ԿԸ ԲԱՒԷ, ՄԵԾ ԵՐԵԽԱՅ Է

Իրենց մանկութեան ընկերուհիին՝ Անիի տասնամսեայ մանկան տեսութեան եկած ընկերուհիները, նախաճաշի սեղանի շուրջ նստած՝ բռնուեցան հաճելի զրոյցի։ Այդ ընթացքին անոնք ամէն կերպով կը փորձէին համոզել նորաթուխ մայրիկը, որպէսզի այլեւս դադրեցնէ կրծքով կերակրումը։

-Անի, շուտով փոքրիկդ պիտի բոլորէ մէկ տարին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ժամանակն է կտրելու կաթէն։

-Լիովին համամիտ եմ Յասմիկի հետ։ Բաց աստի, կ՚ըսեն թէ, մէկ տարեկանէն վերջ մայրական կաթը այլեւս կը կորսնցնէ իր օգտակարութիւնը,- ոգեւորուած աւելցուց Ալվարդը։

-Ըստ իս ալ, երբ մանուկ մը կը սկսի՝ վեց ամսականէն ետք ընդունիլ յաւելեալ սնունդ, ըսել է, թէ ժամանակն է հրաժարելու մայրական կաթէն։ Առաւելագոյնը մէկ տարի։ Այլեւս մեծ երեխայ է, կրծքով կերակրելու կարիք չկայ։ Ես անձամբ դստերս՝ Եւան կտրեցի կաթէն, երբ ան տակաւին տասն ամսու էր։ Ճիշդ է, երեխան դիւրին չհրաժարեցաւ, երկար ժամանակ լալագին կը փնտռէր զայն, սակայն՝ ի վերջոյ վարժուեցաւ,- ընկերուհիներուն յաւելեց Սոնան։

-Սիրելիներս, շատ շնորհակալ եմ ձեզի՝ ձեր հնչեցուցած խորհուրդներուն համար, սակայն իմ կարծիքը կը տարբերի։ Քանզի բժիշկները կը խրախուսեն մինչեւ երկու տարեկան երեխան կերակրել մայրական կաթով, ես որոշած եմ հետեւիլ անոնց խորհուրդին։ Նոյնիսկ կ՚ըսեն. եթէ երեխան չի հրաժարիր կաթէն, կրնաք կերակրել մինչեւ երեք տարեկան։

-Ընկերուհիս, ինձմէ քեզի խորհուրդ՝ ականջ մի՛ տար բժիշկներուն ամէն ըսածին,- ըսաւ Յասմիկը։

-Ինչո՞ւ ինքզինքդ կը զոհես, անքուն կը մնաս… Կը բաւէ, որքան կերակրեցիր,- շարունակեց Ալվարդը։

-Մի՛ մոռնար, որ տարի մը ետք՝ կաթը կը կորսնցնէ իր օգտակարութիւնը, գրեթէ կը վերածուի ջուրի,- ընկերուհիներուն միտքերուն տակ ստորագրեց Սոնան։

-Շատ բարի, ես ալ համամիտ եմ ձեզի հետ,- ըսաւ Անին ու շարունակեց,- կրնաք փաստել, թէ ինչո՞ւ մէկ տարեկանէն վերջ մայրական կաթը անօգտակար է։

-Չենք կրնար փաստել, պարզապէս մենք կ՚ըսենք մեր իմացածը,- տատամսելով պատասխանեցին ընկերուհիները։

-Նախ՝ ըսեմ, որ մայրական կաթը «սպիտակ ոսկի» է։ Անոր բաղադրութիւնը ուղղակի անհնարին է վերարտադրել թեքնիկ եղանակով մը։ Բաց աստի, կաթի բաղադրութիւնը կը յարմարի երեխայի կարիքներուն։ Ան քանի մը անգամ կը փոխուի երկարատեւ կերակրման ընթացքին։ Մշտապէս կը փոխէ համը. կերակրման իւրաքանչիւր փուլին կը համապատասխանէ մանկան աճող օրկանիզմի պահանջներուն։

Կաթը իւրայատուկ առանձնայատկութիւն մը եւս ունի՝ ան կը մարսուի ինքնուրոյն, անտեղի չծանրաբեռնելով փոքրիկի աղեստամոքսային համակարգը։

-Մենք ալ գիտենք, որ մայրական կաթը շատ օգտակար ու սննդարար է, սակայն մինչեւ մէկ տարեկան։ Մեր շրջապատին մէջ բոլորը այդ կարծիքին են։

-Դուք լիովին իրաւացի էք, որ  մայրական կաթը տարի մը վերջ կը փոխէ իր կազմը։

-Ահաւասիկ, դուն ալ համակարծիք եղար մեզի հետ Անի,- ժպտադէմ ըսին ընկերուհիները։

-Այո՛, կը փոխէ, սակայն չի նշանակեր, թէ այդ փոփոխութիւնը կ՚ունենայ բացասական ազդեցութիւն մը, ընդհակառակը։ Որքան երեխան կը մեծնայ, այնքան կաթի մէջ կը շատնան վարակազերծներու խտութիւնը։ Անոնք մանուկը կը պաշտպանեն հիւանդութիւններէ։ Կրծքով կերակրումը մինչեւ 2-3 տարեկան երեխաները կը պաշտպանէ փորհարութեան քանի մը տեսակներէ՝ հնդկախտէ ու թանչէ, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի բորբոքումներէ. օրինակ՝ ականջաբորբը եւ ուղեղատապը։

Մայրական կաթի վարակազերծ օժանդակութիւնը երբեք աւելորդ չէ մանուկներուն համար։ Ան կը հանդիսանայ սպիտակուցներու, ճարպերու, քալսիումի ու կենսանիւթերու արժէքաւոր աղբիւր մը։ Եւ այսպէս, կերակրման երկրորդ տարիին կաթի օրական չափաբաժինը, զոր կը ստանայ երեխան բնական կերակրման միջոցաւ, կ՚ապահովէ՝ (օրական միջինը՝ 448 մլ.)։

• 43 առ հարիւր սպիտակուցներ,

• 36 առ հարիւր քալսիում,

• 75 առ հարիւր A կենսանիւթ,

• 94 առ հարիւր B12 կենսանիւթ,

• 60 առ հարիւր C կենսանիւթ (հետազօտութիւն Dewey, 2001)։

Բաց աստի, կեանքի երկրորդ տարուայ հոլովոյթին եւ աւելի՝ մօր կաթը կը շարունակէ մանկան համար մնալ եռանդի ու բարձրորակ սննդային նիւթերու աղբիւր։

Երկարատեւ կերակրումը կը նպաստէ՝ դիմածնոտային կմախքի ճիշդ ձեւաւորման, ակռայ հանելուն, դէմքի զարգացման։ Կը նուազեցնէ սխալ ատամնանստուածքի ձեւաւորման յաճախականութիւնը։

Ես կրնամ անվերջ խօսիլ մայրական կաթի օգտակարութեան մասին։ Այդ իսկ պատճառաւ չեմ կրնար իմ փոքրիկը զրկել «ճերմակ ոսկի»էն։ Ես կը վստահիմ անոր, երբ օրն ու ժամը գայ, ան ինքնուրոյն կը հրաժարի մօր կաթէն։

-Նոյնիսկ եթէ երեք տարեկան ըլլա՞յ,- զարմացած շտապեց հարցնել Ալվարդը։

-Այո, նոյնիսկ, եթէ ըլլայ երեք տարեկան։ Ան ինքը պիտի որոշէ,- հպարտութեամբ պատասխանեց Անին։

-Անի, հոգիս, մեղք ես, կերակրելը դիւրին գործ մը չէ։ Վաղը միւս օր, փոքրիկդ կը մեծնայ, նոյնիսկ չի գնահատեր քու զոհողութիւնդ,- կարեկցանքով ըսաւ Սոնան։

-Սոնա, կերակրելը, անքուն մնալը՝ ինծի համար զոհողութիւն մը չէ, այլ՝ գերագոյն հաճոյք է։

-Իսկ ես կ՚ողջունեմ Անիի քայլը։ Եթէ անկեղծ ըլլամ, մինչեւ այսօր մանրամասն տեղեակ չէի մայրական կաթի օգտակարութեան մասին։ Շուրջիններուս կ՚առաջնորդուին կարծրատիպերով։ Եթէ երկրորդ զաւակ մը ունենամ, ես ալ կը հետեւիմ Անիի օրինակին,- հիացական ըսաւ Յասմիկը ու շարունակեց,- ապրի՛ս Անի, շատ ապրիս…

Շարունակութիւնը վաղուան թիւով։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019