ՀԱՅ ԵՒ ՅՈՅՆ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՏԵՂ ՀԱՄԵՐԳԸ

Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան ե­զա­կի ե­րե­կոյթ մը։ Այս շրջագ­ծով հայ եւ յոյն ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­ներ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ փայ­լուն հա­մեր­գով մը։ «Ո­մանք» եւ «Թա­թավ­լա քէյ­ֆի» խում­բե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­տեղ ծրա­գիր մըն էր այս մէ­կը։ Եր­կու խում­բերն ալ ա­ռա­ջին ան­գամ նման ձե­ւա­չա­փով մը ներ­կա­յա­ցան ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն՝ ստեղ­ծե­լով խան­դա­վառ մթնո­լորտ։

Յա­նուն կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն՝ ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կան Մա­սիս Թա­շը եւ Պե­րաթ Սայ­մա­տը։ Ա­ւե­լի վերջ «Ո­մանք» եւ «Թա­թավ­լա քէյ­ֆի» խում­բե­րը գոր­ծադ­րե­ցին ի­րենց յայ­տագ­րե­րը՝ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով։ Հա­մեր­գի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ա­նոնք նուա­գե­ցին միաս­նա­բար։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու եւ հոծ թի­ւով ե­րաժշ­տա­սէր­ներ, ո­րոնք լե­ցու­ցած էին սրա­հը։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016