ՎԵՐԱՓՈԽՈՒԻԼ ՏԻՐԱՄՕՐ ՀԵՏ

Վաղը՝ կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տաղաւար տօներէն չորրորդը, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինին վերափոխումը: Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ միաբաններէն՝ Զարեհ Արքեպիսկոպոսին մէկ խորհրդածութիւնը այս տօնին կապակցութեամբ:

«Երբ հրամանը լսուի, հրեշտակապետը ազդարարէ եւ Աստուծոյ փողը հնչէ, Տէրը ինք երկինքէն պիտի իջնէ, եւ նախ յարութիւն պիտի առնեն անոնք՝ որ Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան: Եւ ապա, մեզմէ անոնք որ այն ատեն դեռ ողջ պիտի ըլլան՝ անոնց հետ միասին ամպերու վրայ երկինք պիտի յափշտակուին Տէրը դիմաւորելու համար. եւ այնուհետեւ Տիրոջ հետ միասին պիտի ըլլանք յաւիտեան» (Ա. Թս 4.16-17)

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր տարեկան տօներու շարքին մէջ սահմանած է հինգ «տաղաւարներ», այսինքն՝ հինգ գլխաւոր տօներ, որոնք եթէ մէկ կողմէ մեր եկեղեցւոյ տօնակարգը առաւել կամ նուազ հինգ հաւասար մասերու կը բաժնեն, սակայն միւս կողմէ կը ներկայացնեն Եկեղեցւոյ հաւատալիքներու հիմնականագոյն ճշմարտութիւնները.-

ա) Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, որ մարդկութեան խորհուրդն է, յարացոյցը մեր մարդեղութեան, եւ փրկութեամբ մեր վերանորոգութիւնը եւ վերընծայումը Իր Հօր։

բ) Անոր հրաշափառ Ս. Յարութիւնը, որ աստուածաստեղծ մարմինին փառքին ցուցադրումն է եւ մեր մարմիններու յարութեան երջանիկ սպասումը։

գ) Քրիստոսի պածառակերպութիւնը, որ Իր աստուածային փառքին հրաշալի յայտնութիւնն է, եւ այդ անվախճան փառքին մասնակից դառնալու հրաւէրը մեզի։

դ) Ս. Աստուածածինի վերափոխումը, որ Աստուծոյ անմիջական ներկայութեան ու հաղորդակցութեան մէջ ապրելու մարդուն կոչումն է, եւ ժամանակներու վախճանին մեր փառաւոր երկինք յափշտակումին պատկերացումը։

ե) Ի վերջոյ, բարձրացումը Ս. Խաչին, որ Քրիստոսի խոնարհութեան նշանն է, աստուածային թագաւորութեան հովուական մականը, եւ քրիստոնէական մեր հաւատքին վերջնական յաղթանակը այս աշխարհի բոլոր իշխանութեանց եւ զօրութեանց վրայ։

Այսօր մեր Եկեղեցին կը տօնախմբէ տաղաւարներու այս շարքին չորրորդը, որ Ս. Աստուածածինի վերափոխման՝ այսինքն մահուընէ ետք հրեշտակներու ձեռքով՝ մարմինով երկինք փոխադրութեան յիշատակն է։ Յիշատակ մը, խորհրդալից, որ մեզի մտածել կու տայ քրիստոնէական մեր հաւատքի հիմնականագոյն մէկ ճշմարտութեան մասին, որ մարմիններու յարութիւնն է, մարմնաւորապէս երկինք յափշտակութիւնը եւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի դիմաւորումն է, եւ այնուհետեւ մնայուն կերպով Աստուծոյ փառքին ու երանութեան վայելքը՝ իր լոյս արքայութեան մէջ։

Եւ այս պահուն կ'ուզենք մեր բոլորին հոգեւոր մօրը, մեր կեանքի եւ փրկութեան պտուղի ծառին, մեր անմահութեան Հացը մեզի պարգեւող անձրեւաբուխ երկինքին, մեր ճշմարիտ Մանանային ոսկեայ սափորին, մեր կենդանութեան Ջուրի աղբիւրին, մեր յաւերժական ուրախութեան ու երանութեան օրհնեալ Գինիի շքեղ սրուակին, Տիրական Մարմինին անճառելի մարդեղութեան յաւէտ պաշտելի մարմնարանին՝ Աստուածամօր վերափոխման տօնին կապուած մեր խորհրդածութիւնը ուղեգծել Ս. Պօղոս առաքեալի վերոյիշեալ խօսքերով, որոնք մտածման չորս երեսներ կը բանան մեր դիմաց.-

1) ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ՝ ՄԵՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ

Քրիստոնէական կրօնին յատկանշական մէկ երեսն է մարմիններու յարութեան հաւատալիքը, որ Հին թէ Նոր Կտակարանները իբրեւ խոստում եւ աւետիս կ՚ընծայեն մեզի։ Եթէ Աստուած մարդը ստեղծեց հոգի ու մարմին, զանոնք երկուքն ալ սահմանեց անմահութեան. եւ ուստի հոգիին հետ մարմինը եւս կոչուած է յաւիտենական կեանքը բաժնելու, Քրիստոսի երկրորդ գալուստով յարութիւն առնելէ ետք։

«Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ Ինծի կը հաւատայ, նոյնիսկ եթէ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի», ըսաւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, Իր մտերիմ չորեքօրեայ մեռած բարեկամին՝ Ղազարոսի գերեզմանին դիմաց կանգնած (Յհ 11.25-26)։ Եւ երբ տեսաւ անոր քոյրերուն ու բարեկամներուն յուզումն ու լացը եւ կապուածութիւնը իրենց ֆիզիքական տեսողութենէն առնուած սիրելիին, Ի՛նք եւս յուզուեցաւ մարդկային սիրտին ջերմ զգացումներուն դիմաց, եւ աստուածային Իր հեղինակութեամբ մեղանչական բնութեան պարտադրած մահուան օրէնքը լուծելով՝ իր չորսօրեայ մահաքունէն դուրս կանչեց Ղազարոսը, զայն ժամանակւոր կերպով կրկին պարգեւելով աշխարհին, իր սիրելիներուն։

Ատով Քրիստոս Իր Աստուածութիւնը կը յայտնէր Իրեններուն եւ աշխարհին։

Ատով Քրիստոս Իր բացարձակ հեղինակութիւնը կը յայտնէր կեանքին ու մահուան վրայ, ըսելով. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը»։

Ատով Քրիստոս կը նախապատկերացնէր այն յարութիւնը, որ ապրող եւ Աստուծոյ հաւատացող իւրաքանչիւր մարդու բաժինը պիտի ըլլայ այս աշխարհի օրերը աւարտելէ ետք, Քրիստոսի երկրորդ գալուստով։

Նոյն այդ խոստումը Քրիստոս կու տար նաեւ Իր պաշտելի մօրը՝ Ս. Կոյս Մարիամին։ Ո՞ր մէկ որդին պիտի ուզէր ընդմիշտ բաժնուիլ իր ծնողէն։ Ո՞ր մէկ որդին մահուան գիրկը պիտի թողուր իր ծնողը, եթէ իշխանութիւն ունենար մահուան վրայ։ Ո՞ր մէկ որդին պիտի չուզէր միշտ, յաւիտենապէս իր կողքին ունենալ իր ծնողը։ Ղազարոսի ընդմէջէն Քրիստոս կարծէք Իր մայրն էր որ կը տեսնէր գերեզմանի սառն առանձնութեան մէջ դրուած, եւ աստուածային սէրն ու գթութիւնը մարդկային արցունքներով իրենք զիրենք կ՚արտայայտէին, իրենց ջերմութեամբ ջնջելու համար մահուան անէծքը, եւ կեանքի բերկրանքը պարգեւելու համար մարդուն, ինչ որ առաջին հերթին բաժինը պիտի ըլլար Աստուածամօր։

2) ՎԵՐԱՓՈԽԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԸ՝ ՄԵՐ ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՊԱՏԿԵՐԸ

Աստուածաստեղծ եւ կատարեալ մեր բնութիւնը մեղքի անէծքին ենթարկուելէ ետք ինքնաբերաբար ենթարկուեցաւ նաեւ ապականութեան, փճացման օրէնքին։

Մարդը, որ ստեղծուած էր անեղծ, դարձաւ եղծանելի։

Մարդը, որ ստեղծուած էր փառաւոր, դարձաւ անարգ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2022