ՖԱԹԻՄԱՅԻ ՏԻՐԱՄՕՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ

Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը յառաջիկայ օրերուն կը հասնի Հայաստան եւ Վրաստան։ Ֆաթիմա Տիրամայրը միշտ հոն է, ուր ժողովուրդները խռովայոյզ օրեր կ՚ապրին: Ան յոյսի, մխիթարանքի եւ հաւատքի անհրաժեշտ լոյսեր կը սփռէ անոնց հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ:

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, որ եղելութիւնը պատմական է, տրուած ըլլալով որ առաջին անգամն է, որ Ֆաթիմայի Տիրամայրը պիտի այցելէ Հայաստանի եւ Վրաստանի Հայ կաթողիկէ համայնքներուն։

«Այս մէկը, յիրաւի, շատ մեծ իրադարձութիւն է եւ նոյնքան մեծ յոյսի եւ վստահութեան աղբիւր՝ իւրաքանչիւր հայու համար, մանաւանդ այս ծանր ժամանակներուն: Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանիկին այցելութիւնը ըլլալու է եզակի առիթ եւ հնարաւորութիւն՝ նորոգելու մեր ներկայի եւ ապագայի հանդէպ հաւատքը, վստահութիւնը՝ Աստուծոյ վրայ եւ Սուրբ Կոյս Աստուածամօր բարեխօսութեան ուժականութեան հանդէպ, նոր լիցքեր հաղորդելու Սուրբ Կոյսին հանդէպ մեր նուիրումին եւ սիրոյն, Վարդարանի աղօթասացութեան եւ, ընդհանրապէս, աղօթական կեանքին՝ մեր համայնքներէն ներս: Ասիկա ըլլալու է առիթ մը նաեւ համոզուելու, որ մեր Եկեղեցւոյ Մայրը միշտ հայուն կողքին է՝ բերելու իր Սուրբ Որդիին ներկայութիւնը եւ փրկութեան աւետիսը»:

Այս խօսքերով կ՚ազդարարէ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը Ֆաթիմայի Տիրամօր յառաջիկայ մուտքը մեր տարածաշրջան:

Ֆաթիմա Տիրամօր ուխտագնացութեան արձանը Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ պիտի շրջագայի 21 հոկտեմբեր-3 նոյեմբեր թուականներուն միջեւ:

Հոկտեմբերի 21-ին, տեղական ժամով ժամը 21.00-ին, Երեւանի Մխիթարեան միաբանութեան կրթական համալիրին մէջ տեղի կ՚ունենան հսկման աղօթքներ: Նոյն կեդրոնին մէջ, երկրորդ օրը առաւօտեան 11-ին կը յաջորդէ Տիրամօր նուիրուած սուրբ եւ անմահ Պատարագ, իսկ երեկոյեան ժամը 4-ին՝ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Երեւանի «Անի Պէզիքեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ նախատեսուած է Վարդարանի ջերմեռանդութիւն: Նոյն օրը՝ երեկոյեան Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ հսկումի արարողութիւն պիտի ըլլայ:

Կիրակի, հոկտեմբերի 23-ին, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ Պատարագ, իսկ երեկոյեան Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը կը տարուի Երեւանի Մայր Թերեզայի Գթութեան քոյրերու միաբանութեան կեդրոն, հոկտեմբերի 24-ին ալ կը փոխադրուի նոյն միաբանութեան Սպիտակի կեդրոնը։

Երեքշաբթի, հոկտեմբերի 25-ին, Տաշիրի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4-ին, նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդութիւն, իսկ երեկոյեան, Տաշիրի Սուրբ Աստուածածին հայ կաթողիկէ գկեղեցւոյ մէջ՝ հսկում։

Հոկտեմբերի 26-ին, Տաշիրի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ սուրբ եւ անմահ Պատարագ, ապա Տիրամօր արձանը կը փոխադրուի Նորաշէնի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցի, յետոյ՝ Մեծաւանի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցի եւ Աշոցքի Տիրամայր Նարեկի հիւանդանոց:

Հինգշաբթի, հոկտեմբերի 27-ին, նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ Մեծ Սեբասարի հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ապա Վարդարանի ջերմեռանդութիւն՝ Սիզաւէտի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ հսկում ու պատարագ Բաւրայի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ։

Ուրբաթ, հոկտեմբերի 28-ին, Տիրամօր արձանը կը դիմաւորեն Հովտունի Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր ժողովրդապետութեան, Ղազանչիի Սուրբ Յովսէփի անուան հայ կաթողիկէ, Արփենիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Փանիկի Սուրբ Աստուածածնայ նուիրուած եկեղեցիներուն մէջ։

Հայաստան ուխտագնացութեան հասած Տիրամօր արձանը իր երթը կը շարունակէ հոկտեմբերի 29-ին դէպի Լանջիկ, Ձիթհանք, Ազատան, Արեւիկ, նոյն օրը կը հասնի Կիւմրի՝ հայ քոյրերու «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոն, ապա Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցի, ուր կիրակի, հոկտեմբերի 30-ի առաւօտեան, աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ սուրբ եւ անմահ Պատարագ, որով կ՚աւարտի Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանին հայաստանեան ուխտագնացութիւնը եւ սկիզբ կ՚առնէ Փորթուգալի Տիրամօր վրաստանեան շրջագայութիւնը:

Հինգշաբթի, նոյեմբերի 3-ին, Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը հրաժեշտ կ՚առնէ նաեւ Թիֆլիզէն եւ կը վերադառնայ իր հայրենիքը Փորթուգալ, ուր 105 տարի առաջ Ֆաթիմա գիւղաքաղաքին մէջ երեւցաւ Տիրամայրը եւ մարդիկ հաւատացին անոր հրաշագործութեան:

ԵՐԵՔ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐ ՖԱԹԻՄԱՅԻ ՄԷՋ

Ֆաթիման Փորթուգալի մէջ փոքրիկ գիւղաքաղաք մըն է: 13 մայիս 1917 թուականին երեք փոքրիկ հովիւներ կ՚արածէին իրենց հօտը՝ մօտակայ արօտավայրերէն մէկուն մէջ։ Երեք երեխաներ էին անոնք՝ 10 տարեկան Լիւսիա Սանտուշը, զարմուհին՝ 9 տարեկան Յակինթան եւ եղբայրը՝ 7 տարեկան Փրանկիսկոսը։ Երեխաները յայտարարեցին, որ իրենց երեւցած է տիկին մը (որ յետոյ յայտնած է, թէ ինք Մարիամ Աստուածածինն է) եւ խօսած իրենց հետ վեց անգամ՝ 1917 թուականի մայիսի 13-էն մինչեւ 1917 թուականի հոկտեմբերի 13-ը՝ ամէն ամսուան 13-րդ օրը։ Այս դէպքը քիստոնէութեան պատմութեան մէջ եզակի էր, քանի որ այս տեսիլքները մասնագէտները վերագրեցին հրաշքի մը նախանշանին:

13 յուլիս 1917 թուականին, երբ Աստուածամայրը այս երեք երեխաներուն կը յայտնուի երրորդ անգամ, ան «երեք գաղտնիք» կը յայտնէ աշխարհի ճակատագրին մասին: 1917 թուականին Առաջին համաշխարհային պատերազմը տակաւին կը շարունակուէր եւ երեւցած Տիրամայրը երեխաներուն կ՚ըսէ, որ պէտք է ջանադրաբար աղօթել, որպէսզի պատերազմը աւարտի:

Երեխաները շուտով գիտցան Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Խորհրդային Միութեան, ինչպէս նաեւ համայնավարութեան յառաջացման եւ անկման մասին, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի գալստեան, նոյնիսկ սեփական ճակատագրերուն մասին:

Երեխաներէն երկուքը՝ քոյր եւ եղբայր Յակինթան եւ Փրանկիսկոսը 1917 թուականի այդ խորհրդաւոր դէպքերէն մէկ-երկու տարի անց, մահացան սպանական կրիփի համաճարակին ընթացքին եւ տարիներ ետք՝ 2017 թուականին դասուեցան երանելիներու շարքին: Երրորդ երեխան՝ Լիւսիան ապրեցաւ շատ երկար եւ կեանքէն հեռացաւ 2005 թուականին, 97 տարեկանին, իբրեւ միանձնուհի քոյր Լիւսիա:

Գաղտնիքներէն երկուքը հրապարակուած են Լիւսիայի յիշողութիւններուն մէջ, որ փաստաթուղթի ուժ ունի, եւ Լիւսիան զանոնք հրապարակած է Լէյրիօ Եպիսկոպոս Ճոզէ-տա Սիլվայի խնդրանքով, 1943 թուականին։ Եպիսկոպոսը կը հարցնէ Լիւսիային, թէ ո՞րն է երրորդ գաղտնիքը եւ ինչո՞ւ ան չի յայտներ զայն։ Լիւսիան կը պատասխանէ, որ ինք վստահ չէ, թէ Աստուած թոյլ կու տայ իրեն ըսելու այդ մէկը: Եպիսկոպոսը կ՚առաջարկէ Լիւսիային գրել երրորդ գաղտնիքը արձանագրութեան մէջ, եւ Լիւսիան կը համաձայնի: Այդ արձանագրութիւնը կը զմռսուի, Լիւսիան չ՚արտօներ բանալ զայն մինչեւ 1960 թուականը։

Երրորդ գաղտնիքը մեկնաբանած է կարտինալ Ռատցինկէրը (ապագայ Հռոմի Պենետիկտոս 16-րդ Պապը)։ Այդ գաղտնիքը շուրջ ութսուն տարի կը մնայ գաղտնի եւ 2000 թուականին կը հրապարակուի եւ կը դառնայ հասանելի՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի ողորմածութեամբ: Անիկա կ՚առընչուէր Յովհաննէս Պօղոս Պապի դէմ կատարուած մահափորձին, որուն ամսաթիւը կը համընկնէր Աստուածամօր մանուկներուն առաջին անգամ երեւցած ամսաթիւին՝ մայիսի 13-ին հետ: Պապին մահափորձէն փրկուիլը կը վերագրուի Ֆաթիմայի Տեսլամօր հրաշագործութեան:

Երեք գաղտնիքներուն թեքստերը կը գտնուին Հաւատի միաբանութեան վարդապետութեան մէջ եւ տեղադրուած են Վատիկանի կայքէջին վրայ:

Մինչեւ 1917 թուականի մայիսի 13-ը երեխաները երկու անգամ տեսիլք ունեցած են. 1916 թուականին երկու անգամ անոնց կ՚երեւի մարդու կերպարանքով կիսաթափանցիկ ամպ մը: Լիւսիան իր յիշողութիւններուն մէջ կը պատմէ, որ ան կարծես փաթթուած էր ճերմակ շղարշով եւ չէին երեւեր ձեռքեր եւ ոտքեր: Յետոյ կու գայ բուն երեւումին տարին:

Մայիս 13, 1917 թուական

Երեք երեխաները կ՚արածէին ոչխարները դաշտին մէջ, երբ անոնց կ՚երեւի գեղեցիկ կնոջ կերպարով տեսիլք մը, որ կարծես պատուած էր ճերմակ ամպով եւ գրեթէ կը դպչէր կաղնիի ճիւղերուն։ Ան կը գտնուէր երեխաներէն մօտաւորապէս մէկուկէս մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Երեխաները անմիջապէս կը ճանչնան Մարիամ Աստուածածինը։

Լիւսիայի յուշերէն․ «Աննկարագրելի գեղեցիկ էր անոր դէմքը՝ ո՛չ ուրախ, ո՛չ տխուր, այլ լուրջ էր։ Ձեռքերը ծալած էր կուրծքին վրայ եւ ուղղած դէպի վեր, զգեստները կարծես լոյսով պատրաստուած ըլլային: Պատմուճանը ճերմակ էր՝ ոսկեայ քօղով, որ կը ծածկէր Կոյսին գլուխը եւ կը հասնէր մինչեւ անոր ոտքերը։ Մազերն ու ականջները չէին երեւեր»։

Լիւսիան չէ նկարագրած դիմագիծերը, որովհետեւ չէ կրցած նայիլ շլացուցիչ երկնային կերպարանքին, որ շողեր կ՚արձակէր:

Աստուածածինը կ՚ըսէ գառնարածներուն.

-Մի՛ վախնաք, ես ձեզի չեմ վնասեր։

Լիւսիան կը հարցնէ.

-Ուրկէ՞ եկած էք:

-Ես եկած եմ երկինքէն,- կը պատասխանէ Աստուածամայրը՝ ձեռքով ցոյց տալով երկինքը։

-Ի՞նչ կ՚ուզէք:

-Ես եկած եմ ձեզմէ խնդրելու, որ յառաջիկայ վեց ամիսները, ամէն ամսուան 13-ին այս ժամուն գաք հոս։ Այդ ժամանակ ես ձեզի կ՚ըսեմ, թէ ես ո՛վ եմ եւ ի՛նչ կ՚ուզեմ ձեզմէ։ Ապա ես կը վերադառնամ այստեղ եօթներորդ անգամ։

-Ես նո՞յնպէս պիտի երթամ երկինք,- կը հարցնէ Լիւսիան։

-Այո՛:

-Յակինթան ա՞լ։

-Ան նոյնպէս:

-Իսկ Փրանկիսկո՞ս:

-Ան ալ, բայց ան պէտք է տակաւին շատ աղօթէ Վարդարանը։

-Դուք կը փափաքի՞ք ձեզ նուիրաբերել Աստուծոյ, որպէսզի կրէք ամէն վիշտ, որ ան կը ղրկէ ձեզի որպէս հատուցում այն մեղքերուն, որ Անոր այդպէս կը վիրաւորէք, եւ կը կրէ՞ք վիշտը յանուն մեղաւորներու դարձին։

-Այո՛, կը ցանկանք,- կը պատասխանէ Լիւսիան։

-Դուք շատ կը տառապիք, բայց Աստուծոյ շնորհը կ՚ըլլայ ձեր սփոփանքը։

Հեռանալէն առաջ Աստուածամայրը կ՚աւելցնէ.

-Աղօթեցէ՛ք Վարդարանը ամէն օր, որպէսզի աշխարհին խաղաղութիւն բերէք եւ վերանայ պատերազմը։

Երեխաները կը խոստանան այս ամէնը գաղտնի պահել, բայց անոնցմէ փոքրը՝ Յակինթան չի դիմանար եւ կը պատմէ իր ընտանիքին: Ընտանիքին անդամները, անշուշտ, չեն հաւատար երեխաներուն եւ կը սպառնան անոնց, որ իրենց սուտին համար պատիժ պիտի ստանան:

Յունիս 13, 1917

Այնուամենայնիւ, յաջորդ երեւումին օրը, արօտավայրին մէջ գիւղացիներ հաւաքուած էին, քանի որ երեւումին լուրը արագօրէն տարածուած էր։ Երեխաները կանգնած էին կաղնիին մօտ եւ Վարդարանը կ՚աղօթէին: Ամբոխը կը տեսնէ, թէ ինչպէս Լիւսիան ձեռքը կը պարզէ դէպի արեւելեան հատուածը՝ գոչելով. «Ահա՛ ան»։ Լիւսիային ցոյց տուած վայրին մէջ կ՚երեւայ ճերմակ ամպ մը, արեւը կը մթագնի: Իսկ մինչ Լիւսիային խօսիլը կաղնիներուն ճիւղերը խոնարհեցան՝ կարծես ծանրութեան տակ ըլլային։ Խօսակցութեան ընթացքին կը լսուէր մեղուի բզզոց։ Լիւսիան կը շարունակէր խօսիլ. «Ես կը խնդրեմ ձեզմէ հիւանդի ապաքինում»։

«Եթէ ան դարձի գայ առ Աստուած, կ՚առողջանայ»։

«Կը խնդրենք, վերցուցէք մեզի ձեզի հետ»։

«Յակինթան եւ Փրանկիսկոսը շուտով կը վերցնեմ, բայց դուն երկար ժամանակ պէտք է հոս մնաս։ Յիսուս կ՚ուզէ, որ դուն սորվիս ճանչնալ զիս։ Ան կ՚ուզէ իմ Անարատ Սրտի ջերմեռանդութիւնը հիմնել աշխարհի մէջ։ Ով որ կը կատարէ իմ խօսքս, կը խոստանամ փրկութիւն»։

«Ես հոս մինա՞կ պէտք է մնամ»։

«Ոչ, դո՛ւստր իմ։ Դուն կը տառապի՞ս: Մի՛ կորսնցներ արիութիւնդ, ես քեզ երբեք չեմ լքեր։ Իմ Անարատ Սիրտը միշտ ապաստարան պիտի ըլլայ քեզի համար եւ առաջնորդէ դէպի Աստուած»։

Երբ այս խօսքերը ան կ՚ըսէ, կը բանայ ձեռքերը եւ կը ստիպէ արեւին փայլիլ:

Երկրին մէջ այս երեւումներուն մասին լուրերը բացասաբար ընկալուեցան, քանի որ իշխանութիւնը անհաւատ էր եւ յաջորդ երեւումին երեխաները ձերբակալուեցան, բայց ի վերջոյ արձակուեցան: Չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ երեւումներուն շատ մարդիկ կը հաւաքուէին եւ վեցերորդ երեւումին ժամանակ հոն հաւաքուած գրեթէ 70 հազար մարդ տեսաւ, թէ ինչպէս Արեւը դարձաւ ճերմակադեղին, վերածուեցաւ արծաթէ կլորի, որուն կարելի էր նայիլ առանց աչք թարթելու:

13 հոկտեմբեր 1917 թուականին տեղի ունեցած այս խորհրդաւոր իրադարձութիւնը, որ յետոյ կոչուեցաւ «Արեւի հրաշք» եւ անոր մասին գրեցին նոյնիսկ փորթուգալական հակակղերական թերթերը: Երեւումին վայրը կառուցուեցաւ սրբավայր եւ ամբողջ գիւղաքաղաքը արդէն վերածուած է սրբավայրի, ուր ուխտաւորներու այցերը երբեք չեն դադրիր:

Ֆաթիմայի մէջ Աստուածամօր երեւումներէն հարիւր եւ աւելի տարիներ ետք այսօր մարդկութիւնը՝ կեցած նոր աղէտներու շեմին, նոր լոյսի տակ կ՚ուզէ մեկնաբանել մանուկներուն միջոցով աշխարհին փոխանցուած ուղերձներն ու պատգամները, եւ Ճերմակազգեստ Տիրամայրը գալիք օրերուն իր ճերմակն ու լոյսը պիտի սփռէ հայոց հողին վրայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2022