ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Ան­նա Գէոր­գեան կը տե­ղե­կաց­նէ մե­զի.-

Հա­յաս­տա­նի սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար, գլխա­ւոր խմբա­վար եւ դաշ­նա­կա­հար Վա­հան Մա­րտի­րո­սեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Հար­պիէի Նոթ­րը Տամ Տը Սիո­ն ֆ­րան­սա­կան լի­սէի հա­մերգ­րաս­րա­հին մէջ: Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին ան կա­տա­րեց Ֆ. Շո­փէ­նի եւ Ֆ. Շու­պեր­թի դաշ­նա­մու­րա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

Նո­յեմ­բե­րի 16-22-ին դար­ձեալ Նոթ­րը Տամ Տը Սիո­նի հա­մերգ­րաս­րա­հին մէջ պի­տի կա­յա­նայ դաշ­նա­կա­հար­նե­րու մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ մը, ո­րուն դա­տա­կան կազ­մը կը գլխա­ւո­րէ Վա­հան Մար­տի­րո­սեան: Մրցան­քի ա­ւար­տա­կան հանգ­րուա­նին մաս­նա­կից­նե­րուն պի­տի միա­նայ Սիո­նի նուա­գա­խում­բը, ո­րուն խմբա­վա­րը նոյն­պէս Վա­հան Մար­տի­րո­սեանն է:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2015