ԲԱՐԵՒ՝ ԵՍ ԵՄ - ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐ
Պտոյտ մը երանելի տարիներու վրայէն: Անհոգ եւ ուրախ, բազմազբաղ ու կենսուրախ տարիներ, երբ ծովը ծունկերէդ կու գայ, իսկ քննութիւններու շրջանին կը սուզուիս:
Վերջապէս կրնամ խորունկ շունչ մը քաշել: Ահաւասիկ, կեցած եմ Երեւանի Պետական համալսարանի շեմին: Անբացատրելի զգացումներ ու արտասովոր հանգստութիւն մը պատած է էութիւնս:
Ինծի միշտ կը թուէր, թէ այն օրը երբ ընդունուիմ համալսարան, ուրախութենէն պիտի խենթանամ: Սակայն այդպիսի բան մը տեղի չունեցաւ: Շատ հանգիստ էի: Կարծես իմ կեանքի մէջ ոչ մէկ կարեւոր փոփոխութիւն տեղի ունեցած ըլլար:
Ինչպէս բոլոր ուսանող-ուսանողուհիները՝ Երեւանի Պետական համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական մասնաշէնքի երրորդ յարկին մէջ տեղակայւած Արեւելագիտութիւն ֆաքիւլթէի արտաքին տեսքը զիս նոյնպէս հիասթափեցուց. «Այսքան տարի պայքարեցայ, որպէսզի ուսանիմ այս անշուք ու անցեալ դարաշրջանէն մնացած հնամաշ փայտէ յատակով շինութեան մէջ, երբ քայլած ատեն կրունկաւոր կօշիկներդ կը խրուին փայտէ յատակի արանքներու մէջ»: Վստահաբար իւրաքանչիւր ուսանողի միտքին առաջինը այս կու գար: Այսօր մեր սիրելի համալսարանի տուեալ մասնաբաժինը հիմնանորոգած են:
Իմ սպասումներն ու ոգեւորութիւնը շատ մեծ էր: Տրամադրուած էի լաւ սորվելու: Այսօր, երբ կը բանամ իմ յիշատակներու մատեանը՝ կը նշմարեմ, թէ իմ կեանքի լաւագոյն ժամանակաշրջանը այդ տարիներն էին: Դիւրին չէին, սակայն յիշարժան:
Այստեղ պիտի պատմեմ իմ մայրիկի զոհողութեան ու մեծահոգութեան մասին: Իմ մայրիկի անխոնջ աշխատանքի շնորհիւ ես կրցայ ստանալ բարձրագոյն ուսում:
Ան մասնագիտութեանբ հաշուակալ է, ուսողութեան մէջ վարպետ է: Իննսունականներու վերջին, Ստեփանակերտի շինարարական կազմակերպութիւններէն մէկուն մէջ կը զբաղէր իր սիրելի աշխատանքով: Շուտով այն փակուեցաւ: Մայրս երկար ժամանակ իրեն յարմար աշխատանք մը չկրցաւ գտնել. մնաց գործազուրկ: Երբ ես ընդունուեցայ համալսարան, ան մէկ կողմ ձգեց իր նախապատուութիւնները եւ պատրաստ էր կատարելու որեւէ աշխատանք: Այսպէս յայտնուեցաւ հիւրանոցի մը մէջ՝ լուացարանի դիմաց: Աւելի քան երկու տարի աշխատեցաւ: Աշխատավարձը ստանալուն պէս կը շտապէր դրամատուն ու իր վաստակած 60 հազար դրամը ամբողջութեամբ կը ղրկէր ինծի: Գաւաթ մը ջուրի դրամ անգամ չէր առներ: Իսկ աշխատանքը բաւականին ծանր էր ու յոգնեցուցիչ: Անգամ մը, երբ արձակուրդին գացի Արցախ, մայրս խնդրեց աշխատավայրի մէջ իրեն օգնել. ինքզինքը լաւ չէր զգար: Ես ալ գացի օգնութեան: Այդ օրը իմ աչքերը տամկացան, տրտունջք մը իջաւ իմ հոգւոյն: Մայրս, իմ մայրը, որ ունի հազարումէկ առողջական խնդիրներ, ամէն օր ութ ժամ՝ կռնակը ծռելով, ոտքերը այտուցելով կը լուայ անհամար ծանր պնակներ ու գաւաթներ: Ինծի համար ասոր ու անոր դիմաց գլուխ կը խոնարհէ: Ինչ-որ անարժաններ իմ մայրիկի վրայ կը բարձրացնեն իրենց ձայնը, հրամաններ կու տան:
Ես՝ երիտասարդ ու առողջ ըլլալով հանդերձ, քանի մը ժամ հազիւ դիմացայ այդ ծանրագոյն աշխատանքին: Ան ինչպէ՞ս զայն ամէն օր կը կատարէ... Իմ այտերէն գլորուող ամէն մէկ արցունքի հետ կը բազմապատկուէր սէրն ու ակնածանքը իմ մօր նկատմամբ: Շնորհակալ եմ Տէր Աստուած, որ ես ունիմ իսկական հայ մայր՝ հոգատար ու նուիրեալ, որ յանուն իւր զաւակներու բարօրութեան, պատրաստ է ամէն տեսակ զոհաբերութեան: Օր մը չգանգատեցաւ, օր մը իմ երեսին չտուաւ: Ընդհակառակը, երբ սկսայ աւելի շատ շնորհակալութիւն յայտնել, կը պատասխանէր. «Մատաղ ինիմ, բան մը չեմ ըներ»: Այդ օրը փոխեց իմ ամբողջ կեանքը: Աւելի խորունկ սկսայ ըմբռնելու մայր հասկացողութիւնը եւ մակագրել մայրերուն նուիրեալ բոլոր բանաստեղծութիւններու տակ: Մասնաւորապէս՝
Մօրս սրտի հետ աշխարհն եմ չափել՝
Էլի մեծ է նա, մեծ է ու անգին,
Արեւ աչքերի լոյսն է նա թափել՝
Լուսնեակ դառնալով որդոց օրոցքին...
Եւ հիմա քիչ է, թէ աչքերս տամ,
Թէ սիրտս հանեմ ու տամ մայրիկիս,
Ախ, մայր երգելուց ինչպէս կշտանամ,
Մայրս պատկերն է մայր հայրենիքիս:
Վերադարձայ Երեւան: Փոխուեցան յաջորդիւ իմ բոլոր երեկոները: Իմ վարձակալած պզտիկ բնակարանի մէջ կը մնայի մենակ: Մինչեւ այսօր սովորութիւն ունիմ օրուայ երկրորդ կէսին քնանալու: Երբ համալսարանէն յոգնած կը վերադառնայի տուն, անթաքոյց կը քնանայի ժամ մը եւ աւելին: Կ՚արթննայի մթնշաղին: Իւրաքանչիւր մայրամուտի, աղջամուղջի հետ կ՚արտասուէի: Կը յիշէի իմ մայրիկի տանջանքները, իմ աչքի առջեւ կը շարուէին իմ բոլոր սխալները, անիրաւութիւնները հանդէպ իմ մայրիկի: Հոնգուր-հոնգուր կու լայի, կը հանգչէի:
Իմ մտքի մէջ կամ բարձրաձայն ներողութիւն կը խնդրէի իմ մօրմէ եւ կը խոստանայի յառաջիկային վարձահատոյց ըլլալ վերջինիս:
Մինչեւ այսօր ալ իմ հեզ ու խոնարհ, համեստ մայրը կը շարունակէ ինծի ըլլալ թեւ ու թիկունք: Իսկ ես՝ ինչ որ ընեմ, քիչ պիտի ըլլայ: Իմ մայրը, իր ըրած իւրաքանչիւր լաւութիւն կը նետէ ջուրը՝ կը մոռնայ շուտով: Իսկ եթէ զինքը շատ ցաւցնես, մինչեւ հոգիի խորքը վիրաւորուած, միշտ նոյնը կ՚ըսէ. «Ամօթ քեզի»:
Մեծ ցաւով կամ հիասթափութեամբ արտաբերուած սա երկու բառը դաշոյնի հարուածէն ալ ուժգին է: Իմ փափաքն է ըլլալ անոր պէս նուիրեալ ու ազնիւ ծնող մը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի...
Երեւան