ՍԻՐՏԵՐ ԿԱՊՈՂ ԵՐԿԻՐ՝ ԼԻԲԱՆԱՆ

Ութ տարի առաջ, ճիշդ այս օրերուն, հրաժեշտ տուինք Պէյրութին եւ ուղեւորուեցանք Երեւան: Օդակայան տանող ինքնաշարժը կ՚անցնէր հակակառավարական ցոյցի մասնակիցներու խումբերուն մէջէն. անոնք անիւներ կ՚այրէին եւ չորս կողմը կրակ ու ծուխ էր: Անիւներ այրելը Լիբանանի մէջ բողոքի ընդունուած ձեւ մըն է: Այս էր Պէյրութի վերջին պատկերը, որ տեսայ 2012-ի օգոստոսին եւ միտքիս մէջ յաւերժ դրոշմուեցաւ: Այս ութ տարուան մէջն եւ ատկէ առաջ ալ շատ անգամներ նոյնպէս Պէյրութի փողոցները հեղեղուած են ցուցարարներով, կրակներով, աղմուկ-աղաղակով…

Ութ տարուան մէջ ոչինչ փոխուած է. այսօր Պէյրութը կրկին կրակներու մէջ է. ցուցարարները կրկին փողոց ելած են եւ դիւրավառ նիւթեր ու քարեր կը նետեն կառավարական շէնքերու ուղղութեամբ՝ պահանջելով կառավարութեան հրաժարականը: Արդէն դժուար է ըսել, թէ այս մէկը քանիերո՞րդ հակակառավարական ցոյցն է: Մերթ ընդ մերթ ցուցարարներու կամ այլ ուժերու ճնշումներուն ներքոյ Լիբանանի կառավարութիւնը հրաժարական կու տայ, երկիրը որոշ ժամանակ կը մնայ առանց կառավարութեան, առանց վարչապետի, եղած են նաեւ առանց նախագահի կառավարութեան շրջաններ, յետոյ շատ մեծ դժուարութեամբ կ՚ընտրուի կառավարութիւնը եւ երկիրը նորէն կ՚ընկղմի նոյն ճահիճին մէջ:

Մեծ է Լիբանանի ճահիճը… Իսկ ճահճային բոլոր անպատեհութիւնները կը զգայ ժողովուրդը, որ այսօր կքած է տնտեսական շատ ծանր փլուզումի տակ:

Պէյրութի նաւահանգիստին ողբերգութիւնը սարսափելի հարուած էր Լիբանանի ժողովուրդին: Երկրին մէջ կը տիրէր փտածութիւն, ամենաթողութիւն, եւ որպէս ամենաթողութեան հետեւանք այսպիսի ցնցում մը սպասելի էր, քանի որ երկրի քաղաքական գործիչները, ղեկավարները, փոխանակ զբաղելու երկրի ապահովական, տնտեսական լուրջ հարցերով, ամբողջ օրը քաղաքական գզվռտուքի մէջ էին: Այդ մէկը նկատելի է նաեւ լիբանանեան հեռուստակայաններէն, որեւէ ալիք, ո՛ր ժամուն որ միացնես, քաղաքական տհաճ բանավէճի մը ականատեսը կ՚ըլլաս: Փոխադարձ մեղադրանքները երկիրը այնպիսի վիճակի մը հասցուցին, որ նոյնիսկ իրենք՝ ղեկավարները շուարած են: Ժողովուրդը պահանջեց կառավարութեան հրաժարականը եւ մինչ կառավարութիւնը ամբողջ կազմով հրաժարական տար, կարգ մը նախարարներ կանուխ հրաժարականներ տուին՝ իրենք նոյնպէս մեղադրելով կառավարութիւնը՝ կաշառակերութեան կապակցութեամբ: Սակայն Պէյրութի ցուցարարներուն կարգախօսն է «Բոլորը». այսինքն՝ անոնք կը պահանջեն օրէնսդիր, գործադիր բոլոր մարմիններուն հրաժարականը մէկ անգամէն:

Հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ, մինչ հրաժարականը, կոչ ուղղած է կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններու, առանց որոնց կարելի չէ որեւէ հարց լուծել:

Բոլորին հարցումները սակայն կը տանին ողբերգութեան պատճառ եղած պայթուցիկ պահեստարանի աղէտին. ինչո՞ւ պայթուցիկ նիւթը եօթ տարիէ ի վեր նաւահանգիստին մէջ կը գտնուէր՝ խիտ բնակեցուած բնակավայրերու շատ մօտ: Ո՞վ էր այդ նիւթին գոյութենէն օգտուող կողմը, ի՞նչ քաղաքական նպատակներ կան այդ նիւթին ետին եւ այլն: Կոչեր կ՚ուղղուին հետաքննութեան սկսելու եւ ամենախիստ ձեւով պատժել բոլոր պատասխանատուները:

Պայթումի վայրին շատ մօտ կը գտնուին նաեւ հայաբնակ թաղամասեր. Էշրէֆիէի, Մար Մխայիլի, Հայաշէնի, Պուրճ Համուտի, Հաճընի, Տորայի եւ մինչեւ «Թռչնոց բոյն» երկարող շրջաններու հայահոծ փողոցները մեծապէս տուժած են, վնասուած են գրեթէ բոլոր հայկական կառոյցները, հազարէ աւելի հայերու տուներ, խանութներ, աշխատատեղիներ… Շատ ցաւալի է տեսնել քանդումի, փշրումի այդ տեսարանները եւ անոնց քով կեցած յուսահատ մարդիկը, ոմանք՝ վիրակապերով եւ ընդհանրապէս բոլորին սիրտերը թախիծի եւ վիշտի մէջ ընկղմած… Հազարաւոր մարդիկ մնացած են առանց տունի, առանց ելեկտրականութեան եւ կեանքի համար անհրաժեշտ կենսական պայմաններու…

Այս մէկը Լիբանանի պատմութեան մէջ ամենէն ուժգին ու հսկայական պայթումն էր: Լիբանանը հիւծած քաղաքացիական պատերազմը նոյնիսկ այսպիսի աւերներ չէր հասցուցած՝ ըսին շատեր: Իսկ ոմանք պայթումը համեմատեցին Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի կորիզային ռմբակոծումներուն հետ: Պատահաբա՞ր, թէ՞ ճակատագրի բերումով, պայթումը կը համընկնէր այդ երկու ռմբակոծումներու օրերուն. Պէյրութի պայթումէն երկու օր յետոյ՝ 6 օգոստոսին աշխարհի մէջ նշուեցաւ Հիրոշիմայի, իսկ 9 օգոստոսին՝ Նակազաքիի աղէտներուն 75-ամեակը: Լրատուամիջոցներու վրայ կրկին երեւեցան հեռաւոր 1945-ին ճաբոնական այդ քաղաքներուն վրայ տնկուած կորիզային սունկերը, որ շատ նման էին Պէյրութի պայթումին յառաջացուցած ծխային սունկին… Եթէ ճաբոնական աղէտը մարդկութեան պատմութեան մէջ մնաց միջուկային զէնքի ռազմական կիրառման միակ օրինակը, ապա պէյրութեան աղէտը նոյնպէս եզակի էր իր բնոյթով: Չլսուած բան էր բնակավայրերուն այդքան մօտ վտանգաւոր պայթուցիկ նիւթերու ամբարումը եւ պահպանումը այնպիսի երկրի մը մէջ, որ մշտապէս կանգնած է պատերազմի վտանգին առջեւ եւ այդ նիւթերը արդէն իսկ վտանգաւոր էին, անկախ պատերազմներէն՝ Լիբանանի շոգ եղանակի պայմաններուն:

... Լիբանանը պատած բոլոր աղէտներէն կամ երկրի կարեւոր իրադարձութիւններուն առթիւ հայկական համայնքը համախմբուելու եւ միասնաբար գործելու աւանդոյթ մը ունի: Այս անգամ ալ, հաճելի է տեսնել, թէ ինչպէս շատ արագ կերպով ինքնակազմակերպուեցաւ լիբանանահայ համայնքը, շրջանցուեցան կուսակցական, յարանուանական տարբերութիւնները եւ մէկ մարմին դարձած՝ ձեռք մեկնուեցաւ աղէտին առջեւ կեցած հայ մարդուն:

Լիբանանի աղէտէն ամբողջ երկիրը տուժեց, բայց մեր հայեացքը նախ եւ առաջ ուղղուեցաւ հայ համայնքին, որ շուրջ 15 զոհ տուաւ, հիմնականը՝ երիտասարդներ, մօտաւորապէս 250 վիրաւոր ալ զանազան աստիճանի վէրքերով կը պայքարի կեանքի համար: Արագ որոշումով Պէյրութի մէջ կազմուած է «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»ը։ Լիբանանը իսկապէս կեցած է խիստ ցաւալի իրավիճակի մը առջեւ. մէկ կողմէն պսակաձեւ ժահրին արագ տարածումը, միւս կողմէն անգործութիւնը, տնտեսական անկումը, երկրի ներսը ընթացող անվերջ քաղաքական պայքարը հիւծած են երկիրն ու մարդոց ջիղերը: Նկատի առնելով նաեւ մարտ ամիսէն ի վեր կրթական կեանքի կազմալուծումը, այս նոր կազմուող մարմինը պէտք է իր գործունէութիւնը ծաւալէ բոլոր ուղղութիւններով:

Այդ ամէնը քննարկելու եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրանքով մարմինը կազմուեցաւ, անոր մէջ են համայնքի հայկական բոլոր ղեկավար կառոյցներու ներկայացուցիչները: Նորին Սրբութիւնը մինչ այդ արդէն մամուլին յանձնեց հայաշխարհին ուղղուած հայրական կոչ մը, որով աշխարհացրիւ հայութեան կը յիշեցնէր, թէ լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապը մեծ է եւ հետեւաբար, կը թելադրէր, որ լիբանանահայ գաղութի վերականգնումի գործին մէջ ամէն մարդ ստանձնէ պարտքի եւ պարտաւորութեան բաժին։ Կոչին մէջ շեշտուած էր, թէ քանդուած կամ վնասուած տուներուն վերանորոգումը անյետաձգելի է, պսակաձեւ ժահրի վտանգին ենթակայ համայնքի զաւակներուն առողջութեան օգտակար ըլլալը անհրաժեշտ է, կրթական կառոյցներուն աջակցութիւնը հրամայական է եւ համայնքային, կրօնական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու օժանդակութիւնը կենսական է: Արամ Ա․ Կաթողիկոս կը հաստատէր, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգային ճիգով՝ հայրենիքին, սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործուն մասնակցութեամբ:

Բազմաթիւ այլ երկիրներու կարգին Հայաստանը նոյնպէս արագ որոշում առած է օգնելու Լիբանանին: Երեք օդանաւ մարդասիրական օգնութեան առաջին երկու խմբաքանակները արդէն հասած են, հայկական օգնութեան մէկ մասը Լիբանան ղրկուած է Արցախէն:

«Հայաստանէն Պէյրութին՝ ի խորոց սրտի» գրուած է արկղերուն վրայ, որոնց մէջ հիմնականօրէն դեղեր եւ առողջապահական խնամքի պիտոյքներ կան, պիտի ղրկուի նաեւ ուտելիք: Հայաստանէն Լիբանան այցելած պատուիրակութիւնը տեղւոյն վրայ պիտի գնահատէ մանաւանդ համայնքի կարիքները, երկարաժամկէտ օգնութեան համար եւ Հայաստան վերադառնալով ծրագրեր պիտի կազմէ օգնելու նպատակաւ լիբանանահայերուն:

Անոնց զգալի մասը մտադիր է Հայաստան գալ, սակայն բոլորը չէ, որ ունին հայաստանեան անձնագրեր: Հաւանաբար յատուկ արտօնութիւններ պիտի սահման-ւին գալ փափաքող, բայց փաստաթուղթերը չամբողջացած մեր հայրենակիցներուն համար: Թէ՛ համայնքին, թէ՛ հայաստանեան շրջանակներուն տրամադրուածութիւնը այս պահին այնպէս է, որ այո՛, օգնութիւն, օժանդակութիւն, Հայաստանի մէջ ժամանակաւոր կամ մշտական բնակութեան յարմարութիւններ պիտի տրամադրուին, բայց միւս կողմէն ալ, համայնքը պիտի չփլուզուի եւ ուրիշ ծրագրեր պիտի մշակ-ւին զայն տեղւոյն վրայ ամրացնելու, հոն մնացողները սրտապնդելու, օգնելու եւ ապագայի յոյս ներշընչելու համար:

Աղէտին յաջորդող կիրակի օրը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պատարագէն ետք իր պատգամին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսած էր. «Լիբանանը միշտ կը մնայ սփիւռքի մէջ իր առանցքային դերակատարութեամբ կարեւոր համայնք, համահայկական աշխատանքներուն ու տեսլականներուն կարեւոր ներդրում կատարած ու կատարելու կոչուած գաղութ, հետեւաբար անոր վերականգնումը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով»:

Օգնութեան մարմիններ ստեղծուած են հայաշխարհի գրեթէ բոլոր անկիւններուն մէջ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, որ վերջին շրջանին արդէն իսկ դրամահաւաքի սկսած էր Լիբանանի համար, աւելի լայն բացած է նիւթական գոյացութիւններու իր խողովակները եւ ուղղած՝ Լիբանան: Լիբանանը երկար ամիսներէ ի վեր տարածքաշրջանային քաղաքականութեան պատճառով շրջափակուած էր, արգելակուած էին ամէն տեսակի օժանդակութիւն, աջակցութիւն, երկիր մուտք գործող բոլոր տեսակի ֆինանսական եւ տնտեսական գործընթացները: Իսկ այսօր ի չիք դարձան բոլոր շրջափակումները, երկիրը յայտարարուեցաւ աղէտի գօտի եւ տարածքաշրջանային կարծր քաղաքականութիւնը այլեւս անզօր դարձաւ անցեալի արգելափակումներուն դէմ: Օդանաւերը մէկը միւսին ետեւէն վայրէջք կը կատարեն Պէյրութի մէջ: Վերջին տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ Լիբանանը ինքզինք առանձին չզգաց… Բոլորս սրտի թրթիռով կը հետեւինք Լիբանանի իրադարձութիւններուն, որովհետեւ ան երկիր մըն է, որ հակառակ այս ամէն ինչին, ունակ է ամէն մարդու սիրտին մէջ վառ գոյներ ալ ձգել: Լիբանանը սիրտեր կապող երկիր է, եւ երկրին անպատեհութիւնները նկարագրելու ատեն շատ սիրտեր կը ցաւին այդ հրաշալի երկրին համար:

Ցաւալի այլ պատկեր մըն էր հայկական եկեղեցիներուն լուսանկարները, որոնք հրապարակուեցան ընկերային ցանցերու վրայ: Տուժած են պայթումին մօտ գտնուող բոլոր հայկական եկեղեցիները, վնասուած են խորաններ, դռներ, սրբապատկերներ… Մայրավանքը, Վեհարանը, «Կիլիկիա» թանգարանը նոյնպէս անմխիթար վիճակի մէջ են… Որոտացած պայթումը աւերած է նաեւ դպրոցներ, կրթական կառոյցներ, Հայկազեան համալսարանի շէնքին գրասենեակները քանդուած եւ գոյքը կտոր-կտոր եղած է:

Բաւական շատ են նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն կրած վնասները, «Ազդակ» օրաթերթի աշխատակիցներէն մէկը վիրաւորուած է եւ ապաքինումի շրջանի մէջ է: Վնասուած են նաեւ «Զարթօնք», «Արարատ» թերթերու, «Բագին» ամսագրի խմբագրատուները, «Վանայ ձայն» եւ «ՌատիօՍեւան» կայաններու գրասենեակները: Աղէտի ենթարկուած են նաեւ տպարանները, ուր կը տպագրուին թերթերը, գրատուները, ուր կը վաճառուին հայերէն թերթեր, գիրքեր: Գրադա-րանները եւ հայկական թերթերու, գիրքերու պահոցները նոյնպէս տուժած են աննախադէպ պայթումէն:

Հակառակ կրած վնասներուն, հայկական լրատուութեան միջոցները շարունակեցին գործել՝ հրատապ տեղեկութիւններ տարածելով աղէտեալ Պէյրութէն: Այդ տեղեկութիւններուն մէջ ամենագլխաւորը յոյսն է, իսկ անոնց հրապարակումներուն մէջ ապագայի Լիբանանը կը պատկերուի իբրեւ առասպելական փիւնիկ թռչուն՝ աւերակներուն մէջէն յառնող պատկեր մը Միջերկրական ծովու սրտին վրայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2020