ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՄԵՆՔ

Այս անգամ ալ տակաւին ինքզինք «Կիրովականցի» համարող հարեւանս միտքս պղտորեց: Այսպէս, մեր վերջին այցելութեան, չես գիտեր ինչ բաներէ թելադրուած ան շեշտեց, որ «մեր եկեղեցին պէտք է փոխուի, արդիականայ»:

Ինք՝ որ տարին հազիւ մէկ անգամ եկեղեցի ոտք կը կոխէր, հիմա եկած էր եւ պայման «կը դնէր»...: Անհաւատալի: Անիմաստ արդարացում: «Սրտի մխիթարանք»:

Սակայն անկախ այս բոլորէն, «խօսքը մեր մէջ» ըսեմ, որ կամաց-կամաց իր այդ առաջարկը իմ միտքս ալ սկսած էր պղտորել ու այսպէս, ես ինծի սկսած էի հարց տալ. արդեօք իրապէս մեր եկեղեցին արդիականացման կարօտն ունէ՞ր, կամ պէ՞տք էր որ արդիականանար: Արդեօք այս մտահոգութեան գլխաւոր պատճառը եկեղեցւոյ «երգի՞չն» էր, թէ ոչ՝ «երգը»:

Հիմա լուրջ հարց էր եւ ձեւով մըն ալ մտահոգութիւն:

«Խենթը ըսաւ, խելօքն ալ հաւատաց», կը կրկնէի մտովի, միաժամանակ ծիծաղ մը գծելով դէմքիս:

Կրկնութեան գնով յիշեցնեմ, որ քահանայի թոռնիկ ալ եմ ու շատ հաւանաբար, եթէ ողորմած աւանդապահ ծնողքս ողջ ըլլար, նման հարցի մը քննարկումիս ժամանակ, ինծի քիչ մը տարբեր, սանկ կասկածանքով եւ «ծուռ» աչքով պիտի նայէին: Անպայման:

Ու սկսելով այս մտահոգութեան էականէն, ըսեմ, որ գրեթէ մեր բոլոր եկեղեցիները «կը դժգոհին» կիրակի օրերու հաւատացեալներու սակաւաթիւ ներկայութենէն։

- Եթէ հոգեհանգիստ չունենանք, մարդիկ իրենք զիրենք պարտաւոր չեն զգար եկեղեցի գալու…, կ՚արդարանան եկեղեցւոյ հովիւներն ու պատասխանատուները: Ու ճիշդ եւ իրաւացի ալ են: Նման իրականութիւն կը լսենք ամէն անգամ եւ ամէն առիթով: Նաեւ միւս կողմէ ալ կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ, եկեղեցիներ կը փակուին, «այցելուներ» չունենալու պատճառով։

Տասնամեակներէ ի վեր բոլորս ալ ականատեսներ ենք, թէ իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւն, հայրենիք կամ սփիւռքներ, միշտ կը կառուցենք մեր հոգեւոր տուները՝ եկեղեցիները եւ կամ տենդագին կը վերանորոգենք զանոնք:

Սակայն ինչո՞ւ հետզհետէ հաւատացեալներու եկեղեցի այցի թիւը կը նօսրանայ: Արդեօք նոյն ինքն այս «հաւատացեալ» կոչուածը ծո՞յլ է, եւ կիրակի օրերուն չ՚ուզեր իր տունէն դուրս գալ եւ կամ այլ ծրագիրնե՞ր կը խանգարեն... եւ կամ արդեօք սկսած են պատարագը երկար «գտնե՞լ» եւ աւելին՝ գրաբար արարողութիւնը իրենց համար «անհասկնալի» սկսած է թուիլ:

Անձնապէս, չեմ կարծեր, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աչքառու ըլլալու չափ հեռացած է իր ակունքներէն: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ «որքան ակունքներուն մօտ ըլլայ ան, այնքան ջուրը զուլալ կ՚ըլլայ»: Գիտենք, որ աշխարհի վրայ ցանկացած ուսում կամ գիտութիւն եւ կամ հարց իր ակունքներուն պէտք է երթալ, աւելի յստակ հասկնալու համար կամ ճանչնալու համար:

Մեզի, հայերուս համար, քրիստոնէութիւնը մարդկային կիրքերէն եւ ցանկութիւններէն ազատագրուելու ուղի է: Այսպէս դաստիարակած էին մեր ծնողներն ու դպրոցները: Մեր եկեղեցւոյ գիտելիքները եղած են կատարեալ եւ ամբողջական: Մեր աղօթքներն ու շարականները գրուած են մեր սուրբ հայրերու մեկնութիւններով: Սուրբ Հոգիով, եթէ կ՚ուզէք:

Միւս կողմէ սակայն, այսօր հին եւ միասնական եկեղեցւոյ տեղ, կը տեսնենք պառակտուած քրիստոնէական եկեղեցի, եւ որ ունի բազմաթիւ ուղղութիւններ, որոնք կը կարծեմ ծնունդ են սեփական ցանկութիւններու եւ շահերու եւ ուր տեսանելի են եւ լսելի անկաշկանդ մեկնաբանութիւններ ու յարմարեցումներ: Այլ խօսքով, ամէն տեսակի որդեգրումներ՝ ներգրաւելու համար մարդ հաւատացեալը: Ազատ են: Իրենց հաւատքն է, եւ հաւատքն ալ ո՛չ սահման ունի եւ ո՛չ ալ չափ: Սակայն նման որդեգրումներով, շատեր կը կարծեն, որ եկեղեցին կամաց-կամաց դարձած է մարդահաճոյութեան վայր:

Մինչդեռ մեր մօտ, մեր մեծերը պատգամած են, թէ քրիստոնէութիւնը մարդասիրութեան եւ ոչ թէ մարդահաճոյութեան ուսմունք է: Բայց, եթէ փորձենք մօտէն հետեւիլ, նոյն այս մարդահաճոյութիւնն անգամ այսօր այդ եկեղեցիներուն ցանկալի «պտուղներ» չեն բերեր: Պէտք է հպարտութեամբ շեշտել, թէ մեր եկեղեցին հնամեան է եւ հաստատուն: Մեր մօտ Քրիստոսի ճշմարտութիւնը հարցական չէ եւ արքայութիւն տանող դուռն ալ ժամանակի ընթացքին նման նորարարութիւններու իբրեւ հետեւանք, «չէ լայնցած»:

Իմ կարծիքով, ո՛չ թէ մեր եկեղեցին պէտք է կամ փոխուի, այլ ամենէն առաջ մե՛ր մօտեցումը՝ հանդէպ արդիական եկեղեցւոյ: Մե՛նք պէտք է «ճամբայ» բանանք, մեր մէջ ընդունելու մեր եկեղեցին:

Պատգամաբեր մը չեմ, բայց կը կարծեմ, որ մենք պէ՛տք է մեր եկեղեցին հրաւիրենք մեր կեանքէն ներս: Նորարարման բոլոր ճիգերը մեզ, մեր եկեղեցիէն դէպի օտարացում եւ հեռացում կրնան տանիլ եւ կը տանին:

Հոգեւոր հովիւ մը չեմ ըսի եւ այս տարիքիս չեմ ալ ուզեր ըլլալ, բայց ամենէն առաջ, կը կարծեմ որ նախ մենք զմեզ պէտք է նորոգենք: Ու այս պարզ ճշմարտութիւնը մինչեւ այսօր չկրցայ դրացիիս հասկցնել:

Իսկ ձեզի՞...: Չե՛մ գիտեր:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024