ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԱՅԻՆ ԴՐՈՇՄ ՄԸ

2020 թուականը մարդկային աննախադէպ յարաբերութիւններու տարի մըն էր: Անցեալ տարուընէ սկսեալ քորոնաժահրին պարտադրած կեանքի նոր օրէնքները տակաւին ուժի մէջ են: Մարդիկ հեռու են իրարմէ: Դեռ երկար ժամանակ հեռու կը մնան՝ քորոնայով վարակուելու վախը սրտերուն մէջ: Մեր բառապաշարին մէջ ի յայտ եկան «ընկերային հեռաւորութիւն», «հեռակայ շփում» նոր արտայայտութիւնները: Նուազեցան կամ գրեթէ ջնջուեցան իրարու այցելութիւնները, ջերմ եւ մտերմիկ, քիթ-քթի զրոյցները եւ ամենակարեւորը՝ վերջ դրուեցաւ հարազատ մարդոց կողմէ հանդիպումներու ժամանակ իրարու տրուող սրտաբուխ համբոյրներուն:

Համավարակը իբրեւ սիրոյ խոչընդոտ. այսպիսի բովանդակութեամբ խորագրերը անպակաս էին անցեալ տարուայ թերթերուն յօդուածներէն, գիրքերուն եւ ուրիշ ստեղծագործութեանց նիւթերէն: Շատեր կ՚ընդվզէին այս գաղափարին դէմ, հաստատելով, որ իսկական սիրոյ համար ոչ մէկ խոչընդոտ գոյութիւն ունի: Բոլոր համաճարակներուն ընթացքին ալ ի յայտ եկած են զանազան նմանատիպ մարտահրաւէրներ եւ մարդկութիւնը միշտ ալ յաղթահարած է զանոնք: Նկարահանուած են շարժանկարներ եւ ստեղծուած արուեստի գլուխ-գործոցներ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ ապրած են համաճարակներուն ժամանակ եւ փորձած՝ պահպանել մարդ արարածին բնորոշ աստուածատուր յատկութիւնները:

Ի վերջոյ, կեանքը կը շարունակուի, արեւը կը ծագի նոյն կողմէն, ինչպէս միլիառաւոր տարիներ առաջ եւ մայր կը մտնէ նոյն կողմին վրայ, ձմրան կը յաջորդէ գարունը, ամպրոպին՝ անձրեւը եւ ինչպէս հազարաւոր տարի առաջ, այսօր ալ, երկու սիրող սիրտեր իրարու կը միանան… Կեանքի, բնութեան օրէնքները կան, որոնք անփոփոխ են, անկախ պատերազմներէն եւ համաճարակներէն…

ՀԱՄԲՈՅՐԸ

2020-ի համաճարակին ընթացքին համբոյր մը խորհրդանշող որմնանկար մը յայտնուած է Երեւանի շէնքերէն մէկուն վրայ: Անիկա Երեւանի մեթրոփոլիթենի Սասունցի Դաւիթ կայարանէն Շէնգաւիթի կայարանը տանող ճամբուն՝ «Վստրեչի» անունով կամուրջին մօտ շէնք մըն է, որ մինչեւ այս նկարը սովորական, գորշ երեւանեան արուարձանային կառոյց մըն էր: «Kiss 2020» խորագրով նկարը պատին վրայ յայտնուելէն ետք ուշադրութեան առարկայ դարձաւ շէնքը, որ կը նկատուի դիմացի բոլոր կառոյցներէն, ինքնաշարժի պատուհաններէն, հետիոտներ, պահ մը կը կենան, կը նային նկարին, պատկեր մը կ՚առնեն կամ չեն առներ եւ կը շարունակեն ճամբան: Այս հատուածը քաղաքին այն մասն է, ուր մեթրոյի գնացքները պահ մը կ՚անցնին գետնին վրայէն եւ կրկին գետնուղի կը մտնեն: Գնացքներուն դուրս եկած պահուն շէնքը կ՚երեւի նաեւ գնացքներուն պատուհաններէն: Այս շէնքը մարդոց ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուեցաւ այն ժամանակ, երբ միջավայրի ձեւաւորման մասնագէտ Արման Ստեփանեանի այս գաղափարը մրցոյթի մը շահողը եղաւ, եւ ան վերամբարձ կռունկ ինքնաշարժը կեցուց շէնքին քով: Առանց ամբարձիչի կարելի չէր հսկայ պատին վրայ նկարել: Նկարը ունի 140 մեթր քառակուսի մակերես: Աշխատանքը դժուար էր, եւ յայտնուեցան մարդիկ, որ ա՛լ աւելի դժուարացուցին զայն՝ դատարկ շիշեր եւ այլ իրեր նետելով արուեստագէտին ուղղութեամբ, որ համարձակած էր արուարձանի մը մէջ, բնակելի շէնքին կողային պատին համբոյր պատկերել: Որքան ալ որ համբուրուող զոյգը համաճարակը խորհրդանշող դիմակներով է, միեւնոյնն է, դաւադրապաշտները վնասակար միտքեր որոնած են այս աշխատանքին ետին եւ նոյնիսկ պահ մը ստորագրահաւաք սկսած է, որով դէմ կեցողները պիտի դիմէին քաղաքապետարան եւ արգիլէին նման մեծղի աշխատանքի իրականացումը: Բայց արուեստագէտը յաջողած է ի կատար ածել իր մտայղացումը, միայն վերահաս պատերազմը քիչ մը ազդած է աշխատանքի ժամկէտին վրայ, բայց տարեվերջին փողոցի արուեստի այս նմոյշը արդէն պատրաստ էր: Ասիկա Երեւանի ամենամեծ փողոցի արուեստի նկարն է: Վայրը պատահական չէ ընտրուած. շէնքը կից է Երեւանի «Վստրեչի» կամուրջին: «Վստրեչի» ռուսերէն կը նշանակէ «հանդիպումներ»: Կամուրջի անկիւնը ուղիղ անկեան տակ կը խաչուին երկու խոշոր փողոցներ, այսպէս ստացած է իր անունը կամուրջը:

Կամուրջները շատ մը երկիրներու մէջ կը նկատուին սիրոյ խորհրդանիշ։ Սիրահար զոյգերը կամուրջի կռթնելիքներուն վրայ փական կամ կղպանք կ՚ամրացնեն՝ սիրոյ յարատեւութիւն խոստանալով իրարու: Այդ կամուրջները յաճախ կը կոչուին սիրահարներու կամուրջներ, սիրոյ կղպանքներու կամուրջներ, սիրող սրտերու, ուխտի կամուրջներ եւ այլն:

Ինչպէս նմանատիպ կամուրջներու գաղափարը տարածուած է աշխարհին մէջ, այնպէս ալ կան կարգ մը նշանաւոր ու պատմական համբոյրներ, որոնք դարձած են փողոցի արուեստի գլուխ-գործոցներ: Անոնցմէ մին է Խորհրդային Միութեան ղեկավար Պրեժնեւի եւ Գերմանիոյ Դեմոկրատ Հանրապետութեան նոր ղեկավար Էրիք Հոնեքերի կրքոտ քաղաքական համբոյրը, որ յետոյ տեղ գտած է Պերլինի պատին: Նշանաւոր համբոյր մըն է պելժիացի նկարիչ Ռընէ Մարկրիթի «Սիրահարները» խորագրով համբոյրի տեսարանը, որուն մէջ զոյգերուն գլուխները գոցուած են ճերմակ սաւանով. այս նկարը փողոցի արուեստի գործ դարձած է կարգ մը քաղաքներու մէջ… Աշխարհի նշանաւոր քաղաքներուն մէջ փողոցի արուեստի գործեր դարձած են նաեւ առաջին համբոյրը՝ շարժանկարային արուեստին մէջ, համբոյրի տեսարանը՝ «Սարդ-մարդը» շարժանկարէն, աւստրիացի նկարիչ Կիւստաւ Քլիմթի «Համբոյրը» կտաւը, Յուդայի համբոյրը եւ համբոյր պատկերող ուրիշ պատմական նկարներ:

Հայ նկարիչ Արման Ստեփանեան ոգեշնչուած է 1937 թուականին ամերիկեան «Լուք» ամսագրի կողքի վրայ յայտնուած դիմակներով համբոյրին նկարէն: Այդ նկարը «Լուք» ամսագրի շապիկին թողարկուած է կրիփի համաճարակի ժամանակ, անոր մէջ պատկերուած են դերասաններ Պեթի Ֆերնեսն ու Սթէյնի Մորթընը։ Արման Ստեփանեան շատ շրջած է Երեւանի մէջ, մինչեւ որ գտած է վայրը, ուր յարմար տեսած է պատկերել քովիտային համբոյրը, որ կրկին կարեւոր ժամանակաշրջան մը խորհրդանշէ, ինչպէս 1937 թուականի ամսագրի կողքին յայտնուածը: Սպասելի էր, որ հայ արուեստագէտի այս մտայղացումը անմիջապէս պիտի չընդունուէր. մէկ կողմէն երկրի պատերազմական վիճակը, միւս կողմէն սթրիթ արթի՝ փողոցի արուեստի հանդէպ եղած կարգ մը քննադատական հայեացքները սպասելի դարձուցած են այս դիմադրութիւնը: Այսօր, քաղաքային միջավայրի անբաժանելի մասը ըլլալով, փողոցի արուեստը շատ դժուար ճանապարհ մը անցած է: Մինչեւ հիմա ալ կան մարդիկ, որոնք լուրջ չեն ընդունիր փողոցի նկարիչներուն գործունէութիւնը: Յաճախ զանոնք անուանած են փողոցի խուլիկաններ, շինութիւնները պղծողներ, ազատ ու համարձակ գաղափարներ քարոզողներ: Այս ուղղութեամբ զբաղող շատ ստեղծագործողներ ձերբակալուած են աշխարհի մայրաքաղաքներուն մէջ, անոնց մեղադրանքներ առաջադրուած են, իսկ եթէ նկարներուն մէջ քաղաքական իմաստներ եղած են, ապա մեղադրանքները խորացուած են:

Ի վերջոյ եկաւ ժամանակ մը, որ սկսան զանազանել փողոցի արուեստը՝ հանրային, քաղաքացիական բողոքի գործողութիւններէն, որոնց ժամանակ նոյնպէս պատերուն, յատակներուն, դռներուն գրութիւններ եւ պատկերներ կը ձգուին, հիմնականօրէն քարոզչական նպատակով ընդդէմ անարդարութեան:

Մասնագէտները վստահ են, որ փողոցի արուեստը պէտք է ըլլայ չնախատեսուած վայրերու մէջ եւ չփճացնէ քաղաքային պատկերը: Անիկա պէտք է երկխօսութիւն մը ստեղծէ քարէ կառոյցին եւ անցորդին միջեւ: 20-րդ դարու վերջը նշանաւորուած է անով, որ փողոցի արուեստը աւելի ու աւելի մեծ թիւով ընդունողներ եւ ողջունողներ գտած է աշխարհի տարածքին:

21-րդ դարասկզբին փողոցի արուեստը նկատուած է ժամանակակից արուեստի լիարժէք ճիւղ, կը դասաւանդուի համալսարաններէն ներս, իսկ այս արուեստով զբաղող նկարիչները մրցանակներ կը ստանան, ցուցահանդէսներու կը մասնակցին: Այսօր շէնքերուն վրայ նկարուած կարգ մը գործեր նոյնիսկ իրենց արժողութեամբ չեն զիջիր յայտնի գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններուն: Անշուշտ, Նիւ Եորքն է, որ եղած է եւ կը մնայ փողոցի նկարչութեան հայրենիքը, հոն է, որ դուրսի պատերուն առաջին անգամ յայտնուած են առաջին նկարները, որոնք սրուակներով փչուած գրութիւններ էին: Բայց հիմա արդէն աշխարհի կարգ մը քաղաքներ ունին իրենց փողոցի արուեստի փառատօները, որոնց ընթացքին ամբողջական շէնքեր եւ պատեր կը զարդարուին ժամանակակից գործերով: Ատոնց մէկ մասը մնայուն գործեր կ՚ըլլան, մէկ մասը՝ ժամանակաւոր: Երբեմն կը գործածուին կաւիճ, ոչ կայուն ներկեր, փչաներկեր…

Քաղաքային իշխանութիւնները միշտ չէ, որ հակուած են խրախուսել փողոցի արուեստը եւ տարածք տրամադրել, քանի որ զայն կը նկատեն արագ մաշող: Եթէ նկարիչը յայտնի է եւ պատկերուող գործը մնայուն, ապա ան երկար պահպանուող ներկեր կը գործածէ, որպէսզի նկարը արեւէն, անձրեւէն, տաք ու պաղէն չտուժէ եւ դառնայ քաղաքի ձեւաւորման մէկ մասը:

Մինչեւ 2012 թուականը աշխարհի ոչ մէկ թանգարանի մէջ գոյութիւն ունէին փողոցի արուեստի պահպանման բաժիններ: 2012 թուականին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ բացուեցաւ Սթրիթ արթի թանգարան, որուն նպատակը փողոցի արուեստի մասին տեղեկութիւններու պահպանումը եւ տրամադրումն էր, ինչպէս նաեւ երիտասարդ նկարիչներու նորարարական նախագիծերուն իրականացումը, ատոնց խրախուսումը:

Հակառակ որ փողոցի արուեստը ծնած է ովկիանոսէն անդին, բայց Հայաստանի մէջ ալ վերջին տարիներուն զարգացում ապրած է այս ուղղութիւնը: Փողոցի արուեստի երեւանեան ու մարզային նմոյշները կը զարդարեն Հայաստանի քաղաքներու շատ շէնքեր, սալայատակներ, երկու շէնքերու միջեւ եղած կամարներ… Համբոյրը քորոնայի ժամանակ պատկերող «Kiss 2020» գործը դարձաւ Երեւանի ամենամեծ նմոյշը այս ուղղութեան մէջ, Երեւանն ալ ունեցաւ իր սիրահարներու պատը: Ճիշդ է, որ սիրահարները դիմակով են, բայց մարդիկ յոյս ունին, որ շուտով մէկ կողմ կը նետուին բոլոր դիմակները եւ բոլորը ի վերջոյ շունչ կը քաշեն… Իսկ պատին վրայի այս նկարը կը մնայ իբրեւ ժամանակաշրջանի մը խորհրդանիշ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021