«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը ՍԿՍԱՒ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուած է 12-րդ անգամ։ Ըստ ձեւաւորուած նախընթացներուն, օրուան առաջին կէսին կատարուեցաւ Ծիրանօրհնէքի արարողութիւն, ինչ որ բնորոշեց փառատօնին սկիզբը։ Այս տարուան Ծիրանօրհնէքը կատարուեցաւ մայրաքաղաքի Ս. Աննա նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի։
Յետմիջօրէին Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Օփերայի տարածքին, Ազատութեան հրապարակին երկայնքով փռուած կարմիր գորգին վրայէն անցնելով հիւրերն ու արուեստասէրները համախմբուեցան մեծ դահլիճին մէջ, ուր հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ազդարարուեցաւ 12-րդ «Ոսկէ ծիրան»ի բացումը։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ փառատօնի հիմնադիր-նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան, որ արտայայտուեցաւ խորհրդանշական ոսկէ ծիրանը ի ձեռին։ Պատուոյ հիւրերու շարքին էին շարժանկարի աշխարհէն շարք մը յայտնի դէմքեր. օրինակ՝ դերասանուհիներ՝ Օրնելլա Մութի, Նասթասիա Քինսքի, բեմադրիչներ՝ Արտաւազդ Փելեշեան, Ռոպէր Կէտիկեան եւ այլք։ Շարք մը յայտնի հասարակական գործիչներ եւս մասնակցութիւն բերին բացման արարողութեան, որու ընթացքին արտայայտուողներու շարքին էր նաեւ դերասան Ժիրայր Բաբազեան։
Ծափողջոյններու ներքեւ յուշանուէրներ յանձնուեցան Օրնելլա Մութիին եւ Նասթասիա Քինսքիին, որոնք այս տարուան պատուոյ հիւրերն են։ Յուշանուէրները անոնց յանձնեցին Յարութիւն Խաչատրեան եւ «Ոսկէ ծիրան»ի հովանաւոր գլխաւոր հաստատութիւններէն «Վիվասէլ»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ պատգամ մը հրապարակեց «Ոսկէ ծիրան»ի մեկնարկին առթիւ։ Ան ողջունեց փառատօնի կազմակերպիչները, մասնակիցներն ու հիւրերը։ Սարգսեան յատկանշական համարեց, որ «Ոսկէ ծիրան»ը դարձած է տարածքաշրջանի առաջին շարժանկարի փառատօնը։ Այս փառատօնին շնորհիւ շարժանկարի բազմաթիւ նշանաւոր ներկայացուցիչներ նորովի կը բացայայտեն Հայաստանը, կ՚ընդարձակուի երկրի բարեկամներու շարքերն ու աշխարհագրութիւնը, ինչ որ առիթ է մեծ ուրախութեան։
Նախագահ Սարգսեան կարեւոր համարեց նաեւ, թէ այս փառատօնին շնորհիւ նոր թափ կը տրուի ազգային շարժանկարի մշակոյթին։ Երիտասարդներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի մասնակցելու մեծ արուեստագէտներու վարպետութեան դասերուն, որոնք վստահաբար զանոնք պիտի ոգեշնչեն շարժանկարի նոր ծրագրերու նախաձեռնելու եւ նկարահանելու համար։ «Փառատօնը, անկասկած, մեծապէս կը հարստացնէ Հայաստանի մշակութային կեանքը», մատնանշուած է Սերժ Սարգսեանի պատգամին մէջ։