ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԵՐՈՒ
Գիրկդ վերադարձած եմ: Կարօտագին փաթթուած եմ քու սպիաշատ կուրծքին:
Քու բազմաչարչար գիրկին մէջ ինքզինքս կը զգամ հանգիստ ու խաղաղ, այս խաղաղութիւնը չեմ կրցած զգալ աշխարհի ոչ մէկ տեղ: Ասանկ իրարու պարուրուած՝ կ՚ուզեմ քեզի պատմել իմ երկարատեւ դեգերումներու եւ այսօրուայ մտահոգութիւններու մասին:
Մինչ ոտքս Հայաստանէն դուրս դնելը՝ բազմիցս երազած եմ օտարութեան մասին: Փոքր էի, միտքս ու զգացումներս խճողուած: Կը խառնէի բնականն ու արհեստականը: Գեղեցիկ ծրարաւորման մէջ, տարրաբանական յաւելանիւթերով հարուստ օտարութեան փայլքը գրաւած էր զիս: Կ՚ուզէի օր առաջ պոկուիլ գիրկէդ ու վազել դէպի հեռուներ:
Այդ օրն ալ եկաւ: Երկաթէ թռչունի վրայ բազմած քանի մը անգամ ճախրեցի երկինքին մէջ: Քանի մը երկրի մէջ բարեյաջող վայրէջք կատարեցի: Զմայլած օտարի շքեղութեամբ՝ որոշած էի հասցէս փոխել: Սակայն այդպէս ալ օտարի ադամանդակուռ գիրկը ինծի համար չդարձաւ հանգրուան, այն շատ պաղ էր ու անշունչ, պարզապէս իմը չէր: Օտարութիւնը վայելելու համար է, սակայն ոչ ապրելու:
Ինձմէ երկար ժամանակ չխլեց այս իրականութիւնը հասկնալու համար: Բառամթերքս, երեւակայութիւնս չեն բաւեր իմ սէրը, կարօտն ու զգացումները պատկերաւոր ու դիպուկ քեզի յայտնելու համար: Թէպէտ այս բոլորի կարիքը բնաւ չկայ, չէ՞ որ դուն մօր պէս միշտ ներողամիտ ես ու սրտցաւ: Աչքդ ջուր կտրած, համբերատար կը սպասես քու զաւակներու վերադարձին, իմ մայր Հայաստան:
Երկու տարի առաջ խաբուսիկ լոյսի շող մը առկայծեցաւ ծոցիդ մէջ՝ խանդավառելով համայն հայութիւնը: Կը թուէր, թէ այլեւս պիտի թօթափին հոգերդ ու վիշտդ: Հայը վերջապէս պիտի կարենայ ապրիլ իր երազած Հայաստանին մէջ: Աւա՜ղ, բոլորը պատրանք էր, շինծու կամուրջ մը, որ ոչ թէ դէպի լուսաւոր ապագայ կը տանի մեր երկիրն ու ժողովուրդը, այլեւ ճիշդ հակառակը՝ դէպի անդունդ, հիասթափութիւն ու անորոշութիւն...
Քանի մը տարի առաջ մենք վստահ էինք, թէ ինչ կ՚ուզենք՝ իշխող կառավարութեան հրաժարական: Մեզի կը թուէր, թէ եթէ Սերժ Սարգսեանն ու իր իշխանութիւնը հրաժարին, մեր երկիրը կը սկսի ծաղկելու, բարգաւաճելու, ժպիտը, խինդն ու ծիծաղը, անհոգ կեանքը այլեւս պիտի չլքեն հայ մարդը: Վստահ էինք, թէ այս բոլորը խոչընդոտողը Հայաստանի երրորդ նախագահն էր… թէեւ սխալեցանք:
Իշխանութիւնը փոխուեցաւ, սակայն մեր կեանքը մնաց նոյնը: Աստիճանաբար յառաջանալու փոխարէն կ՚ապրինք յետընթաց: Այսօր հայաստանցին յուսահատ է, տխուր, առանց ապագայի ու երազներու: Այլեւս չի գիտեր, թէ ի՛նչ բանի սպասել, որո՛ւ վստահիլ իւր երկիրն ու բարեկեցիկ ապագան:
Սակայն ես այստեղ եմ, քու գիրկին մէջ եւ չեմ պատրաստուիր ոչ մէկ պարագային լքել քեզ: Բոլոր դժուարութիւնները պիտի յաղթահարենք միասին:
Իմ մայր հայրենիք, իմ լոյս հայրենիք, օրհնեալ հայրենիք, ես կը հաւատամ քու պայծառ ապագային, քու վաղուայ անամպ օրուան: Ճիշդ է, դէպի այնտեղ տանող ճանապարհը մշուշոտ է, բայց միասին պիտի անցնինք:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ներկայ իրականութեան, այն ինծի կը յիշեցնէ միջնադարի հայ նշանաւոր առակագիր Վարդան Այգեկցիի «Իշխանը եւ այրի կինը» յայտնի առակը.
Իշխան մը կար՝ խիստ, չար ու անիրաւ: Եւ նոյն քաղաքին մէջ կ՚ապրէր այրի կին մը: Եւ իշխանը հարկ պահանջելով կը նեղէր զինքը: Եւ այրի կինը կ՚աղօթէր, որ իշխանը ունենայ խաղաղ ու երկար կեանք մը: Գացին ըսին իշխանին, թէ քու չարութեան համար կ՚աղօթէ այրին: Եւ իշխանը եկաւ ու ըսաւ. «Ես քեզի համար բարիք մը չեմ ըրած, ո՜վ կին, դուն ինծի համար ինչո՞ւ կ՚աղօթես»: Այրի կինը ըսաւ. «Քու հայրը վատ մարդ էր: Ես անիծեցի ու ան մեռաւ: Դուն նստար անոր տեղը՝ աւելի խիստ, չար: Եւ այժմ կը վախնամ, որ մեռնիս եւ քու որդին քեզմէ աւելի չար ըլլայ»:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան