ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ

- It was realy unforgettable, memorable camping.

Ըսին զբօսաշրջիկները հայրենադարձին:

Երկու ընկերներ՝ մէկը Պէյրութէն, միւսը Պելժիայէն, որոշած էին ամառնային արձակուրդը անցընել Հայաստանի ու Արցախի մէջ՝ իրենց համացանցային ծանօթութիւններուն իրական պատկերները ըմբոշխնելու: Բարեկամներ են անոնք տարիներէ ի վեր, ծանօթացած են Եւրոպայի լեռներուն մէջ. երկու նոյն ճաշակով օժտուած անհատներ, որոնց մտածելակերպին մօտիկութիւնը մօտեցուցած է նաեւ իրենց ֆիզիքապէս ու ամէն տարի, օգոստոս ամսուն, անոնք կը միանան աշխարհի մէկ կէտը յայտնագործելու: Կը սիրեն իւրովի յայտնագործել, պտըտիլ գիւղէ գիւղ, հաղորդակցիլ տեղւոյն բարքերուն, սովորութիւններուն, նիստուկացին, խոհանոցին... մարդոց ի վերջոյ, տեսնել, զգալ անոնց բազկերակը, շունչը, հողին հետ հաղորդակցութիւնը ու ապրիլ մի քանի պահ անոնց կենցաղով:

Երեւանէն Սեւան, Դիլիճան, Գորիս, Կաբան, Մարտունի, Հադրութ, Շուշի, Մեղրի, Նորավանք այցելեցին անոնք գրեթէ ոտքով պտոյտներ կազմակերպելով ու յոգնութեան պարագային վրաններ լարելով ու հանգստանալով:

- Look at those mountains. There was amazing, we felt as birds.

Ցոյց տուին մեղրիի բնութիւնը, ուր, անտառներուն մէջ, մի քանի օր գիշերած են:

- We ate Ճինկէալով հաց at Hatrout. Wow, it was delicious.

Արցախի կլիմայով, լեռներով հմայուած անոնք խօսեցան նաեւ արցախցիներուն հիւրընկալութեան մասին, գիւղացիներուն հիւրասիրութիւնը կլանած էր զիրենք ու բաւարարէն աւելի հմայած: Երբեմն գիւղացիի մը տան մէջ գիշերած ու սեղաններուն առատութեան կողքին ճաշակած էին արցախցիին սեղանէն անբաժան տնական թթի արախը, ու՝

- Armenians are drinking so much, it՚s impossible, even we met two or three taxi drivers, they were drinking beer, or were drank before driving.

Ո՛վ տեղեակ չէ այս սովորութեան...

Յատկապէս Շուշին դրոշմուած էր անոնց յիշողութեան մէջ, անգտանելի գեղեցկութիւն մը որակեցին զայն, դրախտ մը, ուր դարձեալ այցելել կ՚ուզեն: Արցախցին աւելի հարազատ զգացած էին անոնք, քան հայաստանցին, բայց՝

- We almost met old age people in both Armenia and Artsakh.

Տարեցներ ամէնուրեք...:

-  But Armenians are so kind, they aren't poor.

Հայուն վայել երեւոյթներ՝ հիւրասիրութիւն, հիւրընկալութիւն, ոչինչէն սեղաններ սարքող ու հիւրը բաւարարել ջանացող հայը երբեք իր թերութիւնը ցոյց չի տար, կը քօղարկէ զայն, կը քօղարկէ նոյնիսկ արցունքին կաթիլը, որ աճած է կարօտներուն կուտակումէն: Կարօտներ՝ հեռաւոր զաւակներուն, իրենց նիւթական ապահովութեան համար գաղթի ճամբան բռնողներուն: Ի՞նչ կը հասկնայ օտարը, կամ ի՞նչ պարտաւոր է հասկնալ, ան իր տեսածով կը գծէ տպաւորութիւններու շարան մը, տպաւորութիւններ, որոնք միայն դրական կ՚ըլլան, մինչ...

- We ate organic food everywhere.

Ըմբոշխնեցին անոնք օդին ու ջուրին մաքրութեամբ աճող բոյսերը, պտուղները, կերան հայ տատիկներու պատրաստած խաշլամաները, խորովածները՝ կենդանիներու անարատ միսով ու տատիկներու սիրոյ կաթիլներով պատրաստուած. իմացա՞ն արդեօք, որ այս մաքրութիւնը կրնայ պղծուիլ, կրնայ աղաւաղուիլ մարդկային միջամտութեամբ, գիտցա՞ն Ամուլսարի պատմութիւնը, լսեցի՞ն նիւթին ներգործութեամբ այս մաքրութեան խաթարման մասին. բայց ո՞վ պիտի համարձակէր իրենց տեղեկացնել, ո՞վ պիտի համարձակէր աղաւաղել հայրենիքի սիրուն տեսքը այս օտար զբօսաշրջիկներուն աչքին, ո՞վ պիտի համարձակէր ցոյց տալ ներքին տագնապը հայրենիքին, որ կը բուսնի անընդհատ վայրի մոլախոտերու պէս եւ արմատներով կուլ կու տայ մաքուրը..., ընդհակառակը՝ անոնք դրականօրէն գլուխ շարժեցին երբ զբօսաշրջիկները ակնարկեցին՝ revolution-ին:

- But Armenia and Artsakh are already empty, they need people, they need young ages to survive.

Երեք շաբաթուան կեցութիւնը այս երիտասարդ զբօսաշրջիկներուն մտապատկերին մէջ գծած է արդէն ներկայ կացութեան առընչուող տագնապի մը պատկերը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2019