ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ (1883-1944)

Մերուժան Պարսամեան, բանաստեղ, խմբագիր եւ հրապարակախօս: Ծնած է 8 հոկտեմբեր 1883-ին, Ակնի մէջ: Հայ ականաւոր բանաստեղծներէն է, որ իր ուրոյն ազդեցութիւնը ձգած է հայ բանաստեղծութեան վրայ: Եղբայրն է գրող՝ Մկրտիչ Պարսամեանի:

1897-1901 թուականներուն ուսանած է Արմաշի դպրեվանքէն ներս:

Հիմնած ու խմբագրած է «Մեր տարեցոյցը», 1910-1914 թուականներուն:

Խմբագրած է նաեւ «Շանթ» գրական-գեղարուեստական կիսամեայ պատկերազարդ հանդէսը, 1911-1915, 1918-1919:

1919-ին հաստատուած է Փարիզ:

Իր եղբօր՝ Մկրտիչին հետ, խմբագրած է նաեւ «Կեանք եւ արուեստ» տարեգիրքը (1931-1940), որ յետագային վերածուած է ամսագիրի:

Փարիզ հաստատուելէ ետք խմբագրած է նաեւ շարք մը ֆրանսերէն պարբերականներ:

Հեղինակ է շուրջ մէկ տասնեակ բանաստեղծական ժողովածուներու՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն: Այսպէս.

«Անրջանք» (1904): «Պատրանքի ծաղիկներ» (1907): «Քրիզանթեմ» (1908): «Եփրատին զոհերը» (1908): «Բանաստեղծին սիրտը» (1910): «Մարմներգութիւն» (1919): «Մարդկային» (1938): Իսկ ֆրանսերէնով՝ «Les deux Morts - Երկու մահացածները» (1913): «Elle et Moi - Ան եւ գս» (1922): «L՚Homme et la Femme - Տղամարդը եւ կինը» (1925): «Բանաստեղծները Նոյեան տապանի մէջ» (1933): «Le Feu Assouvi - Յագեցած կրակը»:

Իր գրիչին կը պատկանին նաեւ «Ապտիւլ Համիտ Բ.» նոթեր (1919), ինչպէս նաեւ «Պետրոս էֆ. Հալաճեան» (1910, Մելքոն Յակոբեան ստորագրութեամբ) ուսումնասիրութեան:

Ֆ. Կոպէի «Հսկում» բանաստեղծութեան հիման վրայ գրած է համանուն թատերախաղը, մէկ արարով (1910):

Հայ մամուլի էջերուն մէջ հանդէս եկած է «Շանթարգել» եւ այլ ծածկանուններով:

Մահացած է 16 հոկտեմբեր 1944-ին, Փարիզի մէջ:

***

«Շանթ» պարբերականին աշխատակցած է նաեւ անմահանուն Դանիէլ Վարուժանը: Այդ շրջանին, ան հետեւեալ նամակը ուղղած է Պարսամեանին.

* 27 ապրիլ, 1912, Եւդոկիա

Սիրելի բարեկամս
պր. Մերուժան Պարսամեան,

«Շանթ»ը ամէն անգամ ճոխ՝ կը ստանանք նոր հրճուանքով: Կը մաղթեմ տեւականութիւն: Քերթուածներուս համար Ձեր ցոյց տուած գուրգուրանքին շնորհակալ եմ: «Սադուռնականին» յատկացուած պատուոյ տեղը՝ ցոյց կու տայ, թէ Ձեր մէջ կ՚ապրի հեթանոսի գեղեցիկ հոգին ու ճաշակը՝ թող թէ նոյնը կ՚ապացուցանեն Ձեր քանի մը ճախարակուած ու սրբատած քերթուածները, զոր ամէն անգամ հաճոյքով կը կարդանք: Պր. Լութեր Կորկոտեանը երկու ոտանաւորներուս փոխարժէքը յանձնեց ինծի գանձած դրամէն բաժանորդներուն, որոնք կը յուսանք տեղւոյս մէջ դեռ կը շատնան: Ա. Չօպանեանի մասին կը բաղձայի ես ալ բան մը գրել՝ այլ չեմ գիտեր, թէ ընդարձակ ուսումնասիրութի՞ւն է Ձեր փափաքածը:

Մնամ սիրալիր բարեւներով՝
Ձեր եղբայրակիցը
Դ. Վարուժան

«Շանթ»ի մասին նաեւ ակնարկութիւն կատարած է Վարդան Մատթէոսեան, իր «Նորայայտ տուեալներ Յակոբ Օշականի եւ Ահարոնի [Տատուրեան] մասին» յօդուածին մէջ: Մատթէոսեան այդ յօդուածը այսպէս կը սկսի.

* ՊՈՒԼԿԱՐԱՀԱՅ ԱՆԾԱՆՕԹ ԹԵՐԹ ՄԸ

Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը կնքող Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ հայոց կեանքը սկսաւ կամաց-կամաց աշխուժանալ վերապրող մտաւորականութեան վերադարձով։ Նախաեղեռնեան երկու հրատարակութիւններ կը վերակենդանանային. Մերուժան Պարսամեան (1883-1944), իր եղբօր՝ Մկրտիչ Պարսամեանի (1886-1965) օժանդակութեամբ, կը վերահրատարակէր «Շանթ»ը (առաջին շրջան՝ 1911-1915), իսկ Միքայէլ Շամտանճեան (1875-1926) երկրորդ կեանք կու տար «Ոստան»ին, զոր 1911-1912-ին հրատարակած էր Մեծ Եղեռնի զոհերէն Տիգրան Չէօկիւրեանի (1884-1915) հետ։

1918-1919-ի երկրորդ շրջանին, «անփառունակ եղաւ մահը Պարսամեանի «Շանթ»ին, որ դադրեցաւ անաղմուկ կերպով», գրած էր Զմիւռնիոյ «Արեւելեան Մամուլ»ի թղթակից մը այդ օրերուն։ «Շանթ»ը առաւելաբար հրատարակած է նահատակ մտաւորականներու մասին դիմանկարներ, անտիպներ, վերապրողներու յուշագրութիւններ, գրական նիւթեր ու տեղեկութիւններ։ Յատուկ շահեկանութիւն կը ներկայացնէ նոյեմբեր 1918-ին լոյս տեսած փոքրիկ տեղեկատուութիւն մը, որ վրիպած է հայ գրականութեան եւ լրագրութեան պատմաբաններու ուշադրութենէն.

«Կը լսենք թէ Պուլկարիայի մէջ քանի մը հայ մտաւորականներու կողմէ Ապագայ անուն տասնըհինգօրեայ թերթ մը կը հրատարակուի, ձեռագիր. երկու օրինակ միայն տպուելով ձեռքէ ձեռք կը կարդացուի։

Այդ հանդէսին կ՚աշխատակցին Արամ Չարըք, Յակոբ Քիւֆէճեան, Տիգրան Չիթունի, Յ. Տէվէճեան, եւ Քուրդեան անուն երիտասարդ նկարիչ մը կը պատկերազարդէ զայն» (Շանթարգել [Վ. Մ.])-(ամբողջ յօդուածը կարդալ այստեղ՝ https://pakine.net/archives/7137)։

***

Այժմ, մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք հրապարակախօս Մերուժան Պարսամեանը: «Շանթ»ի էջերէն պիտի քաղենք հատուածներ եւ ակնարկներ կատարուած Պարսամեանի կողմէ, կա՛մ իր անունով եւ կամ Շանթարգել ծածկանունին տակ:

Վահան Մալէզեանի (որ նաեւ աշխատակցած է «Շանթ»ին) «Կերոններ» հաւաքածոյի տպագրութեան առիթով այսպէս կը գրէ.

* Վահան Մալէզեան մեր տաղանդաւոր բանաստեղծ աշխատակիցը, իր բանաստեղծութիւններուն ամբողջական հաւաքածոն մամուլի յանձնած է, Կերոններ անունի տակ:

Կերոննե՜ր… արդէն կը զգացուի նուրբ ու ճերմակ հոգիներուն մահուած օրըստօրէական շիջումը:

Մալէզեանի բանաստեղծութիւնը, իր հիւանդագին ու թախծոտ արտայայտութիւնովը, գրաւած է մեր նրբազգած հոգիները, ու Կերոններու ընթերցումով սարսուռի նոր լոգանք մը պիտի ընեն անոնք:

Այդ բանաստեղծութեան մէջ չպիտի հանդիպինք գաղափարի փոթորիկներու. ան հանդարտօրէն կը ցոլացնէ փափուկ զգայութեան մը եղերգութիւնը, արցունքով եւ տրտմութիւնով օծուած:

Զարմանալի հակասութեան մը մէջ կը գտնէ ինքզինքը մարդ երբ Մալէզեանը ճանչնայ, իր քերթուածներուն ընթերցումէն վերջը:

Իր բանաստեղծութիւնը երեւակայել կու տայ մինչեւ իր եղունգները հիւանդ ու ջղային գրագէտ մը, մինչդեռ իրականութեան մէջ Մալէզեան նոճիներու շուքէն ու շիրիմներու վրայ թանձրացող մշուշներէն խուսափող մը կը թուի:

Ես այս հակասութիւնը նշմարած եմ շատ մը գրագէտներու մէջ («Շանթ», կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Ա. տարի, թիւ 6, 1/14 սեպտեմբեր 1911, էջ 96):

Նոյն տարուան «Շանթ»ի թիւ 7-ի մուտքի գրութեան մէջ, որ «Դժգոհները՝ գրականութեան մէջ» խորագիրը կը կրէ, Պարսամեան այսպէս կը սկսի իր գրութիւնը.

* Մեր գրականութեան ամենէն ողբալի տարրը կը կազմեն ամէն անոնք, որոնք առանց որոշ ու յստակ առարկութեան մը, իրենց ապիկարօրէն յամառ դժգոհութիւնը կը յայտնեն ամէ՛ն նոր ձեռնարկի առիթով:

Անոնք, գրականութեան այդ ամեհի դասալիքները, չկայ երեւոյթ մը որուն հաւնին, չկայ գրագէտ մը որուն համակրին, չկայ թերթ մը որ պատկերացնէ իրենց իտէալը: Ամէն բան անկատար է իրենց համար: Անկատարութիւն մը՝ որուն սահմանները դժբախտաբար կարող չեն գծելու: Ու անոնք տեսակ տեսակ են:

Կը հարցնես մէկ քանիին.

-Ո՞րն է ձեր ամենէն հաւնած գրագէտը:

-Նախ գրագէտ չունինք, պիտի ըսեն անոնք, ունինք միայն գրողներ, որոնք պատահաբար գեղեցիկ էջեր արտադրած են: Չունինք, կը հասկնա՞ք, չունի՛նք գրագէտ:

-Գրական ո՞ր դպրոցը ձեր ճաշակներուն ու սկզբունքներուն կը համապատասխանէ:

-Չկայ դպրոց մը, որ կատարեալ ըլլայ. դասականութիւնը պառաւցած է. վիպականութիւնը մեռած Լամարթինին հետ. իրապաշտութիւնը՝ գռեհիկ լուսանկարչութիւնն է իրականութեան. խորհրդապաշտութիւնը՝ անհասկնալի է, իսկ ապագայապաշտութիւնը՝ օ՜հ, ապագայապաշտութիւնը…

-Չէ՞ք հաւնիր Ֆլօպէրին, Պուրժէին, Թոլսթոյին:

-Ո՛չ մէկը արժանի է պաշտումի. գրական այս դէմքերը շատ ուռուցիկ, շա՛տ պայմանագրական են, եւ զուրկ՝ գաղափարային նոր հոսանք մը ստեղծելու կորովէն:

-Ըսել է նախընտրած գրագէտ չունի՛ք:

Ու անոնք պիտի տան ձեզի անունը բանաստեղծի մը, որ հազիւ քերթուած մը ստորագրած է, եւ որ կը պատկանի դժգոհներու դպրոցին:

Իրենք ալ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ իրենց դժգոհութիւնը: Ուրիշներ կան, որոնք գրեթէ միշտ կը խօսին ա՛յն տեսակ նիւթի մը վրայ, զոր չեն ուսումնասիրած. կը քննադատեն թերթ մը՝ զոր չեն տեսած. կ՚արհամարհեն գրագէտ մը՝ որմէ էջ մը միայն կարդացած են: Արուեստի մասին կը յայտնեն կարծիքներ, որոնց քով Թէնինը ու Ֆրօմանթէնինը արժէք չունին: Արուեստին սահմանները կը գծեն առաձգականօրէն թոյլ համոզումով մը. «արուեստը, որ մեծ մասով հրաշալի սեփականութիւնն է ամէն վսեմ իմացականութեան, որ կ՚երազէ առանձնածնորհուած մասնաւոր ուղեղներու մէջ. սովորական, գործունեայ եւ յայտնի իմացականութիւնը արուեստին մէջ պէտք է գտնէ իր խոհեմ ու երկչոտ խորհրդատուն. եթէ ան ուզէ տիրապետել ու առաջնորդել, գործը կը խանգարուի, կը բեկանուի, կը պայթի, անճարակ մուրճի հարուածներ ընդունելու պէս: Տարբեր բացատրութիւնով. հանճա՛րն է, որ գործ մը կը յղանայ եւ տաղանդն է որ կը սրբագրէ ու կը վերջացնէ զայն1:

Անոնք կը հաւաքուին, քանդելու, փճացնելու համար ինչ որ հին է ու դասական: Անոնք կը փնտռեն բան մը՝ զոր չեն կրնար գտնել դժբախտաբար: Ամենէն այլանդակ ծրագիրները կը յղանան իրենց վրայ հրաւիրելու համար կարգ մը գրականութեան աշակերտներու շիլ նայուածքները» («Շանթ», կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Ա. տարի, թիւ 7, 15/28 սեպտեմբեր 1911, էջ 97):

Եւ գրութիւնը այսպէս կ՚ամփոփէ.

* Աւելորդ գրական դպրոցներ չկան: Կան միայն աւելորդ գրողներ:

Ես չպիտի ուզէի նոյնիսկ անդրադառնալ մեր կարգ մը տգէտ դուարահաճներուն վրայ, որովհետեւ չեն արժեր, բայց երբեմն կը զգամ որ անոնց սուլումը յաճախ իմ ականջներս ալ կը վիրաւորեն:

Համոզուած եմ թէ մեր դժգոհները ո՛ր գրական դպրոցին ալ որ պատկանին, չպիտի դադրին երբե՛ք միջակ ու արգահատելի ըլլալէ, իրենց անհանդուրժելի իմաստակութիւնով եւ փքացած այլամերժութիւնով (նոյն, անդ, էջ 98):

* Մեր տարաբախտ մտաւորականութեան նուիրուած սգահանդէս մը կամզակերպուած է 1919 ապրիլին, կազմակերպուած Ապրիլ տասնըմէկի սգահանդէսին յանձնախումբին կողմէ: Այդ յանձնախումբը հատոր մը եւս հրապարակած է՝ «ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ» անունով: Այս գիրքին մասին Մերուժան Պարսամեանի անդրադարձը այստեղ ամբողջութեամբ կու տանք: Գրութիւնը ունի «Գիրք մը, որ գերեզմանատունի կը նմանի» խորագիրը: Պարսամեան կը գրէ.

Ապրիլ տասնըմէկի սգահանդէսին յանձնախումբը, այսօր հրապարակ կը հանէ Սեւ Գիրք մը, ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ:

Կը բանամ թերթերը ու կը դիտեմ:

Ահաւասիկ Զօհրապի երիտասարդական գլուխը, մտածումի մը մէջ արձանացած: Շահրիկեանը, այդ լռին փոթորիկը, հոյակապ Խաժակը, Ակնունին, որ հրաշալիօրէն կ՚ապրի լուսանկարին մէջ, խորախորհուրդ Քէլէկեանը, աստուածային Սիամանթօն, Հրանդը, Հայաստանի այդ ինքնատիպ աստղը, պաշտելի ու եզական Վարուժանը, արձակագիրներու իշխանը՝ Զարդարեան, թանկագին Սեւակը եւ Սարգիս Մինասեանը, բազմաբեղուն տքթ. Տաղաւարեանը եւ Փաշայեանը, Լարենցը եւ Սմբատ Բիւրատը: Ու կը թղթատեմ շարունակ թերթերը Յուշարձանին, արտասովոր անզգածութեան մը մէջ յիմարացած:

Ահաւասի՛կ մեր երիստասարդ բայց տաղանդաշատ Համբարձումեանը, Բարսեղ Շահպազը եւ զմայլելի Արտաշէս Յարութիւնեանը, անստգիւտ Փայլակ, որուն լռութիւնը առեղծուածային դարձաւ այլեւս, իր զուարթութեան մէջ տխուր Կիկօն, իր ոճին եւ ապրելակերպին մէջ մաքրամաքուր Գեղամ Բարսեղեանը, անմոռանալի Չէօկիւրեանը, մկանունքի իշխանը՝ Շաւարշ Քրիսեան, միտքերու յեղափոխիչ Արմէն Տորեանը, իր քաղաքական կեանքին մէջ յաւերժացած Մուրատը եւ շանթաձիգ Վարդգէսը, ինքնասոյզ Ատոմ Շահէնը եւ Ենովք Շահէնի առիւծի գլուխը: Բայց ինչպէ՞ս դեռ թուեմ բոլորը: Գործի ու միտքի հերոսներ են, որոնք իրարու կը յաջորդեն, մէկը՝ մտախոհ եւ ուրիշ մը՝ երջանիկ ժպիտի մը մէջ անակնկալի եկած: (…) Ու ահաւասիկ՝ դա՛րձեալ, Սըրմաքէշխանլեանը, այդ կորովի եւ զուարթախոհ արձակագիրը, գաւառական գրականութեան հաւատարիմ ներկայացուցիչը՝ Թլկատինցին, եւ բրօֆէսօրներ, բրօֆէսէօրնե՜ր ու յետոյ Յովհ. Գազնաճեանը, եկեղեցականներ ու վերջապէս շարքը բոլոր զոհերուն:

Գիրքը կը փակեմ: Արցունքը շատ ճղճիմ, շատ հիւանդ արտայայտութիւն մըն է այս անհուն Վիշտին համար: Տպաւորութիւնս այնքան սեւ է որ, բնութիւնը եւ ինչ որ աչքիս տակ կ՚իյնայ, սեւ կը տեսնեմ:

Սեւ կը տեսնեմ Արեւը, անտարբերօրէն հանդիսատես Մարդկութիւնը եւ Քաղաքակրթութեան Խիղճը, որ չ՚ընդվզիր ոճիրին դիմաց, եւ չի՛ խլրտիր Սուգին հանդէպ:

Ու նայուածքս կը պաղի, կը սառի Յուշարձանին կողքին վրայ, որ կը նմանի գերեզմանական դուռի մը, որուն ետին կը տարածուի, ահազդեցիկ ու դժնդակ հայ Բանթէոնը՝ մեր ազգային վերջին մեծ Մարտիրոսներուն («Շանթ», կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Դ. տարի, Նոր Շրջան, թիւ 25-26, շաբաթ, 26 ապրիլ 1919, էջ 304):

* Ներկայիս, հայկական իրականութենէն ներս յաճախ կը բարձրանայ այն շշուկը, թէ մեր քայլերգը պէտք է փոխուի, պէտք է նոր քայլերգ ունենանք, եւ այլն, եւ այլն: Մանրամասնութիւններու մէջ չեմ ուզեր մտնել, այստեղ պարզապէս ընթերցողներուն կը ներկայանցեմ, թէ ըստ Մերուժան Պարսամեանի քայլերգ մը ինչպիսին պէտք է ըլլայ: Ան կը գրէ.

Քայլերգ մը՝ ըլլալու համար ազգային ու ժողովրդական, որպէսզի ան կարենայ ապրիլ երկար ժամանակ, պէտք է ըլլայ պարզ, զգայուն, ոգեւորող եւ եթէ կ՚ուզէք նոյնիսկ ոչ շատ երկար:

…Արտաքինէն աւելի ներքինը գլխաւոր պայմանն է: Առանց երբեք խրթնութիւններու եւ գեղեցիկ բառերու, քայլերգը պէտք է խտացումն ըլլայ Ցեղին հոգիին խօսող ու զայն թրթռացնող զգացումի մը, որմէ կարենայ ան ներշնչուիկլ ու ոգեւորուիլ: Լաւագոյն քայլերգներ գրողները նշանաւոր ու անուանի բանաստեղծներ չե՛ն եղած յաճախ («Շանթ», կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Դ. տարի, Նոր շրջան, թիւ 38, շաբաթ, 19 յուլիս 1919, էջ 447-448):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ


1 Ռէմի տը Կուռմօն, Le IIme Livre des Masques, էջ 193:

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2024