ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Բանկալթիի Լատին կաթոլիկներու գերեզմանատան մատրան մէջ։ Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան կանանց իրաւունքներու պաշտպան իգական սեռէ հայազգի մտաւորականներ, մասնաւորապէս Սրբուհի Տիւսաբ, ինչպէս նաեւ ի Տէր հանգած իգական սեռէ հայ բոլոր գրչի կամ կրթութեան մշակները։
Արարողութեան ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառի կողքին էին Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Յակոբ Սրկ. Մինասեան, Կիսասարկաւագ Ժան Աճէմեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ոսկեբերան երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ ու երգեհոնահարութեամբ Զաւէն Ակայի։ Օրուան քարոզին մէջ Զէքիեան Գերապայծառ կանգ առաւ հաւաքական կեանքէ ներս իգական սեռի դերակատարութեան վրայ։ Ան մատնանշեց, թէ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս կանանց իրաւունքներուն համար տրուած պայքարը՝ որպէս նպաստի բաժին, ունի իր տեղը աշխարհի վրայ կանանց իրաւունքներուն համար տարուած աշխատանքներուն մէջ։
Հոգեհանգստեան պաշտօնին զուգահեռ, Զաւէն Ակայ եւ Մարալ Տեմիր ներկայ հաւատացեալներուն ներկայացուցին Սրբուհի Տիւսաբի կենսագրութիւնը։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024