14-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՒ ՆՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳ ՄԸ

Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին մէջ երեք աստղ եւս յայտնուեցաւ: Հայ շարժանկարային արուեստի խորհրդային շրջանի երեք նուիրեալներու անունները դաջուեցան հրապարակին կեդրոնը՝ հայազգի այլ մեծերու անունը կրող աստղերուն քով:

«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարային արուեստի փառատօնի բացման առաջին օրը նշանաւորուեցաւ բեմադրիչ Ֆրունզէ Տովլաթեանի, նկարահանող Սէրկէյ Իսրայէլեանի եւ բեմադրիչ-բեմագիր Եուրի Երզնկեանի անուան աստղերու բացումով: Կեանքէն հեռացած են անոնք, ուստի իրենց ընտանիքի անդամները, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւ այս ոլորտի յայտնի անուններ մասնակցեցան այդ աստղերու բացումին՝ պատշաճ յարգանք մատուցելով շարժանկարի այդ նուիրեալներուն նկատմամբ, յուզումով հպեցան գետնին, ուր գրուած է երեք նուիրեալներու անունները:

Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 14-րդ փառատօնը, որ այս տարի աղմուկ յառաջացուց մինչեւ բացումը: Փառատօնի մէջ արդէն հինգ տարիէ ի վեր կը գործէ «Հայեացք ներսէն եւ դուրսէն» ծրագիրը, ուր այս տարի ներկայացուած 37 ժապաւէնէն երկուքը դարձան աղմուկի պատճառ: Այդ ժապաւէններն են՝ Փուրիա Հէյտարի Ուրէի գեղարուեստական «Ծիրանի այգիները» եւ հայազգի բեմադրիչ Գագիկ Ղազարէի փաստավաւերագրական «Լսէ զիս. չպատմուած պատմութիւններ ատելութենէն անդին»ը: Ընդհանուր ծրագիրը պէտք է տեղի ունենար Շարժապատկերային գործիչներու միութեան պատկանող Հենրիկ Մալեանի անուան թատրոնին մէջ: Իմանալով, որ վերոնշեալ ժապաւէններուն մէջ կը գերիշխէ սեռական փոքրամասնութեան նիւթը, Շարժապատկերային գործիչներու միութիւնը չ՚արտօներ անոնց ցուցադրութիւնը իրեն պատկանող դահլիճին մէջ՝ հիմնուելով «հասարակական կարծիք»ին կամ «հասարակական պահանջք»ին վրայ:

*

Փառատօնի հիմնադիր Յարութիւն Խաչատրեանի պարզաբանումով այդ շարժանկարներու արգիլման գլխաւոր պատճառը Հայաստանի Շարժանկարային գործիչներու միութեան նախագահ Ռուբէն Գէորգեանցի անսպասելի մահն էր։ Ռուբէն Գէորգեանց կեանքէն հեռացած է 23 Յունիսին, եւ փառատօնի ղեկավարութիւնը յայտարարած է, որ բաց թեմայով շարժանկարներու ցուցադրութիւնը այս հանգրուանին նպատակայարմար չեն գտներ, սուգ է, եւ թերեւս անոնք ընդգրկուին յաջորդ տարուան ցանկին մէջ։ «Մեր գործընկերներէն մէկը Շարժանկարի գործիչներու միութիւնն է, որոնցմէ մենք դահլիճ չենք վարձեր, այլ իրենք այդ ծրագիրը կը ցուցադրեն Շարժանկարի տան մէջ: Մենք պայմանաւորուած էինք Ռուբէն Գէորգեանցին հետ, որ վերջերս մահացաւ: Ծրագիրը պէտք է ցուցադրուէր եւ յանկարծ յայտնի դարձաւ, որ հասարակութեան կողմէ ծրագրին շուրջ բաւական մեծ աղմուկ կայ: Շարժանկարի տան նոր ղեկավարներն ալ յայտնեցին, որ իրենք այս սուգին մէջ չեն կրնար նման ծրագիր ցուցադրել», մամուլին պարզաբանում տուած է Յարութիւն Խաչատրեան, աւելցնելով, որ իրենք չէին կրնար Շարժանկարի գործիչներու միութեան ստիպել, քանի որ դահլիճը չէին վարձած: Ան նաեւ ըսած է, թէ միջադէպը փառատօնին վրայ ստուեր չ՚ածեր։

*

Անշուշտ մամուլի մէջ, ընկերային ցանցերու վրայ այդ շարժանկարներու թեմայի մասին խիստ քննադատական կարծիքներ հնչած են, պատճառաբանելով, որ աւանդապահ հասարակութեան մէջ նման նիւթերու արծարծումը կրնայ որպէս քարոզչութիւն դիտուիլ, ուստի չի բացառուիր, որ ժապաւէններու արգիլման բուն պատճառը հասարակական նեղ շրջանակներու ընդվզումն է:

Այս շարժանկարներու արգելքին դէմ սակայն մեծ աղմուկ բարձրացաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Բաց նամակներ գրուեցան փառատօնի տնօրէնութեան, «Ոսկէ ծիրան»ը հովանաւորող կազմակերպութիւններուն, այդ կարգին՝ Երեւանի մէջ տեղակայուած դեսպանատուներուն, մատնանշելով, որ գրաքննութիւնը, իբրեւ բացասական երեւոյթ, սողոսկած է արուեստին մէջ: Արգելքը դատապարտած են նաեւ դերասաններ՝ Ատոմ Էկոյեան, որ «Ոսկէ ծիրան»ի հիմնադրման օրուընէ եղած է փառատօնի կողքին, ինչպէս նաեւ՝ Արսինէ Խանճեան եւ սփիւռքահայ ու հայաստանաբնակ այլ արուեստագէտներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ: Արգելքը, անշուշտ, ամենէն աւելի զայրացուցած է Հայաստանի մէջ սեռական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք ունին իրենց կազմակերպութիւնը, կայքէջը, այլ լծակի միջոցներ եւ վերջին տարիներուն տեղ գտած են Հայաստանի մէջ: Անոնք դատապարտող յայտարարութիւններ տարածած են, ինչպէս նաեւ փորձած են համախոհներ գտնել զանազան բնագաւառներու մէջ եւ անոնց միջոցաւ նոյնպէս դատապարտող յայտարարութիւններ ըրած են:

Արգիլուած շարժանկարներէն «Լսէ զիս»ը կը պատմէ սեռական փոքրամասնութիւններու հայաստանցի ներկայացուցիչներու մասին, որոնք այդ ժապաւէնին մէջ կը խօսին, թէ ի՛նչ արգելքներու, դժուարութիւններու կը հանդիպին Հայաստանի մէջ՝ հարազատներու կամ հասարակութեան կողմէ եւ ծածուկ ու վախւորուած կեանք մը կ՚ապրին՝ յաճախ ենթարկուելով բռնաճնշումներու եւ անարգանքի: Բայց անոնք, դուրսէն ստանալով հովանաւորութիւն, կ՚ապրին իրենց կեանքը, որ աւելի շատ պայքարի կը նմանի: Մինչ անոնք կը բողոքէին իրենց նուիրուած երկու շարժանկարը ծրագրէն հանելու դէմ, «Ոսկէ ծիրան»ի բացման օրը խումբ մը մարդիկ կարմիր գորգէն անդին պաստառներ բռնած էին՝ «Ո՛չ այլասերման քարոզին» գրութիւններով:

Ընկերային ցանցերուն վրայ կը շարունակուին արգիլուած շարժանկարներուն մասին բուռն քննարկումներն ու վէճերը, կը գրուին յօդուածներ: Յատկանշական է այս մասին հայրենի մամուլի խմբագիրներէն մէկուն՝ Արամ Աբրահամեանի մէկ խմբագրականը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք:

*

«Մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկ» խորագրին տակ կ՚ընթանայ «Ոսկէ ծիրան»ը, որուն այս տարուան ծրագիրը Կիրակի օր՝ 16 Յուլիսին կը հասնի իր աւարտին: Այս տարի փառատօնը աչքի ինկաւ ժապաւէններու բացօթեայ ցուցադրութեամբ, որ ընթացան դահլիճներու մէջ ցուցադրութիւններուն զուգահեռ, անվճար: Անցեալ տարիներուն համեմատ Երեւանի բացօթեայ վայրերուն մէջ, ինչպէս՝ Սիրահարներու այգին, Կասկատը, Նանսէնի այգին, Հայաստան շարժանկարային թատրոնի այգին եւ այլ բաց վայրերու մէջ ցուցադրուեցան փառատօնի ծրագրին մէջ ընդգրկուած շարժանկարները եւ աւելի շատ մարդիկ հնարաւորութիւն ունեցան դահլիճներէն դուրս դիտել զանոնք:

Այս տարի փառատօնային ծրագրին մէջ ցուցադրուեցաւ նաեւ բեմադրիչ Սամուէլ Օպէնի «Արա Կիւլէր. Անգամ մը Իսթանպուլը» շարժանկարը, որ կը պատկերէ պոլսահայ մեծ լուսանկարիչ՝ Արա Կիւլէրի կեանքն ու ստեղծագործական լեցուն ճանապարհը: Շարժանկարին մէջ լուսանկարներու միջոցաւ կ՚երեւի հին ու նոր Իսթանպուլը եւ կ՚ընդգծուի քաղաքին եւ լուսանկարչութեան տուած Կիւլէրի մեծ նուիրումը:

Փառատօնի օրերուն նաեւ տեղի ունեցան վարպետութեան դասընթացքներ, զանազան սրահներու մէջ քննարկուեցան շարժանկարային արուեստի հարցեր, եւ հնչեց այն հարցումը, թէ՝ ինչպէ՞ս հնարաւոր է երկրի մը մէջ, ուր մեծ հաշուով շարժանկար չի նկարահանուիր եւ միջազգային սրահներու չափանիշներուն համապատասխան ժապաւէններ չեն ստեղծուիր, արդէն 14-րդ անգամ ըլլալով տեղի կ՚ունենայ փառատօն մը, որ միջազգային ճանաչում գտած է: Պատասխաններէն մէկը հետեւեալն էր.

Հակառակ այսօրուան ճգնաժամին, հայ իրականութեան մէջ խորհրդային տարիներուն եղած է շարժանկարային լուրջ արուեստ, այդ արուեստը իր բոլոր դրսեւորումներով հարուստ անցեալ եւ աւանդոյթներ ունի Հայաստանի մէջ: Եւ նաեւ Հայաստանի եւ շարժանկարի ջերմ կապը պայմանաւորուած է համաշխարհային շարժանկարային արուեստին մէջ հայ դերասաններու, բեմադիչներու, երաժիշտներու եւ այլ գործիչներու ունեցած մեծ դերով, Ռուբէն Մամուլեանէն, Անրի Վերնէօյէն սկսեալ, մինչեւ մերօրեայ ժամանակները: Այսպէսով, Հայաստանի մշակութային կենսագրութեան, պատմութեան ձեւով մը կապուած է շարժանկարային արուեստը, իբրեւ արուեստներէն թերեւս ամենէն տպաւորիչն ու խտացեալը:

*

Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ ալ դաջուած են հայ եւ համաշխարհային շարժանկարային արուեստին մէջ դեր ունեցած այդ մեծերու անունները՝ 20-րդ դարու աշխարհի խոշորագոյն բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեանի, ֆրանսահայ նշանաւոր բեմադրիչ՝ Անրի Վերնոյի, նոյնինք՝ Շարլ Ազնաւուրի, որ համաշխարհային շարժանկարային արուեստին մէջ բազում դերեր ու երգեր կերտած է, Սէրկէյ Փարաճանովի, խորհրդային շրջանի հայ շարժանկարային արուեստի ստեղծման մէջ մեծ դեր ունեցած՝ Համօ Բեկնազարեանի անունները, ինչպէս նաեւ նոյն հրապարակին վրայ տեղադրուած են փոքր արձաններ, որոնք նոյնպէս կը պատկանին հայ մեծերուն: Ահաւասիկ երեք անուն եւս աւելցաւ աստղային հրապարակին վրայ:

Սփիւռքահայ արուեստասէրը թերեւս շատ բան չի գիտեր այս երեք արուեստագէտներուն մասին, որովհետեւ անոնք պաստառներու վրայ չէին երեւեր, շարժանկարի աւարտին միայն կը գրուէին անոնց անունները, իբրեւ նկարահանող, բեմադրիչ կամ բեմագիր: Շարժանկարի մը ստեղծման մէջ «սեւ գործ»ի տէրերն էին անոնք, որոնք ստուերին մէջ կը մնային, սակայն առանց անոնց չէր կրնար ամբողջանար ոչ մէկ դրուագ:

Սէրկէյ Իսրայէլեան նկարահանած է բազում յայտնի շարժանկարներ՝ իր ձեռքին ունենալով սեւ ու ճերմակ պատկերներ նկարահանող խցիկը: Նկարահանման արուեստը ան հասցուցած է վարպետութեան, ահա թէ ինչու նաեւ անոր նկարահանումներուն շնորհիւ այսօր հանդիսատեսին սիրելի են այնպիսի ժապաւէններ, ինչպիսիք են՝ «Եռանկիւն»ը, «Ճերմակ անուրջներ»ը, «Գիքոր»ը եւ այլ շարժանկարներ:

Ֆրունզէ Տովլաթեանի անունը կապուած է հայ նոր շարժապատկերային արուեստին հետ: Ան, իբրեւ բեմադրիչ նկարահանած է «Բարեւ, ես եմ», «Սարոյեան եղբայրներ», «Երկունք», «Կարօտ», «Մենաւոր ընկուզենի» եւ այլ նշանաւոր շարժանկարներ:

«Հայֆիլմ» սթիւտիոյի մէջ նոր ժամանակներու շարժանկարի պատմութեան ստեղծման մասնակից միւս գործիչը, որուն անունը դաջուեցաւ Փառքի ճեմուղիի աստղային հրապարակին վրայ, Եուրի Երզնկեանն է, որ նշանաւոր դարձած է «Առաջին սիրոյ երգը» շարժանկարով, վաւերագրական եւ գեղարուեստական այլ ժապաւէններ եւս նկարահանած է ան:

Իսկ Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակի Փառքի ճեմուղին յառաջիկայ տարիներուն կը համալրուի այլ աստղերով եւս՝ հայերուն եւ օտարներուն ներկայացնելով շարժապատկերի հայ մեծերը:

Նշենք, որ ժապաւէնի սիրահարներէն զատ «Ոսկէ ծիրան»ը չանտեսեց նաեւ երաժշտութեան սիրահարները: 9 Յուլիսէն ի վեր ամէն օր «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին քով, ժամը 21.00-23.00-ի միջեւ հանրայայտ ճազմէն՝ Լեւոն Մալխասեանի գլխաւորութեամբ եւ զանազան ճազ խումբերու մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ համերգային ծրագիր, այդ կարգին՝ նաեւ շարժանկարներէն յայտնի ու սիրուած երաժշտութիւններու ճազային մեկնաբանումներով։

Փառատօնի հանդիսաւոր աւարտին կը յանձնուին մրցանակներ, շնորհակալագրեր՝ գալ տարի նոյն վայրին մէջ հանդիպելու մաղթանքով:

*

ՇԱՐԺԱՆԿԱՐ ՑՈՅՑ ՏԱԼ-ՉՏԱԼԸ՝ ԿԵՂԾ ՕՐԱԿԱՐԳ

Երբեք ժամանակ չեմ ունեցած հետեւելու «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ցուցադրութիւններուն, բայց վստահ եմ, որ ան կարեւոր մշակութային իրադարձութիւն մըն է եւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանին օգտակար է, որովհետեւ մեր երկրին պատիւը բարձր կը պահէ: Սակայն եթէ հիմա հետեւինք Ֆէյսպուքին, ապա կարող է տպաւորութիւն ստեղծուիլ, թէ «Ոսկէ ծիրան»էն ներս եւ անոր շուրջ կատարուող միակ իրադարձութիւնը սեռական փոքրամասնութիւններու մասին շարժանկար ցուցադրելը կամ չցուցադրելն է: Այստեղ «հայու կենի» եւ ազգային-ազատագրական պայքարի կողմնակիցները պայքարի լուրջ ճակատ կը տեսնեն: Իսկ սեռական փոքրամասնութեան համայնքի չափէն դուրս աքթիւ պաշտպանները առիթ կը փնտռեն մեր հասարակութիւնը անհանդուրժողականութեան մէջ մեղադրելու եւ այդ հողին վրայ որոշակի «հասարակական աքթիւիզմ» ծաւալելու համար: Քանի որ՝ եթէ ամէն ինչ լաւ է, եւ սեռական փոքրամասնութիւնները Հայաստանի մէջ չեն ճնշուիր, ապա այդ անզիջում պայքարը ոչ մէկուն, այդ կարգին՝ եւրոպական կառոյցներուն պէտք չի գար: Այդ երկու ծայրայեղութիւններուն միջեւ կայ մեր հասարակութեան մեծամասնութիւնը, որուն այդ խնդիրը առանձնապէս չի հետաքրքրեր, թերեւս անոնք քանի մը գրառում կ՚ընեն՝ «ազգային ոգիով տոգորուած», յետոյ կը մոռնան: Այդ ալ նիւթ է՝ եւրոպական կառոյցներուն «տագնապալի զեկոյցներ» գրելու համար: Անձամբ ես կողմ եմ փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած բոլոր ժապաւէնները ցոյց տալուն, մինչդեռ, շարժանկարային սրահներուն եւ մանաւանդ՝ հեռուստատեսութեան համար կը գործեն որոշակի օրինական սահմանափակումներ: Բայց այդ երկրորդական, անկարեւոր, ոչ հրատապ խնդրին շուրջ բանավէճը կը վկայէ ուրիշ՝ այս անգամ արդէն իսկապէս մտահոգիչ միտումի մը մասին: Ֆէյսպուքը հասարակութեան վիզին կը փորձէ փաթթել այնպիսի օրակարգներ, որոնք յաճախ կը ստուերեն կարեւոր կենսական խնդիրները: Կը ցուցադրեն որեւէ շարժանկար փառատօնի շրջանակներէն ներս, թէ՞ չեն ցուցադրեր՝ ատով վստահ պայմանաւորուած չեն մեր տնտեսութեան, անվտանգութեան, կրթութեան, նոյնիսկ մշակոյթի եւ բուն շարժապատկերին խնդիրները: Քանի մը տասնեակ մարդիկ կարող են որեւէ մանրուք քանի մը օրով դարձնել ֆէյսպուքի «հիթ», որմէ ետք թեման կը վերանայ ասպարէզէն, բացի տհաճ արտայայտութիւններէն ոչ մէկ հետք ձգելով մարդոց հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ, որոնց երկու «ճամբարներու» ներկայացուցիչները թոյլ տուին իրարու հասցէին: Այն հին հիւմորին պէս. «Ես իմ վերարկուն գտայ, բայց քանի որ ես կը կասկածէի ձեր վրայ իմ վերարկուս գողնալուն մէջ, իմ մէջս ձեզի հանդէպ տհաճ վերաբերմունք մնացած է»: Այդ յօդուածը կարդալու պահուն ալ, կը կարծեմ, որ ծայրայեղ տեսակէտներ ունեցողները կ՚արձագանգեն, իսկ որեւէ շահագրգռուածութիւն չունեցողները՝ կը լռեն:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Ա­ռա­ւօ­տ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր

*

ԱՏՈՄ ԷԿՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ԱՐՍԻՆԷ ԽԱՆՃԵԱՆԻ ԿՈՉԸ

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Շարժանկարային միութեան կողմէ գրաքննութեամբ եւ անոր յաջորդած՝ մէկ ամբողջ ծրագիր չեղարկելու «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարային փառատօնի որոշմամբ։ Ատոմը գրեթէ տասը տարի եղած է փառատօնի նախագահ, եւ անհանգստացնող է հանգամանքը, որ փառատօնը, զոր մենք հպարտօրէն կը ներկայացնենք միջազգային շարժանկարային արուեստի համայնքին մէջ, ժապաւէններու եւ բեմադրիչներու անունով, որոնք կը խօսէին մարդու իրաւունքներու ոլորտի հրատապ հարցերուն մասին, կարող է ճնշման ենթարկուիլ, մանաւանդ՝ այն պարագային, երբ նման գաղափարները քննարկման ու լուսաբանման կարիք ունին։

«Անշուշտ, հայ նշանաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Գէորգեանցի յիշատակը լաւագոյնս կարելի էր ոգեկոչել՝ հայկական ձայներու նոր ժապաւէններու ցուցադրութիւնն ու տարածումը ապահովելով։ Մենք երբեք չենք լսած, որ նոր ժապաւէններու ծրագիրը չեղեալ յայտարարուի՝ բեմադրիչի մը յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով։

«Այս պնդումը, հետեւաբար, անհեթեթ կը թուի: Մենք կոչ կ՚ընենք Փառատօնին՝ վերանայելու տարօրինակ այս որոշման: Մենք կը յորդորենք Փառատօնին՝ ներկայացնել մտորումներու դրդող այս ծրագիրը, որ կ՚արտացոլացնէ այսօր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ առկայ ձայներու իրական բազմազանութիւնը»։

ԾԻՐԱՆՕՐՀՆԷՔ

Անկախ ամէն ինչէն, «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը իր հետ գեղեցիկ աւանդոյթ մը բերաւ հայ իրականութիւն, որ Ծիրանօրհնէքն է, եւ ամէն տարի, փառատօնի մեկնարկին կ՚օրհնուի ծիրանը եւ առատօրէն կը բաժնուի հիւրերուն, բնակիչներուն եւ հրաշալի այդ պտուղը իր բոյրն ու գոյնը կը տարածէ ամէնուր: Փառատօնը շուտով կ՚աւարտի, իսկ ծիրանային եղանակը տակաւին երկար կ՚իշխէ Հայաստանի մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2017