ՄԷԿ ՀՈԳԻՆ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽԵԼ

Մեծէն պզտիկ կորսնցուցին չափի զգացումը: Աչքածակ, ագահ ու անկուշտ մարդը սկսաւ չկշտանալու: Ի փոխարէն հայրենիք կառուցելու, մարդիկ տարուեցան սեփական գրպանները լեցնելու մոլուցքով:

Բուրգի գագաթը Սամուէլ Պապայեանն էր՝ խոշոր կողոպտիչը: Անոր շուրջիններն ալ բերաննին բաց կը սպասէին, որպէսզի կլլէին կամ լիզէին իրենց պարագլուխի ձեռքերէն ծորած իւղը կամ մեղրը: Այո՛, այո՛, ճիշդ մեղրի պէս կը ծորար պետութեան հաշուին ձեռք բերած հարստութիւնը: Խոշոր կաթիլները կ՚իյնային իւրայիններու բերանը եւ այսպէս շարունակ մինչեւ ժողովուրդ:

Այս ճանապարհին մենք ինքնադաստիարակուելու, ինքնակրթուելու, Աստուծոյ մօտենալու, հայրենիքի արժէքը գիտնալու, քարը քարին վրայ դնելու, մաքրուելու, ազնուանալու փոխարէն վերածուեցանք գող ու աւազակի: Ինչո՞ւ... քանզի մեր ղեկավարը հասարակ աւազակապետ մըն էր:

Այդ տարիներուն մեր ընտանիքն ալ կը բարգաւաճէր: Մայրս որպէս հաշուապահ կ՚աշխատէր Սամուէլ Պապայեանին պատկանող շինարարական հիմնարկներէն մէկուն մէջ: Ուրախ ու անհոգ տարիներ էին. բարձր աշխատավարձ, պատուաբեր աշխատանք, հաճելի միջավայր ու քովընտի եկամուտ:

Իշխանութեան փայլքը այնքան կուրացուց Արցախի հերոսը, որ որոշեց փաստացի ալ դառնալ երկրի ղեկավարը. անձրեւոտ ու մառախլապատ օր մը մահափորձ կազմակերպեց Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արքատի Ղուկասեանի դէմ: Բարեբախտաբար նախագահը չմահացաւ՝ վիրաւորուեցաւ: Այդ անազնիւ քայլով Պապայեան փոշիացուց իր տարիներու վաստակը: Ինչպէս որ «Ոսկէ ձկնիկը» հեքիաթի մէջ, ագահութեան պատճառաւ, ակնթարթի մը մէջ կորսնցուց ամէն ինչ եւ յայտնուեցաւ կոտրած տաշտակի առջեւ: Պետականացուեցաւ վերջինիս պատկանող անշարժ գոյքը: Մայրս ալ կորսնցուց աշխատանքը, եւ մինչեւ այսօր չկրցաւ այլեւս ինքզինքին յարմար աշխատանք մը գտնել:

Կը յիշեմ Սամուէլ Պապայեանի վերելքի տարիները: Առաջին կամ երկրորդ դասարանն էի, երբ անոր կայսրութիւնը փլուզուեցաւ վայրկեանի մը մէջ: Նոյն  դպրոցին աշակերտներն էինք նախարար Պապայեանի որդիի եւ դստեր հետ, որոնք ինձմէ մէկ տարի մեծ էին: Աղջիկը՝ Աննան, շատ համես ու գեղեցիկ երեխայ մըն էր, որդին՝ Անդրանիկը, զոր բոլորը կը կոչէին Անտրէյքա, նոյնպէս շատ գեղեցկադէպ, սակայն անդաստիարակ ու շփացած տղայ մըն էր: Իրենց դասարաններու ուսուցիչները ուշադրութիւն կը դարձնէին միայն այդ երկուքին։ Անոնց քծնանքը չափ ու սահման չէր ճանչնար: Անդրանիկը իր հասակակիցները ուզածին պէս կ՚արհամարհէր ու կը ծաղրէր: Ես անկէ շատ կը վախնայի: Ամէն անգամ կը խուսափէի անոր քովէն անցնելու:

Մոխրագոյն, գոյնզգոյն հիւսով գլխարկ մը ունէի: Օր մը դպրոցէն վերջ կը վերադառնայի տուն, երբ յանկարծ իմ դիմաց յայտնուեցան Անդրանիկն ու իր ընկերները: Փորձեցի հնարաւորինս աննկատ անցնիլ անոնց քովէն, սակայն չյաջողեցայ: Անդրանիկը գլխարկիս հիւսէն քաշելով հանեց զայն եւ սկսաւ օդի մէջ քրքջալով թափահարել, իբր թէ կովու պոչ է: Ընկերներուն հետ լաւ մը զուարճանալէ վերջ ձիւնի մէջ նետեց իմ գլխարկը ու հեռացան: Երբ անոնք հեռացան, ես անմիջապէս ձիւնասոյզ գլխարկս առի ու տամուկ աչքերով հեռացայ: Ութ տարեկան էի, իսկ անոնք՝ ինը: Որոշ ժամանակ անց իմացայ, որ Սամուէլ Պապայեանը ձերբակալուած է, իսկ ընտանիքը լքած՝ Արցախը: Իմ ուրախութիւնը չունէր չափ ու սահման: Չէ՞ որ այլեւս նոյն դպրոցի մէջ ստիպուած պիտի չըլլայի աշակերտելու այդ յղփացած տղուն հետ։ Լիաթոք շունչ մը քաշեցի: Այս միջադէպի մասին ոչ մէկուն պատմած եմ, առաջին անգամ կը խօսիմ:

Սամուէլ Պապայեանը հեռացաւ, սակայն ծննդավայրս չազատեցաւ մոխրագոյնի երանգներէն: Հայաստանի ու Արցախի առաջնորները մինչեւ 2018 թուականը կրցան պաշտպանել հայրենիքի տարածքային ամբողջականութիւնը, սայլը տեղէն շարժել, արձանագրել ներքին ու արտաքին նշանակալի յաջողութիւններ, սակայն այս ամէնը գործի մէկ քառորդն էր: Այնպիսի զգացումներ, ինչպիսիք են՝ հաւատքը, ազնուութիւնը, նուիրուածութիւնը, սրտացաւութիւնը, կիսով չափ մնացած էին ստուերի տակ: Մենք՝ ամէնքս քայլ առ քայլ երկիրը հասցուցինք օրհասական վիճակի, զայն յանձնելով ապիկարներուն:

Հիմա ազգադաւ մը, հայու տականք մը մեր աչքի առջեւ, մեր իսկ ձեռքով կը բզկտէ երկիրս հայոց: Մէկ հոգին գիւղ առ գիւղ կը վաճառէ, կը յանձնէ Հայաստանը, եւ տակաւին անգիտակից, անտարբեր հատուած մը կը շարունակէ արդարացնել զինքը:

Այսօր մէկ հոգին կը քանդէ, կը խարխլէ պետութեան ու պետականութեան հիմքերը: Վաղը մէկ ուրիշ մը, մինակը կրնայ փրկել Հայաստանն ու Արցախը, շէնացնել ու զարգացնել երկուքն ալ: Այժմ Հայաստանին անհրաժեշտ է հայրենասէր, հաւատաւոր, սրտացաւ, անկեղծ ու ազնիւ ղեկավար մը:

Ես կը հաւատամ՝ մէկ հոգին կրնայ փրկել: Աւա՜ղ, մինչեւ այսօր մենք չկրցանք գտնել այդ մէկը... մենք մեր հարեւան ու բարեկամ երկիրներու մէջ ունեցած ենք, ունինք այդպիսի մէկեր: Մաղթենք, որ Հայաստանն ալ յառաջիկային պիտի վայելէ հզօր առաջնորդ ունենալու բերկրանքը:

Թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհներու ճակատագրերուն մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շար. երէկի թիւէն եւ վերջ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021