Ի ԳՈՐԾ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Ինչպէս մեր նախորդ էջերով տեղեկացուցած էինք, Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ գործարկուած է սփիւռքահայ մասնագէտներու ներգրաւման ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս Հայաստանի կառավարութիւնը աշխատանքի համար կը հրաւիրէ սփիւռքահայ վկայեալ ու փորձառու մասնագէտներ եւ զանոնք կը ներգրաւէ պետական համակարգէն ներս:

«Ի գործ» կոչուող այս ծրագրով պետական համակարգէն ներս աշխատող սփիւռքահայ մասնագէտներէն Հայկ Մարգարեանը վերջերս բարձր պաշտօն ստացաւ: Ան կ՚աշխատէր Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ եւ պաշտօն ստանալով նշանակուեցաւ Հայաստանի Նորամուծութեան եւ ձեռներէցութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն: Այս կեդրոնը, Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ, կը հանդիսանայ գիտաարհեստագիտական տեղեկատուութեան միջպետական փոխանակումը համակարգող Հայաստանի ազգային տեղեկատուական կեդրոն:

- ՀԱՅԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ երեք տարեկանին ընտանիքին հետ Հայաստանէն փոխադրուած է Ռուսաստան, ապրած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա: Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, նոր պաշտօնին գործնական առաջին քայլը կատարած է՝ Նորամուծութեան եւ ձեռներէցութեան ազգային կեդրոնին մէջ, պիտի փորձեն արհեստագիտութեան փոխանցում իրականացնել, որ նորութիւն է Հայաստանի մէջ: Կեդրոնը միջնորդ պիտի դառնայ գիտական շրջանակներուն համար, որոնց ներկայացուցիչները ցանկութիւն կ՚ունենան իրացնել իրենց գիտական նախագիծերն ու հետազօտութիւնները:

Մեր նախորդ էջերով ներկայացուցած էինք «Ի գործ» ծրագրով պետական համակարգէն ներս աշխատող 52 մասնագէտներէն 38-ը, այսօր կը ներկայացնենք մնացեալ 14-ը:

- ԱԶԱՏ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ, Գանատա, կ՚աշխատի Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ, ճշգրիտ գիտութիւններու տոքթոր է, ինչպէս նաեւ պիզնէս վարչարարութեան փրոֆեսէօր եւ ակադեմիկոս: Ութսուն գիտական հրապարակումներու եւ մի քանի գիրքի հեղինակ է:

- ԶԱՒԷՆ ԱՅՎԱԶԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի Փտածութեան կանխարգելման պետական յանձնախումբին մէջ: Մոսկուայի Պետական համալսարանի շրջանաւարտ է, տնտեսագիտական գիտութիւններու թեկնածու։

- ԴԱՒԻԹ ՇԱՀՎԵՐՏԵԱՆ, Ուքրայնա, կ՚աշխատի տնտեսութեան նախարարութեան նորամուծութեան եւ ձեռներէցութեան ազգային կեդրոնէն ներս:

- ԱՆԻ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մէջ, ուր դասընթացքներ կը վարէ խոցելի խումբերու մէջ գտնուող մարդոց հետ: Միջազգային ասպարէզէն ներս փորձառութիւն ունի աշխատելու խոցելի խումբերու՝ բռնութիւն վերապրած կիներու եւ երեխաներու հետ։

- ՆԱՐԵԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ, Լիբանան, ուսանած է Լիբանանի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը: Աւելի վերջ ուսանած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը: Մասնագիտացած է միջազգային իրաւունքի, մարդու եւ քրէական իրաւունքներու բնագաւառին մէջ, որուն շրջանակներէն ներս մասնակցած է մի քանի վերապատրաստումներու, համաժողովներու եւ դատախաղերու։

- ԱԼԻՆ ԱՐԱՊԱՂԵԱՆ, Լիբանան, կ՚աշխատի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի տեղեկատու տարրալուծարանի մասնաճիւղին մէջ՝ որպէս որակի հսկիչ։

- ԻՆՆԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան մէջ: Աւարտած է Լոնտոնի արուեստի համալսարանի Ժամանակակից հաղորդակցման մշակոյթներ բաժինը, այնուհետեւ՝ «King’s College London»ի Արուեստի եւ մշակոյթի կառավարում բաժինը, ուր մանրամասնօրէն ուսումնասիրած եւ հետազօտած է արուեստի եւ մշակոյթի կառավարման, մշակութային շուկաներու եւ ժամանցային արտադրութիւններու վերաբերող նիւթեր:

Լոնտոնի մէջ աշխատած է «International Publishing Group»ի շուկայավարման բաժնին մէջ եւ արուեստի, հաղորդակցութեան ասպարէզներու նախագիծերուն վրայ՝ Անգլիա, Ռուսաստան եւ Հայաստան:

- ՆԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, Լիբանան, կ՚աշխատի շրջակայ միջավայրի նախարարութեան բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներու եւ կենսաբազմազանութեան քաղաքականութեան վարչութեան մէջ:

- ԱՆԱՀԻՏ ՆՈՐՈՒԶԵԱՆ, Իրան, կ՚աշխատի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան մէջ, ուր աշխատանք կը տանի հայաստանեան համալսարաններու մէջ օտարերկրեայ դիմորդներու թիւի աճման նախագիծերուն վրայ:

- ՔՆԱՐԻԿ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ, Ֆրանսա, կ՚աշխատի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան մէջ, որպէս գրահրատարակչութեան փորձագէտ: Ուսուցչագործած է որպէս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ուսուցչուհի, այնուհետեւ շուրջ երեք տարի եղած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժնի հայագիտական եւ կրօնագիտական գիրքերու խմբագիր: Ֆրանսայի մէջ գիտելիքներն ու փորձը կատարելագործած է աշխատակցելով զանազան կառոյցներու՝ քաղաքային արխիւ, տեղեկատուական կեդրոն, ռազմածովային արխիւի գրադարան, հանրային կապերու ոլորտ:

- ՀԵՐՄԻՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի հաղորդակցութեան բաժնին մէջ: Մասնագիտութեամբ լրագրող է, ունի նաեւ գրականութեան մագիստրոսի աստիճան, երկու պարագային ալ՝ վկայուած ռուսական Տրանսպայկալեան պետական համալսարանէն։ Մօտաւորապէս տասն տարի աշխատած է հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ, եղած է թերթերու եւ ամսագրերու խմբագիր, պաշտօնավարած է կրթական կառոյցի մամուլի քարտուղար, ինչպէս նաեւ լրագրութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու ամպիոնի աւագ դասախօս։

- ՍԱՐԻՆ ԳԱՐԱՃԵԱՆ, Լիբանան, կ՚աշխատի Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու հիմնադրամին մէջ, ուր կը զբաղի ձեռներէցութեան գործի զարգացման եւ գործարքներու ուղղութիւններով: Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու հիմնադրամը օտարերկրեայ ներդրումներու իրականացման աջակցող նորաստեղծ կառոյց մըն է, որ կը զբաղի մօտ 10 միլիոն տոլարը գերազանցող ներդրումներու աջակցմամբ։

- ՀԱՅԿ ՕՀԱՆԵԱՆ, Աւստրիա, կ՚աշխատի տնտեսութեան նախարարութեան հանրային ներդրումներու քաղաքականութեան վարչութեան մէջ։

***

Հայաստանի կառավարութիւնը շուտով կ՚աւարտէ «Ի գործ» 2021 թուականի համար դիմումերու ընդունումը: Ապրիլի 15-ը դիմելու վերջնաժամկէտն է, որմէ ետք գրասենեակը ընտրութիւն կը կատարէ: 2021 թուականին գրասենեակը կը նախատեսէ ունենալ եւս յիսուն սփիւռքահայ մասնագէտ: Այս տարուան համար պետական պիւտճէէն կառավարութիւնը յատկացուցած է շուրջ 233 միլիոն հայկական դրամ: Այս անգամ մասնագէտներուն առաջարկներ պիտի ըլլան աշխատիլ նաեւ մարզերուն մէջ:

«Ի գործ»ը այսպիսով, կը դառնայ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին ընդարձակ ծրագիրը, որ պետական համակարգէն ներս ներգրաւած է արտասահմանէն հայ մասնագէտներ: Ըստ անոնց հետ կատարուած զանազան լրատուամիջոցներու հարցազրոյցներու, մասնագէտները գոհ են Հայաստանի մէջ իրենց աշխատանքէն, որ կ՚ընկալեն նախ որպէս ծառայութիւն, որուն ծիրէն ներս իրենց ներդրումը կը ջանան ունենալ պետական ոլորտներու բարելաւման, զարգացման, քաղաքականութիւններու եւ ծրագրերու մշակման, Հայաստանի պետական համակարգի առողջացման: Անոնց մէկ մասը վերջաւորութեան որոշում կ՚ընդունի եւ կը մնայ Հայաստանի մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

(Վերջ)

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021