ՈՒՐԻՇ ՀԱԼԷՊ ՄԸ…

«Հալէպ. առաջին կայարան. Մանկութիւն ունեցող տղու մը յուշերը» խորագրով հատորը հեղինակին՝ Զաւէն Խանճեանին ծննդավայր Հալէպի մասին է: Այս գիրքը տպագրուած է սուրիական պատերազմի սկզբնական շրջանին՝ 2012 թուականին: Մինչ հեղինակը պատերազմէն առաջ գրած է իր մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներու ծաղկուն քաղաքին՝ Հալէպին մասին, կարճ ժամանակ անց պատերազմը չարիքի պէս ներխուժած է երկիր եւ տխուր շղարշով պատած՝ բոլոր յուշերը: Հեղինակը ցաւով կը նկատէ, որ երբեմնի խաղաղ Սուրիան յայտնուած է պատերազմի հարուածներու տակ: Այն Սուրիան, որ Զաւէն Խանճեան նկարագրած է իր գիրքին մէջ, այլեւս յուշ է եւ անցեալ: Այսօր կայ ուրիշ Սուրիա մը, ուրիշ Հալէպ մը, բայց «Մանկութիւն ունեցող տղու մը յուշերը» գիրքը պէտք է լոյս տեսնէր, քանի որ անիկա քանի մը սերունդներու փառաւոր արարումին, ինքնահաստատման, կայացման եւ ի վերջոյ, հազարաւոր հալէպահայերու երջանիկ ու խաղաղ կեանքին վկայութիւնն է:

Ինչպէս Զաւէն Խանճեան, այնպէս ալ իր եւ յետագայ սերունդները, Հալէպի մէջ երջանիկ մանկութիւն ունեցած են: Թերեւս այդ երջանկութեան պատկերացումը քիչ մը տարբեր էր ոմանց պատկերացուցած երջանկութենէն, բայց անհոգ խաղերը, ընտանեկան խստակացութիւնը, յարգանքը՝ ընտանիքի մեծերուն, զաւակներուն հանդէպ ցուցաբերուած սրտագին սէրը, ընտանեկան հաւաքները, դպրոցական կարգուկանոնը եւ շատ այլ հանգամանքներ այսօր կարօտով յիշուող իրողութիւններ են, որոնց հիմքին մէջ հայութիւնը, ինքնութիւնը պահելու մեծ ջանքը կար: Այդ ջանքը արդարացուցած է ինքզինք, եւ այսօր մենք ունինք հայաշունչ ու աւանդական Հալէպէն ելած օրինակելի սերունդներ, պարզապէս անհատներ, զորս կը ճանչնանք:

Խանճեաններու ընտանիքը նահապետական մեծ ընտանիք մըն էր, ուր տիրական ներկայութիւն էր Լուսաբեր մեծ մայրիկը, որուն եղեռնեան յիշողութիւնները միշտ չէ որ սեւ էին. անոնց մէջ լուսաւոր եւ պայծառ էջեր ալ կային:

Արաբկիրի շրջանի Ծագ գիւղի ծնունդ Լուսաբեր Տէր-Մարտիրոսեան, հակառակ դառն կեանքին, հաւատարիմ իր անունին լոյս կը սփռէր իր ընտանիքին եւ շրջապատին: «Եղած ըլլալով Խարբերդ գոլեճի ուսանող, 19-րդ դարու զարթօնքի լուսամիտ զաւակն էր ան, պատրաստ, կամեցող եւ հոգացող՝ խրատելու, թելադրելու եւ ուղղելու 20-րդ դարու ծնունդ իր թոռները, իրենց կեանքի բոլոր հանգրուաններուն կարիքներուն եւ տագնապներուն», այսպէս կը նկարագրէ Զաւէն Խանճեան իր մեծ մայրը եւ ափսոսանքով կը յայտնէ, որ աւելի չեն պեղած անոր կեանքը, հայրենական անոր մութ ու լուսաւոր յուշերը… Կը յիշէ մեծ մօրը սնտուկը՝ անոր անկողինին քովը, որուն մէջէն խորհրդաւոր իրեր եւ պիտոյքներ կը հանէր:

«Հոն եղած է նաեւ երկրէն բերուած վերջին քանի մը օսմանեան ոսկիները, որոնցմով վարձատրուած էին երկու երէց քոյրերս, որպէս երկրորդականի շրջանաւարտներ: Մեծ մօրս օրհնութիւնները մեր ամենաթանկագին ժառանգը եղած են եւ սակայն այդ սնտուկէն դուրս եկած շօշափելի յիշատակ մ՚ալ ես ունիմ, որ ճամբորդած է հետս երկրէ երկիր եւ գաղթավայրէ գաղթավայր: Իտալական արտադրութիւն, մոմէ ցպիկներով, ուղղանկիւն քառանկիւն, իր մեծահասակ տարիքի համեմատ բարւոք վիճակով, տափակ լուցկիի գունաւոր տուփ մը, որ կը կրէ Միլանոյի իտալական գործարանի մը անունը, ինչպէս նաեւ արաբական տառերով եւ օսմաներէնով գրուած «եուզ իքի եիրմի չէօբ» բառերը տուփին վրայ: Արտասահմանէն ներածուած տուփը կը ծրարէ օսմանեան մաքսատունէն անցած ըլլալու պիտակը: Մօտ հարիւր տարեկան այս տուփին մէջ շատ բան չէ մնացած «եուզ իքի եիրմի» ցպիկներէն, որոնք ափսոսանք կ՚ապրին իրենց ետին ձգած եղբայրներու պատճառած հրկիզումներուն եւ կամ այլոց լոյսի խայտանքներուն…», մեծ մօրմէն մնացած յիշատակի մը մասին կը գրէ Զաւէն Խանճեան:

Կայարանի փիլիսոփայութեամբ կը սկսի հեղինակը իր գիրքին. Կայարանը իբրեւ մեկնումի եւ ժամանումի վայր եւ Հալէպի մէջ Կայարան անունով տարածքը, իբրեւ բնակավայր իր ու ընտանիքին համար, որ շատերուն ծանօթ էր «Կար տը Պաղտատ» անունով: Ան կը նկարագրէ իրենց կեանքը Կայարանին մէջ, հօր աշխատանոցը, Կայարանին արաբները, մանկական հրաշալիքները, որոնք կային այդ տարածքին մէջ, ինչպէս՝ «Երկրագունդի սնտուկը»՝ թաղէ թաղ պտտուող հեռատեսիլի կամ սինեմայի շարժական սնտուկը, որ զարմանահրաշ աշխարհ մըն էր մանուկներուն համար:

Զաւէն Խանճեան սրտագին կապուած է իր ծննդավայր Հալէպին. ան գիտակցելով Հալէպ քաղաքի տարագիր հայութեան համար անփոխարինելի նշանակութիւնը, կը յիշեցնէ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» վէպի նկարագրութեան բիւրեղացումը հայոց մէջ եւ կ՚ըսէ, թէ միշտ հոգեկան խոր փափաք ունեցած է բարձրաղաղակ գոչելու, թէ շնորհիւ այդ նոյն մանկութիւն չունեցողներու նուիրումին եւ զոհողութեան, իրենց սերունդը եկած է վկայելու, թէ իրենք եղան անոնց յաջորդող մանկութիւն ունեցող մարդիկը:

«Հալէպ առաջին կայարան. Մանկութիւն ունեցող մարդիկ» գիրքը, մօտ յիսուն հակիրճ պատմութիւններով եւ հեղինակի նախաբանով, կ՚ընթերցուի անյագ հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով: Այս գիրքը հեղինակին միակ գիրքը չէ, ասկէ առաջ անոր գրիչով լոյս տեսած են «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ՝ իմս», «Սրտի եւ մտքի ցոլքեր» հատորները:

Յատկանշական է, որ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան գործադիր տնօրէնը ըլլալով ու բազմազբաղ հասարակական, եկեղեցական գործունէութիւն վարելով, Զաւէն Խանճեան մեծ տեղ յատկացուցած է գիր ու գրականութեան: Նահանջող գիրի եւ յուզումնառատ խօսքի մեր այս օրերուն ասիկա գնահատելի է:

ՊԱՐՈՆ ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Ազգային կառոյցներ չկային Կայարանի շրջանին մէջ: Ոչ ալ՝ եկեղեցական: Մզկիթ ալ չկար: Սահմանամերձ ազգային առաջին կառոյցը պր. Մատթէոսին Էմմանուէլ վարժարանն էր: Վարժարանը ենթակայ էր քաղաքամէջի հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ, ուր կը յաճախէր մեր ընտանիքը: Հանգչած Քուէյք գետի եզերքին, Կայարանի հանդիպակաց կողմը, կրթական այս լոյսի փարոսը եղած է շրջանի միակ վարժարանը երկար տարիներ: Հակառակ իր համայնքային պատկանելիութեան, վարժարանի աշակերտութեան աւետարանական տոկոսը միշտ եղած էր փոքրամասնութիւն: Վարժարան յաճախած է քաղաքի զանազան եւ հեռաւոր վայրերու մէջ բնակող աշակերտներու հոյլ մը: Վարժարանը ունեցած է քանի մը տնօրէններ, բայց եւ այնպէս շատերու նման, ինծի համար ան սկսած եւ աւարտած է պր. Մատթէոս Տէր-Մատթէոսեանով: Կարմիր ֆէսով, կարճահասակ, փոքրակազմ բայց պինդ մկաններով՝ դպրոցին մէջ պատկառելի ներկայութիւն մըն էր ակնցի պր. Մատթէոսը: Խստապահանջ, բծախնդիր, մաքրասէր, բայց միշտ քաղաքավար եւ հոգատար: Պարոն Մատթէոսի լեզուն անոյշ էր, իսկ խօսակցական ոճը՝ քաղցր: Հայրենասիրութեան կռուան մըն էր Էմմանուէլ վարժարանը պարոն Մատթէոսի շուքին ներքեւ: Սիամանթոյի ծննդավայր Ակնի թարմ շունչը կրող այս ուսուցիչ դաստիարակի օրով էր որ կայծ առաւ ազգային գիտակցութեան առաջին զգացումը մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, մեզ դնելով անկախ հայրենիքի մը երազի ճամբուն վրայ: Պարոն Մատթէոսի առաջնորդութեամբ էր, որ մենք ամէն առաւօտ բարբառեցինք Շնորհալիի «Առաւօտ լուսոյ»ն, աւելի ուշ գիտակցելով թէ մեր կեանքի առաւօտը ամբողջ լուսաւորուած էր վարժարանի երդիքին տակ: Իր հովանիին տակ էր որ մենք ամէն երեկոյ բաժնուեցանք իրարմէ եւ մեր սիրելի վարժարանէն՝ «Ալ մօտ ըլլամ քեզի» հոգեւոր երգի հաւաքական մատուցումէն ետք, առանց անոր որո՞ւ ակնարկուած ըլլալը հասկնալու, բայց եւ այնպէս քրիստոնէական բարոյագիտութեան առաջին կենդանի դասը: Եւ վերջապէս պարոն Մատթէոսի հայերէն լեզ-ւի եւ գրականութեան դասաւանդութեան պահուն էր որ մեր սէրը եւ պաշտամունքը արթնցաւ հանդէպ Մեծարենցի «Հիւղ»ին, Վարուժանի «Աղօրիք»ին, «Ցեղին սիրտ»ին, «Հացին երգը»ին եւ Սիամանթոյի «Կարմիր լուրեր բարեկամէս»ին եւ «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»ուն: Այսպէս, պարոն Մատթէոսը ակօս մը բացած եղաւ բոլոր էմմանուէլցիներու կեանքի հունին մէջ, ուրու ընթացքով հոսեցան շրջանաւարտները հայ կեանքի ընձիւղուած երակներուն մէջ ամէնուրեք, ազատօրէն ընտրելով իրենց հետ տանիլ հայու տոկուն եւ աննահանջ ոգին եւ կամ թողելով զայն մօտակայ Քուէյք գետի պղտոր ջուրերուն մէջ:

Պարոն Մատթէոսն ու Էմմանուէլ վարժարանը ժլատ չէին այդ օրերու մտայնութեան համապատասխան զուարճալի իրադարձութիւններէն: Տնօրէնին աչքերը բազմաթիւ էին, իսկ աշակերտութեան մեղքերը՝ ոչ նուազ պակաս: Յաճախ կրկնուած մեղք էր այդ օրերուն՝ սինեմա երթալ եւ կամ դպրոցական օրերուն՝ թաղերուն մէջ հեծիկ քշել: Մեղքեր, որոնք յաճախ կը գործուէին: Եւ ահա շաբաթավերջի մը յաջորդող երկուշաբթի առաւօտը եւ կամ գուցէ որեւէ առաւօտ, կու գար ականատես ըլլալու պարոն Մատթէոսի բազմաթիւ աչքերու վկայութեան վրայ հիմնուած նախորդ օրուայ մեղքերուն ամբաստանութեան եւ ապա քաւութեան պահը: Մեղաւոր աշակերտը հրաւիրելով իր գրասենեակը, տնօրէնը կ՚արտասանէր ամբաստանութիւնը:

«Ե՜ա, Ճաքին Ճուքին ֆիլմին կ՚երթաս հա՞…»:

Եւ կամ

«Հեծիկ կը քշես, հա՞»:

Որուն կը յաջորդէր այդ օրերու ամենածանր պատիժի սպառնալիքը.

«Թոշակդ աւելցնե՞նք, թոշակդ աւելցնե՞նք»:

Խե՜ղճ ծնողներ:

Թէ թոշակը կ՚աւելնա՞ր կամ ոչ, ծանօթ չէ ինծի, բայց անսովոր չէր դպրոցական օրերուն, ականատես ըլլալ տնօրէնի գրասենեակը կանչուած տխուր տողանցքին:

Պարոն Մատթէոսի սերունդին գլխաւոր դժուարութիւնը արաբերէն լեզուն էր: Պէտք է ըսել, թէ լեզուն սորվելու եւ գործածելու պայմաններու ճնշումը այդքան ալ զօրաւոր չէր հայրենազուրկ տարագիրներու առաջին սերունդին համար: Բայց եւ այնպէս կարելի չէր անտեսել անոր կարիքը: Կը պատմուի, թէ ջուրի եւ հոսանքի ընկերութեան ներկայացուցիչը քանի մը անգամ վարժարան կ՚այցելէ առանց բախտը ունենալու պարոն Մատթէոսին հանդիպելու: Եւ ահա վերջապէս օր մը վարժարանի մուտքին անոնք իրար կը հանդիպին, ուր պարոն Մատթէոսը ներողամտօրէն խօսքը ուղղելով պաշտօնեային իր տարրական արաբերէնով կ՚արդարանայ՝

Էնէ պրուհ ընթէ պըճի:

Ես կ՚երթամ, դուն կու գաս:

Պարոն Մատթէոսին սերունդին այս արտայայտութեան եղանակն ու ոճը, որ կը զուարճացնէր արաբախօս նոր սերունդը, այդ օրերու հաղորդակցական բնական եւ ընդունուած եղանակն էր, որմէ երբեք չխրտչեցան մեր հիւրընկալները:

Վարժարան յաճախող աշակերտներու ստուար մէկ տոկոսը «Կայարանցի» էր, իսկ անոնց ամէնօրեայ անպաշտօն խաղավայրը՝ վարժարանի բակը: Ընդարձակ էր բակը, հանգըս-տաւէտ, լայն եւ ժամադրավայր վարժարանէն արձակուող աշակերտներու, որոնք հասնելէ ետք իրենց մօտակայ տուները եւ թօթափելէ ետք իրենց գրենական պիտոյքները եւ վարժարանի համազգեստը, կը վերադառնային վարժարան՝ զբօսնելու, շաղակրատելու, խաղալու եւ կամ մրցելու զանազան գնդակային խաղերու մէջ: Մեր օրերու գերազանցօրէն նախընտրելի արտադպրոցական խաղը ֆութպոլն էր: Բայց ո՛չ՝ դասականը: Խաղավայրի մուտքի լայնքին կը գտնուէր պատէ պատ երկարող պասքեթպոլի դաշտը, պատերուն կռթնած սիւներու վրայ հանգչող իր կողովներով: Սիւները կ՚երկարէին մինչեւ դաշտի յատակը, մօտ երկու ոտք լայնքով: Ահա այդ սիւներու լայնքն էր ֆութպոլի բերդը, իսկ գնդակը՝ սովորական չափին կէսը եւ կամ անոր բացակայութեան՝ որեւէ ստեղծագործողի ձեռագործ հանդիսացող այլազան նիւթերէ կազմուած եւ փոքր եւ խիտ խուրձ մը: Ո՛չ մէկ խաղ այդքան դիւթիչ էր մեր պատանի հոգիներուն համար եւ սպառիչ՝ մեր մարմիններուն: Եւ ո՛չ մէկ բան մեզ ետ կը մղէր խաղավայր վերադառնալէ: Պարոն Մատթէոս ծանօթ էր պատանիներու այդ արկածախնդրութեան ոգիին: Հազուադէպ չէր որ ան մեկնում ձեւացնելէ ետք վերադառնար վարժարան յանցանքի վրայ բռնելու համար խաղամոլ պատանիները: Մենք, սակայն, մեծերու թելադրութեամբ եւ փորձառութեամբ զետեղուած լրտեսներու միջոցաւ, իմանալէ ետք պարոն Մատթէոսի վերադարձի ճամբան բռնելը, խուճապահար՝ ցատկելով ցանկապատի վրայէն, խմբովին խոյս կու տայինք, փրկուելու համար յաջորդ առաւօտեան պատիժէն:

Տէր-թոդիկեան չէին պարոն Մատթէոսի պատժամիջոցները եւ սակայն ոչ նուազ վախազդեցիկ: Տնօրէնի գրասենեակը, գրասեղանին վրայ հանգիստ կը ննջէր աշակերտներուն սարսափը հանդիսացող բարակ, ողորկ եւ ոլորուն այդ օրերու ֆալախան, փայտէ ճիպոտը: Մատներու թշնամի գաւազանը հրճուանքով կ՚արթննար երբ լսէր պարոն Մատթէոսին հանդարտօրէն եւ քաղցրաձայն արտասանած «ձախ ձեռքդ բաց նայի՜մ» հրահանգը, որ կը գործածուէր ընդհանրապէս իր համբերութեան վերջնակէտին: Ներքին բարկութեան գաւաթը արդէն լեցուած կ՚ըլլար եւ ուրեմն մատներու վրայ իջնող հարուածները եւս՝ անխիղճ եւ անգութ: Տեսչարանէն դուրս ելլող ամէն աշակերտի աչքերը անպայման տամկացած կ՚ըլլային, պատժուած ըլլալու ամօթէ՞ն, հարուածներու ուժգնութենէ՞ն, թէ՝ երկուքէն:

ԷՐԻԿ-ԿՆԻԿ

Կեանքի մէջ հետեւելով «էրիկ-կնիկ»ի, շատ բան կարելի է սորվիլ: Ոմանք օգտակար, ոմանք՝ ո՛չ: Բայց շնորհիւ այս «էրիկ-կնիկ»ին, այդ տարիներուն՝ գործնականապէս լա՛ւ բան սորվեցանք: Առեւտուրն էր: Գիրքերու առեւտուրը: Հալէպի հայ գրավաճառները քանի մը հատ էին: Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ճիշդ դիմացը Կիւլեսերն էր, իսկ Ճիտէյտէի կողմէն Սալիպէի մուտքի կամարէն անմիջապէս անդին, աջին՝ «էրիկ-կնիկ»ին խանութը: Գիրքերու առեւտուրը երկու նպատակի կը ծառայէր: Գլխաւորը, նիւթական մեծ զոհողութեամբ ձեռք անցած գիրքերու նպաստաւոր գիներով վերագործարկումն էր: Ապա կու գար գրպանի ծախս հոգալու պատանեկան անհրաժեշտութիւնը: Դպրոցական տարուայ աւարտին գործածուած գիրքերը կը վաճառուէին գրախանութներուն. իսկ վերամուտին՝ աշակերտներ կը փութային գրախանութները ամբողջացնելու իրենց դասագիրքերու ձեռքբերումը: Բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակներ թերեւս պէտք չունէին այս առեւտուրին, սակայն դպրոց յաճախողներու զանգուածը քանի մը շաբաթ կը մաշեցնէր Սալիպէի թաղերու գետնատարածքին շարուած արդէն իսկ մաշած սեւ գետնաքարերը: Կիւլեսերը առաւելապէս քաղքենիներու գրախանութն էր, իսկ «Էրիկ-կնիկ»ը՝ յարաբերաբար ժողովրդական:

Ամառուայ արձակուրդի ամիսներու ընթացքին գրախանութները կը նորոգէին գործածուած գիրքերը, կը փակցնէին պատռուած էջերը, կը վերակազմէին կողքերը եւ յարուցեալ վիճակի մէջ կը տրամադրէին գնորդներուն: Գիրքերու փոխանակման իմաստով, այդ օրերու e-bayն էր պատին մէջ փորուած այդ փոքր խանութը, ուրկէ ներս կարելի չէր մտնել եւ ուր բովանդակ առեւտուրը կը կատարուէր մուտքին երկարող եւ պատէ պատ զայն փակող սեղանի մը վրայ: Անյաւակնոտ, աշխատասէր, համեստ եւ լռակեաց զոյգ մըն էր «էրիկ-կնիկը»: Սիրով ըլլալ կը թուէին. նուաճում մը որ խիստ գնահատելի էր միասին աշխատող որեւէ էրիկ-կնիկի համար: Զարմանալի էր նաեւ, թէ այդ անկանոն խանութին մէջ, ուր գիրքերու բլուրները զիրար կը հրմշտկէին, ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլար գտնել փնտռուածը: Բայց եւ այնպէս կարելի կ՚ըլլա՛ր, ոչ միայն գիրքը այլ նաեւ գրենական կենսական պիտոյքները եւ մանաւանդ բոլոր դպրոցներէ պահանջուած յատուկ, հաստ, հասարակաց կապոյտ թուղթէ պատրաստուած գիրքերու կողքը եւ կողքի ճակատին բազմած սպիտակ պիտակը-էդիքէդ:

Ժամանակի ընթացքին գրատուները զարգացան Հալէպի մէջ, ուր եկան ծառայութեան դաշտին վրայ աւելնալ Տարագճեան, Պէքեարեան, Սապունճեան եւ այլ արդիական գրախանութներ: «Էրիկ-կնիկ»ը սակայն, Կիւլեսերի կողքին կը մնան մեր մշակոյթի կրակի ճարճատումին վառելանիւթ հայթայթող ամենականուխ աղբիւները:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020