ԳԻՆԵԳՈՐԾ ՎԻՔԹՈՐԻԱ ԱՍԼԱՆԵԱՆ FORBES-Ի ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ. «ՄԵՆՔ ԿՐԿԻՆ ԵՐՋԱՆԻԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆՔ»

Աշխարհի ամենահեղինակաւոր եւ տնտեսական հրատարակութիւններէն մէկը՝ «Ֆորպս» ամերիկեան ֆինանսա-տնտեսական ամսագիրը յուլիսի 8-ին յօդուած մը տպագրած է հայաստանաբնակ երիտասարդ ձեռներէց, գինեգործ Վիքթորիա Ասլանեանի մասին: Յօդուածը խորագրուած է «Հայ գինեգործի մարտահրաւէրները եւ վեցերորդ զգայարանը»:

Հայազգի լաւագոյն կին ձեռներէցներէն է Վիքթորիա Ասլանեան, որ «Ֆորպս»ի լրագրողի ուշադրութեան արժանացած է վերջերս՝ Փարիզի մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կազմակերպած համաժողովին: Վիթքորիան ելոյթ ունեցած է՝ խօսելով Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման եւ այլ հարցերու մասին:

«Ֆորպս»ի լրագրողին Վիքթորիա Ասլանեան պատմած է իրենց ընտանիքի եւ հայրենիքի մէջ գինեգործարան կառուցելու պատմութիւնը: 2007 թուականին Վիքթորիայի հայրը՝ Արմէն Ասլանեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան գալով, որոշած է գործ մը հիմնել հայրենիքի մէջ եւ ընտանիքով հաստատուիլ: Ան ներդրումային համարձակ ծրագիր մը սկսած է. Արագածոտնի մարզին մէջ խաղողի պտղատու հսկայ այգիներ տնկած եւ գործարան հիմնած է՝ հաւատալով, որ այգիները կը բարգաւաճին եւ անոնց բերքը պիտի դառնայ բարձրորակ գինի, որ համաշխարհային համբաւ պիտի վայելէ: Գինին Հայաստանի մշակոյթի մէկ մասն է. գինեգործութիւնը Հայաստանի մէջ կը հասնի մինչեւ նախաքրիտոնէական ժամանակներ: Հայաստանի տաք եղանակը կ՚ապահովէ խաղողի քաղցր համը, որմէ ալ կը ստացուին բարձրորակ քաղցր եւ դառը գինիներ։ Արմէն Ասլանեան փորձած է կառչած մնալ աւանդութիւններուն եւ միաժամանակ ստեղծել նորաշունչ արտադրանք:

Եւ այդպէս ալ եղած է. այսօր «ԱրմԱս» անունով գինիները թէ՛ տեղական, թէ՛ միջազգային հռչակ կը վայելեն: Ասլանեաններու ընտանիքը գինեգործութեան 80-ամեայ պատմութիւն ունի. ընտանեկան գինեգործութեան հիմնադիրը ընտանիքի մեծ հայրն է՝ աւագ Արմենակ Ասլանեանը, որու պատուին ալ Հայաստանի մէջ կառուցուած գործարանը կոչուած է «ԱրմԱս»: Ընտանեկան գինեգործութեան աւանդոյթները Արմէն Ասլանեան կը պահպանէ իր դստրերուն հետ. ընկերութեան տնօրէնը Վիքթորիա Ասլանեանն է, որ, հաւատալով իր հօր իղձերուն, նոյնպէս տեղափոխուած է Հայաստան՝ մասնակից դառնալու գործին, որու հիմքին մէջ մշակոյթ, պատմութիւն եւ արուեստ է: Ան ութ տարեկան եղած ժամանակ ընտանիքը Հայաստանէն Լոս Անճելըս տեղափոխուած է, սակայն, Ասլանեանները բոլոր այդ տարիներուն երազած են օր մը հայրենիք վերադառնալու մասին: ԱՄՆ-ի մէջ Վիթքորիա ուսանած է արուեստաբանութիւն, պարբերաբար Հայաստան այցելած է՝ պահելով իր կապը հայրենիքի, հայրենի մշակոյթի եւ աւանդութիւններու հետ: Ան ըսած է, որ ընտանիքը չէր հաւատար, որ գործը այդպէս պիտի մեծնայ եւ քարերով, օձերով լեցուն այդ տարածքը կը դառնայ Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մին: Ասլանեանները ելեկտրականութիւն քաշած են, այգիները ջրելու ջրատարներ կառուցած են եւ սկսած են խմելու ջուրի աղբիւրի արտափորումը: Տարածքէն հաւաքուած քարերը, ապառաժները դեն չեն նետած, այլ վերամշակած եւ գործածած են նորաստեղծ արհեստական լիճի պատերու ու համալիրի ներքին ճանապարհներու կառուցման համար: Այսօր ընկերութիւնը ունի սեփական գիւղատնտեսական ինքնաշարժները, աշխատուժը, պանդոկը, պահեստներ եւ այլ կառոյցներ:

«Ֆորպս»ի լրագրողին Վիքթորիա Ասլանեան պատմած է Հայաստանի մէջ գինիներ պատրաստելու մարտահրաւէրներու մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս վերջին տասնամեակի ընթացքին հայրենական խաղողագործներու աշխատանքին որակը կտրուկ փոխուած է դէպի լաւը:

«Իմ հայրս 180 հարիւրակալ հող գնած է 2007 թուականին։ Մենք ատոր շուրջ 17 քիլօմեթր աղիւսի պատ կառուցած ենք, որ կը կոչենք մեր «ԱրմԱս»ի Մեծ պարիսպը: Այդ տեղանքը վայր մըն էր, ուր միայն քարեր էին», ըսած է ան:

Ասլանեանները Արագածոտնի մարզի Նոր Եդեսիա համայնքին մէջ գտնուող այդ տարածքը քարերէ, աղբէ մաքրած ու տնկած են բազմազան խաղողի տեսակներ՝ Ոսկեհատ, Կանգուն, Կարմրահիւթ, Արենի եւ այլն՝ ճերմակ եւ կարմիր գինիներ ստանալու համար: Խաղողի այգիներուն քով անոնք հիմնած են նաեւ խնձորի, սալորի, դեղձի, ծիրանի, բալի եւ այլ պտուղներու այգիներ, որոնց համն ու հոտը հողի միջոցով կը փոխանցուին վազերուն եւ խաղողը իւրայատուկ համ կ՚ունենայ: Խաղողին համը աւելի ուժգին կը դառնայ մառանին մէջ, որ գինեգործարանի անբաժան մասն է, եւ կը կազմէ Ասլանեաններու ագարակին մէկ կարեւոր հատուածը՝ պանդոկի, լիճի, հիւրասիրութեան սրահի հետ միասին: «ԱրմԱս» այցելող բոլոր հիւրերուն այստեղ կը հիւրասիրեն գինի, պտուղներ եւ գիւղացիներու ձեռքով պատրաստուած այլ բարիքներ: Աշխատանքի մէջ ներգրաւուած են տարածքի գիւղերու բնակիչները եւ լաւագոյն մասնագէտներ՝ գիւղատնտեսութեան, խաղողագործութեան ասպարէզէն: Աշխատատեղեր ստեղծելը, խաղողի նոր կերպեր եւ նոր գինետեսակներ ստանալը եղած է Ասլանեաններու հիմնական նպատակը: Ինքնասպասարկուող գինեգործական համալիրը այսօր Հայաստանի գիւղատնտեսական ու գինեբանութեան ներուժի կենդանի մարմնաւորումն է: Այսօր արտասահմանի մէջ «ԱրմԱս»ը կը մասնակցի համաժողովներու, մրցոյթներու, փառատօներու, հայրենիք կը վերադառնայ մրցանակներով: Ինքը՝ «ԱրմԱս»ը իր կարգին համաժողովներ, ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, կը ներգրաւէ գործընկերներ:

«Ֆորպս»ի լրագրողին պատմելով Հայաստանի մէջ գինի արտադրելու հնագոյն մշակոյթի մասին, Վիքթորիա Ասլանեան ըսած է.

«Մեր ընտանիքը աշխուժացուցած է Հայաստանի մէջ գինիի կրթութեան եւ գինիի սպասարկման ոլորտը։ Առաջ, եթէ բան մը աւրուէր, մենք պէտք է Եւրոպայէն մէկը կանչէինք, գար, ու յետոյ ահռելի գումար վճարէինք, որպէսզի ատիկա շինէր»:

Այսօր արդէն մասնագէտներ կարելի է գտնել տեղւոյն վրայ: Գինի արտադրողները իրենք կը պատրաստեն մասնագէտներ՝ այդպէսով դիւրացնելով իրենց գործը, նաեւ զարգացնելով ասպարէզը: Հայ գինեգործներու պակաս այսօր արդէն Հայաստանի մէջ չկայ, ինչպէս նաեւ՝ գինիի մշակոյթը հրամցնելը դարձած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան անբաժանելի մասը: «ԱրմԱս»ը առաջինը եղած է, որ իր այգիներուն, մառանին եւ գործարանին դռները բացած է զբօսաշրջիկներուն առջեւ: Վիքթորիա Ասլանեան ըսած է. «Հիմա Հայաստանի մէջ ամօթի համազօր է, եթէ քեզի բռնեն ոչ-հայկական գինի խմելու ժամանակ»:

Հիմնելով այգիները 2007-2008 թուականներուն, Ասլանեանները առաջին բերքը կը սպասէին 2011 թուականին: Ըստ հաշուարկներու՝ 800 թոն խաղող պիտի հաւաքէին: Ամէն ինչ արդէն նախանշուած էր, բերքը պիտի վաճառուէր եւ գումարը ներդրուէր գործարան կառուցելու գործին մէջ: Սակայն, բնութիւնը մարդու սպասելիքներուն դէմ էր. «Հինգ վայրկեանի մէջ մենք կորսնցուցինք ամէն ինչ: Զօրաւոր կարկուտ տեղաց: Հայաստանի մէջ նման բան չէր եղած առնուազն քառասուն տարիէ ի վեր: Մենք ատիկա գիտցանք, քանի որ ուսումնասիրած էինք վերջին քառասուն տարուան եղանակային հաշուետուութիւնները՝ քամիի, անձրեւի, ձիւնի մասին», լրագրողին պատմած է Ասլանեան: Յուսահատութիւնը որեւէ մէկ տեղ կը տանի եւ Ասլանեանները յաջորդ տարիներուն սկսած են աւելի ուսումնասիրուած աշխատիլ, տեղադրած են կարկտապաշտպան ցանցեր, ինչպէս նաեւ ներդրած են ամպացիր համակարգեր, որոնք կարկտաբեր թուխպերը կը ցրեն եւ այգիները կը պաշտպանուին կարկուտներէ եւ բնութեան տարերքներէ: «ԱրմԱս»ի առաջին գինիի շիշը լեցուած է 2012 թուականին:

Աւելիք ան տասն տարիներու փորձը, անսահման լաւատեսութիւնը Վիթքորիան կը փոխանցէ նաեւ իր գործընկերներուն: Ան կը յորդորէ շատ ուժ, սէր, նուիրում դնել աշխատանքի մէջ եւ հաւատալ: Յատկապէս կարեւոր է սիրել երկիրը, ուր կը գործես եւ որու համար լաւագոյնը կ՚ուզես ընել: Այդ մասին նոյնպէս ան խօսած է «Ֆորպս»ի լրագրողի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Զարգացող Երեւանը զիս կը յուսադրէ: Հիասքանչ է Երեւանը: Այնքան շատ գեղեցիկ նոր վայրեր կան: Մարդիկ օրէ օր նոր վայրեր կը բացայայտեն: Երեւանի գինիի օրերու փառատօնին շատ թիւով մարդիկ կը մասնակցին: Երբ մենք սկսանք 2007 թուականին, երեք, մի գուցէ չորս գինի արտադրող կար այդ փառատօնին։ Այժմ գինի արտադրողներուն թիւը Հայաստանի մէջ կը մօտենայ 200-ի», ըսած է գինգործուհին:

Վիթքորիա Ասլանեան ԱՄՆ-էն զատ ուսում ստացած է նաեւ Եւրոպա: Այժմ ան արդէն ամբողջութեամբ հայրենադարձուած է, երեխաները՝ երկու որդիները, դպրոց կը յաճախեն Հայաստանի մէջ, եւ այդ մասին ան ըսած է.

«Անցեալ ամառ ես ամբողջովին վերադարձայ Հայաստան, թէեւ վերադարձած էի 2009 թուականին: Այժմ ուրիշ տեղ մը չկայ, ուր ես կը նախընտրէի ապրիլ: Ես կը սիրեմ իմ երկիրս: Իմ տունս է: Մեր հայրենի խաղողի տեսակները կը ծաղկին իրենց հայրենի հողերուն մէջ: Նոյնը կ՚ըսեմ իմ հոգիիս մասին։ Իմ հոգին կը ծաղկի իմ հայրենի հողին մէջ»: Խօսելով մարդկային յարաբերութիւններու, ընկերութեան մասին, ան ատոնք նմանցուցած է գինիի հետ մեր յարաբերութիւններուն՝ կու տաս լաւագոյնը եւ կը ստանաս լաւագոյնը: Եւ այդ ժամանակ է, որ կ՚արթննայ մարդուն վեցերորդ զգայարանը: Այս համեմատութիւնը տեղ գտած է յօդուածի խորագրին մէջ:

Հարցազրոյցի ժամանակ Վիքթորիա Ասլանեան նաեւ ըսած է.

«Աշունը տարուան իմ ամենասիրելի եղանակն է։ Նախ, շատ շոգ չէ. երկրորդ, տերեւները կը փոխուին այնպէս, որ դուք կարող էք տեսնել կանաչի, նարնջագոյնի, կարմիրի եւ դեղինի շքեղ ծածկոցներ: Այնքա՜ն գեղեցիկ է: Հայաստան երկրի տարածքը 29700 քառակուսի քիլօմեթր է, մօտաւորապէս նոյն չափ, ինչ որ ԱՄՆ-ի Հարաւային Քարոլայնա նահանգը կամ Պելժիան: Մեր երկրի տարեկան գինիի արտադրութիւնը մօտաւորապէս 13 միլիոն լիթր է, քիչ մը աւելի, քան՝ ԱՄՆ-ի Միշիկըն նահանգին մէջ կամ մօտաւորապէս նոյնը, ինչ որ Լիւքսամպուրկ, բայց աւելի քիչ՝ քան Սլովաքիայի մէջ:

«Զիս հրաւիրեցին Փարիզ՝ այս նիւթերը խօսելու։ Ասիկա մեծ համագործակցութեան արդիւնք է: ՀԲԸՄ հայկական զանազան գործերու ամենամեծ եւ ամենահարուստ բարեսիրական ընկերութիւնն է: Անոնք շատ գործերու մէջ ներգրաւուած են եւ ատիկա՝ վաղուց:

«Մեր երկիրը աւելի ու աւելի բազմազան կը դառնայ մանաւանդ հիմա: Մենք հիմա երկրին մէջ ունինք այնքան շատ ռուսեր ու ուքրանացիներ, ինչ որ շատ լաւ է։ Թէպէտ ամէն ինչի գիները բարձրացած են, բայց որակն ու պահանջարկը նոյնպէս աճած են: Նոր գինիներ, նոր շուկաներ, նոր իրադարձութիւններ... Առաջ «ԱրմԱս» այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծ մասը ԱՄՆ-էն էր: Հիմա մեծ մասը ռուսեր են»։

Վիքթորիա Ասլանեան խօսած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք կրկին ուժ գտնելու, ապրելու եւ արարելու անհրաժեշտութեան մասին.

«2020 թուականին տեղի ունեցաւ 44-օրեայ լուրջ զինուած հակամարտութիւն, որուն մէջ ներգրաւուած էին Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Արցախի վիճելի տեղանքը։

«Պատերազմէն ետք երկիրը բառացիօրէն սուգի մէջ էր։ Այդպէս՝ ամիսներ ու ամիսներ: Մարդիկ այլեւս անկարող էին դիմանալ: Մտածողութեան շօշափելի փոփոխութիւն եղաւ։ Հիմա փողոցները կրկին կ՚աշխուժանան՝ ցաւէն, հիասթափութենէն, ողբերգութենէն յետոյ: Մենք դարձեալ երջանիկ պիտի ըլլանք: Մենք պիտի յառաջադիմենք: Մենք կը կառուցենք: Մենք կը ժպտանք»:

ՊԱՏԿԵՐԱՆԻՇ

«ԱրմԱս»ը ունի իւրայատուկ պատկերանիշներ, որոնց մէջ համադրուած են հայկական մանրանկարչութիւնն ու ճարտարապետական զարդանախշերը: Պատկերանիշին անգլերէն տարբերակը ստեղծուած է ճարտարապետական յուշարձանները զարդարող բարդ նախշերու հիման վրայ: Ոսկեզօծ շրջանային տարրը կարելի է տեսնել հայկական խաչքարերու վրայ ու մանրանկարչութեան հնագոյն օրինակներուն մէջ: «ԱրմԱս»ի պատկերանիշին հայերէն տարբերակը ուրուագրուած է հայկական արուեստի ու գրականութեան ոսկեայ դարաշրջանի՝ 5-րդ դարու հիասքանչ ձեռագրի մը հիման վրա: Այսօր «ԱրմԱս»ը ու անոր յարակից «Keerk» ապրանքանիշը 12 անուն գինի կ՚արտադրեն: «Keerk» հայերէն «կիրք» ըսել է: Ընկերութեան երիտասարդ տնօրէնը կ՚ըսէ. «ԱրմԱս»ը մեր անունն է, իսկ մեր «Կիրք»ը մեր մoտեցումն է»: «ԱրմԱս»ը կը միաւորէ խանդավառ ու յագեցած կեանքի բոլոր բաղկացուցիչ մասերը՝ պատմութիւնը, մշակոյթը, տօնախմբութիւնն ու ձեռքբերումները:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ԳԻՆԻԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Աշխարհի մէջ կան շատ գեղեցիկ պատմութիւններ գինիի գիւտին մասին, բայց ամենահինը Աստուածաշնչեան պատմութիւնն է: Ըստ Աստուածաշնչեան յայտնի պատմութեան, խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հայրենիքը Հայաստանն է։

Կրկին ըստ Աստուածաշունչի, Նոյի համար խաղողէն գինի պատրաստելու գաղտնիքը բացայայտած է Նոյին այծը, որ ուտելով խաղողին վայրի պտուղները, գինովցած ու հրմշտկելու սկսած է միւս կենդանիները: Աստուածաշնչեան պատմութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ մարդկութիւնը բացայայտեց գինիին համը այն ժամանակ, երբ Նոյ նահապետը ջրհեղեղէն յետոյ Արարատ լերան ստորոտին տնկեց խաղողի առաջին որթը։ Ղեոնդ Ալիշանն ալ կը նշէ, որ Նոյը խաղող տնկած է Ակոռի գիւղին մօտ՝ Գինեբլուր, Գինեհովիտ, Գինեգետ տարածաշրջաններուն մէջ։

Հայաստանի մէջ գինեգործութեան զարգացման մասին կը վկայեն նաեւ յոյն պատմիչ Հերոդոտոսի եւ յոյն իմաստասէր Ստրապոնի աշխատութիւնները։ Ուրիշ աղբիրներ կը փաստեն, որ աշխարհի տարածքին եղած մօտաւորապէս եօթ հազար խաղողի տեսակներէն շուրջ երկու հազարը գտնուած են Հայաստանի մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2023