ԸՍՏ ԱՐՄԻՆԷ ԱՊԱՃԵԱՆԻ՝ ՏԻԿՆԻԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ
Փոքրիկներու մանկութեան անբաժանելի մասը կը կազմեն տիկնիկները: Թէ՛ աղջիկ, թէ՛ տղայ երեխաները անոնց միջոցով կը սորվին խնամել, սիրել, պատժել, հոգ տանիլ: «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը կը ներկայացնէ զրոյց մը «Նանի-Զանի» տիկնիկներու հեղինակ Արմինէ Ապաճեանի հետ:
-Տիկին Ապաճեան, ինչպէ՞ս ծնած է տիկնիկներ ստեղծելու գաղափարը։
-Տիկնիկներու աշխարհը, ինչպէս ամէն աղջնակի, այնպէս ալ զիս գրաւած է դեռ մանկութենէ: Տարիքի հետ այդ սէրն ու հրապուրանքը չանցան: Միշտ կը մտածէի վերադառնալ այդ աշխարհը, ստեղծել նոր տիկնիկներ, նոր կերպարներ ու հաճոյք պատճառել թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ մեծերուն: Սակայն այդ մտադրութիւնս երկար ժամանակ չէր իրականացած: Չեմ գիտեր՝ ի՞նչն էր պատճառը: Գուցէ կեանքիս ընթացքը, գուցէ այլ հանգամանքներ՝ դժուար է ըսել... Հաւանաբար ժամանակ պէտք էր. միտքը պէտք է խմորուէր, հասուննար: Ըստ իս՝ անհրաժեշտ էր կենսափորձ կուտակել, որպէսզի աւելի խոր ըմբռնէի ընելիքիս էութիւնն ու նպատակը եւ կարողանայի ստեղծել տիկնիկներ ըստ իմ ճաշակի, ընկալումներու անկրկնելի տիկնիկներ, որոնք երեխաներու մէջ կը զօրացնէին բարիի եւ գեղեցիկի զգացումը: Ի հարկէ, հեշտ չէր զանց ընել այդ ճանապարհը, յաղթահարել անինքնա-վըստահութիւնն ու այն վախը, թէ մարդիկ ինչպէս կ՚ընդունին իմ մտայղացմամբ ստեղծուած խաղալիքներն ու տիկնիկները։
-Ինչո՞ւ «Նանի-Զանի» անուանեցիք այդ իւրայատուկ տիկնիկները:
-Կը կարծեմ՝ բոլորն ալ քաջ ծանօթ են Թումանեանի հերոսներուն՝ «Գիքորը» պատմուածքի Նանիին եւ Զանիին, որոնց համար ուլունքներն ու թելերը Գիքորը այդքան մեծ խնամքով կը հաւաքէր եւ կը պահէր։
-Ինչպէ՞ս կը ծնի որեւէ տիկնիկի նախագծման միտքը, ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք ստեղծման ընթացքին։
-Երբ կայ համախոհ մասնագէտներու խումբ, մարդիկ, որոնք ունին մասնագիտական հմտութիւններ եւ աջակից են քեզի, աշխատիլը աւելի դիւրին է եւ հաճելի։ Շատ յաճախ տիկնիկներն ալ իրենք կը թելադրեն։ Երբ մարմինը կը ստեղծուի, ամէն բան մեր նախատեսածի պէս չ՚ընթանար։ Գուցէ մեր մտածած հագուստը տիկնիկին յարմար չ՚ըլլար եւ ինք կ՚ընտրէ իր հագուստը։
Կան ազգային տիկնիկներ, հայկական հէքեաթներու հերոսներ-տիկնիկներ, կերպարներ մեր ազգային դիւցազներգութենէ, ծիծաղաշարժ եւ հերոսական, հասարակ ու աւելի բարդ թեքնիկ պահանջող գործեր, որոնք կը միաւորէ ընդհանուր տարր մը՝ ազգային մտածելակերպի զարգացումը:
-Որո՞նք են ձեզի համար անընդունելի տիկնիկներն ու առհասարակ խաղալիքները:
-Քննադատել չեմ սիրեր։
-Ո՞րն է ձեր ոգեշնչման աղբիւրը։
-Գոյները:
-Ո՞րն է Ձեր ամենասիրելի տիկնիկը։
-Թերեւս բոլորը, բայց կ՚առանձնացնեմ Զանիները։
-Ձեր խօսքը ընթերցողին:
-Կը կարծեմ՝ տեղին կ՚ըլլայ եզրափակել Վիքթոր Հիւկոյի խօսքերով, որոնք այնքան խորիմաստ են, որ այլեւս ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կը պահանջեն. «Տիկնիկը ամենահրամայական կարիքներէն մէկն է եւ միեւնոյն ժամանակ կանացի մանկութեան ամենահրապուրիչ բնազդներէն մէկը: Խնամել, հագցնել, պճնել, հանուեցնել, նորէն հագցնել, դաս տալ, քիչ մը կշտամբել, օրօրել, փաղաքշել, քնացնել, երեւակայել, թէ այդ որեւէ գործողութիւնը ոեւէ մէկն է. կնոջ ողջ ապագան այստեղ է: Երազելով եւ արագ-արագ խօսելով հանդերձ, փոքր վարտիքներ ու փոքր շորեր պատրաստելով հանդերձ, փոքր շրջազգեստներ ու փոքր գօտիներ կարելով հանդերձ՝ երեխան կը դառնայ աղջիկ, աղջիկը կը դառնայ հասուն օրիորդ, հասուն օրիորդը կը դառնայ կին: Առաջին երեխան վերջին տիկնիկի շարունակութիւնն է»։վդ