Գրողը, Գրականութիւնը, Արուեստը Եւ Արուեստագէտը Ազատագրել Եւ Մօտեցնել Մարդոց
Կեանքը աւելի կը կապկէ արուեստը, քան արուեստը՝ կեանքը:
ՕՍԿԱՐ ՈՒԱՅԼՏ
Արուե՞ստը. գեղանկարչութիւն, երաժշտութիւն, երգ, պար, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, թատրոն: Զանոնք ազատագրել ի՞նչ բաներէ. շահադիտութենէ, կողմնակալութենէ, քարոզչութենէ, քաղքենիի դատարկ բանգիտութեան ճնշումէ, գայթակղութեան եւ մակերեսայնութեան հրապարակային տիղմէ, արուեստի խանութպանութենէ:
Մշակութային զարգացման փորձ եւ աւանդութիւն ունեցող ժողովուրդները, համալսարաններու մէջ մշակուած իրենց մտաւորականութեամբ (լայն առումով), այդ ազատագրութիւնը կը կատարեն: Ստեղծագործող արուեստագէտը կախուածութիւն չունի, քանի որ կը հաւատայ իր գործին եւ յաջողելու համար չի կառչիր ձեւին, զինք շահագործող կողմնապաշտ եւ կողմնակալ նեցուկի, ան ըլլայ անհատական թէ հաւաքական: Երբ դիմէ քարոզչական նեցուկի, կը նշանակէ, որ ծախու կը հանէ ինքզինք:
Վաւերական արուեստագէտը «ֆան քլէօպ» ստեղծելու կարիք չունի, երեւելիութեան մարմաջով գաճաճ արուեստասէրներով, ապսպրելով գովերգանքի կազմակերպութիւն: Չեն պակսիր մարդիկ, որոնք ուրիշի թեւին տակ թաքնուելով՝ կը ձգտին երեւելիութեան, եւ այս ոչ միայն արուեստի պարագային, այլ նաեւ՝ հանրային կեանքի: Այսպէս, իւրաքանչիւր նկարչական ցուցահանդէսէ ետք լոյս տեսած օրաթերթային աւուր պատշաճի յօդուածը, տեղեկատուութենէ անդին եթէ չանցնի եւ արժեւորում չընէ, ծառայած կ՚ըլլայ միայն թուղթ մրոտելու: Պէտք է խօսիլ նաեւ ընկերակամակրական նեցուկով տաղանդ ցուցադրելու մասին:
Այսինքն ընդունուած միջինքաղքենիական վերաբերումէ ձերբազատելու ճիգի պէտք ունին գրողը, գրականութիւնը, արուեստը եւ արուեստագէտը: Օրինակ, բանաստեղծին կամ գեղանկարիչին դերը բնութեան կապկումը կամ վերարտադրութիւնը չէ, այլ՝ գեղեցիկի ստեղծումը: Գեղեցիկն է չափանիշը, որ չի յաւակնիր իրմէ դուրս այլ նպատակի, որ կը նուաճուի արուեստասէրին, ընթերցողին, երաժշտասէրին կողմէ: Որպէսզի ստեղծագործութիւնը արժէք դառնայ, անհրաժեշտ է հիմնաւորուած արժեւորումը՝ առանց ընկերահամակրական գովերգութեան:
Անհասկնալին կամ բարդը գեղեցիկի չափանիշ չեն:
Արուեստները եւ գրականութիւնը կրնան գաղափարական եւ նոյնիսկ քաղաքական տեսիլքներու բեմ ըլլալ, բայց՝ ոչ ծառայ: Րաֆֆիի գրականութիւնը եւ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւնը յանձնառու էին, բայց չէին թելադրուած ուրիշներու կողմէ սահմանուած գաղափարախօսութեամբ: Այսինքն, անոնք երբ թելադրուած եւ հսկուած կ՚ըլլան, կը դադրին իրաւութիւն ունենալէ, հարազատութիւնը եւ գեղեցիկը կը կորսուին: Նման կացութիւն կը ստեղծուի, երբ գրականութիւն եւ արուեստ կը դառնան ապսպրանք, ինչպէս այդ կ՚ըլլար եւ կ՚ըլլայ մենատիրական եւ ամբողջատիրական մեծ կամ պզտիկ իշխանութիւններու տիրապետութեան ժամանակ, այսինքն արուեստագէտը կամ գրողը պաշտօնական տեսակէտներու մունետիկը ըլլալու դերին կը սահմանուի: Մօտիկ անցեալին, անոնք, որոնք չէին ուզեր այդպէս ըլլալ, կը դառնային այլախոհ, կը պատժուէին, կ՚աքսորուէին, հոգեբուժարան կը դրուէին, կամ օտար երկիր մը կ՚ապաստանէին: Քիչեր միայն, պատշաճելով հանդերձ, ինքնութիւն կը պահէին եւ արուեստ կը ստեղծէին, մանաւանդ երբ իրաւ շնորհք եւ տաղանդ ունէին:
Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ գրականութիւն եւ արուեստ դատարկութեան մէջ չեն ծնիր, ex nihilo չեն ստեղծուիր, կայ բնութիւնը, կան մարդիկ, բարքերը, ըսուած եւ լսուած խօսքերը, այն բոլորը, զորս ընտրած կ՚ըլլանք, կամ անոնց հակադրուած, սիրած կամ չսիրած: Օրինակ, բնութիւն կամ սէր երգելու կողքին, ճամբորդութիւնները (տարբեր աշխարհները) զգացում եւ մտածում կը դրոշմեն, ընկերութեան հոլովոյթը եւ անոր ընթացքին յայտնուող «խնդիրներ»ը անտարբեր չեն ձգեր գրողը եւ արուեստագէտը: Այս բոլորին արձագանգը կը հանդիսանան գրականութիւնը եւ արուեստները (ստեղծագործութիւնը եւ գեղեցիկը), որոնք կը վկայեն մեր ոչ անտարբերութեան մասին, հետեւաբար ճամբայ կը հարթեն փոխանակութիւններու եւ յառաջդիմութեան, այսինքն կ՚ընդարձակեն մեր մտահորիզոնը, կ՚ըլլան ենթահող փոխըմբռնումներու եւ փոխզգացողութեան: Այսինքն անոնք սոսկ զբօս չեն հաճոյքի պահերու համար, այլ աւելի խտութիւն, իմաստ եւ գոյն կու տան մեզ շրջապատող իրականութեան եւ մեր հոգեկան աշխարհի հարստութեան:
Բանաստեղծութեան մը ընթերցումը, գեղանկար մը դիտելու վայելքը, դասական երաժշտութեան մը ունկնդրութիւնը, Շարա Տալեանի «Անտունի»ն, կամ Կոմիտասի «Հորովել»ը լսել, անոնց կատարման գիտական գնահատումէն առաջ եւ վերջ, մեզ կ՚առաջնորդեն մեր ներաշխարհը, այսինքն՝ «մտածելու»® ըստ մեր խառնուածքին, շրջապատին, մեր «պատմութեան», մարդկութեան, ընկերութեան եւ տիեզերական խորհուրդներու մասին, այս ձեւով է, որ «արժէքներ» կը ժառանգուին եւ կը փոխանցուին: Ստեղծագործողը եւ ընդունողը (արուեստասէրը կամ ընթերցողը) լրացուցիչներն են մէկ ամբողջութեան, որ մարդու լինելութիւնն է:
Ստեղծագործողի եւ ստացողի այս տեսական համակեցութիւնը զանազան բացատրութիւններ գտած է հինէն ի վեր: Արիստոտէլ կը կարծէր, որ բանաստեղծութիւնը բնութեան կապկումն էր: Այդպէս էր նաեւ նկարչութեան պարագային, որուն համար հետագային իմաստասէր Ալէն ըսաւ, որ՝ «լուսանկարչութիւնը ազատագրեց գեղանկարչութիւնը», այսինքն բնութեան վերարտադրութիւնը դադրեցաւ նպատակ ըլլալէ, ստեղծագործողը դարձաւ «ունկնդիր»՝ տպաւորութիւններու, խորհուրդներու, գեղեցիկին: Քանթ իր կարգին կ՚ըսէր, որ՝ «գեղեցիկը շահախնդրուած չէ, միաժամանակ բարոյական արժէքի խորհրդանիշ է»: Պարզ չէ՞՝ որ իրականութեան վերարտադրութիւնը աւելի լաւ կ՚ընէ արհեստաւորը՝ իր գործով մեզի թելադրելով արհեստին եւ արուեստին տարբերութեան ըմբռնումը: Ստեղծագործութեան արդիւնքը եզակի է, իսկ արհեստը ճարտարարուեստի պէս է, նոյնին կրկնութիւնը, նոյնիսկ երբ ան աւելի ճիշդ եւ կատարեալ թուի: Մտածել՝ ընդօրինակողներու եւ կապկողներու մասին:
Ստեղծագործութիւնը կը բանայ անմիջական պահանջէ տարբեր հորիզոն մը:
Գրական երկը, համանուագը, գեղանկարը, ո՛չ զուարճութիւն եւ ո՛չ ալ գեղօր են, անոնք կան գեղեցիկի վայելքին համար: Անոնցմով է, որ անհատը կրնայ անմիջականէն վեր բարձրանալ, բացարձակին ըմբռնումը ունենալ, այսինքն՝ իմաստներ որոնել: Այդ իմաստներու խուզարկուն ազատ գրողն ու արուեստագէտն են, ընդունելիի եւ անընդունելիի սահմաններէն անդին, ինչ որ յառաջդիմութեան, արժէքներու ըմբռնումին եւ կատարելագործան կ՚առաջնորդէ, այսինքն ճշմարտութեան նուաճման փորձին եւ իմաստութեան: Այս ըմբռնումն է, որ երբեմն ըսել կու տայ՝ «արուեստը արուեստին համար», որ կը նշանակէ անմիջականի մէջ չբանտարկուիլ:
Գրականութիւն եւ արուեստ անջատ չեն կեանքէն, հեռու տեղ մը, առանձին աշխարհի մը մէջ չեն, անոնք կ՚արձագանգեն մեր ապրումներուն, տեսածին, երեւակայածին, ակնկալութիւններուն: Այսպէս, Ֆրանսիսքօ տը Կոյայի «Հրացանազարկները» (1808) կամ Փապլօ Փիքասոյի «Կեռնիքա»ն (1937), անդրադարձ են մարդկային «պատահած»ին, բայց կը նուաճեն ցաւին գեղեցկութիւնը: Այսինքն իրականութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը տրամախոհական (տիալեքթիկ) մնայուն յարաբերութիւն ունին:
Բարեկամ մը օր մը Սոթպի՚զ աճուրդի տունէն գնած էր մեծ գեղանկարիչի մը թանկարժէք գործը: Ըսաւ, թէ գնած էր «վարկի համար» (prestige), ո՛չ հաղորդութեան եւ ո՛չ գեղեցիկի վայելքին համար: Մտածել՝ արուեստի եւ նիւթ-քաղքենիութեան մասին® Արձանագրենք «դրամի կայսերապաշտութեան» ցուցակին վրայ:
Երբ ընկերութիւնները չեն հաղորդուիր ստեղծագործութեան ճամբով նուաճուած իրականութեան գերանցումով, Պղատոնի քարայրի մարդիկը, որոնք ճշմարտութիւնը տեսնելու անատակ կը դառնան, ստուերներով կը փոխարինեն ճշմարտութիւնը: Երբ հաւաքականութիւն մը խրի նիւթապաշտութեան տխրութեան մէջ, կը դառնայ հակամշակոյթ, գերանցում չի կատարեր, կրօնը կը դարձնէ ծէս, քաղաքականութիւնը՝ կարգախօս եւ դիրքապաշտութիւն, ստրկութիւնը՝ վերապրումի ճամբայ, ինքնութեան կորուստը՝ իմաստուն պատշաճեցում:
Դեռ հզօր են այն ժողովուրդները, որոնք գիր-գրականութիւն եւ արուեստ կը ստեղծեն, այսինքն՝ երազ ունին, գիրք կը գնեն եւ կը կարդան, որպէսզի անմասն չմնան, ինչպէս ֆրանսացիները կ՚ըսեն՝ «գեղեցիկ գրականութենէն» (Les belles lettres), վարձու գեղանկար կը բերեն իրենց տունը գեղեցիկէն չզրկուելու համար: Գեղեցիկը իր մէջ խտացնէ ճշմարիտը, որ գիտաշխատանոցի ճշմարտութենէն տարբեր մակարդակի վրայ կը գտնուի, մակարդակ, որ աւելի լաւով կամ աւելի վատով չի սահմանուիր:
Ժամանակակից սպառողական ընկերութեան մէջ շատ քիչ տեղ կու տանք ծէսէն անդին գտնուող ճշմարտութեան եւ գեղեցիկին, որոնք անհատի եւ հաւաքականութեան վերականգնումին համար լուսեղէն ճամբայ են:
Առանց գեղեցիկի եւ ճշմարիտի՝ ընկերային-տնտեսական համակարգերը կը կորսնցնեն իրենց ոգեկանութիւնը, կը զարգանայ չարաշահութիւնը: Հեռանալով ընդհանուր սահմանումով մշակոյթէն՝ կը խրինք, արդիականութեան շպարի տակ, նախնականութեան մէջ, այսինքն կը ստրկանանանք, կը բանտարկուինք մենք մեզմէ դուրս:
Վերադառնալով մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացիին «փոքրիկ ածուին»՝ մենք մեզի հարց տանք, թէ որպէս հաւաքականութիւն վերականգնումի ճամբայէն որքա՞ն հեռացած ենք, ի՞նչ կ՚ընենք այդ վերադարձին համար, որպէսզի մեր մասին «անցեալով» չխօսուի:
Չի բաւեր ըսել, մեծ մշակոյթ ունինք: Մեծ մշակոյթ կը ստեղծե՞նք մեր ոգեկան ժառանգութեան հարազատութեան ուղիին վրայ:
Երբ հակամշակոյթ կը դառնանք, եւ մակերեսայնութիւնը մեր հոգեկան սնունդը, խորքը կը կորսուի, ինչպէ՞ս շարունակութիւն պիտի ըլլանք:
Գրականութիւն եւ արուեստ ոգեկանութիւն են, որուն բացակայութեան կարելի է կրկին յիշել Վիգէն Խեչումեանի խօսքը. «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չըսեն ծառայ»: Ծառայ՝ գաղթական, ծառայ՝ լեզուի, ծառայ՝ սպառող, ծառայ՝ թեթեւամիտ կապկող:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ