ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Այս տարուան ընթացքին, ի շարս բազմաթիւ կարեւորագոյն ձեռնարկներու, յատկանշական ձեռնարկ մըն ալ Ապրիլին տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան մէջ, ուր արժանավայել կերպով բացումը կատարուեցաւ հարիւր տարի առաջ կատարուած Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած որբերուն նուիրուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին: Թանգարանի հովանաւորը՝ բարերար Ալեքօ Պէզիքեանն է, որ որբանոցի մէջ մեծցած իր հօրը յիշատակին փափաքած է թանգարանը կոչել անոր անունով:
Թանգարանը բացուեցաւ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որուն կ՚ընկերակցէին այդ օրերուն Լիբանան այցելած հայ եւ օտար պաշտօնեաներ, օտար եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր ու ներկայացուցիչներ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդներ ու միաբան հայրեր:
Թանգարանին բացումը տուրք եւ երախտիքի արտայայտութիւն էր նաեւ այն մեծ կնոջը, Մարիա Ճէյքըպսընին, զոր կը կոչէին Մամա եւ որու հովանաւորութեամբ ալ բացուած է «Թռչնոց բոյն» հաստատութիւնը, ուր ան իրականացուցած է իր որբահաւաք եւ որբախնամ առաքելութիւնը:
Թանգարանը, որուն մէջ առանձին բաժին ալ յատկացուցած է Մարիա Ճէյքըպսընին, կը նկատուի աշխարհի միակ որբերու թանգարանը:
Այդ մասին ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մանրամասնութիւններ հաղորդեցին Որբերու թանգարանի ճարտարապետներ, լիբանանահայ տաղանդաւոր արուեստագէտներ Վիգէն եւ Րաֆֆի Թարխանեանները, որոնք այս օրերուն կը գտնուին Երեւան: Անոնք հրաւիրուած էին մասնակցելու Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական համաժողովին, որ նախորդող օրերուն տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան:
Ճարտարապետ եղբայրները, ինչպէս նշեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին, ստացած են ճարտարապետի եւ ձեւաւորողի արհեստավարժ կրթութիւն, եւ Լիբանանի մէջ հիմնած են անձնական ընկերութիւն՝ Doonbeyt անունով, որ ճարտարապետութեան ասպարէզէ ներս ծանօթ հաստատութիւն մըն է արաբական աշխարհին մէջ, առած է կարգ մը մրցանակներ՝ ներքին ու արտաքին ճարտարապետական կարեւոր մրցանակաբաշխութիւններու ընթացքին:
Վիգէն եւ Րաֆֆի Թարխանեաններ նախապէս գործակցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ, եկեղեցիէն ներս կարգ մը ճարտարապետական կառոյցներու հեղինակ են, ինչպէս Մայր Տաճարի հարեւանութեամբ Նահատակաց ռատուռի, որ կրկին նորոգուած է Թարխանեաններու ճարտարապետական նախագծին համապատասխան:
Երբ միտք յղացած է նորոգել Թռչնոց բոյնը եւ կառուցել որբերու թանգարան, Կաթողիկոսարանը եւ «Թռչնոց բոյն»ի խնամակալութիւնը դիմած են Վիգէնին եւ Րաֆֆիին, որոնք ալ մանրակրկիտ ու արհեստավարժ աշխատանքի միջոցաւ ամբողջացուցած են ծրագիրը՝ արժանանալով հիացմունքի: Անոնք նաեւ «Թռչնոց բոյն»ին ընդհանուր նորոգութեան ճարտարապետական մասին պատասխանատուն եղած են:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ին Վիգէն Թարխանեան տեղեկացուց, որ ի սկզբանէ, գաղափարին ծանօթանալէ ետք, նպատակ եղած է իր տեսակի մէջ եզակի թանգարանի կառուցման համար տալ եզակի լուծումներ: Թանգարանը արդէն ութ ամիսէ ի վեր՝ Լիբանանի մէջ իր դռները բացած է հազարաւոր այցելուներու առջեւ:
Հարցազրոյցի ընթացքին կառոյցի ճարտարապետները ներկայացուցին այն զգացումները, ապրումները եւ աշխատանքային ընթացքը, զորս ունեցած են թանգարանի նախագծման ժամանակ:
-Դուք ստանձնած էք իր տեսակին մէջ եզակի աշխատանքի մը ճարտարապետական մասի նախագծումը: Իբրեւ ճարտարապետներ, ի՞նչ մօտեցումներ ցուցաբերած էք եւ իբրեւ հայեր, ի՞նչ զգացումներ ունիք՝ ըլլալով աշխարհի միակ հայ որբերու թանգարանի եւ Սփիւռքի տարածքին միակ Եղեռնի թանգարանի նախագծողները:
-Երբ առաջարկ ներկայացաւ ստանձնելու «Թռչնոց բոյն»ի վերանորոգութիւնը, յատակագիծին մշակումը եւ անոր թանգարանին շինարարութիւնը, այս բոլորին վերահսկողութիւնը, համոզուեցանք, թէ մեզի ներկայացած էր աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն կոչ յղելու հրաշալի պատեհութիւն մը:
Անտեսելով ժամանակի սղութիւնը եւ յաղթահարելով վարչագիտական զանազան դժուարութիւններ, նկատի ունենալով, որ Պիպլոսը (Ժիպէյլը) ըլլալով պատմական քաղաք եւ գտնուելով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անմիջական հսկողութեան տակ, բաւական դժուար եղաւ համոզել վերադաս մարմինները եւ ձեռք բերել աշխատանքի արտօնութիւն: Առկայ էին նաեւ այլ դժուարութիւններ:
Հարցը բաւական լուրջ էր, եւ որոշեցինք ճարտարագիտական լուծումներու ընդմէջէն, համայն մարդկութեան յիշեցնել հայոց ցաւին մասին:
«Թռչնոց բոյն»ի մասին շատ գրուած եւ խօսուած է։ Մեծ եղեռնէն ճողոպրած եւ Լիբանան հասած հազարաւոր որբերու առօրեան եւ կենցաղը պատմող հաւաքավայր մըն էր «Թռչնոց բոյն»ը: Շատեր յաղթահարեցին այդ ծանր պայմանները եւ նետուեցան կեանքի ասպարէզ: Ուրիշներ մահացան, չտոկացին այդ դժուարութիւններուն:
Որբ մանուկներուն ոդիսականը, անոնց տխուր առօրեան մեզ ներշնչեցին ստեղծելու այդ ոգին արտացոլացնող թանգարանի մը հիմքերը: «Թռչնոց բոյն»ի թանգարանը անոնց յիշատակը անթառամ պահելու լաւագոյն ուխտավայրն ու վկայարանն է:
-Թանգարանը իր ներսի եւ դուրսի ճարտարապետութեամբ կը տարբերի աւանդական կառոյցներէն: Ի՞նչ ճարտարապետական լուծումներ ներդրած էք թանգարանին մէջ, ի՞նչ խորհրդանշանական մասեր ունի կառոյցը:
-2750 քառակուսի մեթրի վրայ երկարող այս համալիրը հայկական աւանդական ճարտարարուեստի եւ արդի ճարտարարուեստի համադրութիւն մըն է: Նշենք, որ թանգարանի շինարարութեան ճարտարագիտական լուծումներու ձեւաւորումը, արտաքին դասաւորումները (Landscape) կատարած է Վիգէն Թարխանեան, իսկ յատակագիծի պատրաստութիւնը, ոճային նորարարութիւնները (Scenography) կատարած է Րաֆֆի Թարխանեան, որ ներքին ճարտարապետն է:
Թանգարանը կազմուած է երկու մասերէ. արտաքին՝ մուտքի խաղավայրը եւ Մամիկին պարտէզը: Ներքին կառոյցը, երեք մասերու բաժնուած է. Եղեռնի գօտին, Որբերու առօրեան ներկայացնող գօտին եւ Վերածնունդի գօտին:
Խօսելով որբերու խաղավայրին (Orphans’ Arena) մասին՝ յատուկ կ՚ուզեմ շեշտել խաղավայր բառը, որովհետեւ որբերը, կեցութեան վայր չունենալու պատճառով, կը մնային այս բացօթեայ տարածութեան մէջ, ամառ թէ ձմեռ, անձրեւի եւ կիզիչ արեւուն տակ:
Մանուկներուն ոտնահետքերը, որ ստեղծած ենք խաղավայրին մէջ, կը նկարագրեն այդ պահը, երբ մանուկները մնայուն ներկայ են խաղավայրի տարածութեան մէջ:
Թանգարանի այցելուները չեն տեսներ որբերուն դէմքերը, կը լսեն անոնց ձայնը եւ կը զգան անոնց լուռ ցաւը:
Երկրորդ ճարտարապետական լուծումը երկաթեայ վրանն է (Canopy), որ դէպի թանգարան այցելուներուն ուղեցոյցն է: Հնակարկատի տեսքով, որբերուն ցնցոտիները խորհրդանշող, պղնձածածկ , երկու յենակէտերու վրայ կառուցուած, 16 մեթր երկարութեամբ, 22 թոն կշռող երկաթեայ վրանը դէպի իրականութիւն կ՚առաջնորդէ այցելուները:
Վրանը նաեւ որբերը պահպանող Մարիա Ճէյքըպսընին ձեռքն է, խորհրդանշական կարգով: Վրանը, որբերը պաշտպանելով, կ՚երկարի մինչեւ մեծ հայասէրին գերեզմանը: Թանգարանի մուտքին այցելուն կը տեսնէ սովահար որբերու կերպարանքներ, որոնք ձեւով մը դիմաւորողներն են թանգարանի այցելուները: Մենք այս գաղափարը յղացած ենք որբերու առօրեան ներկայացնող նկարի մը խորհրդապատկերի տեսքով: Կողքին, թանգարանի այցելուն կը տեսնէ այն լուսանկարին բնօրինակը, որմէ յղացած ենք մեր այս գաղափարը: Հին լուսանկար մըն է, որուն մէջ մանուկները բոպիկ եւ աւազի վրայ նստած են՝ պնակները գետինը…
Թանգարանի մուտքին այցելուները կ՚ունկնդրեն որբերուն կենդանի հառաչանքին, բացագանչութիւններուն:
Կառոյցի ներքին բաժինը կը սկսի Ցեղասպանութեան գօտիէն, ուր այցելուն մուտք կը գործէ խորհրդաւոր երաժշտութեամբ:
Կամարաձեւ պատին աջ կողմին վրայ կտրուածքի տեսքով կ՚երեւին կոտորածներու ժամանակաշրջանը, բացատրութիւնները՝ շարժական նկարներով, չորս տարբեր լեզուներու մեկնաբանութեամբ: Իսկ ատոր դիմացը՝ Ապրիլ 24-ի օրուան նահատակ հայ մտաւորականութեան նկարները:
Ձախ կողմի վրայ կ՚երեւին տեղահանութեան քարտէսը եւ կոտորածներու մասին վաւերագրական ժապաւէններ:
-Թանգարանի ներսը մեծ զանգակ մը կախուած է: Ի՞նչ կը խորհրդանշէ ան:
-Առաստաղէն կախուած զանգակը հետեւեալ խորհրդանիշը ունի. մեզ փորձած են խեղդամահ դարձնել, քանդելով զանգակը, անոր կոչնակը, լռութեան դատապարտել մեր հաւատքը, պատմական յիշողութիւնը: Կոչնակին փոխարէն պարան մը իջած է զանգակի գագաթէն, լռութեան մատնելու մեր ձայնը:
Այս բաժնին մէջ նաեւ կառուցած ենք Գողգոթայէն դէպի կեանք բարձրացող վերապրումի կամուրջ մը, որուն կողքերուն կողմնակի պիտի տեսնէք դէպքերը նկարագրող նկարներ:
Թանգարանի ներսը այս գօտիէն ետք կը սկսի որբերու առօրեան ներկայացնող գօտին:
Առաջին՝ այցելուն կրնայ պատկերացում մը կազմել ինքնութենէ զրկուած որբերու մասին, որոնք երկար տառապանքներէ ետք կը հասնին տարբեր որբանոցներ: Բայց եւ այնպէս՝ անդէմք որբեր են բոլորը, որովհետեւ միայն անոնց ոտնահետքերը կը տեսնենք:
Տարիներու ընթացքին, որբերը կը վերագտնեն իրենց ինքնութիւնը եւ կը վերադառնան իրենց արմատները: Անոնց ոտքերէն դէպի ետեւի սիւները ցոլացող լոյսը կ՚ուրուագծէ կեանքին նայող իւրաքանչիւր որբի արտայայտութիւնը: Վերապրողները հայ ժողովուրդին ապագայ սերունդն են:
Դէպի վեր նայող դիմանկարները յաւիտենականութեան մէջ աստիճանաբար տարածուող որբերուն կը պատկանին: Այցելուն նաեւ մէկ առ մէկ կը լսէ անոնց անունները: Պատերուն վրայ տեղեկութիւններ կան նաեւ Միջին Արեւելքի զանազան որբանոցներու մէջ վերապրողներու առօրեայէն:
Այցելուները, այցելելով «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, նաեւ կը ծանօթանան որբերու առարկաներուն:
-Տեղեակ եմ, որ Դուք, բացի ճարտարապետական աշխատանքը ստանձնելէ, նաեւ նուիրատուութիւն մը կատարած էք թանգարանին, որ որբերու գործած գորգ մըն է, կրնաք պատմել այդ մասին:
-Այդ գորգին պատմութիւնը շատ հետաքրքրական է: Մենք, զանազան աղբիւրներէ տեղեկացած ենք, որ Լիբանան Տքթ. Սրապեանին մօտ հազուագիւտ գորգ մը կը գտնուի: Գտանք տոքթորը, տեսանք գորգը, որ բացառիկ արժէք ներկայացնող աշխատանք մըն էր՝ Ղազիրի որբ աղջկանց ձեռքով գործուած: Տքթ. Սրապեանին հայրը նոյնպէս տոքթոր եղած է, ատամնաբոյժ, ան բուժած է որբերուն ակռաները եւ իբրեւ նուէր որբուհիները իրեն համար գորգ գործած եւ նուիրած են: Գորգը անցած է բժշկին որդիին: Մենք լսած ենք, որ Տքթ. Սրապեան ոչ մէկ գնով կը վաճառէ զայն: Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն դիմած են իրեն բարձր գումաներ առաջարկելով, բայց ան մերժած է հազուագիւտ այդ իրը վաճառել: Երբ Րաֆֆիին հետ այցելեցինք իր տունը եւ տեսանք գորգը, որոշում առինք՝ ինչ գնով ալ ըլլայ՝ զայն գնել: Մեր ցանկութեան մասին յայտնեցինք բժշկին, տեղեկացուցինք, որ Որբերու թանգարան մը կը շինուի եւ նպատակ ունինք թանգարանին նուիրատուութիւն կատարել, ան, ի զարմանս մեզ, համաձայնեցաւ ու նոյն օրը վաճառեց գորգը:
Զայն հիւսած են Ղազիրի աղջկանց որբանոցի սաները, 1925 թուականին: Գորգը, վեցամսեայ ժամանակամիջոցի մը համար, մրցանակի ձեւով կը շնորհուէր «Նիր Իսթ Ռիլիֆ»ի կողմէ, Լիբանանի մէջ գործող տասներկու որբանոցներուն: Այսօր այդ գորգը կը ցուցադրուի թանգարանին մէջ, իբրեւ բացառիկ ապացոյց որբերու ձեռքի աշխատանքի:
-Տարօրինակ պիտի ըլլար, որ թանգարանը, իր տխուր պատմութիւններէն ետք չ՚ունենար վերածնման, լուսաւոր բաժին մը: Եւ ահաւասիկ, Դուք նախագծած էք նաեւ այդ բաժինը: Ի՞նչ կը խորհրդանշէ ան:
-Վերածնունդի գօտիին (Renaissance Zone) մէջ այցելուները կը տեսնեն թիթեղածածկ տնակները, որոնք ժամանակի ընթացքին փայտաշէն, ապա քարաշէն բնակարաններու վերածուելով, կազմելու սկսած են Լիբանանի մէջ մեր առաջին հայկական թաղամասերը՝ եկեղեցիները, դպրոցները եւ համալսարանը: Այս երեւոյթը կը խորհրդանշէ հայութեան վերածնունդը:
Այդ գօտիին առաջին սենեակին կեդրոնը կը նշմարուին բարձրայարկ տուփեր, որոնք կը ներկայացնեն որբերուն տարբեր արհեստները՝ ատաղձագործ, հնակարկատ, երկաթագործ, ձեռային աշխատանք, նկարչութիւն եւ այլն:
Երկրորդ սենեակին մէջ Մեծ եղեռնը ճանչցող պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու անունները կան: Կողքի պատին վրայ ամփոփուած են աշխարհի տարբեր ափերու վրայ Եղեռնի յուշարձանները, Լիբանանի մէջ 50-ամեակի եւ 100-ամեակի ոգեկոչման նկարներ:
-Լուսանկարներուն մէջ հետաքրքրական պատկեր ստացած է մեծ հայասէր Մարիա Ճէյքըպսընին անկիւնը: Թանգարանի մէջ ի՞նչ տեղ ունի Մամային սենեակը:
-Վերջին սենեակին մէջ վերականգնած ենք մեծ մարդասէրին, հայասէրին սենեակը՝ իր առօրեայ սարքերով, գիրքերով, գրասեղանով: Ան կը սիրէր դաշնակ նուագել, երաժշտութիւն մտիկ ընել եւ ատիկա նոյնպէս կ՚երեւի սենեակին մէջ:
Իր բոյնին մէջ ձագերը կերակրող այն Մայրը, որ, ըլլալով հարուստ ընտանիքէ, ձգելով իր ապահով կեանքը եւ անտեսելով տարբեր չարչարանքներ՝ նուիրուեցաւ հայ որբերու փրկութեան, իրաւ արժանի է մեծարանքի: Եւ թանգարանը, ոչ միայն հայ որբաշխարհի պատմութիւնը կը ներկայացնէ, այլ նաեւ յուշարձան մըն է եւրոպացի այդ մեծ կնոջ, ի նշան երախտագիտութեան եւ ի ապացոյց աշխարհին, որ հայերը երախտամոռ չեն, անոնք գիտեն իրենց երախտիքն ու շնորհակալութիւնը յայտնել:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ