ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

«Բռնութիւնը ուժի նշան չէ, այլ՝ կենդանական վախի» (Կոստան Զարեան)

Օրերս մեր մեծագոյն եւ իւրայատուկ գրական-մտաւորական անձնաւորութիւններէն մէկուն՝ Կոստան Զարեանի «Սպանիա» գիրքը կը կարդամ: Այնքան հետաքրքրական եւ միաժամանակ այնքան խորունկ հատոր մը, որ կարելի չէ հատորին մէջ արձանագրուած խոր, այժէմական եւ կեանքի փիլիսոփայութեան հետ առընչութիւն ունցող մտածումներուն մասին պահ մը չմտածել, չբերել ներկայ, խորհրդածել, մտմտալ եւ փորձել հասկնալ մեր ներկան:

Գիրքի գրախօսականը չէ՛ որ պիտի ներկայացնեմ ընթերցողի ուշադրութեան, այլ այս եւ յառաջիկայ մի քանի գրութիւններով վերոնշեալ գիրքէն հատուածներ, որոնց մասին պիտի փորձեմ ամփոփ անդրադարձներ կատարել համեմատականներ տանելով մեր ներկային հետ: Անդին, ընթերցասէրները, մանաւանդ անոնք որոնք մեր տագնապալից այս օրերու մասին կը փորձեն եզրակացութիւններու հասնիլ, լաւ կ՚ըլլայ որ անպայման փորձեն գտնել Զարեանի այ գիրքը եւ անգամ մը կարդալ զայն:

• «Անցել են այն ժամանակները երբ Եւրոպայից ղրկուած գաղափարական մի ուսանողի նամակները, զգացողական նկարագրութիւններով, մեծ գիւտի եւ երազկուն իտէալականութեան բնոյթ էին առնում: Երկրագունդը այլեւս բաց գիրք է, որ ամէն մարդ կարող է ծոյլ մատներով թղթատել: Նաւերը ճեղքում են ովկիանոսները առանց գինովութեան եւ մեր երեւակայութիւնը դադարել է անորոշաբար թափառել հեռաւոր աշխարհների կրկներեւոյթային տեսարանների երկնքում: Այսօր, մեր տենչը իր թեւերը տարածում է տարբեր քաշողութիւնների վայրերի վրայ:

Եւ սակայն, ներքին աչքերով դիտուած աշխարհը այնքա՜ն նոր է, այնքա՜ն չտեսնուած: Ժողովուրդների եւ անհատների բարդ եւ ճակատագրական լինելու կերպերը, մեռնող եւ երբեմն վերածնուող երկիրների խորհուրդը, հոգիների, գաղափարների եւ աստուածների արկածախնդրութիւնները: Եւ ինքը, նոյն այս խստաբարոյ, շռայլ եւ ամեհի մեր դարը, որ ապրում է այնքան հետաքրքիր եւ խոր դրամա:

Դրամա, որից ոչ ոք դուրսը չի մնացել, ոչ անհատները, ոչ ազգերը եւ ոչ երկրամասերը: Դրամա, բարդ եւ խորածաւալ գործողութիւններով, վիթխարի յաւակնութիւններով մեծղի եւ համատրոփ: Ուր սահմանները վերացուած են, ուր չկայ հեռուն, չկայ մօտը: Չկայ ձերը, չկայ մերը: Ուր ամէնքս էլ մեծ մի խաղի եթէ ոչ ողբերգուները, գոնէ լռիկ դերակատարներն ենք:

Եւ նաեւ մենք, հայերս, եւ մանաւանդ մենք՝ հայերս»:

Այո՛, անցած են ժամանակները նամակներով տարբեր երկիրներ նկարագրելու, ներկայացնելու, տարբեր ու նոր գաղափարներ փոխանցելու ներս ապրողներուն: Այո՛, փոխուած են ժամանակները եւ ի՛րապէս «երկրագունդը այլեւս բաց գիրք է, որ ամէն մարդ կարող է ծոյլ մատներով թղթատել՝»… Մեր բջիջային հեռախօսները, ծնկադիր համակարգիչներն (laptop) ու նօթատետրերը (iPad) վկայ… Այսօր աշխարհը մարդու ափին մէջն է, աւելի ճիշդ մարդ կը կարծէր, որ աշխարհը տեղաւորած էր իր ափին մէջ, սակայն վերջին մէկ տարուան ընթացքին մարդկութան անկոչաբար «հիւրութեան» եկած թագաժահրը մարդուն պարտադրեց վերանայելու եւ վերարժեւորելու իր կարգավիճակը, աւելի՛ն, պարտադրեց մտածել երախտապարտ ըլլալու իր ունեցածին համար… Չնայած այս ճշմարտութեան սակայն, տակաւին «մեր տենչը իր թեւերը տարածում է տարբեր քաշողութիւնների վայրերի վրայ», տարբեր յայտանբերութիւններու, տարբեր մոլորակներու, տարբեր ձռքբերումներու եւ նորարարութիւններու ուղղութեամբ…, եւ մարդը իր ամբողջ էութեամբ եւ մտային կարողութեամբ կը փորձէ յայտնաբերել այդ «նոր» ու «չտեսնուած» աշխարհը:

Իսկ մարդկութեան ապրած «դրամա»ն մերօրեայ բառապաշարով կը կոչուի համաշխարհայնացում, աշխարհաքաղաքացիութիւն… Եւ Զարեան ճի՛շդ կը նկատէ, որ այդ «դրամա»յին, այդ «մեծ մի խաղի»ն «ողբերգուները-դերակատարները» ենք «նաեւ մենք, հայերս: Եւ մանաւանդ մենք՝ հայերս», որ մեր չտեսութեան ու ո՛չ պետականամէտ մտածողութեամբ մենք մեզ արժեցուցած ենք «ողբերգուներ» դառնալու: Արդարեւ, մենք, թերագնահատելով մեր ունեցածը, չարժեւորելով ու չգիտակցելով մեր ունեցած հարստութիւնը, ինկած ենք օտարին ետեւէն եւ դարձած ենք «վարպետ» օտարամոլներ… Մեր պատմութեան վերջին շրջանին, յատկապէս վերջին աւելի քան երկուքէս տարիներու ընթացքին մեր մեծագոյն թշնամին մեր ներքին «տականքի» կողքին, է՛ նաեւ աշխարհաքաղաքացիութեան մոլուցքը, որ եթէ ազգովին չյաջողինք դէմ դնել այդ երեւոյթին, մեր ազգին յառաջիկայ պատմութիւնը այդքան ալ լուսաւոր պիտի չըլլայ, աւելին՝ մեր գոյերթի շարունակականութիւնը մարդկութեան պատմութեան մէջ կասկածելի պիտի դառնայ:

• «Մարդկային անհատը, չնայած իր հսկայ եւ գեղեցիկ ճիգին՝ վերջնականապէս նուաճել բովանդակ երկրագունդը, իրեն զգում է դժբախտ, անմխիթարօրէն մինակ, շղթայուած այս մոլորակի մի ծայրում: Նա գիտակցում է, որ հին կեանքը, ոչ թէ երեւութապէս, այլ իրապէս մեռած է, որ իրերին մօտեցման հին ձեւերը այլեւս չեն համապատասխանում լինելիութեան նոր թափին, որ աւանդական ոգիները քաշուել են, խաւարը եւ տիեզերքի հետ հաստատւած modus vivendi-ները այլեւս անարժէք են:

Կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ էլ չկայ: Պատմութեան մղանակները գործում են առանց դադարի, կեանքը հոսում է իր եզերքներից դուրս եւ մենք, որ ուզում ենք կաշկանդել ամէն ինչ՝ մեզ զգում ենք կաշկանդուած մեծ մի խաղ կերտող քաոսի խաւարում:

Այս է, այն ինչ որ անուանում ենք ժամանակակից տագնապը»:

Զարեանի նշած «ժամանակակից տագնապը» կարծէք մարդկութեան ողջ պատմութեան հանգրուաններուն ընկերակից եղած է մարդուն եւ իւրաքանչիւր դար կամ ժամանակաշրջան ունեցած է իր «ժամանակակից տագնապը» եւ կը շարուանակէ ունենալ, հակառակ այն իրողութեան, որ մարդ կը շարունակէ ճիգ ընել «վերջնականապէս նուաճել բովանդակ երկրագունդը»: Մարդկութեան մերօրեայ ժամանակակից տագնապի անունը ինչպէս վերը յիշեցինք «թագաժահր»ն է, իսկ մեզի՝ հայերուս համար, այդ համամարդկային տագնապին եկաւ միանալու քառասունչորսօրեայ ահաւոր պատերազմը, որու հետեւանքները տակաւին երկար ժամանակ պիտի շարուանակէ տագնապեցնել մեր հայրենական եւ սփիւռքեան կեանքը… Քառասունչորս օրեր մեր գործած սխալներուն եւ որդեգրած սխալ քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան արդիւնքով մենք մեզ զգացինք «դժբախտ, անմխիթարօրէն մինակ, շղթայուած այս մոլորակի մի ծայրում», որ կը կոչուի Հայաստան աշխարհ… Յուսանք, կատարուած իրողութիւնները հասկցնել կու տան մեզի, թէ՝ «հին կեանքը, ոչ թէ երեւութապէս, այլ իրապէս մեռած է, որ իրերին մօտեցման հին ձեւերը այլեւս չեն համապատասխանում լինելիութեան նոր թափին… Կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ էլ չկայ: Պատմութեան մղանակները գործում են առանց դադարի…», եւ եթէ չենք ուզեր որ մենք մեզ «կաշկանդուած -զգանք- մեծ մի խաղ կերտող քաոսի խաւարում», պէտք է սթափինք, թօթափենք մեզմէ բոլոր այն երեւոյթները (թրաշամանուկներ ըլլան թէ նախկիններ), եւ ազգային արժանիքներով, ամուր հաւատքով եւ պետականամէտ մտածողութեամբ շարունակենք մեր ընթացքը մարդկութեան պատմութեան մէջ:

• «Պարզ է մի բան. ետ նայել, այն կերպով ինչ կերպով նայել ենք մինչեւ այսօր, այլեւս անկարելի է: Մենք, արդի մարդիկս -արդի հայերս- ստիպուած ենք լուծել մեզ ներկայացող հրատապ խնդիրները առանց անցեալի աշխատակցութեան դիմելու: Օրուան մերկ լոյսի մէջ: Առանց լալկան աչքերով եւ աւելորդ ցուցազգացութիւնով ետ նայելու, առանց տրտնջալու, առանց մեզ եւ ուրիշներին խաբելու: Մանաւանդ այդ, այո՛, առանց խաբուելու եւ առանց խաբելու, այն այնպէս, ինչպէս անապատում կորած մարդը, որ ստիպուած է վճռական որոշում տալ իր առնելիք ուղղութեան մասին»:

Ետ նաայիլ այն կերպով ինչպէս նայած ենք մինչեւ հիմա, ո՛չ միայն անկարելի է, այլեւ մեղանչում թէ՛ մեր եւ թէ՛ մեր գալիք սերունդներուն նկատմամբ: Խօսքը մեր՝ հայերուս մասին է: Մենք բաւական երկար լացինք, մուրացինք, ողորմելիի ու խեղճի դերին մէջ մտանք, այնքանով, որ մեր ժողովուրդին հարիւր տարիներ առաջ ապրած ողբերգութիւնը աւելի փոքր մասշտապով ապրեցանք քառասունչորս օրերու ընթացքին, եւ դարձեալ ամբողջ աշխարհի աչքերուն դիմաց… Եթէ անցեալէն սկսած մինչեւ այսօր լալու, մուրալու փոխարէն քիչ մը աշխատած ըլլայինք մեր դիւանագիտութիւնը զօրացնելու, մեր ազգային պատկանելիութիւնը ա՛լ աւելի խորացնելու եւ աճեցնելու ուղղութեամբ, վստահաբար մեր ներկան բոլորովին տարբեր պատկեր պիտի ունենար, աւելի փայլուն եւ աւելի հզօր:

Վերջին երկուքուկէս տարիներու ընթացքին սին յոյս մը ապրեցանք, թէ արդէն ճամբայ ելած ենք դէպի մեր երազած Հայաստանը, դէպի մեր հզօր ու ինքնիշխան Հայրենիքը ունենալու, սակայն շուտով ժողովուրդը (խօսքս ներկայ եւ նախկին իշխանութիւններու ստրուկներուն, մանկլաւիկներուն եւ զօմպիներուն մասին չէ, որոնք զուրկ ենք առողջ եւ գիտակից գնահատական տալէ կատարուած եւ կատարուող իրադարձութիւններուն) հասկցաւ, որ խաբուած է: Խաբուած է, որովհետեւ «նոր հիները» իշխանութեան գալէն ի վեր ամբողջ ժողովուրդին շարունակեցին «հին»երով կառավարել, խաբել, թէ հիները պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին, պիտի պատժուին, իրենց թալանածն ու կողոպտածը ետ պիտի վերադարձուի, այն ինչ պարզուեցաւ, որ այդ բոլոր մեծխօսիկ խոստումները պղպջակներ էին՝ անձնական եւ կուսակցական շահեր հետապնդելու նպատակով: Եթէ կ՚ուզենք մեր երազած Հայրենիքը ունենալ, ապա պիտի օր ու գիշեր աշխատինք այդ երազը իրականութիւն դարձնելու «առանց տրտնջալու, առանց մեզ եւ ուրիշներին խաբելու: Մանաւանդ այդ, այո՛, առանց խաբուելու եւ առանց խաբելու…», եւ բնականաբար խաբողները՝ ընդ որում վերջին երկուքուկէս տարիներու իշխանութիւնները ո՛չ մէկ բանով կրնան նպաստել կամ աջակցիլ մեր երազած Հայրենիքը ունենալու համար:

Տակաւին, «Հայութիւնը, եթէ ուզում է իր վերջնական յաղթանակը տանել, պէտք է վերակոչէ եւ պողպատէ կամքով ենթարկուի իր նախաւոր ոգիին։ Զտէ, զտուի, դուրս անէ իր միջից անհարազատ տարրերը եւ, առայժմ Արարատեան դաշտում, վերաստեղծէ հոգեկան այն պրոցեսը, որի միջոցով ժամանակին, իր կրօնա-հերոսական շրջանում, նա ստեղծել է իր աստուածներին»:

Մենք՝ հայերս պէտք է ուժ գտնենք մեր ներսիդին եւ թօթափենք մեզմէ ամէն տեսակի զեղծարարութիւններն ու սուտ հայրենասիրական արարքները, ապրինք Հայրենիքով եւ ո՛չ թէ Հայրենիքը ապրեցնենք մեր հաճոյքներուն համար: Ապրեցնենք Հայրենիքը այնպէս, որ մեզ յաջորդող սերունդները մեր ցանած սերմերուն արդիւնքը վայելեն եւ ա՛լ աւելի ծաղկեցնեն ու փարթամացնեն ցանուած սերմերը, որպէսզի մեր Հայրենիքը շարունակէ ապրիլ հայօրէն, շարունակէ ապրիլ հայուն համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

8-9 փետրուար 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021