ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱՆԱՅԻ ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 54.1-13:
Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակէն 1.1-11:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 2.1-11:
Յովհաննէսի Աւետարանին նշուած գլուխին համարներուն մէջ կը կարդանք Կանայի հարսանիքին մասին, այսպէս.
«Յիսուսի Գալիլիա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր։ Յիսուս եւ Իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին։ Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը Իրեն ըսաւ.
-Գինի չունին։
-Մա՜յր, մեզի ի՛նչ,- պատասխանեց Յիսուս,- Իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած։
Սակայն Իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն.
-Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք։
Հրեաներու ծիսական մաքրութեան սովորութեան համաձայն, հոն կային քարէ վեց կարասներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ութսունէն հարիւր լիթր կ՚առնէր։ Յիսուս ըսաւ սպասաւորներուն.
-Կարասները ջուրով լեցուցէք։
Եւ սպասաւորները լեցուցին մինչեւ բերան։ Յետոյ ըսաւ անոնց.
-Հիմա առէք եւ սեղանապետին տարէք։
Անոնք ալ տարին։ Սեղանապետը համտեսեց գինիի փոխուած ջուրը, բայց չգիտցաւ, թէ ուրկէ էր. թէեւ սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցած էին, գիտէին։ Այն ատեն սեղանապետը փեսային ըսաւ.
-Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա։
Յիսուս Իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ։ Հոն Ան Իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին Իրեն»:
Կանայի հարսանիքի ընթացքին մեր Տիրոջ կատարած հրաշքին մասին շատ գրուած, եւ տարբեր-տարբեր մեկնութիւններ ու բացատրութիւններ տրուած են:
Կանայի հարսանիքը ճի՛շդ է, որ անցեալին կատարուած դէպք մըն է, սակայն յաւիտենական դաս ու խրատ է բոլոր ժամանակներուն ապրող մարդոց համար, իր մէջ պարունակող բազմակողմանի եղելութիւններուն համար:
Այսպէս, նախ՝ Կանայի հարսանիքը իւրայատուկ է անով, որ ըստ Աւետարանիչին, այս հարսանիքի ընթացքին Տէր Յիսուսի կատարած հրաշքը ա՛ռաջինն էր, որով Իր փառքը յայտնեց եւ Իր աշակերտները հաւատացին իրեն:
Երկրորդ՝ Կանայի հարսանիքի ընթացքին Տէր Յիսուսի եւ Իր Մօր՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի միջեւ յարաբերութիւնը կարելի է դիտարկել ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան օրինակ:
Երրորդ՝ Աստուծոյ մեզի պարգեւած բոլոր օրհնութիւնները ընտիր են, բարի եւ մեր օգուտին համար են:
Անդրադառնանք առանձին-առանձին:
ա. Տէր Յիսուսի առաջին հրաշքը. Աւետարանները երբ կը կարդանք, այնտեղ կը հանդիպինք բազմաթիւ հրաշքներու, զորս Տէր Յիսուս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին գործեց:
Հրաշքները մարդկային կեանքին մէջ այն երեւոյթները կամ եղելութիւններն են, որոնք մարդուն հաւատքը ամրացնելու, մարդուն բանականութեան իրողութիւնները յստակեցնելու կը ծառայեն:
Շատեր հրաշքին կը մօտենան որպէս միջոց հաւատացեալ դառնալու…, որով պայմաններ կը դնեն, նախապաշարումներով կը շարժին, եւ այլն, սակայն պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ մեր միտքերուն մէջ յստակ ըլլայ, որ հրաշքները ո՛չ թէ միջոց են հաւատացեալ դառնալու, ընդհակառակը, անոնք պարզապէս առիթ են մեզի մեր հաւատքին մէջ ա՛լ աւելի խորանալու ու ամրանալու: Աւելին, հաւատացեալը կարիք չունի հրաշքի՝ որպէս նշանի, որովհետեւ ինք պէտք եղած իմաստութիւնը եւ խոնարհութիւնը ունի, որով պանդխտութեան իր տարիները կը փորձէ Աստուծոյ կամքին մէջ եւ Աստուծոյ հաճելի կերպով ապրիլ: Հրաշքներու կարիք առաւելաբար ունին անհաւատները, որպէսզի կատարուած հրաշքներու ընդմէջէն զգաստանան, իրենց աչքերը բացուին եւ վերադառնան Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհին:
Գալով Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի սա՛ արտայայտութեան, թէ՝ Յիսուս Իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ։ Հոն Ան Իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին Իրեն (Յհ 2.11), ոմանք տարակուսանքով կը հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այսպէս ճշգրիտ կերպով ըսել, թէ Կանայի հարսանիքի ժամանակ Տէր Յիսուսի գործած հրաշքը առաջինն էր: Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսպէս կը բացատրէ.
«Մէկը կրնայ ըսել. “Այս ըսուածին համար պէտք եղած փաստ մը չկայ, թէ Կանայի այս հրաշքը Յիսուսի գործած հրաշքներու սկիզբն էր, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ Ան ուրիշ տեղեր այլ հրաշքներ ալ գործած ըլլալ”:
Այդպիսիներուն կ՚ըսենք.
-Յովհաննէս Մկրտիչը Տէր Յիսուսի մասին նախապէս ըսած էր. “Ես ալ չէի ճանչնար զԻնք. սակայն, որպէսզի Իսրայէլի ժողովուրդին յայտնուի, ես եկայ ջուրով մկրտելու” (Յհ 1.31): Արդարեւ, եթէ Յիսուս Իր փոքր տարիքին հրաշքներ գործած ըլլար, հրեաները ուրիշի մը կարիքը պիտի չունենային, որպէսզի ան յայտնէր անոնց Յիսուսը. քանի որ Յիսուս որ մարդոց մէջ եկաւ եւ Իր հրաշքներուն միջոցաւ ճանաչելի դարձաւ, ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ եղողներուն, այլեւ՝ Ասորեստանի եւ անկէ անդին եղողներուն համար, այդ բոլորը երեք տարիներու ընթացքին կատարեց, ապա այդ երեք տարիներուն պէտք պիտի չունենար Ինքզինք յայտնելու համար (Մտ 4.24), քանի որ ամէն տեղ ճանաչելի պիտի ըլլար իր նախկին գործերուն [հրաշքներուն] միջոցաւ:
Կ՚ըսեմ, Ան որ կարճ ժամանակուան մը մէջ ծագեցաւ ձեր վրայ հրաշքներով, որով Իր անունը բոլորին յայտնի դարձաւ, աւելի փոքր կամ նուազ պիտի չըլլար եթէ իր փոքր տարիքին հրաշքներ գործած ըլլար, եւ այսքան ժամանակ անճանաչելի չէ՛ր մնար (մինչեւ երեսուն տարեկան դառնալը): Արդարեւ, Իր ըրածները փոքր մանուկի մը համար տարօրինակ պիտի թուային…:
Իրականութեան մէջ փոքր եղած ժամանակ ոչինչ ըրած է, բացի Ղուկասի վկայածէն (Ղկ 2.36), երբ տակաւին տասներկու տարեկան էր, նստած կը լսէր ուսուցիչներուն, որոնք կը զարմանային Անոր տուած հարցումներուն վրայ: Ասոր կողքին, հաւանաբար եւ տրամաբանականօրէն փոքր տարիքին հրաշքներ գործելու չսկսաւ, որովհետեւ այդպիսով խաբկանք կը թուէր…: Եթէ մեծ տարիքին գործելով ոմանք կը կասկածէին, հապա ինչքա՜ն աւելի եթէ փոքր տարիքին հրաշքներ գործէր: Տակաւին, այդպիսով որոշուած ժամանակէն աւելի շուտ զԻնք խաչ կը հանէին, նախանձի թոյնին պատճառով, եւ Նախախնամութեան ճշմարտութիւնները չէին ընդուներ»:
բ. Կանայի հարսանիքի ընթացքին Տէր Յիսուսի եւ Իր Մօր՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի միջեւ յարաբերութիւնը կարելի է դիտարկել ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան օրինակ:
Հետաքրքրական երկխօսութիւն մը կ՚ունենան Տէր Յիսուս եւ Իր մայրը՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին: Արդարեւ, ըստ մեկնիչներուն՝ կ՚ենթադրուի, թէ այս հարսանիքը Սուրբ Մարիամի ազգականներէն մէկուն հարսանիքն էր, ինչ բանի պատճառով իրենք ներկայ էին այդտեղ: Հարսանիքի ընթացքին երբ Սուրբ Մարիամ իրարանցում կը նկատէ, հասկնալով կատարուածը, առանց ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու, կը մօտենայ իր զաւակին մօտ, կը փոխանցէ Անոր պատահածը երկու բառով.
-Գինի չունին:
Այստեղ հետաքրքրական է Սուրբ Մարիամի ինքնավստահութիւնը, որով առանց երկար բարակ բացատրութիւններ տալու, պարզապէս իրողութիւնը կը պարզէ իր զաւակին: Ինքնավստահութիւն, որ ծնունդ էր մինչեւ այդ ժամանակ Սուրբ Մարիամի ունեցած եւ ապրած փորձառութիւններէն, սկսած Սուրբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին աւետիսէն:
Երբ Տէր Յիսուս կը փորձէ խուսափիլ, ըսելով, թէ տակաւին Իր ժամանակը չէ հասած, կարծէք Սուրբ Մարիամ չի՛ լսեր իր զաւակին ըսածը, չի՛ հակառակիր Անոր, ընդհակառակը, դառնալով սպասաւորներուն կ՚ըսէ անոնց.
-Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք:
Ի՜նչ զարմանահրաշ վստահութիւն ու ապահովութիւն իր զաւակի կարողութիւններուն նկատմամբ: Մայրական զգացումի ի՜նչ յանդգնութիւն, հակառակ իր զաւակի տուած պատասխանին, առանց հակառակելու դիմել սպասաւորներուն եւ թելադրել հնազանդիլ կամ կատարել Անոր ըսածները: Միւս կողմէ, որդիական ի՜նչ խոր յարգանք ու ակնածանք մօր նկատմամբ, որ հակառակ այն իրողութեան եւ գիտակցութեան, թէ տակաւին Իր գործելու ժամանակը չէ եղած, սակայն մօր թելադրութեան անսալով կը կատարէ անոր խնդրանքը:
Այսօրուան իրականութեան մէջ արդեօք քանի՞ նման օրինակի կրնանք հանդիպիլ: Թերեւս շատ քիչ…, որովհետեւ այսօր ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող փոխյարաբերութիւնը վերածուած է առեւտուրի, եթէ ասիկա ընես՝ այսպէս կը վարուիմ, եթէ այդպէս չընես՝ ըսածդ չեմ ըներ, կամ այսինչ բանը կու տամ՝ եթէ սորվիս, կամ այսինչ գործը ընես, իսկ եթէ չընես՝ չեմ տար, մինչ զաւակը, նախ տուր՝ յետոյ կ՚ընեմ, կամ ալ բնաւ ալ չեմ ըներ, ի՛նչ կ՚ուզէք ըրէք, եւ նման հազար ու մէկ օրինակ կարելի է տալ: Յարգանքը, սէրը, համերաշխութիւնն ու ջերմութիւնը վերացած են մեր այսօրուան ընտանիքներէն, որով եւ երկուստեք այդ փոխյարաբերութիւնը սառած է, որովհետեւ ապրելով նոյն յարկին տակ, նոյն արիւնը կրելով բջիջներուն մէջ իրարու համար օտարականներ են, քանի որ լսելու եւ հասկնալու ընդունակութիւնը կորսնցուցած են: Այս առումով այնքան ուսանելի է Տէր Յիսուսի եւ Սուրբ Մարիամի այս երկխօսութիւնը:
գ. Աստուծոյ մեզի պարգեւած բոլոր օրհնութիւնները ընտիր են, բարի եւ մեր օգուտին համար են.
Սեղանապետը համտեսելով սպասաւորներուն հրամցուցած գինին եւ զգալով ընտիր համը, փեսային դառնալով կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա»: Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը գրէ այս մասին. «Նախ՝ զարմացաւ գինիի լաւ որակին համար, եւ չէր գիտեր, թէ Քրիստոսի զօրութեամբ եղած էր: Դարձեալ՝ գինիին բնութիւնն ու զօրութիւնը, համն ու հոտը փոխուած էր, իսկ գոյնը՝ ջուրի գոյն, ուստի յայտնի է ատկէ, որ երբ համտեսեց, այդ ատեն գիտցաւ, թէ գինի է: Տաճարապետը փեսային հետ կը խօսի՝ յանդիմանելով. «Ամէն մարդ» (Յհ 2.10), այսինքն՝ որ խելքով կը վարուի. «Նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ» (Յհ 2.10), այսինքն՝ կերակուրին սկիզբը, որովհետեւ ճաշակելիքը այն ատեն աւելիով կը ճաշակէ գինիին ազնուութիւնը եւ ոչ թէ գինովնալէն ետք, եւ ապա վատը, այսինքն՝ անպիտանը գինովցած ժամանակ կու տան, երբ չեն կրնար լաւը վատէն զանազանել, դուն պահեցիր, որպէս թէ յիմարութեամբ գործեցիր: Այստեղ, փեսան տաճարապետին պատասխան կու տայ, սակայն Աւետարանը համառօտակի կ՚անցնի, միայն ջուրին փոխուիլը կը գրէ: Քրիստոնեաները այստեղէն սորված են, որ երբ գինի կը խմեն իրարու «անոյշ» կ՚ըսեն, ինչպէս որ տաճարապետը ըսաւ՝ անոյշ գինի: Սուրբ Եւագրիոսը այս կ՚ըսէ. “Երբեք գինի մի՛ խմեր, - այսինքն՝ կրօնաւորներուն համար կանոն է -, իսկ եթէ խմես, Արարիչը օրհնէ”, ասիկա աշխարհականներուն համար կ՚ըսէ»:
Աստուծոյ մեզի պարգեւած բոլոր օրհնութիւններն ու շնորհները ընտիր են, բարի են: Ստեղծագործութեան ժամանակ յիշենք, իւրաքանչիւր բան ստեղծելէ ետք, Աստուած կը տեսնէր, թէ այն բարի է: Հետեւաբար, Աստուած միայն բարի պարգեւներ կու տայ մարդոց, երբ մարդիկ Իրեն կը դիմեն, Իրեն կ՚ապաւինեն, եւ շատ յաճախ նոյնիսկ եթէ չդիմեն, Աստուած տեսնելով մարդուն սիրտի ուղղութիւնը կու տայ անոր, եւ՝ առատօրէն կու տայ:
Այսօր յաճախ կը լսենք, որ մարդիկ կը գանգատին, կը դժգոհին, ըսելով՝ թէ եթէ Աստուած կայ, այսպէս չէր պատահեր, եթէ Աստուած կամենար այս դժբախտութիւնը չէր ըլլար, եթէ, եթէ, եթէ… Մէկ բան յստակ պէտք է գիտնանք սակայն, եթէ Աստուած չըլլար ու մեզ չպահէր այն բոլոր փորձանքներէն, դժուարութիւններէն ու նեղութիւններէն, որոնք կրնային մեր գլուխին գալ, ապա մեզմէ շատեր այսօր յաւիտեանս մեկնած կ՚ըլլային այս աշխարհէն, կամ ինչ-ինչ դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու մէջ յայտնուած կ՚ըլլային: Սխալ չհասկնանք, ըսել չեմ ուզեր, որ Աստուած դժուարութիւններն ու նեղութիւնները կ՚արգիլէ մարդէն, ոչ, ընդհակառակը, Աստուած թոյլ կու տայ ատոնց, որպէսզի պատահին, որպէսզի ատոնց միջոցով կարենանք վաստակիլ մեր յաւիտենական հանգիստն ու երջանկութիւնը:
Սեղանապետը կ՚ըսէ, թէ բոլորը նախ ընտիր գինին կու տան, իսկ գինովնալէ ետք անորակը, մինչ դուն հակառակը կ՚ընես: Այստեղ Աստուած-մարդ եւ աշխարհ-մարդ յարաբերութիւնը փորձենք նկատել: Արդարեւ, աշխարհը բոլոր ոլորտներու սկզբնական փուլերուն մեզի ամէն ինչ վարդագոյն կը ներկայացնէ, քիչ մը խորանալէ ետք սակայն, կը սկսի հազար ու մէկ դժուարութիւններ յառաջացնել՝ մեզ անօգնական ձգելով: Մինչ՝ «Աստուծոյ գործելակերպը ճիշդ հակառակն է: Աստուած նախ թոյլ կու տայ որ քալենք կեանքի դժուարին ու մթին պահերէն, այդ պահերուն ընդմէջէն մեզ հասցնելու արքայութեան անհպելի ու շողշողուն բարձունքները:
Այո՛, Աստուած նախ թոյլ կու տայ որ որոշ նեղութիւններու հանդիպինք, այդ նեղութիւններո՛վ մեզ կերտելու, այդ նեղութիւններուն ընդմէջէն մեզ իր Որդիին հարազատ պատկերը դարձնելու, ի վերջոյ, այդ նեղութիւններուն ճամբով մեզ հասցնելու հոն՝ ուր բնաւ չկա՛յ նեղութիւն, չկա՛յ տառապանք, չկա՛յ ցաւ, այլ կա՛յ յաւիտենական հանգիստ, անաւարտ երջանկութիւն, անսպառ մխիթարութիւն:
Աշխարհ սկիզբը ուրախութեամբ հնձել կու տայ մեզի, բայց յետոյ արցունքով ցանել կու տայ. իսկ Աստուած ճիշդ հակառակը ընել կու տայ մեզի. նախ արցունքով ցանել կու տայ, եւ անկէ ե՛տք է որ ուրախութեամբ հնձել կու տայ (Սղ 126.5):
Աշխարհ սկիզբը մեր դիմաց կը դնէ վարդերով ծածկուած ճամբայ. ճամբայ՝ որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի յաւիտենական փուշն ու տատասկը: Իսկ Աստուած հակառակը. նախ մեր դիմաց կը դնէ փշոտ ճամբայ եւ կը պահանջէ ու կը քաջալերէ որ յաղթականօրէն եւ քաջ զինուորի մը նման քալենք այդ ճամբէն՝ որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի դրախտին վարդերը, դէպի արքայութեան յաւիտենական ծաղիկները:
Երկրաւոր մեր կեանքի տարիները՝ պատերազմի տարիներ են: Պատերազմ՝ մեղքի եւ մեղքի ծնողին՝ սատանային դէմ: Այդ պատերազմին մէջ կրնանք վիրաւորուիլ, կրնանք ընկրկումներ արձանագրել, կրնանք արտասուել, բայց վստա՛հ գիտենք, քա՛ջ գիտենք որ մե՛րն է յաղթանակը, մե՛րն է վարձատրութիւնը, մե՛րն է փրկութիւնը, մե՛րն է յաղթանակի պսակը» (Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
10 յունուար 2023, Վաղարշապատ