ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՅԻՆԱՆՑ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ «ԿԱՊՈՅՏ» ԿԻՐԱԿԻ
Սուրբ Յարութեան յաջորդող վեցերորդ կիրակին մասնաւոր անուանում մը չունի: Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքը զայն կոչած է ԿԱՊՈՅՏ կիրակի, որպէս տրամաբանական յաջորդականութիւնը նախորդ երկու կիրակիներուն՝ Կանաչ եւ Կարմիր: Ան այսպէս կը գրէ. «Այս անունով [Կապոյտ] կիրակի մը գոյութիւն չունի մեր տօնացոյցին կամ օրացոյցին մէջ. անոր համար առնուած է չակերտի մէջ: Յինանց վեցերորդ կիրակին անունն է մեր տօնացոյցին մէջ: Որչափ փափաքելի ու պատշաճ պիտի ըլլար սակայն գոյներով ողողուած գարնան այս եղանակին, զայն ալ օժտուած տեսնել գոյնով մը, որ իր ուրոյն լոյսը ձգած ըլլար Յինանց շրջանին բազմերանգ երեսին մէկ կողմին վրայ: Արդարեւ կ՚արժէր որ կանաչի եւ կարմիրի կողքին ունենայինք ճերմակ եւ կապոյտ կիրակիներ եւս, նշելու համար, զգալի ու զուարթ ձեւի տակ, այս կիրակիներուն յատուկ խորհուրդները: Ու եթէ իմաստներ ուզեցինք տեսնել Կանաչ ու Կարմիր կիրակիներու անուանակուչումներուն մէջ, ու եթէ պատճառ մը մատնանշեցինք անցեալ կիրակին լուսապայծառ կոչելու, ունինք նաեւ իրաւունք եւ հիմունքը Յինանց վեցերորդ այս կիրակին ԿԱՊՈՅՏ կոչելու» («Գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ», Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, Իսթանպուլ 2016, էջ 75):
Այս կիրակի օրուան Ճաշու ընթերցումները հետեւեալներն են.
Գործք Առաքելոցէն 20.17-38:
Յովհաննէս Առաքեալի Ընդհանրական Առաջին Նամակէն 3.2-6:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 9.39-10.10:
Գործ Առաքելոցի վերոյիշեալ հատուածին մէջ Պօղոս առաքեալ հրաժեշտ կու տայ Եփեսոսի երէցներուն, որովհետեւ պիտի մեկնէր Եփեսոսէն երթալու համար Երուսաղէմ: Խօսելով Երուսաղէմի մէջ իրեն սպասուած անորոշութեան մէկ կողմէ, միւս կողմէ Սուրբ Հոգիին կողմէ իրեն ազդարարելուն, թէ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ իրեն բանտարկութիւն ու նեղութիւն կը սպասեն (տե՛ս Գրծ 20.23), կը յայտարարէ. «Բայց հոգս չէ. ինծի համար կարեւորը կեանքս չէ, այլ՝ կ՚ուզեմ ուրախութեամբ իր վախճանին հասցնել սկսած գործս, այն պաշտօնը որ Տէր Յիսուս տուաւ ինծի՝ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելու» (Գրծ 20.24):
Ի՜նչ համարձակ յայտարարութիւն, որու ետին անմնացորդ վստահութիւնն է Աստուծոյ նկատմամբ: Պօղոս առաքեալ իմանալով, որ ուր ալ երթայ իրեն բանտարկութիւն ու նեղութիւն կը սպասեն, Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած իր վստահութեան շնորհիւ համարձակ կերպով կը յայտարարէ, թէ իր հոգը չէ, որովհետեւ իրեն համար կարեւորը իր կեանքը չէ, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելը:
Աստուծոյ մերօրեայ դեսպաններէն քանի՞ հոգի նոյն պատրաստակամութեամբ եւ համարձակութեամբ կրնայ այսպիսի յայտարարութիւն մը ունենալ, երբ կ՚ապրինք նիւթականացած իրականութեան մը մէջ, որ նոյնիսկ ներթափանցած է եկեղեցիէն ներս, եւ նամանաւանդ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն մէջ: Այսօրուան հոգեւոր սպասաւորները աւելի դարձած են նիւթի գերի, քան՝ Աստուծոյ քաջամարտիկ զինուորներ: Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի երէցներուն կը թելադրէ, ըսելով. «Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին: Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան Իր արիւնով գնեց: Որովհետեւ գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին: Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար» (Գրծ 20.28-30):
Այսօրուան իրականութեան մասին կարծէք կը խօսի առաքեալը: Կ՚ըսէ՝ հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին. այսօրուան հոգեւորականները իրենց հասկցած ձեւով կը հսկեն իրենց անձերուն վրայ (անշուշտ՝ անտեսելով եւ ձեր ամբողջ հօտին առաքեալին թելադրութիւնը) մտածելով, թէ ի՛նչ հագնին, ի՛նչ տիպի ժամացոյց կրեն, ի՛նչ տիպի հեռախօս առնեն եւ կամ ի՛նչ մակնիշի ինքնաշարժ ձեռք ձգեն… Իրենց վստահուած հօտին հետ առընչութիւն իսկ չունին, իրենց հոգն իսկ չէ: Կը նշմարէ՞ք տարբերութիւնը. առաքեալին հոգը չէ իրեն սպասող բանտարկութիւնն ու հօտը, այսօրուան հոգեւորականներուն հոգը չէ իրենց վստահուած հօտը, որուն տեսուչ կարգուած են Սուրբ Հոգիէն: Իրենց հոգը չէ, որովհետեւ այսօրուան հոգեւորականներուն ճնշող մեծամասնութեան համար Սուրբ Հոգին անծանօթ մըն է. մտէ՛ք մեր եկեղեցիներ, մասնակցեցէ՛ք Սուրբ Պատարագներուն, լսեցէ՛ք Սուրբ Խորաններէն խօսուած քարոզները, եւ պիտի նկատէք, որ Սուրբ Հոգին բացակայ է, չկա՛ Սուրբ Հոգին, կարծէք Սուրբ Հոգին կապ չունենայ մեր եկեղեցւոյ կեանքին հետ…
Առաքեալը կը շարունակէ. գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին: Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար. այսօր մե՜ծ է յափշտակիչ գայելուն թիւը… Պատճա՞ռը. պարզ ու յստակ է. քանի որ Աստուծոյ դեսպանները իրենց պարտականութեան գիտակցութիւնը չունին, ապա չարը՝ գայլերուն պարագլուխը բնականաբար դիւրութեամբ պիտի արձակէ իր գայլերը յարձակելու Աստուծոյ հօտին վրայ եւ առանց խնայելու յօշոտելու ինչքան կրնան… Ո՛չ միայն գայլերը, այլեւ առաքեալը կ՚ըսէ, թէ նոյնիսկ եկեղեցւոյ սպասաւորներէն ալ պիտի գտնուին շատեր, որոնք կեղծ ու պատիր ուսուցումներով պիտի մոլորեցնեն հաւատացեալներէն շատերը: Համացանցին այսօրուան ընձեռած դիւրութիւնները շատ մը հոգեւորականներու համար առիթ դարձած են իրենց «աստղ»երը փայլեցնելու… Վստահ շատեր կը հետեւին տարբեր հոգեւորականներու քարոզներուն, խորհրդածութիւններուն, օրուան պատգամներուն, եւ այլն… Ի՜նչ այլասերութիւն, ի՜նչ յիմարութիւն ըսէք չէք լսեր այդ բոլորին մէջ… Ցաւալին այն է, որ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանութիւնը ահաւոր լռութիւն կը պահէ…, առանց դոյզն ինչ յանդիմանութեան, որով ա՛լ աւելի կը յօշոտուի Տիրոջ հօտը, այս անգամ նոյնինքն այն հովիւներուն կողմէ, որոնք կոչուած էին այդ հօտը պաշտպանելու ու խնամելու:
Այսօրուան հոգեւորականներու այս գաղջ ու անտարբեր վիճակին պատճառը կրնայ ըլլալ այն՝ ինչ որ կը կարդանք այսօրուան Ճաշու Աւետարանին մէջ: Այսպէս. «Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ. իսկ ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։ Դռնապանը դուռը կը բանայ անոր եւ ոչխարները իր ձայնին կը հետեւին։ Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք։ Եւ երբ իր ոչխարները դուրս կը հանէ՝ ի՛նք կ՚առաջնորդէ, եւ ոչխարները կը հետեւին իրեն, որովհետեւ իր ձայնը կը ճանչնան։ Օտարին չեն հետեւիր. ընդհակառակը, կը փախչին անկէ, որովհետեւ օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար։
Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց, սակայն անոնք չհասկցան թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր իրենց։ Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց.
-Հաստատ գիտցէք, թէ Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ Բոլոր անոնք որոնք Ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ. բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան։ Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ Ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ։ Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար։ Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան» (Յհ 10.1-10): Այս հատուածը եւ այս գլուխին յաջորդող համարները մեր այսօրուան հոգեւորականները պէտք է իրենց ամէնօրեայ ընթերցումի առարկան դարձնեն, որպէսզի գիտակցին իրենց ունեցած մեծ պաշտօնին եւ իրենց ընծայուած մե՜ծ շնորհքին, որով ապերախտ ու ապաշնորհ չգտնուին Ճշմարիտ Հովիւին դիմաց, այլ՝ ըլլան լաւ ու խոնարհ ծառաներ, որոնք իրենց վստահ-ւած պաշտօնը լաւագոյնս կը կատարեն:
Յովհաննէս առաքեալի Առաջին Ընդհանրական Նամակին մէջ կը կարդանք. «Սիրելինե՛ր, այժմ Աստուծոյ որդիներ ենք: Թէ ի՛նչպէս պիտի ըլլանք յետոյ՝ տակաւին չենք գիտեր: Բայց գիտենք թէ՝ երբ Քրիստոս յայտնուի՝ Իրեն նման պիտի ըլլանք, որովհետեւ զԻնք պիտի տեսնենք Իր իսկութեան մէջ: Ով որ այս յոյսը ունի՝ Ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս Ինք մաքուր է» (Ա. Յհ 3.2-3): Այստեղ առաքեալը կու տայ վկայութիւն մը, թէ Քրիստոսի յայտնուելուն՝ իրեն նման պիտի ըլլանք: Սակայն, որպէսզի Քրիստոսի նման ըլլանք, առաքեալը հետեւեալ թելադրութիւնը կու տայ. «Ով որ այս յոյսը ունի [Քրիստոսի նման ըլլալու]՝ Ինքզինք կը մաքրէ, ինչէպս որ Քրիստոս Ինք մաքուր է»: Արդարեւ, յոյսը քրիստոնեայ մարդուն կեանքին ամենէն կարեւոր կէտերէն մէկն է, առանց որուն, քրիստոնեայ հաւատացեալը չի՛ կրնար յաւիտենականութեան հասնիլ: Միւս կողմէ, քրիստոնեայ հաւատացեալին համար պարզ է, որ յոյսը յաւիտենական չէ, այսինքն՝ ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ՝ ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է (Ա. Կր 13.13): Այս գիտակցութիւնը առիթ կ՚ընծայէ քրիստոնեայ հաւատացեալին, որպէսզի կառչի յոյսին, որովհետեւ յոյսն է, որ զինք արժանի պիտի դարձնէ Աստուածտեսութեան ու Քրիստոսի նման ըլլալուն:
Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան այսպէս կը գրէ յոյսի մասին. «ՅՈՅՍԸ, Քրիստոնէական կրօնքի մէջ, Հաւատքի եւ Սիրոյ հետ կը բռնէ հիմնական տեղը: Ինչպէս չկայ քրիստոնէութիւն առանց հաւատքի եւ սիրոյ, այնպէս ալ կարելի չէ երեւակայել Աւետարանի կրօնքը առանց Յոյսի: «Արդ, մնան Հաւատք, Յոյս ու Սէր» կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ: Ստոյգ է, որ ասոնց մէջ մեծագոյնն ու յաւիտենականը Սէրն է. բայց Սիրոյ երկու թեւերն են Հաւատքը եւ Յոյսը, որոնցմով կրնայ Սէրը թռչիլ երկրի վրայ եւ սաւառնիլ առ Աստուած:
Յոյսը ամենէն քիչ երեւցող եւ ամենէն քիչ իր ներկայութիւնը զգալի ընող հոգիի վիճակն է: Առաքինութեանց մանիշակը խոնարհութիւնը չէ. Յոյսն է: Իր այս համեստութեան պատճառով այնքան յաճախութեամբ չ՚երեւիր Աստուածաշունչին մէջ: Հաւատք կամ հաւատալ բառերը աւելի քան 650 անգամ գործածուած են Ս. Գրքին մէջ: Սէր կամ սիրել բառերը՝ աւելի քան 700 անգամ: Իսկ Յոյսը եւ յուսալը՝ հազիւ թէ 300 անգամ, եւ անոնց մեծ մասն ալ ոչ անպայման կրօնական իմաստով. օրինակ, Հին կտակարանի մէջ յաճախակի գործածական է «յուսով բնակիլ յերկրի» բացատրութիւնը, որ պարզապէս կը նշանակէ աշխարհի վրայ խաղաղ ու առանց անձկութեան ապրիլ: Զարմանալին այն է, որ Յոյս բառը երբեք չէ գործածուած չորս Աւետարաններու մէջ. պարզ այն պատճառով, որ Յիսուսի առարկան -Քրիստոս- մարմնապէս ու տեսանելի կերպով ներկայ է Աւետարաններու էջերուն մէջ: «Յոյսի առարկան երբ տեսանելի դարձած է, հոն կանգ կ՚առնէ յոյսը. երբ կը տեսնենք, այլեւս ի՞նչ պէտք կայ յուսալու» (Հռ 8.24-25):
Հին կտակարանի մէջ յոյսի գեղեցկագոյն արտայայտութիւնները Սաղմոսաց Գրքին մէջ են. «Տէրը իմ յոյսս է մանկութենէս ի վեր. Տիրոջ անունը ՅՈՅՍ է. արդարեւ յոյսս Տիրոջ վրայ է»: Նոյն է պարագան Առակաց եւ Իմաստութիւն Սողոմոնի կոչուած գրքերուն համար. «Երբ արդարը վախճանի՝ անոր յոյսը չի կորսուիր. սակայն ամբարիշտներուն յոյսը պիտի կորսուի: Տիրոջ երկիւղը (երկիւղածութիւնը) զօրութեան յոյս մըն է»: «Արդարներուն յոյսը լի է անմահութեամբ. իսկ ամբարիշտներուն յոյսը ընդունայն է: Անշնորհակալին յոյսը սառի պէս է»: Սրտառուչ է Յոբի ողբերգական գրքի մէջ գործածուածները: «Ծառը յոյս ունի, որ կտրուելէն յետոյ դարձեալ պիտի ծաղկի, եւ անոր շառաւիղը պիտի չկորսուի, իսկ մեռած մարդը, գնաց, անգամ մըն ալ պիտի չկրնայ վերականգնիլ: Օրերս կ՚անցնին արձագանգի մը նման, ցերեկս գիշերուան կը վերածուի, գերեզմանը ինծի հայր կը կոչեմ, իսկ որդը ինծի մայր եւ քոյր. ո՞ւր մնաց յոյսս: Գնաց ինձմէ յոյսը հովի մը նման»:
Քրիստոնէական յոյսը առաւելաբար կը ծաղկի Պօղոս առաքեալի գրչին տակ: Նոր կտակարանին մէջ գործածուած 50 յոյսերէն 40-ը Պօղոսի թուղթերուն մէջ են: Իսկ 25 յուսալներէն 20-ը անոր գրչէն են: Յիշենք անոնցմէ քանի մը հատը. «Յոյսը երբեք չ՚ամչցներ: Յոյսով ապրեցանք: Յոյսի Աստուածը թող լեցնէ զձեզ ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ: Փրկութեան յոյսը իբրեւ սաղաւարտ դնենք մեր գլուխը: Յաւիտենական կեանքի ժառանգորդներն ըլլանք յոյսով: Ազնուական յոյսով կրնանք մօտենալ առ Աստուած»:
Յոյսի գաղափարը սերտապէս կապուած է այն կեդրոնական գաղափարին, որ գոյութեան պատճառ է Յինանց օրերուն. այսինքն՝ Քրիստոսի յարութեան: Վասնզի «Աստուած, այսինքն՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, ըստ Իր անսահման ողորմութեան, վերստին ծնաւ զմեզ ԿԵՆԴԱՆԻ ՅՈՅՍԻՆ, Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ» (Ա. Պտ 1.3): «Աստուած յարոյց զՔրիստոս ի մեռելոց. եւ Անոր փառք շնորհեց, որպէսզի մեր հաւատքը եւ ՅՈՅՍԸ հաստատուին Աստուծոյ վրայ» (Ա. Պտ 1.21):
Յոյս եւ Յարութիւն իրարամէ անբաժան են: Երկրորդի ծնունդն է առաջինը, ուրեմն՝ իրաւունք ունինք յուսալու, որ մենք ալ պիտի յառնենք: «Արդարեւ յարեաւ Տէր» (Ղկ 24.34): «Այլ արդ Քրիստոս յարուցեալ է ի մեռելոց. առաջին պտուղ ննջեցելոց: Քանզի մարդով եղեւ մահ, մարդով՝ յարութիւն մեռելոց»: Քրիստոսի յարութիւնը՝ հաւաստիք մըն է ամենքիս յարութեան: Ասիկա ոչ միայն հիմնական հաւատքն է Քրիստոնէական եկեղեցիին, այլ նաեւ անկապտելի յոյսը՝ բոլոր հարազատ հաւատացեալներուն»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
7 մայիս 2023, Վաղարշապատ