Սուրիական Օրագրութիւն
Ազատ օրը, ազատ սէրը, ամէն բարիք
իր ձեռքին,
Տանջում, տանջւում, որոնում է ու
դժբախտ է նա կրկին.
Է՜յ անխելք մարդ, ե՜րբ տի թողնես
ապրողն ապրի սրտալի,
Երբ տի ապրես ու վայելես էս
աշխարհքը շէն ու լի:
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Չա՛րը, յաւերժական ու անժխտելի, այս օրերուն, որպէս հետզհետէ առաւել ահագնացող վտանգ՝ կախուած է արդէն ո՛չ միայն աշխարհէն մերժուած Սուրիոյ, այլ նաեւ նոյ-նինքն զայն ծնող-սնուցանողներու գլխուն:
Չա՛րը. ան մեր մէջ է ու մեր շուրջը՝ մարդ էակին գոյութեան սկիզբէն, ու ինչպէս կը ցուցնեն այսօրուան զարգացումները, ան պիտի առաջնորդէ զմեզ մինչեւ մեր կործանումը: Կայէնը մեր մէջ է: Ու չեն պակսիր զայն մարդոց մէջ արթուն պահելու ուսումնասիրուած ու ծրագրուած կերպերը: Որքան ալ որ խորհիմ բարի Աբէլը սպաննող անոր եղբօր գոյութեան անհրաժեշտութեան առնչութեամբ, պատասխան չունիմ: Մինչդեռ ան սկիզբ էր…
Հակառակ բոլոր կրօններու յորդորներուն, հակառակ բոլոր ժամանակներու բանաստեղծներու երազանքներուն, նաեւ՝ հակառակ Աստուածային արարչագործութեան գեղեցկութեան, որ կոչուած է կրթելու ու նրբացնելու մեր հոգիները, մենք կը ծնինք, կը սնուցանենք, կ՚ուռճացնենք չարը, ու մարդկութիւնը անվերջ կը տուայտի հետզհետէ աւելի մերկ ու լկտի կերպով ինքզինք պարտադրող չարին գարշապարին տակ:
Եթէ նախորդ դարերուն, գէթ երեւութապէս, գոյութիւն ունէր բարեգութ վարմունք, նուիրուածութիւն, արդարութիւն ու նման գաղափարներու հանդէպ ազնուական-ասպետական կեցուածք, այսօր աշխարհին տիրողները մէկդի նետած են մարդը Մարդ ընող բոլոր գաղափարներն ու սկզբունքները, մկանի ցուցադրութիւն կ՚ընեն, բռունցք կը ճօճեն, բացայայտօրէն կը կեղծեն ու գիտակցաբար կը պղծեն, ինչ որ մարդկութիւնը դարերով սրբագործած է:
Ոսկիէ հորթին պաշտամունքը տակաւ կը ծաւալի երկրագունդին վրայ՝ ջանալով խամրեցնել ամէն մէկ ազնիւ ձգտում ու երազ: Իշխան Համլէթին աղաղակը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ե՛ւ ժպտիլ, ե՛ւ սրիկայ ըլլալ, այսօր կրնայ թուիլ մանկական մօտեցում, արհամարհանքի արժանի խակութիւն:
Ինչպէս Պարոյր Սեւակ հաստատած է՝ մարդը կը նոյնանայ աթոռին, անոր բարձրութեան համեմատ ալ կ՚աճի կեղծիքը, կ՚արիւնոտին ձեռքերը ու անսահման կը դառնայ ախորժակը:
Չարը անվերջ մարդկութեան Միտքը սահմանափակող կապանքներ կը հիւսէ: «Հաց ու կրկէս» մատուցելով մարդկութեան մէկ մասին, ապակողմնորոշող քարոզչութեան մեքենային մէջ կ՚առնէ զայն եւ այլեւս դիւրին է դահիճը իբրեւ զոհ ու զոհը իբրեւ արիւնարբու դահիճ ներկայացնելը: Թող որ ողորմելի զոհին օգնութեան աղաղակները խեղդուին գիշատիչներու խրախճանքի աղմուկին մէջ:
Սուրիական պատերազմը կամ մարդ-մեքենաներու կողմէ հրապարակ նետուած «Արաբական գարուն» անուանեալ աղէտը քարոզչական մեծ արշաւով սկսաւ եւ արագօրէն կործանեց Լիպիան ու Իրաքը: Այլեւս մարդկութեան մեծագոյն վտանգը ու թշնամին Սուրիան նկատուեցաւ, որ խաղաղ կ՚ապրէր, կ՚աշխատէր, կը ստեղծէր, կը զարգանար: Բայց կեցի՜ր,… համաշխարհային ոստիկան-մաքսաւորին տուրքը պէտք է վճարես: Ու Սուրիան վճարեց հինգ տարիներէ ի վեր՝ շէն քաղաքներ ու գիւղեր համատարած աւերակներ եղան: Տնտեսութիւնը կաթուածահար եղաւ: Բերրի դաշտեր խոպան դարձան: Միլիոնաւոր տնանկ մարդիկ գաղթականի ցուպ առին, եւ ամայի տարածքներու վրայ ագռաւներ միայն կը թեւածեն: Մարդկային արիւնը ծովացաւ ու ներծծեց հողը: Մանուկներ մեծցան՝ առանց մանկութիւն ապրելու: Ընտանիքներ ցաք ու ցրիւ եղան, ու այսօր այս երկրին մէջ անկարելի է գտնել ընտանիք մը, որ չունի զոհ կամ տարագիր: Աճող սերունդին հաւատքը մարդու եւ մարդ-կայինի մասին խաթարուեցաւ ու դեռ ինչե՜ր…
Մինչդեռ ամերիկեան վերնախաւի մարդիկ այնպիսի համոզուածութեամբ կը շարունակեն պաշտպանել իրենց իրաւացիութիւնը, որ ապշելիք է լկտիութեան իր չափերով:
… Բայց, Երկինք վկայ,
Չեմ եղել երբեք ես այդքան ստոր,
Որ կարենայի այս դաժան բանտում
Լինել բախտաւոր:
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
* * *
Եւրոպան ահազանգային վիճակի մէջ է: Ամէնուր՝ հակաահաբեկչական ցոյցեր, արտակարգ վիճակի միջոցառումներ, քաղաքային ոստիկանութեան շարքերը խտացնող բանակային միաւորներ, քաղաքային կեանքի սառեցում: Ա՛հ: Տագնա՛պ:
Եւրոպան արթնցա՞ւ… յանկարծ, խոր քունէ սթափողի պէս զգաց, թէ չարիքը այլեւս այնքան ահագնացեր է, որ կը սպառնայ հիմնովին կործանել մարդկութեան ստեղծած այս քաղաքակրթութիւնը, ետ մղել աշխարհը դէպի նախնադար ու երկրագունդի մակարդակով տիրապետութիւն դառնալ:
Բայց այդ հասկնալու համար պէտք էր, որ չարը Եւրոպայի սիրտի՞ն հարուածէր: Մարգարէ՞ պէտք էր ըլլալ կանխատեսելու համար, թէ՝ «Ուրիշին համար փոս փորողը ինք կ՚իյնայ անոր մէջ», թէ չարիքը, պումերանկի պէս, կը վերադառնայ զինք արձակողին: Դրամի պաշտամունքով ու անդրովկիանոսեան «քեռիին» կամքին հլու՝ «հին աշխարհի» կարճատես ղեկավարները իրենց ծոցին մէջ տաքցուցին օձը, որ հիմա պոչին վրայ տնկուած՝ զիրենք կը խածնէ:
Ֆրանսան դեռ երէկ, «քեռիին» հրամանով, օդանաւային կրակի տակ առաւ Լիպիան, ուր մինչեւ օրս քաոսը կը շարունակուի: Ինչպիսի՜ գազանային ձեւով դատաստան տեսան Լիպիոյ նախագահին հետ ձեռնասունները անոնց, որոնք անասունները մորթելու աւելի «մարդկային» միջոցներ յօրինած են: Իսկ ան մարդ էր… Մինչդեռ նման պատիժի առաւել արժանի ուրիշներ դիրքի ու պատիւի մէջ են դեռ… Այսօր նոյն Ֆրանսան, ռուսերուն հետ, մի՛ զարմանաք… Սուրիոյ ահաբեկիչները կը զարնէ. ինչպիսի՜ արագ շրջադարձ, ինչպիսի՜ գունափոխութիւն…
Ֆրանսան սուգի մէջ է, ու անոր սուգը կը կիսէ ամբողջ աշխարհը: Ոչինչ կայ զարմանալու՝ Փարիզը երազելի քաղաք է իւրաքանչիւրի համար, եւ հոն անմեղ մարդիկ զոհ գացին դաժան ահաբեկչութեան: Բոլոր հեռուստակայանները կը ցուցադրեն, կը վերլուծեն պատահարները: Եւրոպան սոսկումի մէջ է. գաղթականութեան ահագնացող ծաւալներու հարցերը չմարսած՝ ահաբեկչութեան ու արիւնահեղութեան խոստումին վտանգը կախուած է ամէնուր:
Մենք ալ, որ դեռ կ՛ապրինք դժոխային կրակներու մէջ եւ ամէն օր մահուան վտանգը կախուած կը զգանք մեր գլուխներուն վրայ, կը ցաւինք անմեղ մարդոց պատահած աղէտին համար, սակայն… մտովին կ՛երկրորդենք Սուրիոյ նախագահին խօսքը, թէ մեր երկրին մէջ, արդէն հինգ տարի, ամէ՛ն օր ու բազմաթի՛ւ տեղեր կ՛ըլլան նման եղեռնագործութիւններ: Ակամայ, մեզմէ շատերու հոգիներուն մէջ խոր վիրաւորանք կը ծնի ու իրաւացի հարցում՝ իսկ հոս ամէն օր մորթուողները, բռնաբարուողները, փլատակի տակ մնացողները, ողջակէզ եղողները ու այլազան տառապանքներու ենթարկուողները մարդիկ չէի՞ն, չե՞ն… Ինչո՞ւ աշխարհը այսքան ատեն լուռ մնաց Սուրիոյ մէջ կատարուողին հանդէպ:
Արդէն հինգ տարի գեղեցիկ Սուրիան գեհենի վերածուած է «քաղաքակիրթ» աշխարհի կամքով… Վաթսուն-ութսուն պետութիւններ, ամերիկեան սեւ երազին իբրեւ ստրուկներ ու պոչեր, տարբեր ձեւերով նպաստեցին, օժանդակեցին, Սուրիա առաքեցին ամենասոսկալի ոճրագործներ: Ու այդ երկիրներու ժողովուրդները լռեցին… Մարդասէր ու յառաջադէմ (ու քրիստոնէակա՜ն արժէքներու կրող) Եւրոպայի ժողովուրդները, իրենց կենցաղային նուազագոյն անյարմարութիւններուն համար, կամ՝ իբրեւ մարդու ազատութեան պաշտպանութիւն, ցոյցերու կ՛ելլեն: Երբ լրագրողներ կը խօսեցնեն եւրոպացիներ, անոնցմէ ոմանք՝ «Այս յարձակո՜ւմ է մեր ազատութեան դէմ…», «Եւրոպան Միջին Արեւելքի նմանեցաւ…» ու նման արտայայտութիւններ կ՛ունենան: Ուրեմն այլ տեղ կարելի է մանուկներ մորթել, բայց մե՜ր քովը… Ուրեմն՝ «Ինձմէ յետոյ (իմա՝ հեռու) ջրհեղե՞ղ»: Մինչդեռ մենք ծարաւի էինք, որ շան մը կամ կատուի մը համար քուն ու հանգիստ կորսնցնող այդ մարդիկ հզօր ցոյցերով ազդէին իրենց պետութիւններուն անմարդկային քաղաքականութեան վրայ՝ ի նպաստ Սուրիոյ եւ Իրաքի խաչուող ժողովուրդներուն, հաշմուած մանկութիւն ապրող մանուկներուն:
Աշխարհը կ՛ընդունի, որ Սուրիոյ մէջ հարիւր հազարաւորներ սպաննուին, սակայն, ահա, կը սգայ Ֆրանսայի մէջ եղած աղէտը: Ամէնուր ծաղիկներ, զոհուածներու հոգիներուն համար վառող մոմեր: Մենք եւս կը ցաւինք, սակայն հաւատացէք, աշխարհի ո՛ր մասի բնակիչ ալ որ էք, սուրիացիին այս վիճակին մէջ ակամայ նոյնը պիտի խորհէիք՝ «Բայց մենք հոս մարդ չե՞նք…»: Շէն ու ծաղկուն երկիր մը այսօր աւերակներու անսահման դաշտ է, հիմա՞ արթնցաք, մարդի՛կ: Պայմա՞ն էր, որ իրենց արիւնը հոսէր, որպէսզի Եւրոպայի վայ ղեկավարները անդրադառնային, թէ ոճրագործներու թիրախը միայն Սուրիան, Լիպիան կամ Իրաքը չեն, որ՝ մարդակերներուն համար չկայ տարբերութիւն ո՛չ ազգութեան, ո՛չ կրօնի, ո՛չ դասակարգի ու ո՛չ, ո՛չ… քանի որ անոնք «մարդասիրաբար» ռոպոթացուած էակներ են՝ դրամի պաշտամունքով ու արեան համով միայն գոհացող: Հիմա՞ արթնցաւ Ֆրանսուա Հոլլանտը, որ յայտարարեց, թէ Պաշշար Ասատը չէ իրենց թշնամին, այլ՝ ահաբեկիչները: Դեռ երէկ այլ երգ կ՛երգէր… Դարձեալ՝ նուրբ անցում, գունափոխութիւն: Սա կարճատեսութեան բուժո՞ւմ է, թէ՞ նոր կեղծիք՝ դարձեալ շահի ակնկալիքով: Ռուսիոյ աջակցելով՝ անոր առնելիք շահէն մաս մը փրցնելու յոյսե՞ր ունին, թէ՞ սեփական մորթը փրկելու ճիգ է միայն:
Ամերիկայի համար չխօսինք, հոն նաեւ «պատւոյ» հարց է. ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ «հնդիկ- քաուպոյ» կռիւ-կռիւին մէջ հնդիկը յաղթէ: Արմատապէս կ՛ոչնչացնենք կարմիր հնդիկները ու հարցը կը լուծուի: Աշխարհը մէկ տէր ու աստուած պիտի ունենայ ու այդ Ամերիկան միայն կրնայ ըլլալ: Ռուսիան նախաձեռնութիւնը խլէ ու համաշխարհային ոստիկանի իր դերին արգե՞լք հանդիսանայ: Մինչդեռ իրենք, օդանաւերով ռմբակոծելու փոխարէն, ահաբեկիչներուն հետ մուկ ու կատու կը խաղային, Ռուսիան ծրագրուած ու ճշգրիտ ռազմավարութեամբ չարիքը արմատախիլ ընելու լծուած է: Ալ ո՛ւր մնաց «որ մենք հերոս» Ամերիկայի «ամենա…- ամենա… »-ն:
Իսկ մենք մէկ կողմէն Ռուսիոյ հետ յոյսեր կապելով՝ մեր փրկութիւնը կը յուսանք, միւս կողմէ ալ երկիւղով կը սպասենք մութին մէջ ծրագրուող ամերիկեան հետագայ քայլերը:
Օ՜, աշխարհ, բիւրեղապակեայ սքանչելի գնդակ՝ չար մանուկներու ափերուն մէջ…
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024