ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՎ ԱՐՑԱԽՑԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՆԿԱՐԻՉ ՀՐԱՉ ՕՀԱՆՕՂԼՈՒ

Ի՞նչ է գեղանկարչութիւնը. ո՞վ է գեղանկարիչը. ան իր կտաւներու միջոցաւ ի՞նչ կը փոխանցէ…

Գեղանկարչութիւնը ներկերով նկարելու արուեստի այն ճիւղն է, երբ նկարիչի պատկերածը մեզ կը յուզէ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը յուզէր իրական կեանքի մէջ։ Նկարիչը գոյներու եւ գիծերու զուգորդութեամբ կը վերարտադրէ մարդկային դէմքի արտայայտութիւններն ու խաղերը, լոյսի շողն ու ստուերը։ Անվիճելի է, թէ լաւ կտաւները մարդոց մէջ միշտ որեւէ տրամադրութիւն կը ստեղծեն։ Զոր օրինակ, պայծառ ու տօնական գոյները ուրախութիւն կը հաղորդեն, իսկ երբ նկարիչը տխուր բանի մը մասին կը պատմէ, եւ անոր վրձինը երանգապնակի վրայ կը խառնէ ու կտաւին կը յանձնէ գորշ, մռայլ գոյներ, ինքնստինքեան թախիծ կը հաղորդէ։

Առանց գեղանկարչութեան չկայ ազգ, չկայ մշակոյթ, հասարակութիւն ու քաղաքակրթութիւն։ Անձի մը համակողմանի կրթութիւնը հնարաւոր չէ պատկերացնել, առանց գեղագիտական դաստիարակութեան։ Իւրաքանչիւր մշակոյթ կ՚արտացոլէ տուեալ ժողովուրդի դիմագիծը։ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իր գոյները կը դրոշմէ կտաւներուն մէջ, քանզի կտաւը միտքերու եւ ապրումներու արտացոլումն է։

Նկարիչի մը համար արուեստը՝ աշխարհը տեսնելու միակ պատուհանն է։ Գեղանկարիչը իր տեսած ամէն բան չէ, որ կը նկարէ։ Ան կը ջանայ մեր առջեւ բանալ կեանքի դիւթիչ պատկերներ՝ բարձրաբերձ լեռներու վեհ գեղեցկութիւնը, փոթորկոտ ծովուն ահարկու ուժը, ծաղիկներու նրբին գոյները։ Կը փորձէ արտայայտել նոյնիսկ մարդկային զգացումներու ամբողջ խորութիւնը։

Հարուստ մշակութային անցեալ ու ներկայ ունեցող հայը՝ աշխարհի ամենէն հին ժողովուրդներէն մին, ունեցած է բազում նշանաւոր ու աշխարհահռչակ նկարիչներ՝ Յովհաննէս Այվազովսքի, Մարտիրոս Սարեան, Արշիլ Կորքի (Ոստանիկ Մանուկ Ադոյեան), Ռուտոլֆ Խաչատրեան եւ ուրիշներ։ Այսօր եւս մեր ազգային-մշակութային իւրատիպ կենսագրականը ունի բազմաթիւ նշանաւոր ու սիրուած նկարիչներ, թէ՛ Հայաստան ու Արցախ աշխարհներու, թէ համայն սփիւռքի մէջ։

Սիրելի ընթերցող, այժմ կը փափաքիմ ձեր ուշադրութեան յանձնել պոլսահայ նկարիչներու աստղահոյլէն մէկուն՝ արմատներով արցախցի տաղանդաշատ գեղանկարիչ՝ Հրաչ Օհանօղլուն։ Մեր ջերմ ու հետաքրքրական զրոյցի ընթացքին, երբ նշեցի, թէ արցախցի եմ, Պարոն Հրաչ մեծ խանդաղատանքով խոստովանեցաւ, թէ իր արմատները եւս Արցախէն կու գան։ «Հօրենական մեծ հայրս արցախցի էր։ Աւելի քան հարիւր տարի առաջ հաստատուած էր Պոլիս։ Դժուար տարիներ էին։ Աւա՜ղ, մեծ հայրիկիս վերաբերեալ իմ ունեցած տեղեկութիւնները խիստ սահմանափակ են։ Միայն կը յիշեմ, որ հայրս միշտ կ՚ըսէր, թէ ան Արցախէն եկած է», նշեց Օհանօղլու։

Անցեալ շաբաթավերջին՝ փետրուարի 9-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ալաճաճեան» սրահին մէջ ջերմ ու հաճելի մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ նկարիչ Հրաչ Օհանօղլուի ցուցահանդէսը։ Գեղարուեստասէրները ջերմօրէն շրջապատեցին իրենց սիրոյն ու ակնածանքին արժանացած արուեստագէտը։ Անոնք ականատես եղան նկարիչի շարք մը ստեղծագործութիւններուն եւ առիթն ունեցան հերթական անգամ իրենց գնահատանքը եւ զօրակցութիւնը յայտնելու տաղանդաշատ նկարիչի ստեղծագործական աշխատանքին տեսակէտէ։ Ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուած բազմաբովանդակ կտաւները ուշադրութիւն կը գրաւէին իրենց իւրայատուկ ճաշակով ու որակով։

Տաղանդաշատ արուեստագէտը ծնած է 1949 թուականի յունուարի 23-ին, Պոլսոյ այժմու հայահոծ թաղամասերէն՝ Քուրթուլուշի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երդիքին տակ, այնուհետեւ լիսէն աւարտած է Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Իսթանպուլի համալսարանէ ներս, աւարտելով երկրաբան-ճարտարագէտի բաժինը։ Մասնագիտացած է Մետաղագիտութեան ուսումնասիրութիւն ու խուզարկութիւն կաճառէն ներս։ Բաց աստի, չբաւարարուելով համալսարանական կրթութեամբ՝ բազմատաղանդ ու ուսման ծարաւ գեղանկարիչը աւարտած է Իսթանպուլի Պետական երաժշտանոցի օփերայի բաժինը։ Երկար տարիներ, որպէս օփերայի արուեստագէտ՝ լիիրաւ անդամակցած ու ծառայութիւն մատուցած է Իսթանպուլի Օփերայի եւ պալէի աշխատակազմին։

Պարոն Հրաչի կարգ մը գծապատկերները «Keskin Color» ընկերութեան կողմէ օգտագործուած են օրացոյցներու, բացիկներու կամ քարտփոստալներու կազմերուն վրայ։ Այդ իւրատիպ օրացոյցներն ու բացիկները իրենց տեսքով հմայած ու սպառուած են ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլեւ՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու կողմէ։ Ցայսօր նուազ թիւով ցուցահանդէսներ բացած է։ Հրաչ Օհանօղլու պոլսահայ համայնքէն ներս բազմաբովանդակ գործունէութիւն ծաւալած շնորհալի արուեստագէտ մըն է։ Բազմակողմանի զարգացած ու ինքզինքը յառաջացուցած պոլսահայ մտաւորականը բնաւ պարապ մնալ չի սիրեր։ Ազատ ժամանակներուն՝ բարձրագոյն կրթութեան հետեւող աշակերտներուն ուսողութեան մասնաւոր դասեր տուած է։ Մինչեւ այսօր ան Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավարն է եւ մենակատարներէն մին։ Զինուորական ծառայութիւնը կատարած է Անգարայի զօրամասերէն մէկուն մէջ։ Ներկայիս կ՚ապրի Ֆէրիգիւղ թաղամասին մէջ։

Բազմատաղանդ համեստ գեղանկարիչ, բազմազբաղ մտաւորական Հրաչ Օհանօղլու մեծ սիրով պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հարցումներուն։

-Պարոն Հրաչ քանի՞ տարեկանէն սկսած էք նկարել։

-Եօթ կամ ութ տարեկան էի, երբ մեծ հայրիկիս ու մեծ մայրիկիս լուցկիի տուփի չափ պզտիկ՝ դեղնած ու հնամաշ պատկերներուն նայելով գրեթէ նոյնութեամբ կը գծէի։ Այլեւս տասն-տասնմէկ տարեկան հասակիս այնքան արհեստավարժ կը գծէի, որ նայողները զարմացած կը հարցնէին. արդեօք սա լուսանկարուա՞ծ է, թէ՞ գծուած։

Թոյլ տուէք զաւեշտալի դէպք մը պատմեմ։ Երեխայ էի, մօրս հետ շոգենաւով ճամբորդած ատեն, մինչ մեր երթալիք տեղ հասնիլը, մեր դիմաց նստած անծանօթ ուղեւորներուն դիմապատկերները կը գծէի։ Յաճախ մայրիկիս կը գանգատէին ու կ՚ըսէին. «Տիկին սաստեցէ՛ք ձեր երեխան, անընդմէջ զիս կը դիտէ ու տետրակին մէջ բան մը կը գրէ»։ Մայրիկս ալ բարեհամբոյր կը պատասխանէր. «Ներողութիւն, դուք սխալ հասկցաք, երեխաս ո՛չ թէ ձեզի հասցէագրուած բան մը կը գրէ, այլեւ ձեր դիմապատկերը կը գծէ»։ Անծանօթուհին կը շուարէր ու իրեն պատկերը տեսնելէ ետք ժպտադէմ ներողութիւն կը խնդրէր։

-Ձեր ընտանիքի մէջ արուեստագէտներ կա՞ն։

-Ո՛չ ընտանիքիս, ո՛չ ալ հեռաւոր ու մօտ ազգականներուս մէջ արուեստագէտներ կան՝ ես միակն եմ։

-Ձեր կարծիքով, ի՞նչ է նկարչութիւնը։

-Նկարչութիւնը՝ բնութեան գեղեցկութիւնները թէ՛ գոյնով եւ թէ ձեւով զօրացնելով թուղթին յանձնելն է։ Լուսանկարէն տարբերութիւնը, լուսանկարչական սարքը նոյնութեամբ կը քաշէ, սակայն նկարիչը իր կտաւին վրայ կրնայ յատուկ կէտերը մասնաւորապէս ընդգծել ու շեշտել։ Օրինակ՝ երբ լուսանկարին մէջ կան թեթեւ երեւցող նարնջագոյն կէտեր, զորս գեղանկարիչը յատկապէս կրնայ շեշտել, շատցնել։ Ըստ իս, նկարչութիւնը գեղեցիկ կէտերը, գեղեցիկ գոյները տեսնելն ու ընդգծելն է։ Արուեստի մասին բազմաթիւ գիրքեր կան, սակայն ո՛չ մէկ տեղ նման բացատրութեան հանդիպեցայ։

-Նկարիչ ըլլալը ձեր մանկութեան երա՞զն էր։ Ե՞րբ ստեղծագործեցիք ձեր առաջին կտաւը։

-Մանկութենէ ի վեր շատ կը սիրէի նկարել։ Նախապէս պարզ մատիտով դիմապատկերներ կը գծէի։ Այնուհետեւ, 11 տարեկանէն սկսեալ իւղաներկով մէկուկէս մեթրնոց նկարներ կը գծէի։

-Պարոն Հրաչ, այս գեղեցիկ ու տպաւորիչ ցուցահանդէսէն ի՞նչ սպասումներ, ակնկալիքներ ունիք։

-Միակ նպատակս է պոլսահայերը ի մի բերել։ Թո՛ղ մարդիկ գան տեսնեն, գեղագիտական հաճոյք վայելեն։ Ցուցահանդէսի ընթացքին նոր ծանօթութիւններ ու ընկերներ ձեռք բերեն։ Ափ մը ժողովուրդ ենք հոս, անյարմար է, որ միայն հարսանիքներու, մկրտութիւններու ու յուղարկաւորութիւններու ատեն կը հաւաքուինք։ Ինծի համար նիւթականը եւ նմանատիպ հարցերը երկրորդական ու երրորդական տեղ կը գրաւեն։ Ցուցահանդէսէն շահ չեմ հետապնդեր։

-Քիչ մըն ալ խօսինք ձեր նկարներուն մասին։ Մեծ մասամբ ինչե՞ր կը նկարէք։

-Ձիւնի եւ փոթորկած ծովու պատկեր շատ կը գծեմ։ Փոթորկած ծովու պատկեր գծելը դիւրին գործ չէ։ Մրրկած, խռոված ջուրերու երագները նոյնութեամբ ու շեշտուած արարելը բաւական խրթին է, թէ ոչ իւրաքանչիւր վրձին բռնող կրնայ ծով պատկերել։ Ձիւնի պատկեր գծելու ժամանակ ձիւնին տեղալը կը գծեմ։ Ձիւնի պատկեր գծողներ ալ շատ կան, սակայն ամէն նկարիչ չի կրնար տեղալը գծել. մասնաւոր վարպետութիւն կը պահանջէ։

-Արդեօք ի՞նչ պատգամներ կու տաք ձեր կտաւներուն մէջէն։

-Իմ կտաւները միայն գեղեցիկ, ակնահաճոյ բնական պատկերներ են, զորս գեղագիտական հաճոյք կը պարգեւեն մարդուն։ Պահ մը մարդը կը հեռացնեն ներկայ ծանրաբեռնուած իրականութենէն եւ կը մխրճեն կտաւներուն խորքը՝ պարգեւելով իւրատիպ ու անկրկնելի զգացումներ։

-Այս ցուցահանդէսը թիւով քանիերո՞րդն է։

-Սա թիւով իմ չորրորդ ցուցահանդէսն է։ Աւելի քան տասն տարիէ ի վեր ցուցահանդէս չէի կազմակերպած։

-Ե՞րբ կազմակերպուեցաւ ձեր առաջին ցուցահանդէսը։

-Գրեթէ երեսուն տարի առաջ։

-Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք յառաջիկայի համար։

-Յառաջիկային հաճելի անակնկալ մը կը նախատեսեմ՝ միայն այսքանը։

Ահաւասի՛կ, մեր խօսակցութիւնը հասաւ աւարտին։ Հուսկ, կ՚ուզէի իմ հաճելի, բարեհամբոյր ու տաղանդաշատ զրուցակցիս՝ Պարոն Հրաչ Օհանօղլուին շնորհակալութիւն յայտնել եւ յառաջիկայ ծրագրերուն մէջ մաղթել այնքան բարիք, որքան ծովը ունի ալիք։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019