ՊԱԼԷԻ ՇՔԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿ

Սէն Փե­թերս­պուր­կի Պա­լէի պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նը ներ­կա­յիս կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Նշա­նա­ւոր այս խում­բին հիւ­րա­խա­ղե­րը կ՚ար­ժա­նա­նան գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, հիւր խում­բը Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ հան­դէս ե­կաւ «Ան­նա Քա­րե­նի­նա»ի ներ­կա­յա­ցու­մով։

Սէն Փեթերսպուրկի Պալէի պետական ակադեմական թատրոնը ամբողջ աշխարհի մէջ հռչակի արժանացած գեղարուեստական խումբ մըն է, որու պատասխանատուները երէկ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեցին Երեւանի մէջ։ Այս առթիւ անոնք ուրախութիւն յայտնեցին հայ հանդիսատեսին ներկայանալու այս եզակի հնարաւորութեան բերումով։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016