ԿՈՓՈՒՄԻ ՇՐՋԱՆ

Չորս տարի ապրելով Պոլիս, ամէն անգամ իմ հայեացքը կը սեւեռուէր Շիշլիի հայաշատ Քուրթուլուշ պողոտայի քանի մը շէնքերու պատերուն հայատառ գրուած հետեւեալ արտայայտութեան. «Ո՞ւր էիր Աստուած»:

Տեւական ինքզինքս կը բռնէի այդ մտքին վրայ, սակայն պատասխան մը չէի կրնար գտնել: Անդադար փնտռտուքներու մէջ էի: Այսօր ես գտած եմ սա յայտնի, ոչինչ ըսող արտայայտութեան պատասխանը՝ Աստուած միշտ այստեղ է՝ մեր կողքին, մեր դրան շեմին: Մենք ենք, որ երբեք մեր տեղը չենք: Միշտ կոյր ենք ու խուլ: Միայն մեր սեփական շահի ու բաղձանքներու հոտն է ցանկալի ու զգալի մեր ընկալուչներուն համար: Նոյնիսկ 1915 թուականի արհաւիրքը չտուաւ ցանկալի արդիւնքներ: Այսօր յայտնուած ենք նոյն ընթացքին մէջ եւ նորէն դաս չենք քաղեր:

Հայն ու Հայաստանը կրկին կ՚որբանան: Երկիրն ու ազգը կ՚արիւնահոսի: Կը կրճատուին Հայաստանի սահմանները, կը պակսի ազգին թիւը: Եւ նորէն պատերուն պիտի գրեն՝ «Ո՞ւր էիր կամ ո՞ւր ես Աստուած»: Աստուած քու կողքիդ է, քու հետ է: Դուն ես որ Աստուծոյ հետ չես, ոչ մէկ կերպով կ՚ուզես դառնալ դէպի Ան, ճանչնալ զԱյն, սիրել ու ապրիլ անոր կամքին համաձայն:

Ամէն հայ հայ չէ: Եթէ ձեր երակներով կը հոսի հայկական արիւն, եթէ ձեր ազգանունը կը վերջանայ «եան» մասնիկով՝ չի նշանակեր, որ դուք հայ էք: Առաջնայինը՝ հոգիդ, միտքդ ու սիրտդ պիտի ըլլայ հայ: Կ՚ապրիս հայրենիքիդ ցաւով, զայն կը համարես սրբութիւն, եւ ոչինչ կը խնայես անոր բարօրութեան համար, նոյնիսկ կեանքդ:

Բազում հոգիով հայեր, որոնց աչքերը կը տամկանան Հայաստան ու Արցախ ըսած ատեն, կ՚ապրին ծանր ու դժուարին ժամանակներ: Նեղութիւնն ու դժուարութիւնները երկրէն զատ ներթափանցած են նաեւ անոնց ընտանիքներէն ներս: Կարելի է ըսել ընտանեկան ճգնաժամի դիմաց յայտնուած են: Խաւարի մէջ կը թուի, թէ այլեւս դէպի լոյս տանող ուղի չկայ: Չարաչար կը սխալինք: Յովհան Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ մեր բարեպաշտութիւնը կ՚աճի դժուարութիւններէն ու նեղութիւններէն: Ան կ՚ըսէ, որ Աստուած կրնայ այսօր ալ ի չիք դարձնել մեր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները: Սակայն մինչեւ չտեսնէ մեզ մաքրուած չարութենէն, մինչեւ չտեսնէ մեր հաստատուն դարձն ու ապաշխարութիւնը, պիտի չվերացնէ մեր նեղութիւնները: Եւ օրինակ մը կը մէջբերէ, թէ ինչպէս ոսկերիչը կը վարուի ոսկիին հետ։ «Ինչպէս ոսկերիչը մինչեւ չտեսնէ լաւ մաքրուած ոսկին, չի հաներ զայն կրակի մէջէն: Այդպէս ալ Աստուած չի ցրուեր եւ չի հեռացներ այս նեղութիւնները, մինչեւ լաւ չզգաստացնէ մեզ», կ՚ըսէ Ոսկեբերանը:

Ան, որ ձգեց, որպէսզի ըլլայ փորձութիւն, գիտէ նաեւ թէ այդ փորձութեան ժամանակը երբ պիտի աւարտի:

Այդ իսկ պատճառաւ, սիրելի ընթերցողներ, դժուարութիւնները հեռացնելու ժամանակը յանձնեցէք Տիրոջը, իսկ մեր գործը դարձի գալն ու ապաշխարելն է: Դարձի գալ դէպի Քրիստոս եւ զղջալ մեր սեփական մեղքերու համար հաստատուն ձեւով: Իսկ թէ այս նեղութիւնները երբ պիտի վերջանան՝ վստահինք, ձգենք ամենակարող Տիրոջ: Մեր գործն է՝ դառնալ առաքինի, իսկ դժուարութիւնները վերացնելը Աստուծոյ գործն է:

Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ Աստուած մեզմէ աւելի շատ կ՚ուզէ մարել այդ հրդեհը: Սակայն, կը սպասէ քու փրկութեանդ: Դուն երբ դարձի պիտի գաս, ապաշխարես: Որչափ պիտի տառապիս, մինչեւ որ հասկնաս եւ ընդունիս, որ կարելի չէ ապրիլ առանց Քրիստոսի:

Ուրեմն, ինչպէս որ հանգիստին յաջորդեց նեղութիւնը, այնպէս ալ նեղութենէն վերջ պէտք է ակնկալել հանգիստ: Միայն թէ նեղութիւններու մէջ անդադար գոհանանք Աստուծմէ, փառք տանք Տիրոջը եւ ապրինք Իր պատուիրաններուն, իր կամքին համաձայն, եւ ոչ երբեք մեր ցանկութիւններու: Ինչպէս որ Աստուած սէր է, այնպէս ալ քաղցր եւ անոյշ է Տիրոջ կամքը:

Իսկ այդ բոլորի համար պէտք է կարդալ ու սերտել Աստուածաշունչը: Որպէսզի գիտնաս Տիրոջ խօսքը, որպէսզի գիտնաս Տիրոջ պատուիրանները, որպէսզի գիտնաս, թէ Աստուած քեզի ինչ կ՚ըսէ, ինչ կը խոստանայ եւ ինչ կը զգուշացնէ:

Աստուծոյ օրհնութիւնն ու ողորմածութիւնը մեզ բոլորիս: Միայն աստուածճանաչութեամբ կրնանք յաղթահարել բոլոր պատնէշները: Մեզ ընծայուած ծանր կոփումի շրջանին խոկալով պիտի կարենանք ճաշակել աստուածային սէրն ու Տիրոջ ներկայութիւնը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2022