ԱՆՋՐՊԷՏԻ ՄԷՋ՝ «ԵՍ ԻՄ ԱՆՈՒՇ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»Ն
Հայ մեծանուն գրող Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի հիմնադրման 60 եւ բացման 50-ամեայ յոբելեանները, որոնք կը լրանան այս տարի, կը նշանաւորուին նաեւ անծայրածիր անջրպետին մէջ։
Ի նշանաւորումն թանգարանի հիմնադրման 60 եւ բացման 50-ամեայ յոբելեաններուն՝ ռուսաստանաբնակ գործարար, բարերար եւ հասարակական գործիչ Հրաչեայ Պօղոսեանի միջնորդութեամբ Ղազախիստանի Պայկոնուր քաղաքի տիեզերակայանէն տիեզերք ղրկուած է Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքը, որուն մէջ յայտնի քերթուածը թարգմանուած է աշխարհի 35 լեզուներով։
Այս մէկը նշանաւոր հրատարակութիւն մըն է, որ իրականութիւն դարձած է Չարենցի ընտանիքի, մասնաւորապէս անոր թոռնուհիի՝ Գոհար Չարենցի ջանքերով։ Թանգարանն ալ ուրախութեամբ յայտարարած է այս իրադարձութեան մասին՝ նշելով, որ այսպիսով կը մեկնարկէ թանգարանի յոբելենական տարին։
«Ես իմ անուշ Հայաստանի» ստեղծագործութիւնը տաղ է, որ Եղիշէ Չարենց գրած է իր «Տաղարան» շարքին համար եւ այդ շարքին վերջին բանաստեղծութիւնն է։
«Տաղարան» շարքը Չարենց նուիրած է իր սիրելի կնոջ՝ Արփենիկին, զոր անսահման կը սիրէր եւ գրելու սկսած է Արփենիկին ծանօթանալու տարին՝ 1920 թուականին Երեւան եւ աւարտած՝ 1921 թուականին Մոսկուա։ Այդ ժամանակ ալ անոնք ամուսնացած են։ Շարքը ամբողջովին առաջին անգամ տպագրուած է Չարենցի «Երկերի ժողովածու»ի Մոսկուայի մէջ հրատարակութեան երկհատորեակի Ա․ հատորին մէջ։ «Տաղարան»ին մէջ Չարենց ստեղծագործաբար որդեգրած է միջնադարի մեծ բանաստեղծ Սայաթ-Նովայի գրելաոճը, գործածած անոր բառապաշարէն որոշ բառեր, որոնցմով ալ ոճաւորած է իր խօսքը։ «Տաղարան»ը 20 տաղերէ կազմուած է, շարքի 1-18-րդ տաղերը ունին սիրային բովանդակութիւն․ անոնց մէջ սիրոյ մեծ քերթող Չարենց կը նկարագրէ «կէօզալ»ի կերպարանքով պատկերուած իր բարձր սէրը, որ կը մնայ անհասանելի։ Վերջին երկու տաղերը ունին հայրենասիրական բովանդակութիւն։ Կնոջ անմատչելի սէրէն ան կը հասնի հայրենիքի անփոխարինելի ու բացառիկ սիրուն եւ այդպէս կը գրէ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ին, որ կը դառնայ նշանաւոր քերթուած՝ աշխարհի ամբողջ հայութեան համար։ Տարիներու ընթացքին զայն գրաւած է նաեւ օտարները, երբ անոնք գիտցած են, որ բանաստեղծութիւնը հայերու ամենասիրելի քերթուածներէն մէկն է։
Աշխարհի զանազան լեզուներով «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն թարգմանել տալու գործը տարիներ առաջ ստանձնած էր Եղիշէ Չարենցի պզտիկ դստեր՝ Անահիտ Չարենցի դուստրը՝ Գոհար (Բազենց) Չարենց-Ճերրահեան, որ իր մեծ հօր տուն-թանգարանը կ՚աշխատի եւ Հայաստան վերադարձած է արտասահման երկար տարիներ ապրելէ ետք։ Ան կը պատմէ, որ գաղափարը ծագած է այն ժամանակ, երբ օր մը Չարենցի տուն-թանգարան մտած է հնդիկ այցելու մը՝ ձեռքին այդ բանաստեղծութեան երկու թարգմանութիւն․ մէկը՝ հնդկերէն, միւսը՝ պենկալերէն։ Չարենցի թոռնուհին տեղեկացած է, որ պենկալերէնը նոյնպէս տարածուած լեզու է, որ մշակութային հաղորդակցութեան պատուհաններ կը բանայ Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի շատ մը համայնքներու հետ, 230 միլիոն մարդ կը խօսի այդ լեզուով։ Հնդիկ այցելուն մինչ այդ իր հայ ծանօթ-բարեկամներուն հարցուցած է, թէ որն է հայերու ամենասիրած, հայութեան մէջ ամենատարածուած բանաստեղծութիւնը ու տեղեկացած է, որ այդ մէկը «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն է, եւ երկու լեզուներու թարգմանելով՝ տարած է զայն հեղինակի տուն-թանգարան։
Գոհար Չարենց խորհած է զայն թարգմանել տալու նաեւ այլ լեզուներով, դիմելու սկսած է թարգմանիչներու, ստացած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ աշխարհի զանազան լեզուներով եւ ոչ միայն՝ հայերէ: Սկսած է աշխատանքի ամենադժուարին փուլը՝ զատելը, որով պէտք էր մասնագէտներու օգնութեամբ բազմաթիւ տարբերակներէ զատել լաւագոյնները։ Այդպէս ամբողջացած է 35 լեզուով թարգմանութիւն, որն ալ արդէն ինքնին գիրք դարձած է։
Գիրքը նկարազարդուած է հայ մէկ այլ մեծի՝ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի լաւագոյն կտաւներէ կազմուած նկարազարդումներով, որոնք ալ տրամադրած են Սարեանի ընտանիքի անդամները։
«Ես իմ անուշ Հայաստանի»ի բազմալեզու հրատարակութիւնը իրականացուցած է «Պուկինիստ» հրատարակչատունը՝ նախկին եթովպահայ ու Անգլիա բնակող՝ Հրաչ Ճերրահեանի հովանաւորութեամբ: Այս գիրքը դարձաւ հայու ինքնութիւնը ներկայացնող անձնաթուղթերէն մէկը աշխարհի մէջ, իսկ շնորհանդէսը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս՝ 2019 թուականի հոկտեմբերին՝ բազմաթիւ հայ եւ օտար նշանաւոր հիւրերու ներկայութեամբ, ինչ որ աւելի նպաստեց գիրքի՝ հանրայայտ դառնալուն։
Այսօր արդէն գիրքի տիեզերականցումը լաւագոյն ձեռնարկներէն մին դարձաւ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի յոբելենական տարուայ մէջ։ Խորհրդանշական է, որ տիեզերք ղրկուեցաւ երկու մեծ հայու՝ Չարենցի եւ Սարեանի ստեղծագործութիւններէն կազմուած հրատարակութիւն մը։
Յայտնի է, որ Եղիշէ Չարենցի թէ՛ այդ գործը, թէ՛ ուրիշ գործեր շատ անգամներ երգերու վերածուած են եւ սիրուած են նաեւ իբրեւ երգեր, որոնք նոյնպէս տարածուած երաժշտական կատարումներ են Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս։
Բազմալեզու թարգմանական այդ գիրքին մէջ ընդգրկուած են նաեւ երաժշտական նօթեր՝ երաժշտահաններ Տիգրան Մանսուրեանէն, Աշոտ Սաթեանէն, Նիկոլ Գալենտէրեանէն, Համբարձում Պէրպէրեանէն: Ինչպէս նաեւ գիրքը կազմողները զայն հարստացուցած են «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան մասին վկայութիւններով։
Մեծանուն նկարիչ Մարտիրոս Սարեան, որ Չարենցը անմահացուցած է իր նշանաւոր նկարով՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան մասին ըսած է հետեւեալը․ «Ես իմ անուշ»ը ե՛ւ աղօթք, ե՛ւ երդում է: Զայն կարելի է մրմնջալ մտովի եւ երգել փողոցը, իբրեւ ազատութեան հիմն: Եւ, վերջապէս, ատիկա հայկազեան ցեղի ինքնահաստատման ու յարատեւման կնիքն է: Անիկա անյիշելի ժամանակներէն եկող Հայասա-Ուրարտու-Արմենիա երկրի համապարփակ գործուածք-դիմանկարն է: Անիկա մեր ազգի կենսագրութեան ու վարքի ապրող արտացոլքն է, մեր կրած տառապանքներու ու փայփայած գաղափարներու, մեր անկումներու ու վերելքներու, արհաւիրքներու ենթակայ մեր ճակատագրի ու անմեռ մնալու մեր ձգտման գեղարուեստական միաձուլումն ու բիւրեղացումն է:
Այսպիսի երկ մը աշխարհ բերելու համար պէտք է ամենաքիչը կիսաաստուած ըլլալ»։
Բանաստեղծութեան մասին խօսք ունի նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեան, որ նոյնպէս յիշարժան հանդիպումներ ունեցած է Չարենցին հետ։ Սարոյեան գրած է․ «Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում… Չարենցին չհանդիպած՝ գիտէի արդէն իր այս քերթուածը։ Սկսած էի արտասանել Ամերիկայի մէջ։ Ամէն մէկ բառը բացատրել տուած էի ու գրեթէ գոց սորված։ Զայն մինչեւ այսօր կը նկատեմ մեր երկրին, մեր հողին, մեր պատմութեան նուիրուած ամենէն գեղեցիկ երգը, գովաբանական աղօթքը, «Հայր մեր»ին նմանուող աղօթք մը»:
Չարենցի գրչընկերներէն Աւետիք Իսահակեան հետեւեալը ըսած է այս ստեղծագործութեան մասին․ «Ես իմ անուշ Հայաստանի…»․ Հայ տառերով, հայ բառերով այդպիսի բանաստեղծութիւն չէ գրուած հայրենասիրութեան տեսակէտէ։ Ասիկա եզակի, աննախընթաց բան մըն է։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ եւրոպական ու համաշխարհային ժանրի բանաստեղծութիւններուն մէջ այդպիսի թափով, այդպիսի ընդարձակ խօսքերով գրուած բան՝ գոնէ ես չեմ յիշեր»։
Չարենցի գիրքը տիեզերք ղրկելու նախաձեռնութիւնը առաջինը չէ հայութեան համար։ Նոյն բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ 2018 թուականին տիեզերք ղրկուած են Հայաստանի եւ Երեւանի դրօշները։ Հրաչեայ Պօղոսեան նաեւ հայ եկեղեցւոյ բարերար է։ Առհասարակ, անոր բարերարութիւններուն եւ կատարած գործերուն շրջանակը կ՚ընդգրկէ տասնչորս երկիր՝ Ռուսաստան, Հայաստան, Վրաստան, Սպիտակ Ռուսիա, Մոնկոլիա, Սլովաքիա, Գերմանիա, Ղազախիստան, Ֆրանսա, Իսրայէլ, Սուրիա եւ այլն։ Շուրջ երկու հարիւր յիսուն բարերարութիւններու հեղինակ է։ Գործունէութեան մեծ մասը նուիրուած է Բ․ աշխարհամարտի ընթացքին Խորհրդային Միութեան յաղթանակի յաւերժացման, Ա․ աշխարհամարտին զոհուած հայերու յիշատակի պահպանման, հովանաւորած է նաեւ գիրքերու տպագրութիւն, որոնք այս իրադարձութիւններուն կը վերաբերին։
2023 թուականին Սեն Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ բացուած է «Հրաչեայ Պօղոսեան» բարեգործական հիմնադրամի «Պահպանելով յիշողութիւնը» թանգարանը, որ հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու կողմէ ճանչցուած է որպէս «Տարուայ բացայայտում»։
Պայքոնուրը, ուրկէ անջրպետ ղրկուած են դրօշները, իսկ այսօր արդէն՝ Չարենցի գիրքը, Ղազախիստանի մէջ, տիեզերակայան մըն է, որ միաժամանակ բնակավայր է։ Այս քաղաքը Ռուսաստանը Ղազախիստանէն վարձակալած է մինչեւ 2050 թուականը։
ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ՝ ԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
1974 թուականի յունուարին այցելուներուն համար իր դռները կը բանայ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը, որ հիմնուած էր 1964 թուականին։ Զայն այսօր, տուն-թանգարան ըլլալէ զատ նաեւ բանաստեղծի կեանքի, գրական-մշակութային, հասարակական-քաղաքական գործունէութեան ուսումնասիրութեան գիտական կեդրոն մըն է։ Այն բնակարանին մէջ, ուր հիմնուած է, Եղիշէ Չարենց ապրած է 1935-1937 թուականներուն։
Թանգարանի մուտքին տեղադրուած է Չարենցի դիմաքանդակը (քանդակագործ՝ Գետիկ Պաղտասարեան), որ թանգարանը տեսանելի կը դարձնէ Երեւանի կեդրոնը՝ Մաշտոց պողոտային վրայ։
Թանգարանը կ՚ընդգրկէ 626,3 քմ. տարածք, ուր կը գտնուի չարենցեան ժամանակներու նմանութեամբ վերականգնուած յուշատունը։ Այս տունը Չարենցի մտերիմներու յիշողութեան մէջ մնացած է իբրեւ հիւրընկալ օճախ, ուր յաճախ կը վայելէին չոր պտուղներու ու արեւելեան քաղցրաւենիքներու «դաստախունը»:
Միւս յարկաբաժիններուն մէջ կը ցուցադրուին Չարենցի եւ անոր ժամանակակիցներու հետ առընչուող իրեր, լուսապատճէններ, գեղանկարներ եւ այլն։ Թանգարանի այժմեան ցուցադրութեան հեղինակը նկարիչ Ռոպերթ Էլիբէկեանն է, նախկին ցուցադրութիւնը հեղինակած էր Կամօ Նիկարեան։
Բնակարանը կահաւորուած է արեւելեան ու եւրոպական իրերու համադրումով: Աշխատասենեակի նկարագիրը պատկերուած է Չարենցի «Հերոսի հարսանիքը» գործին մէջ (1937 թ.)։ Տեսարանը՝ սենեակ, գրասեղան, սեղանի լամբ՝ կարմիր թաւշեայ լուսամփոփով: Վառուած է միայն այդ լամբը եւ անոր լոյսով կիսաղօտ կերպով լուսաւորուած սենեակին մէջ, բացի սեղանէն, կ՚ուրուագծուին գրադարակներ։ Դիմացի պատին, այսինքն գրասեղանի ետեւը՝ չինական պաննօ եւ դեղին թաւիշի վրայ դրուած Պուտտայի հսկայական անագապղնձեայ գլուխն է։ Կահաւորանքը՝ գրասեղանի, թախտի, գաղտնապահարանի, Աբգար աղայէն ժառանգած գորգերու եւ այլ իրերու ու վերատպութիւններու համադրումով է:
Առաջին ցուցասրահին մէջ կը ներկայացուին Չարենցի եւ անոր ժամանակակիցներու քանդակները։
Երկրորդ ցուցասրահը նախատեսուած է թանգարանի միջոցառումներու եւ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու համար։
Երրորդ ցուցասրահը կը ներկայացնէ Չարենցի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Այս թանգարանին մէջ ցուցակագրուած է աւելի քան ութ հազար ցուցանմոյշ։
Եղիշէ Չարենցի անձնական գրադարանը կը գտնուի թանգարանի յուշային մասին մէջ։ Ըստ բանաստեղծի դստեր Արփենիկ Չարենցի՝ 1930-ական թուականներուն գրադարանին մէջ եղած է մօտաւորապէս վեց հազար գիրք: Չարենցի ձերբակալութենէն յետոյ գիրքերու մեծ մասը ոչնչացուած է: Այժմ գրադարանին մէջ կայ 1422 գիրք:
Չարենցի անձնական գրադարանը կը ներառէ հայերէն, ռուսերէն, օտար լեզուներով հազուագիւտ արժէքաւոր գիրքեր՝ զանազան մասնագիտութիւններու, արուեստի ճիւղերու, կրօններու վերաբերեալ: Գրադարանը ունեցած է հայերէնով ընտիր գրականութիւն, որ լրացուած է այսօր։ Գիրքային այս հաւաքածոն հնարաւորութիւն կու տայ պատկերացում կազմելու Չարենցի մտաշխարհի, անոր հոգեւոր հետաքրքրութիւններու, Չարենց երեւոյթի մասին:
2025 թուականի ընթացքին տուն-թանգարանը կը պատրաստուի արժանի կերպով նշելու հայութեան համար այս նշանակալի թանգարանին յոբելեանները։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան