ԸՆԿԵՐԱՅԻ՞Ն, ԹԷ՞ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Արագ քայլերով ընթացող մարդկութեան ճանապարհին ցցուած պատի մը նման յայտնուեցաւ քորոնաժահրը եւ իր հետ բերաւ նոր երեւոյթներ. աշխարհ այլեւս երբեք պիտի չըլլայ համաճարակի նախորդածին նման։ Այս բոլորով հանդերձ, համաճարակի ծաւալման պատճառ եղաւ մարդ արարածը…

Համաճարակի թափը ներկայիս կը ծաւալի բազմապատկուելով, ինչ որ առաւելագոյնս կախում ունի շփումներէ։ Մարդիկ հեռացան իրենց առօրեայ թոհուբոհէն եւ մատնուեցան նոր խուճապի մը։ Հիւանդութեան յայտնաբերման առաջին իսկ օրէն եղան կանխատեսումներ՝ գալիք փոթորկալից օրերուն մասին։ Համաճարակի ստեղծած վախը ամբողջ աշխարհի կենցաղը տակնուվրայ ըրաւ՝ մարդիկ սկսան իրարմէ խուսափիլ, վախնալ նոյնիսկ քով քովի գալէ… Համաճարակի բազմապատկիչ ազդեցութիւնը նուազեցնելու նպատակով սահմանուած են նախազգուշական միջոցներ, որոնցմէ ամենաազդեցիկը կը համարուի  ընկերային մեկուսացումը։ Պետութիւններ կոչ կ՚ուղղեն իրենց քաղաքացիներուն, որպէսզի դուրս չգան իրենց բնակարաններէն եւ պահեն ընկերային հեռաւորութիւնը։

Մարդկային շփումներու սահմանափակումը, հասկնալիօրէն, հակաընկերային վիճակ մը ստեղծած է, ինչ որ արդէն առկայ էր նաեւ համաճարակէն առաջ։ Ընկերային մեկուսացման երկարիլը ազատ ժամանակ ապահոված է՝ խորհելու համար մարդկային յարաբերութիւններու աններդաշնակութեան պատճառներու նման բազում մտահոգիչ հարցերու մասին։

Վերջին քանի մը տասնամեակներ ապացուցանած են, թէ փորձագիտական զարգացումներն ու նորարութիւնները բազմաթիւ կարելիութիւններ ընձեռած են ժամանակ խնայելու եւ առօրեան դիւրացնելու ուղղութեամբ։ Այդ նորութիւնները նաեւ նոր ձեւ մը բերած են ընկերային կապերուն։

Համաճարակով պայմանաւորուած այս տագնապալի օրերը կը մատնանշեն իրողութիւն մը։ Իւրաքանչիւր անհատ անպայման պէտք ունի իր նմանին, որպէսզի գոյատեւէ իրերօգնութեամբ կանգուն մնայ աշխարհի դաժան պայմաններուն ներքեւ եւ իր սիրելիներուն հետ վայելէ կեանքի գոյները։ Այս դժուար եւ անորոշ ժամանակաշրջանը յաղթահարելու ճանապարհին առաւելագոյնս պէտք ունինք «ընկերային» յարաբերութիւնները ամուր պահելու։

Այս դժուարին օրերուն ո՛ր մէկուն հետեւիլը տրամաբանական է. ընկերայի՞ն, թէ՞ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը պահել…

Աշխարհի բնակչութեան գրեթէ կէսը կ՚օգտագործէ առցանց միջոցներ, որոնց կը տրամադրէ օրական միջին հաշուով 2-3 ժամ։ Մեր կեանքի անբաժանելի մասը դարձած ընկերային ցանցերը այժմ կ՚օգտագործուին գրեթէ ամէն բանի համար։ Անշուշտ, անոնց օգտագործումը կամ ազդեցութիւնները վիճելի են զանազան առումներով, սակայն պէտք է նշել, որ անոնք հնարաւոր կը դարձնեն սահմանները վերցնելու եւ անձերու միջեւ հեռաւորութիւնը ջնջելու։ Չէ՞ որ, աշխարհի որեւէ երկրի բնակիչի մը հետ կրնաք քանի մը երկվայրկեանի ընթացքին կապ հաստատել, նաեւ տեսակապով, «դէմ դիմաց» զրուցել։ 

Տագնապեցուցիչ համաճարակէն խուսափելու նպատակով մարդիկ փակուած են տուներու մէջ եւ հեռացած՝ իրենց առօրեայ վազգէն։ Անոնք մեկուսացման հոգեբանութիւնը մեղմելու համար տնային պայմաններու ներքեւ, յաճախ «կը դիմեն» ընկերային ցանցերու։ 

Ժամանակն է միանալու, ո՛չ թէ իրարմէ բաժնուելու, հեռանալու։ Կրնանք ֆիզիքապէս հեռու ըլլալ իրարմէ, սակայն պէտք է մերօրեայ հնարաւորութիւններն ալ օգտագործելով հոգեպէս մօտենանք իրարու եւ մեր մէջ զօրացնենք իրերօգնութեան ոգին։ Չվարանինք, այլ համարձակինք ուրիշի մը աջակցութեան ձեռք երկարելու։

Կեանքը լի է անակնկալներով, հակասութիւններով, բարդութիւններով, նաեւ հրաշքներով։ Թէեւ, համաճարակի ստեղծած հոգեկան անկումը դժուար թէ կարճ ժամանակի ընթացքին վերականգնուի, սակայն պէտք չէ յուսահատիլ ապագայի համար։ 

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020