անհրաժեշտ են փոփոխութիւններ, բայց մարդը կը վախնայ փոփոխութիւններէն, կը վախնայ ինքզինքը փոխելու միտքէն, քանի որ կը կարծէ, թէ ատոր համար պէտք է զոհաբերէ բան մը կամ հրաժարի արդէն ունեցած բանէ մը: Մինչդեռ մարդկութիւնը այնքան ստեղծագործ է, այնքան հնարներ ունի, որ կարող է ստեղծել, զարգացնել եւ գործածել փոփոխութիւններ բերող այնպիսի միջոցներ, որոնք բարենպաստ կ՚ըլլան կենդանական աշխարհին եւ շրջակայ միջավայրին համար:

Ես ալ եսասէր էի, նոյնիսկ երբեմն՝ դաժան. ինծի հետ դժուար էր աշխատիլ: Այսօր շնորհակալ եմ, որ ձեզմէ շատերը, այս դահլիճին մէջ, ինծի տուած են երկրորդ անգամ փորձելու հնարաւորութիւն: Վստահ եմ, որ մեր լաւագոյն փորձառութիւնը այն է, որ մենք ոչ թէ կը քննադատենք զիրար, այլ կը սատարենք անցեալի սխալներուն համար: Ահա թէ երբ կը յայտնուինք բարձունքին: Երբ կ՚օգնենք մէկզմէկու զարգանալու, առաջ երթալու, սորվելու, նաեւ կ՚ուղղորդենք մաքրուելու, քաւութեան, կը բարձրանանք դէպի վեր: Ահա ամենէն մեծ մարդասիրութիւնը»:

Այս խօսքերը արտասանելով Եոաքին Ֆենիքս յուզուած է եւ վստահաբար՝ իր հանգուցեալ եղբայրը՝ տաղանդաւոր դերասան Ռիվըր Ֆենիքսը յիշած է, որ թմրանիւթերու չարաշահումէն մահացած է իր ձեռքերուն մէջ: Առհասարակ Եոաքին Ֆենիքսի կեանքը անսովոր մարդու կեանք եղած է եւ մանկութենէն հարթ չէ ընթացած:

Եոաքին Ռաֆայէլ Պոտոմ ծնած է 1974 թուականին՝ Փուերթօ Ռիքոյի Սան Խուան քաղաքին մէջ, մայրը՝ Առլինը Հունգարիայէն եւ Ռուսաստանէն ներգաղթած հրեայ ընտանիքէ մը սերած է, հայրը՝ ծնունդով Գալիֆորնիայէն էր եւ կաթողիկէ։ Առլինը ընտանիքը լքած ու փոխադրուած էր Գալիֆորնիա, ուր հանդիպած է ապագայ ամուսինին եւ ամուսնացած:

Եոաքին Ֆենիքսի ծնողքը «Աստուծոյ զաւակներ» աղանդին հետեւորդները եղած են. անոնք կը ճամբորդէին Հարաւային Ամերիկայի տարածքին եւ կը քարոզէին: Օր մը, սակայն, կը հիասթափին, կը ձգեն աղանդը եւ կը վերադառնան Միացեալ Նահանգներ: Անոնք կը փոխեն իրենց մականունը եւ կ՚ընտրեն «փիւնիկ» («ֆենիքս») անունով թռչունին անունը, իբրեւ մականուն: Այդ թռչունը կը վերածնի մոխիրէն եւ կը խորհրդանշէ նոր սկիզբ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Եոաքինի մայրը կը սկսի աշխատիլ NBC-ի շարժապատկերի համար դերասաններ ընտրելու բաժնին մէջ եւ այդպէսով իր երեխաները կը սկսին նկարահանուիլ գովազդի եւ հեռատեսիլային շարժանկարներու մէջ:

Ֆենիքսները հինգ երեխայ ունէին: Առաջին հեռատեսիլային դերը Եոաքինը խաղացած է 1982 թուականին՝ աւագ եղբօր Ռիվըր Ֆենիքսին հետ։

1995 թուականին ան կը յայտնուի «Ինչի՛ համար կ՚արժէ մահանալ» ժապաւէնին մէջ եւ իր խաղընկերները կ՚ըլլան Նիքոլ Քիտմընը, Մեթ Տիլընը եւ Քէյսի Աֆլեքը։

2008 թուականին Եոաքին կը յայտարարէ շարժանկարային արուեստէն իր հեռանալուն մասին, որոշելով ամբողջութեամբ նուիրուիլ երաժշտական ասպարէզին, սակայն այդ յայտարարութիւնը շարժանկարի մը բովանդակութեան մաս կը կազմէր: Ֆենիքսին համաշխարհային ճանաչում բերած է հռոմէական կայսր Քոմմոտոսի դերը «Կլատիաթէօր» ժապաւէնին մէջ:

Դերասանը բուսակեր է եւ 2003 թուականին մասնակցութիւն ունեցած է կենդանիներու հանդէպ դաժանութեան մասին պատմող «Երկրաբնակները» վաւերագրական ժապաւէնի ստեղծման աշխատանքներուն, որուն մէջ, իրմէ զատ, մասնակցութիւն ունեցած են նաեւ բազմաթիւ այլ բուսակերներ: Իր մասնակցած ժապաւէններէն ամենէն աւելի կը խօսի այդ ժապաւէնին մասին, որուն համար նաեւ մրցանակ ստացած է: Ան այսօր ալ կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային ընկերութիւններու անդամ է, մեծ աշխատանք կը տանի կենդանիներու հանդէպ մարդոց դաժանութիւնը նուազեցնելու ուղղութեամբ:

Յատկանշական է, որ Եոաքին Ֆենիքսի ծնողքին հիփի ըլլալը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր վրայ: Միացեալ Նահանգներու մէջ 1960-ականներուն յառաջացած այս ենթամշակոյթը քարոզողները նման կարգախօս ունէին՝ «Սէր, ոչ թէ՝ պատերազմ»: Խումբերով ապրող այդ մարդիկը՝ հիփիները կը կարծէին, որ մարդիկ պէտք է ազատ ըլլան, իսկ ազատութեան հասնելու համար պէտք է փոխել հոգիին ներքին կառուցուածքը։ Անոնք պատմութեան մէջ մտան ճինզ տաբատներով, երկար մազերով եւ վիեթնամական պատերազմին դէմ իրենց հայեացքներով: Ֆենիքսի ծնողքը նաեւ իրենց երեխաները կը տանէին, որպէսզի փոքր տարիքէն վարժուին բուսակերութեան ու բնութեան հանդէպ սիրոյն:

Ֆենիքսը երեք տարեկանին դարձած է բուսակեր: Այդ տարիքէն ծնողքը հրաժարած է անոր եւ իրենց միւս զաւակներուն միսով, հաւկիթով եւ կենդանական ծագումով այլ մթերքով կերակրելէ: Դերասանը նաեւ բնական մուշտակ կամ կաշիէ մասերով հագուստ չի կրեր: 2020-ի լաւագոյն դերասանը իր դերասանական պայմանագրերուն մէջ ունի մասնայատուկ կէտ մը, որով պարտաւոր են շարժանկարի իր կերպարին համար նկատի ունենալ միայն արհեստական կտորով հագուստներ:

Եղբօրը՝ տաղանդաւոր դերասան Ռիվըր Ֆենիքսին մահը՝ 1993 թուականին, ծանր ազդած է Եոաքինի վրայ, մինչ այդ 1988 թուականին երկու եղբայր շարժանկարի պատ-մութեան մէջ առաջին անգամ միասին առաջադրուած են «Օսքար»ի: Ինչ կը վերաբերի «Ժոքեր» շարժապատկերին, ապա ծաղրածուի կերպարը մարմնաւորելու համար, ան ստիպուած է 24 քիլօ նիհարնալ:

Դերասանուհի Ռունի Մարայի հետ Եոաքին Ֆենիքսը ծանօթացած է նկարահանումներուն ընթացքին եւ երեք տարի է միասին են, բայց ոչ՝ ամուսնացած: Ահաւասիկ, տարուան օսքարակիր դերասան դարձած, «Ոսկէ կլոպուս» մրցանքի քառակի անուանակարգուած եւ դափնեկիր, Վենետիկի փառատօնի եւ «Կրեմմի» մրցանակի եւ բազմաթիւ այլ մրցանակներու դափնեկիր Եոաքին Ֆենիքսին կեանքը: «Կլատիաթէօր»ի աստղային ուղիէն ետք, ան կրկին գերեց միլիոնաւոր մարդոց սրտերը, բայց ափսոս, որ անոր մարմնաւորած ժոքերը խելագար է եւ ոճրագործ եւ չի հասկնար, թէ ինչ կ՚ընէ:

ՀԱՅԵՐԷՆ ԽՕՍՔ՝ «ՕՍՔԱՐ» ՍՏԱՑԱԾ ՄԷԿ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԷՋ

Այս տարուան «Օսքար»ի արժանացած ժապաւէններէն մէկը «Փոքրիկ տիկիններ»ն էր, որ արձանիկը խլեց «Լաւագոյն հանդերձանքի ձեւաւորում» անուանակարգին մէջ: Այս շարժանկարը կ՚ընդգրկէ կարճ դրուագ մը, ուր տղամարդը հայերէն լեզուով կը խօսի։

Ժապաւէնը հիմնուած է ամերիկացի գրող Լուիզա Մէյ Օլքոթի վէպին վրայ, բեմադրիչն է՝ Կրեթա Քերվիկ: Դրուագի մը մէջ տղամարդը կը խօսի հայերէն եւ հերոսուհին պարի կը հրաւիրէ.

«Ինչո՞ւ Ձեզի նման գեղեցիկ կինը չի պարեր»։

«Ներեցէ՛ք, ես միայն անգլերէն կը խօսիմ»:

Հերոսուհիին պատասխանին տղամարդը նախ հայերէնով կ՚արձագանգէ՝ «Եկո՛ւր, պարէ» եւ երբ աղջիկը չի հասկնար ի՛նչ կ՚ըսէ, ան կը շարունակէ անգլերէնով։ Շարժանկարը կը պատմէ Մարչերու ընտանիքի չորս քոյրերուն հասունացման մասին, որոնք կը բնակին Նոր Անգլիոյ մէջ, 1860-ական թուականներուն Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին: Գլխաւոր դերակատարներն են՝ Սիրշա Ռոնան, Էմմա Ուաթսըն, Ֆլորենս Փիւ, Էլաիզա Սքանլեն, Լորա Տեռն, Թիմոթի Շալամէ, Մերիլ Սթրիփ։

Հայերէն խօսքը «Օսքար»ի շլացուցիչ փայլքին տակ փոքրիկ, բայց հայերուս համար ժպիտ յառաջացնող դրուագ մը դարձաւ 2020-ի մրցանակաբաշխութեան ժամանակ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020