ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան՝ Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մէջ հաստատման 300-ամեակին ձօնուած յոբելենական հերթական ձեռնարկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն շարժառիթով տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որու մասնակիցներու շարքին էր Մխիթարեան միաբանութեան ներկայացուցիչ Հայր Սերոբ Վրդ. Չամուռլեան։ Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնը»ի (ՊՈԱԿ) միջեւ կնքուած պայմանագրի հիման վրայ։ «Մենք նման գիտաժողովներ կը կազմակերպենք զանազան նիւթերու շուրջ։ Անոնք անմիջականօրէն կապուած են յուշարձաններու պահպանութեան հետ։ Յուշարձանները կը հանդիսանան համազգային արժէք։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ հայկականութիւն խորհրդանշող յուշարձանը աշխարհի որ ծայրին մէջ կը գտնուի՝ պէտք է ծանօթացնել այդ մէկը», ըսաւ ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերեան եւ աւելցուց, որ մինչ այս գիտաժողովը տեղի ունեցած է այցելութիւն մը Մխիթարեան միաբանութիւն, հաւաքագրուած են շատ արժէքաւոր լուսանկարներ միաբանութեան արխիւէն եւ գրապահոցէն։ Այնուհետեւ հիմք դրուած է համագործակցութեան, որու շօշափելի արդիւնքներէն մին եղած է սոյն գիտաժողովը։
Հայր Սերոբ Վրդ. Չամուռլեանն ալ կարեւորեց նման գիտաժողովներու միջոցաւ ոչ միայն Մխիթարեան միաբանութեան, այլ նաեւ հայ իրականութեան մեծերուն անդրադառնալը։ «Մենք այսօր թուաքանակով փոքր ազգ մըն ենք, սակայն կը ժառանգենք մեծ ազգի մը հսկայ տուրքը։ Եւ պէտք է աշխատինք այդ մէկը զարգացնելու ուղղութեամբ։ 300-ամեակին նուիրուած այս աշխուժութիւնը հայրենիքի մէջ մեզի համար մեծ խթան մըն է», ըսաւ ան։ Ելոյթին տեւողութեան վարդապետը դժուարացաւ միաբանութեան 300-ամեայ գործունէութեան մէջ առանձնացնել ամենակարեւոր ձեռքբերումը։ «Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութիւնը ամփոփելով՝ կը տեսնենք բազմաթիւ հրատարակութիւններ, դաստիարակչական մեծ գործունէութիւն, սերունդներու հետ մեծ աշխատանք։ Եւ բոլորէն որեւէ մէկը առանձնացնել՝ կը նշանակէ արժեզրկել միւսները։ Մեր գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւններէն է, բնականաբար հայապահպանութիւնը։ Երիտասարդները մեր աշխատանքներու գլխաւոր հասցէատէրերն են», ըսաւ Հայր Սերոբ Վրդ. Չամուռլեան ու կարեւորեց հայրենիքի հետ կապերու սերտացումը։
Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցումներով հանդէս եկան այն գիտնականները, որոնք երբեւէ զբաղած են կամ կը զբաղին՝ Մխիթարեաններու գործունէութեամբ կամ միաբանութեան հայրերու կենսագրութեամբ։
Այս ցուցահանդէսին առընթեր կազմակերպուած է «Կղզեակ, որ մեզ ետուր արեւ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը՝ «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ։ Այս ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կը ներկայացուին Մխիթարեան միաբանութեան 300 տարիներու ձեռքբերումները, նաեւ Կուտինայի շատ յայտնի յախճապակիները։