100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Այս տարի լրացաւ Կարս ծնած եւ Խորհրդային Միութեան մէջ գործած նշանաւոր նկարիչի մը՝ Յովհաննէս Զարդարեանի ծննդեան 100-ամեակը: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ նկարիչին 100-ամեակին նուիրուած հրաշալի ցուցահանդէս մը, որ ամբողջական պատկերացում տուաւ Խորհրդային Միութեան տաղանդաւոր նկարիչին արուեստին մասին: Այդ արուեստին մասին նոր սերունդը թերեւս այնպիսի պատկերացում մը չունի, ինչպիսին ունի Զարդարեանի սերնդակից այլ նկարիչներու արուեստին մասին:
Սակայն արուեստաբանները եւ Զարդարեանի արուեստին քննադատները կը հաստատեն, որ Զարդարեան հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծագոյն նկարիչներէն մին է եւ անցեալ դարու կէսին հայ նկարչութեան մէջ յայտնուած նոր որակները մեծապէս կապուած են Զարդարեանի անունին հետ:
Այսօր Զարդարեանի արուեստին նորովի բացայայտումը պետական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ, բացի այդ մեծ նկարիչին արուեստին հանրահռչակմամբ կը զբաղի անոր ընտանիքը՝ նկարչուհի Անահիտ Զարդարեան եւ վերջինիս դուստրը՝ քաղաքագէտ Մարթա Այվազեան:
Յովհաննէս Զարդարեանի արուեստին մասնագէտն է նաեւ արուեստաբան Լիլիթ Սարգսեան, որուն հետ ԺԱՄԱՆԱԿ հարցազրոյց մը ունեցաւ եւ Լիլիթ Սարգսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Յովհաննէս Զարդարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը.
-Ինչպիս՞ի ճանաչում ունեցած է Զարդարեան իր օրերուն:
-Յովհաննէս Զարդարեան Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ ճանչցուած էր եւ պաշտօնապէս այն ժամանակ նշուած էր, որ ան Խորհրդային Միութեան նկարչութեան առաջին դէմքերէն մին էր: Ամբողջ թիւրըմբռնումը ոչ միայն Զարդարեանին, այլ նաեւ խորհրդահայ կերպարուեստի ուրիշ հայ ներկայացուցիչներուն առումով այն էր, որ անոնք խորհրդային քօղին տակ հանդէս եկած են: Բայց Զարդարեանի արուեստի՝ այս տարի բացուած երկու մեծ ցուցահանդէսները՝ Նկարիչներու միութեան եւ Ազգային պատկերասրահին մէջ, ամբողջութեամբ բացայայտեցին անոր էութիւնը: Անձամբ ես, իմ արուեստաբանական հետազօտութեամբ, կը ջանամ քանդել խորհրդահայ կերպարուեստին շուրջ գոյութիւն ունեցող կարծրատիպը, որ եթէ խորհրդային ժամանակներու արուեստագէտ է, ուրեմն ինք տեսակով խորհրդային է: Ո՛չ, Զարդարեանը շատ ազատ արուեստագէտ մըն էր, անոր արուեստին ակունքները եւրոպական արդիականութեան ակունքներն են եւ ատիկա ան ստացած է իր ուսուցիչներուն միջոցաւ, որոնք եղած են Վահրամ Գայֆէճեան, Սեդրակ Առաքելեան, աւելի հեռակայ կերպով՝ Եղիշէ Թադէոսեան: Այո՛, իրենք կը բնակէին խորհրդային համակարգին մէջ եւ կը նկարէին թեմաթիք նկարներ, որոնք կ՚արտացոլէին խորհըրդային իշխանութիւններուն պահանջքը՝ աշխատաւորական կեանք, յեղափոխական պատկերներ եւ այլն, բայց ազատ պահերուն անոնք նկարած են ինչ որ ուզած են:
Ան 20-րդ դարու խորհրդային գեղանկարչութեան այն առանցքային դէմքերէն է, որ կապ ստեղծած է դարասկիզբի նախայեղափոխական հայ կերպարուեստին, գեղանկարչութեան եւ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսի կերպարուեստին միջեւ:
-Իսկ իր ժամանակակից նկարիչներուն կողմէ ինչպէ՞ս ընդունուած է:
-Սիրուած եւ գնահատուած էր, բայց Յովհաննէս Զարդարեան յոյժ անկախ մարդ մը եղած է, ինքնաբաւ, նուիրուած միայն իր արուեստին, իսկական ճգնաւորականի կեանք մը ունեցած է: Ինք Բիւրականի մէջ ունէր տուն մը, որ իր ապաստարանը դարձած էր, պատսպարանը: Փախուստ տուած է իրականութենէն:
Իր «Գարուն» յայտնի կտաւը կայ՝ աղջիկը սարերու վրայ, կուժը ուսին, այդ մէկը քանդած է ժամանակի բոլոր կարծրատիպերը: Ան այդ նկարով կրցած է մնալ պաշտօնական թեմաթիք կաղապարի մէջ, բայց նկարին էութիւնը, որ շատ ազատ է, կոտրած է բոլոր քարոզչական պատումները: Ատիկա նկարիչին հմտութեան եւ տաղանդին մասին կը խօսի: Իր այդ գործը ցուցադրուեցաւ Մոսկուայի մէջ՝ 1956 թուականին, նոյն թուականին՝ Վենետիկի միջազգային պիէնալի մէջ: Այդ տարին Վենետիկի մէջ վերականգնած էր Խորհրդային Միութեան տաղաւարը, որուն մասնակցութիւնը խաթար-ւած էր Սթալինի օրով: Յանուն ճշմարտութեան պէտք է ըսել, որ Զարդարեանի «Գարուն» կտաւով վերականգնեցաւ խորհրդային մասնակցութիւնը՝ Վենետիկի հռչակաւոր պիէնալին: Ինք հոն աշխարհահռչակ համբաւ ձեռք բերաւ: Ամբողջ աշխարհը տեսաւ Խորհրդային Միութենէն եկած գործ մը, որ մէկ կողմէն կը ներկայացնէ միամիտ հաւատքը առ երջանկութիւն, թէ Խորհրդային Միութեան մէջ ամէն ինչ լաւ է, կեանքը զուարթ է, ուրախ է, բայց միեւնոյն ժամանակ այնքան ազատ նկար մըն է այդ մէկը, որ ոչ մէկ կաղապարի մէջ կրնաս տեղաւորել: Յովհաննէս Զարդարեան արժանացած է բարձրագոյն պարգեւներու: Երբ զայն Մոսկուայէն կը կանչէին Գեղարուեստի ակադեմիոյ իսկական անդամի կոչում տալու, ինք տեղեակ ալ չէ եղած, հերթական անգամ «կորսուած» էր՝ գացած էր նկարելու, եւ շատ արագ գտած են զինք, փաստաթուղթերը ղրկած են, որպէսզի Մոսկուայէն տրուող այդ բարձրագոյն կոչումը ստանայ: Խորհրդային Միութեան Ժողովրդական նկարիչի կոչում ալ ստացած է, այսինքն ժամանակի ամենէն բարձր կոչումները ունեցած է Զարդարեան:
-Այն, որ այսօր պետական մակարդակով կը նշուի Զարդարեանի 100-ամեակը, կրնա՞նք ըսել, թէ այդ մէկը վերարժեւորելու քայլ մը եւս է:
-Այո, Մշակոյթի նախարարութեան եւ ընտանիքի ջանքերով այս տարին զարդարեանական դարձաւ, երկու մեծ ցուցահանդէսները եւ անոր նուիրուած այլ ձեռնարկները ատոր վկայութիւնն են:
Զարդարեանի հիմնական պատմական նշանակութիւնը հայ կերպարուեստի պատմութեան մէջ այն է, որ եթէ մենք խորապէս կ՚ըմբռնենք Զարդարեանի գեղանկարչութիւնը, անոր մտածելակերպը, մենք անոր միջոցաւ հիմնովին կը վերաիմաստաւորենք 20-րդ դարու հայ գեղանկարչութիւնը: Ատիկա հսկայական առաքելութիւն մըն է: Ան մեծ իմաստասէր մըն էր:
Իր կեանքէն հետաքրքրական դրուագ մըն ալ ներկայացնեմ. Արշիլ Կորքին հայ իրականութեան համար բացայայտած է ինքը՝ Յովհաննէս Զարդարեանը: 1956 թուականին, երբ Զարդարեան կ՚երթայ Վենետիկի պիենալ, այդ ժամանակ հոն կը ցուցադրէին Քանտինսկիի եւ Կորքիի նկարները: Եւ Զարդարեանի առաջին հանդիպումը կ՚ըլլայ այս արուեստագէտներու գործերուն, որոնք շատ հոգեհարազատ էին իր մտածողութեան: Յետոյ ան պատահաբար կը մտերմանայ լրագրող, հասարակական գործիչ Ատօ Ատոյեանի հետ, որ Արշիլ Կորքիի զարմիկն էր, եւ այդ մտերմութեան հետեւանքով միտք կը յղանան՝ հայ հանրութեան պատմել Կորքիի մասին, իրազեկել, եւ Կորքիի քոյրը՝ Վարդուշն ալ կը հրաւիրեն: Հաւաք կը կազմակերպեն եւ այդ հաւաքին ժամանակ կը պատմեն Արշիլ Կորքիին եւ անոր նկարներուն մասին: Ներկաները, որոնք ժամանակի յառաջադէմ մարդիկն էին, զարմանքով կը լսեն Կորքիի մասին, ցնցող բացայայտում մըն էր իրենց համար: Ատիկա եղած է 1960-ականներուն, իսկ 1980-ականներուն ան Մոսկուայի յայտնի արուեստի ամսագրին մէջ ռուսերէնով յօդուած մը կը տպէ Կորքիի մասին:
-Տիկին Սարգսեան, Դուք թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ նշանակուած էք Մշակութային արժէքներու փորձագիտական կեդրոնի տնօրէն: Իբրեւ արուեստաբան, Ձեր արուեստաբանական գործունէութիւնը չի՞ խանգարուիր այդ պաշտօնի ստանձնումէն:
-Կը խանգարէ, բայց իմ արուեստաբանական գործունէութիւնը կանգ չ՚առներ: Այս ընթացքին Մարիամ Ասլամազեանի 110-ամեակին առթիւ, Մոսկուայի մէջ կայացած ցուցահանդէսին համար, պատկերագիրքին թեքստը գրեցի, Զարդարեանի պատկերագիրքին արուեստաբանական թեքստն ալ պատրաստեցի, այլ արուեստաբանական աշխատանքներ կատարեցի…
Բայց համաձայնեցայ ստանձնել այս պաշտօնը, որովհետեւ այստեղ իսկապէս ընելիք կայ, այստեղ պարզապէս առաքելութեամբ մը կ՚աշխատիմ: Շատ անսպասելի էր զիս հրաւիրելը, նոյնիսկ ըսին, որ մտածելու ժամանակ չունիս, անհրաժեշտ ես այս կառոյցին:
Մեր հիմնարկին կոչումը մշակութային շարժական արժէքներու (նկար, քանդակ, գիրք, այլ արժէքներ) արտահանման օրինականութեան ապահովումն է, որոնք երկրէն դուրս կը տարուին: Մենք փորձագիտական եզրակացութիւններ կու տանք, առաջին կարգին կը հաստատենք իրին իսկութիւնը, ինչ ըլլալը, արժէքը, որմէ ետք ուրիշ կառոյց մը մեր տուած եզրակացութեան հիման վրայ կ՚որոշէ, թէ այդ իրը կրնա՞ն արտահանել, թէ՞ ոչ: Անշուշտ, միայն արտահանումի ուղղութեամբ չէ, որ կ՚աշխատինք. շատ լայն են մեր գործառոյթները: Մարդիկ, անհատներ ալ կրնան դիմել եւ իրենց ունեցած մշակութային արժէքները գնահատել մեզ մօտ: Սփիւռքէն ալ կրնան դիմել նոյն հարցերով: Անշուշտ, վճարովի ծառայութիւն է փորձագիտական եզրակացութիւն մը տրամադրելը: Մեր հիմնական ընելիքը փորձագիտական դաշտը արդիականացնելն է, զերծ պահել կեղծիքներէն, զեղծարարութիւններէն, վերջ դնել կաշառակերութեան: Ես չէ որ պիտի ըսեմ, թէ ասիկա եղած է մշակոյթի ասպարէզի ամենակաշառուած, զեղծարարուած հիմնարկներէն մէկը: Պէտք է վերադարձնել այս հիմնարկին բարի համբաւը, նաեւ՝ մասնագիտական գործունէութիւնը զարգացնել: Պէտք է մտածենք սերնդափոխութեան մասին:
Այս իշխանափոխութիւնը մեծ հնարաւորութիւն ընձեռնեց նման գործունէութեան համար:
ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ՝ «ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՀԱՅԵՐ»
«ՀայՓոստ» ընկերութիւնը այս օրերուն կնքեց ու շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ երկու դրոշմաթուղթ՝ նուիրուած «Մեծանուն հայեր. Յովհաննէս Զարդարեանի ծննդեան 100-ամեակը» նիւթին:
Դրոշմաթուղթերէն մէկուն վրայ պատկերուած է հայ մեծանուն նկարիչ Յովհաննէս Զարդարեանի «Գարուն» կտաւը, միւսին վրայ՝ Յովհաննէս Զարդարեանը իր «Ձմեռնային բնանկար» կտաւին խորապատկերը:
Այս դրոշմաթուղթերուն պաշտօնական կնքումը կատարած են Հայաստանի Փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Յակոբ Արշակեան, Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց, «ՀայՓոստ» ընկերութեան նախագահ Խուան Փապլօ Գեչեճեան, Հայաստանի դրոշմանիշերու հաւաքորդներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան:
Բարձրորակ դրոշմաթուղթերը տպագրուած են Գանատայի Lowe Martin Group տպագրատան մէջ: Ձեւաւորումը կատարած է «ՀայՓոստ»ի նկարիչ Դաւիթ Տովլաթեան:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած է «Յովհաննէս Զարդարեան-100» արծաթէ յուշադրամը, պատրաստուած արծաթէ, քանակով՝ 500 հատ:
ԿԵԱՆՔԸ
Յովհաննէս Զարդարեան ծնած է Կարս, 1918 թուականին՝ արհեստաւորի ընտանիքի մը մէջ: Այդ տարիներու դէպքերէն խոյս տալով՝ Զարդարեաններու ընտանիքը հեռացած է Կարսէն, երբ ան տակաւին նորածին էր: Որոշ ժամանակ ապաստանած են Ռուսաստանի Քրասնոտար քաղաքին մէջ, այնուհետեւ ապրած են Արմաւիր, իսկ յետոյ՝ հաստատուած են Թիֆլիզ, ուր ապագայ նկարիչը աւարտած է եօթնամեայ դպրոցը, ապա ընդունուած է տեղւոյն Գեղարուեստի ակադեմիան: Ակադեմիան աւարտելէ ետք ան տեղափոխուած է Երեւան եւ 1933 թուականին ընդունուած է Երեւանի Գեղարուեստի ուսումնարանը՝ ուսանելով Սեդրակ Առաքելեանի եւ Վահրամ Գայֆէճեանի ուսումնական արուեստանոցներուն մէջ, ապա 1937-1941 թուականներուն ուսանած է Համառուսաստանեան Գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ:
Զարդարեանի ստեղծագործութիւնները կը գտնուին բազմաթիւ թանգարաններու մէջ, օրինակ՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, Մոսկուայի Թրետեաքովեան թանգարանը, Սեն Փեթերսպուրկի ռուսական արուեստի թանգարանը, ինչպէս նաեւ Քիեւի, Վոլկոկրատի թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:
Իր ծննդավայր Կարսէն հեռանալը յետագային նոյնպէս տեղ գտած է Զարդարեանի արուեստին մէջ: Ան ստեղծած է գաղթի մասին «Ելից (Գաղթ)» մեծածաւալ կտաւը եւ այդ մասին բազմաթիւ այլ գործեր:
Յովհաննէս Զարդարեան շրջագայած է ողջ Հայաստանի տարածքին: Իր կեանքի վերջին տասնամեակներուն հեռացած է Երեւանէն, ապրած եւ ստեղծագործած է Բիւրականի մէջ, ուր աստղադիտարանի կողքին կը գտնուի իր տուն-արուեստանոցը: Երկար տարիներ Զարդարեան զբաղած է նաեւ մանկավարժական գործունէութեամբ, կրթած է գեղանկարիչներու շնորհալի քանի մը սերունդներ. 1951-1959 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական համալսարանին մէջ, այնուհետեւ գացած է Բիւրական եւ որոշ ընդմիջումէ ետք կրկին վերադարձած է մանկավարժական գործունէութեան:
1969-1982 թուականներուն ղեկավարած է Հայաստանի Մանկավարժական կաճառի գեղանկարի եւ յօրինուածքի ամպիոնը: Նկարիչը մահացած է Երեւանի մէջ 1992 թուականին:
Իր բնակարանը՝ Սայաթ Նովա փողոցին վրայ, այցելութիւններու սիրելի վայրը եղած է արուեստագէտներուն համար: Նոյնքան սիրելի վայր էր Բիւրականի անոր տուն-արուեստանոցը, ուր եղած են ժամանակի բոլոր մեծերը:
Երբ Ուիլիըմ Սարոյեան Հայաստան կ՚այցելէր, անպայման կը հիւրընկալուէր նկարիչին Բիւրականի արուեստանոցին մէջ: Պահպանուած են լուսանկարներ եւ պատմութիւններ՝ երկու մեծերու այդ հանդիպումներէն: Զարդարեան նաեւ ունեցած է հարուստ գրադարան մը, որ այսօր խնամքով կը պահեն անոր որդին, դուստրը եւ թոռները՝ գուրգուրալով այդ գրադարանին ամէն մէկ գիրքին վրայ: Սերունդէ սերունդ կ՚օգտուին հարուստ գրականութենէն, որ նաեւ իր՝ Զարդարեանի գիտելիքին շտեմարանը եղած է:
Հոն կարելի է տեսնել միջնադարեան իտալական գրականութենէն մինչեւ ժամանակակից հեղինակներու գիրքեր: Սարոյեան մակագրած գիրք մը ունի այդ գրադարանին մէջ.
«For my friend the great painter Onnik Zardarian with great admiration and sincere thanks for the pastel portrait. With warm regards, always William Saroyan. Sunday, November 5, 1978, Yerevan»:
ԲԻՒՐԱԿԱՆԸ
Իր Բիւրականի տան եւ քաղաք միջավայրին մասին Յովհաննէս Զարդարեան ըսած է հետեւեալը.
Կ՚ուզեմ դառնալ մեր գիտնականներուն՝ բիւրականեան իմ դրացիներուն աշխատանքին, ստեղծագործութեան: Անոնց հետ հաղորդակցելով, անոնց գործին, տքնութեան ականատես ըլլալով՝ տեսակ մը կը զգաստանաս, կը լեցուիս «ինքնադժգոհութեամբ»: Կը հասկնաս, թէ որքան դժուարահաճ է բնութիւնը, ինչպիսի՛ դժուարութեամբ կը բանայ մարդուն համար իր գաղտնիքները: Ի դէպ, արուեստին հանդէպ գիտութեան մարդոց հակումը, հետաքրքրութիւնը, կը կարծեմ, միայն գեղարուեստական հաճոյք ստանալու, զուարճանալու միտում չէ: Ըստ երեւոյթին աւելի կարեւոր է այն պարագան, որ աշխարհի, կեանքի, իբրեւ ամբողջութեան, գեղարուեստական ընկալումն ու զգացողութիւնը՝ արուեստի առանձնայատկութիւնը, էապէս կը լրացնէ գիտական ճանաչողութիւնը: Այո՛, իրականութեան զգայական-պատկերային ընկալման մէջ գիտնականը կը տեսնէ աշխարհի ճանաչման նոր ու անհրաժեշտ միջոց եւ դիտանկիւն, նոր հնարաւորութիւն մը… Եւ, ատկէ զատ, արուեստը կը զարգացնէ ստեղծագործական երեւակայութիւնը…
… Ես ինքզինքս դատող կամ գնահատող չեմ կրնար ըլլալ: Միայն կ՚ըսեմ, որ ըրած եմ եւ կ՚ընեմ դիմանկարներ, բնանկարներ, բայց իմս մարդու էութեան որոնումն է: Մարդկային միտքի եւ հոգիի ներդաշնակութեան, նոր քերթողութեան որոնումը: Բիւրականը այդ իմաստով ինծի շատ բան կու տայ… Փաստ է, որ մանաւանդ վերջին շրջանին «երկնագիտութեան» մարդոց, անոնց «տիեզերական» աշխարհը յաճախ ու երթալէն աւելի մեծ սիրով կը պատկերացնեմ: Ատիկա կարծես իմս է, իմ էութիւնս, որ կ՚որոնէի ստեղծագործական կեանքիս ողջ ընթացքին: Վերջերս, օրինակ, սկսայ «Համաստեղութիւն» պատկերին: Աստղային համակարգութիւն, յաւերժական շարժում, իրերու, կեանքի յաւերժական ընթացք… Գտնել այդ բոլորին երկրային-մարդկային ցոլքը, յստակութիւնը, Բիւրականը իմ՝ ըմբռնմամբ: Եւ այդ տիեզերական-աստեղայինը, զիս, ի վերջոյ, ներկայացաւ մօր եւ մանկան կերպարանքով: … Իմ արուեստանոցս եկաւ նշանաւոր գիտնական Ռուտոլֆ Մեոսպաուերը: Երկար զրուցեցինք: Յայտնի դարձաւ, որ այդ աշխարհահռչակ գիտնականը, որուն Նոպելեան մրցանակ շնորհուած է գիտական մեծ յայտնագործութեան՝ «Մեոսպաուրեան երեոյթ»ին համար, ամէն օր, երկու ժամ դաշնամուր կը նուագէ՝ Մոցարթ: Յիրաւի, մոցարթեան որեւէ բան կար անոր մէջ, բանական-գիտականի եւ հոգեւոր-զգացականի անսովոր համերաշխութիւն: Ատիկա իմ երազած կատարեալն է, որուն պահանջքը երթալով աճելու է… Առհասարակ, նկատած եմ, որ մեր գիտնականներուն մէջ հետզհետէ կը զօրանայ հոգեւորին, գեղեցիկին, մարդկայինին տենչը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ