ՏԵՍՆԵԼ ԿԵԱՆՔԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Եթէ ունիք Դիմատետրի հաշիւ, Ճաշուա Պելի փորձարկութիւնը կրնայ ձեզի բաւական ծանօթ թուալ։ Տեսանիւթը եւ համապատասխան բացատրութիւնը բազում անգամներ տարածուած են ընկերային ցանցերու վրայ՝ ունենալով հազարաւոր «լայք»եր։ Բայց տեսանիւթը կրնայ մեզ մղել մտածելու շատ կարեւոր հարցի մը մասին, որու պատճառով կը գրեմ այս յօդուածը։
Եթէ չէք իմացած այս մասին, փորձարկութիւնը տեղի ունեցած է 2007 թուականին, երբ «Washington Post» թերթը որոշած է ընկերային փորձ մը կատարել մարդոց վարքագիծի, գեղեցկութեան ընկալման եւ առաջնահերթութիւններու վերաբերեալ։ Անոնք աշխարհահռչակ ջութակահար Ճաշուա Պելէն խնդրեցին «ինքոկնիթօ» ձեւով նուագել դասական երաժշտութիւն։ Ամբողջ ընթացքը տեսագրուած է։
2007 թուականի դեկտեմբերին երաժիշտը առաւ ջութակը ու սկսաւ նուագել Ուաշինկթընի մեթրոյի կայարաններէն մէկուն մէջ։ Ջութակահարը, որ 45 վայրկեան նուագած է յայտնի յօրինող Պախի ամենայայտնի ստեղծագործութիւնները, յաջողած է հաւաքել միայն 32 տոլար։ Մարդիկ կ՚անցնէին անտարբերութեամբ, առանց ջութակահարի դէմքին նայելու, քանի որ տեղ մը կը շտապէին։ Բայց կար բան մը, որ չէին գիտեր. այս երաժիշտը, որու մօտէն առանց նայելու կ՚անցնէին, Ճաշուա Պելն էր՝ աշխարհի ամենայայտնի ջութակահարներէն մին։ Յայտնի երաժիշտը նուագած է Պախի ամենայայտնի ստեղծագործութիւնները՝ 3.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ ջութակով, որ պատրաստուած է «Stradivarius» ջութակի ապրանքանիշի հիմնադիրին կողմէ։
Տեսագրութեան ուսումնասիրման ժամանակ պարզուեցաւ, թէ ընդամէնը քանի մը հոգի կանգ առած են Պելի կատարումը ունկնդրելու եւ միայն անձ մը ճանչցած է զինքը։ Այս կէտին կարելի է հարց տալ, թէ եթէ ժամանակ յատկացնելով չենք ըմբոշխներ աշխարհի ամենագեղեցիկ ստեղծագործութիւնը աշխարհի ամենայաջող ջութակահարէ մը, արդեօք աշխարհի վրայ այլ ինչե՞ր կը փախցնենք։
Սա արդար հարց մըն է, բայց կարեւոր է գիտակցիլ, թէ այս փորձարկութիւնը գիտական չէր։ Սա լրագրական նախագիծ մըն էր, որու նպատակն էր ստեղծել հետաքրքրական նիւթ մը։ Այս պատճառով չենք կրնար գիտնալ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ պահ մը կանգ առնելով չեն ունկնդրած Ճաշուա Պելի երաժշտութիւնը…
Բազմաթիւ տեսութիւններ, ի հարկէ, յառաջ քշուած են, որոնցմէ առաջնայինը այն է, որ մենք՝ որպէս հասարակութիւն, չենք գիտեր ինչպէս նկատել եւ գնահատել գեղեցկութիւնը, երբ այն նոյնիսկ մեր առջեւն է: Կա՛մ մենք չափազանց զբաղած ենք, կամ չափազանց սահմանափակուած՝ մեր սեփական կարծրատիպերով, որոնց պատճառաւ մեթրոյի երաժիշտին երկրորդ հայեացք մը չենք նետեր: Այս բոլորը, ի հարկէ, տեսութիւններ են, բայց ճշմարտութիւն է, թէ անոնք հայեցողական են. հաւանաբար բազում պատասխաններ կան՝ կախեալ անձէ եւ կամ անոր առանձնայատուկ հանգամանքներէ։
Եթէ ձեր աշխատանքը կորսնցնելու վտանգի տակ էք, եթէ ժամանակին չկարենաք հասնիլ գործատեղի, հակառակ այդ անպատեհութիւններուն, կը շարունակէի՞ք ունկնդրել երաշժտութիւնը՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ որքան լաւ նուագող մըն է ան։
Միւս կողմէ, կը կարծեմ, թէ կարծրատիպերու տեսութիւնը հետաքրքրական է։ Ցաւօք սրտի, արտաքին տեսքի, ընկերային-տնտեսական կարգավիճակի կամ յարակից փոփոխականութիւններու վրայ հիմնուած հասարակութեան մը մասին ենթադրութիւնները չափազանց շատ են։
Մէկ խօսքով, Ճաշուա Պելի ուսումնասիրութեան արդիւնքը կարեւոր է, սակայն ոչ նոր։ «Կանգ առէք եւ վարդերը հոտուըտացէք» ասացուածքը ծանօթ է տասնամեակներէ ի վեր։ Ինչ որ ալ ըլլան մեր «պատճառները», իսկապէս ժամանակ չենք յատկացներ մեզ շրջապատող գեղեցկութիւնները տեսնելու համար։ Այս պատճառով է, որ Ճաշուա Պելի փորձարկութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, նոյնիսկ եթէ կարծէք, թէ ան այդքան ալ յաջող արուեստագէտ մը, անձնաւորութիւն մը չէ։
Դեռ քանի՞ բան կը վրիպի առօրեայի հեւքէն կուրացած մեր աչքերէն:
Փորձենք վայելել կեանքին ամէն պահը, որովհետեւ այն ունի «պիտանելիութեան» սահմանափակ ժամկէտ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024