ՀԱՅ ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱՆ ԿՈՒՌՔԻ ՔԱՐԵՂԷՆ ՈՏՔ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷԻ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ
Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանէն կը տեղեկանան մեզի.-
Գիտահետազօտական իր աշխատանքներու ընթացքին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Գրիգոր Եպկս. Չիֆթճեան յաջողեցաւ, Ս. Թադէի վանքի մօտակայքին, պատահաբար յայտնաբերել քարեղէն ոտք մը, որ բացայայտօրէն դարերու կնիքը կը կրէր իր վրայ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սրբազան Հօր կատարած գրառումը այս մասին, որ փոքր ուսումնասիրութեան ձեւին տակ կը ներկայացուի ընթերցողին:
«Վերջին շրջանին այնքան յաճախակի այցելութիւններ տուինք Ս. Թադէի մեր հոյակերտ վանքը, որ այլեւս ինքնաշարժը վարորդի կարիք չէր զգար, ուղղուելու համար այնտեղ…: Վեհավայրին մէջ մեր աղօթքը մատուցելու եւ մնայուն ուխտաւորի հոգիով հաւատքի մեր ծննդավայրի խորանի առջեւ ծնրադրելու բարեբախտութենէն բացի, նաեւ մեր սոյն այցելութիւններուն նպատակն էր, մօտէն հետեւիլ վանահօր խուցի վերանորոգութեան աշխատանքին:
Վանքապատկան նախկին «Վանք» գիւղի բնակիչները, որոնցմէ քանի մը հատը արդէն մեր վանքի պահապաններն են, մեր ինքնաշարժը ճանչնալով, շուտով կÿիմանան թէ այնտեղ կը գտնուինք: Նոյնիսկ կը հետեւին, թէ պիտի գիշերե՞նք այդ օր վանքին մէջ, թէ՞ Թաւրիզ պիտի վերադառնանք:
ՀՈՎԻՒԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԳԻՒՏԸ
Այսպիսի այցելութեան մը օր էր 14 Ապրիլ 2016-ը, երբ կէսօրուան մօտ հասանք վանք: Հաճելի ամայութիւն էր, մենաստանի վայել: Վանահօր խուցի վերանորոգութիւնը գրեթէ ամբողջացեր էր, յարդարանքի եւ կահոյքի զետեղման աշխատանքը մնացեր էր միայն: Մինչ լծուած էինք սոյն գործին, պահապաններէն մէկը մօտեցաւ մեր դրան: Անոր կÿընկերանար գիւղէն հովիւ մը: Անոր ձեռքին մէջ կար քարի կտոր մը, զոր բերած էր մեզի յանձնելու:
Առաջին իսկ հայեացքով տեսանք, թէ՝ ատիկա արձանի մը ոտքն է, կիսաբարձր վիզով մոյկի ընդհանուր տեսքով: Ոտքի մատները չկային, այլ՝ կօշիկի տեսք ունէր քարը, ողորկ եւ քանդակագործի ձեռամբ յղկուած արտաքինով: Հարեւան գիւղի հովիւին շնորհակալութիւն յայտնելէ առաջ, ուզեցինք իմանալ, թէ ճիշդ ուրկէ՞ գտած էր ան այս քարի կտորը: Ուղեկցեցանք իրեն, մինչեւ մայրուղիէն դէպի վանք մտնող ճամբուն սկիզբը, Ս. Սանդուխտ կոյսի մատրան դիմացի կողմը, ուր իր հօտը արածելու ընթացքին, հողին մէջ կիսաթաղ ողորկ քար մը նշմարած էր ան, եւ զայն դուրս բերելով տեսած էր, թէ՝ կօշիկի ձեւ ունի: Ուստի, մտածած էր բերել այդ քարը եւ յանձնել մեզի:
Քարը, տաշուածքի հետքերէն հետեւցնելով, դարերու հնութեան դրոշմ կը կրէր իր վրայ: Քրիստոնէական դարաշրջանէն շատ աւելի վաղ, հին հեթանոսական կուռքերու մնացորդ էր հաւանաբար, որուն արձանը փշրուած ըլլալով, ոտքի անկարեւոր այս մասը ջարդուելէ փրկուած էր հրաշքով: Իսկ եթէ բնութեան աղէտի՝ երկրաշարժի զոհ համարենք սոյն կուռքին կործանումը, ապա անոր ամենէն ամուր բաժինը եղած պէտք է ըլլայ ոտքը, որ չէ՛ փշրուած, դիմանալով իր վրայ թափուող քարերու տարափին: Հաւանաբար անձրեւները լուալով հողը, հետզհետէ գետնի երես հանած էին մեր ազգային պատմութեան համար թանկարժէք այս մասնիկը:
ՀԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՄԱՐԱՆՈՑԸ ԱՐՏԱԶԻ ՄԷՋ
Վայրը, ուր հովիւը յայտնաբերած էր սոյն քարի բեկորը, համաձայն մեր պատմիչներուն, արքայական ամարանոց եղած էր, որու ժայռային պատուանդանը մինչեւ այսօր բացայայտ կÿերեւի, իսկ անոր վրայ անցեալին գտնուած կառոյցի փլատակները թափուելով, լեռ կազմեր են հաւանաբար, դարերու ընթացքին հողով ծածկելով արքունական հովոցի շինութեան համար օգտագործուած քարերը:
Արքունի այս հովոցին մասին ակնարկութիւններու կը հանդիպինք մեր պատմութեան անցքերու ուսումնասիրութեան էջերուն. «Գաւառը առաջ Շաւարշական կամ Շաւարշա կÿըսուէր իրեն Շաւարշան գիւղաքաղաքին անունովը, ուր թագաւորաց ամարանոց կար )ընդգծումը մերն է(. բայց ետքէն մեր Արտաշէս երկրորդին ատեն Ալանաց երկրին Արտազ գաւառէն հոս գերի գալով, այս գաւառին առջի անունը փոխեցին ու Արտազ դրին»1:
Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՍԱՆԱՏՐՈՒԿԻՆ ԱՄԱՐԱՆՈՑԸ
Արտազի մէջ արքունական ամարանոցի մը գոյութեան մասին առաքելական դարէն ալ վկայութիւն ունինք, երբ Ս. Թադէոս Առաքեալ Աբգար թագաւորին խնդրանքով կը հասնի Եդեսիա, ըստ աւանդութեան Յիսուսի կողմէ ուղարկուած, բորոտութենէ բժշկելու համար թագաւորը: Բժշկութիւնը, ըստ բարեպաշտ թագաւորի հաւատքին կատարելէ ետք, իրեն ընկերացող աշակերտներուն հետ Առաքեալը կÿանցնի Հայաստան: Հայոց Սանատրուկ արքան Աբգարի քեռորդին էր, որ թագաւորեց Աբգարի մահէն ետք, երբ անոր թագաւորութիւնը բաժնուեցաւ: Եդեսիոյ մէջ անոր Անանուն որդին թագաւորեց, իսկ Հայաստանի մէջ, իր քեռորդին՝ Սանատրուկը: Ուստի, քրիստոնէութեան Մեծ Վարդապետին՝ Յիսուսի աշակերտին ձեռքով իր մարմնին վրայ կատարուած բժշկութենէն մեծապէս ազդուած, Աբգարը յանձնարարական նամակ կու տայ Առաքեալին եւ կÿուղարկէ զայն Սանատրուկին մօտ:
Առաքեալը «առնոյր զաշակերտսն եւ փութով հասանէր յաշխարհն Հայոց, առ թագաւորն Սանատրուկ, ի գաւառն Արտազ, ի քաղաքագեւղն Շաւարշան, յապարանս արքունի, որ էին հովոց գետինք թագաւորացն Հայոց (ընդգծումը մերն է)»2:
Բնականաբար Յիսուսի Առաքեալները ամրան եղանակը պիտի նախընտրէին, Պաղեստինէն դուրս քարոզութեան ձեռնարկելու համար: Ուրեմն, Թադէոս ամրան եղանակին ճամբայ ելլելով Եդեսիայէն, Հայոց արքային պիտի հանդիպէր անոր ամարանոցին մէջ՝ Արտազ:
Այնուհետեւ, պատմութեան անցքերը ծանօթ են, թէ՝ Սանատրուկ նախ ընդունեց քրիստոնէութիւնը, սակայն «յերկիւղէ նախարարացն Հայոց»3, հաւատուրաց դարձաւ, մինչեւ իսկ քրիստոնէութիւնն ընդունած իր Սանդուխտ աղջիկը նահատակել տալով: Ի դէպ, Սանատրուկի մահուան յիշատակութիւնը կատարելով, Պատմահայրը կ՚ըսէ, թէ՝ Պարսից Արտաշէս թագաւորի 12-րդ տարին գահ բարձրանալով, Սանատրուկը երեսուն տարի գահակալելէ ետք «մեռաւ յորսի, նետի ուրուք դիպեալ փորոտեացն, իբր թէ վրէժս հատուցեալ ընդ չարչարանաց սրբոյ դստերն»4: Ուրեմն, պատմիչը աստուածային պատուհաս կը համարէ, որսի ընթացքին Սանատրուկ արքայի աղիքներուն դպած նետը, որովհետեւ ան իր սուրբ դստեր՝ Սանդուխտին այնքան չարչարել, ու ի վերջոյ նահատակել տուած էր:
ՍԱՆԴՈՒԽՏԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ, ՅԻՇԵԱԼ ԱՄԱՐԱՆՈՑԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ
Մեր ազգի անդրանիկ նահատակը ըլլալու պատիւը, համաձայն մեր պատմութեան տուեալներուն, Սուրբ Սանդուխտին կը պատկանի: Պալատական այս աղջիկը, որ շատ հաւանաբար իր ընտանիքին հետ միասին ամարանոց եկած էր, հօր հետ միասին քրիստոնէութիւնը ընդունեց: Իսկ հօր կողմէ նոր կրօնին ուրացումէն ետք, անխախտ մնաց իր հաւատքին վրայ, որուն համար ալ նահատակուեցաւ, 43 թուի 15 Դեկտեմբերին:
Պատմահայր Խորենացին, արձանագրելէ ետք Ս. Թադէոսի նահատակութեան մանրամասնութիւնները, կը յիշատակէ նաեւ Սանդուխտ կոյսի նահատակութեան դրուագը. «եւ մարտիրոսանալ դստերն արքայի Սանդխտոյ հուպ ի ճանապարհն»5: Ճամբուն մօտիկ նահատակուելէ ետք, որ է ամարանոցի ճամբան, գիշեր ատեն քրիստոնեայ հաւատացեալներ՝ Ս. Թադէոսի աշակերտներ, գաղտնաբար կը վերցնեն անոր մարմինը եւ մօտակայ բլրան վրայ կը թաղեն զայն6:
Սուրբ Սանդուխտի գերեզմանին վրայ կառուցուած երկթեք մատուռը կը գտնուի ճիշդ այն ուղղութեան վրայ, ինչպէս որ կը ներկայացուի պատմագիրներուն կողմէ, երբ արքունի ամարանոցէն դուրս բերուելէ եւ նահատակուելէ ետք, հաւատաւոր քրիստոնեաներ կը տանին ու կը թաղեն Սանդուխտը: Մայրուղիէն բաժ-նըւելէ ետք, երբ կը թեքուինք ու կը մտնենք Ս. Թադէ առաջնորդող ճամբան, արքունի ամարանոցի հաւանական աւերակները մեր աջ թեւի կÿըլլան, իսկ անոնց ճիշդ դիմացը՝ ճամբուն ձախին՝ Ս. Սանդուխտի գերեզմանին վրայ կառուցուած մատուռը:
ԿՈՒՌՔԻ ՈՏՔԻ ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՄԱՍՆԻԿԸ
Հնագիտական ուսումնասիրութեան համար նոր էջ մը բացող սոյն մասնիկը, ոտքի, կամ՝ լաւ եւս կիսաբարձր վիզով մոյկի, 24 սմ. երկարութիւն ունի վարի մասէն, բթամատէն մինչեւ գարշապար: Լայնքը 9 սմ. է, իսկ բարձրութիւնը՝ 15 սմ.: Ոտքի դիմացի բաժինը տափակ տաշուածք ունի: Մարդկային ոտքի նմանցնելու մեծ ճիգ կատարած է քանդակագործը, գարշապարին տալով ճիշդ կլորութիւնը, իսկ ոտքի նստամասին եւ դէպի վեր բարձրանալու բաժնին տալով տարբեր հաստութիւններ: Կարելի չէ՛ հաստատել, թէ այն ա՞ջ ոտքի քանդակ է, թէ՞ ձախ: Կրային դեղնաւուն ամուր քարով շինուած եղած է արձանը, որու տեսակին շատ կարելի է հանդիպիլ շրջակայքին մէջ:
Վստահաբար երբ արքունի կառոյց գոյութիւն ունէր այնտեղ, ուրեմն անպայման անոր մէջ կամ կողքին պիտի ըլլար նաեւ հեթանոսական ատրուշան եւ բագին, որուն մէջ նաեւ հեթանոսական կուռքեր: Շատ հաւանաբար այս ալ մի նշխար է մեր հեթանոս նախահայրերուն պաշտած կուռքերու անշունչ քարեղէն մարմիններէն: Բնա՛ւ յաւակնութիւնը չունինք պնդելու մեր գտածոյին մասին, վստահաբար հնագիտութիւնը իր խօսքը կÿըսէ ապագային: Մեր կատարածը լոկ տեղեկատուական ուսումնասիրութիւն է:
Մեր հեթանոս պապերու հաւատքին ու պաշտամունքին յիշատակը ներկայացնող այս փոքրիկ մասնիկը, դարերու խորքէն եկած եւ մեր հայրերուն անմիջական ներկայութիւնը զգալի դարձնող մասունք մըն է, որ Ատրպատականի Հայոց Թեմի թանգարանի հնագիտական բաժնի հարուստ հաւաքածոյին մաս պիտի կազմէ»:
1 Քաջունի Մ., Աշխարհագրութիւն Հին եւ Նոր Հայաստանեայց դպրատանց տղայոց համար, Վենետիկ, 1857, էջ 96-97:
2 Սոփերք Հայկականք, Ը, էջ 13: Գարեգին Քհնյ. Ոսկերիչեան, Ս. Թադէոս առաքեալ. Մկրտարան-ուխտատեղին յԵդեսիա, «Բիւզանդիոն»,1897, թիւ 334, Հոկտեմբեր 1/13:
3 Մովսէս Խորենացի, Հայոց Պատմութիւն, Գիրք Երկրորդ, տպ. Անթիլիաս 2003, Գլ. ԼԴ, էջ1905:
4 Նոյն անդ, էջ 1909:
5 Նոյն անդ, էջ 1906:
6 Սոփերք Հայկականք, նոյն անդ, էջ 82-83: