ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ՏՕՆԱՑՈՅՑ
Փետրուար ամիսը հարուստ է եկեղեցական տօներով:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2-ին, Հայ Առաքելական եկեղեցին տօնեց Ս. Գրիգոր Աստուածաբանի յիշատակութեան օրը: Ս. Գրիգոր Աստուածաբանը կամ Նազիանզացին ծնած է 328 թուականին, Կապադովկիոյ Նազիանզ գիւղաքաղաքին մօտ գտնուող Արիանզ գիւղը՝ Գրիգոր եպիսկոպոսի ընտանիքին մէջ: Ան եղած է քրիստոնէութեան մեծագոյն դէմքերէն, որ արիոսականներուն դէմ իր պայքարով նպաստած է քրիստոնէութեան անաղարտ պահպանումին եւ իր հարուստ գրութիւններով մեծապէս ազդած է քրիստոնէական աստուածաբանական միտքի ձեւաւորման:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 4-ին, քրիստոնէական աշխարհը նշեց Ս. Մակաբայեցիներուն՝ Եղիազար քահանային, Շամունային եւ անոր եօթ որդիներուն յիշատակութեան օրը: Հին կտակարանի մէջ, այս սուրբերու նահատակութեան մասին կը խօսուի Մակաբայեցիներու երկրորդ գիրքի 6-րդ եւ 7-րդ գլուխներուն մէջ: Ն. Ք. Բ. դարուն Հրէաստանը կը գտնուէր Սելեւկեան իշխանութեան տակ: Վիճակը կը սրի Անտիոքոս Եպիփանի թագաւորութեան տարիներուն: Ան կը հրահանգէ, որ իր իշխանութեան տակ գտնուող բոլոր ազգերը ընդունին յունական մշակոյթն ու պաշտեն յունական աստուածները: Սակայն Մատաթիա անունով քահանայ մը իր որդիներուն ու եղբայրներուն հետ կ՚ապստամբի այս որոշումին դէմ՝ հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ Օրէնքին եւ Ուխտին: Եղիազար քահանան Մատաթիայի որդին էր՝ քաջ, աստուածավախ եւ իմաստութեամբ լի: Ան նոյնպէս կը գերադասէ արիաբար մեռնիլ եւ բարի անուն ձգել, քան պախարակուիլ իր ընկերներէն ու հարազատներէն: Երկար կտտանքներ կրելէ ետք սուրբը կ՚աւանդէ իր հոգին եւ կը դառնայ յետագայ սերունդներու քաջութեան եւ ներշնչանքի աղբիւր:
Այս շրջանին կը համընկնի նաեւ նահատակութիւնը քաջասիրտ մօր մը ու անոր եօթ զաւակներուն, որոնց եւս, Եղիազար քահանային նման, կը պարտադրեն խոզի միս ուտել, սակայն Շամունան եւ իր եօթ որդիները հաւատարիմ կը մնան իրենց հայրերու հաւատքին եւ կ՚արժանանան կենաց անթառամ պսակին:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 5-ին, տօնուեցաւ տասներկու սուրբ մարգարէներու՝ Ովսէի, Ամովսի, Միքիայի, Յովէլի, Աբդիուի, Նաւումի, Ամբակումի, Յովնանի, Սոփոնիայի, Անգէի, Զաքարիայի եւ Մաղաքիայի յիշատակութեան օրը: Ինչպէս ծանօթ է՝ զանոնք կը կոչեն նաեւ փոքր մարգարէներ՝ ի տարբերութիւն Եսայի, Երեմիա, Եզեկիէլ եւ Դանիէլ մեծ մարգարէներուն: Մարգարէները այն անձերն են, որոնց միջոցով Աստուած կը խօսի Իր ժողովուրդին հետ եւ կը յայտնէ Իր կամքը: Անոնք Աստուծոյ խօսնակներն են երկրի վրայ, եւ յստակօրէն կը գիտակցին, որ Աստուած իրենց միջոցով կը խօսի, եւ անոնք, յաճախ ապացուցելու համար Աստուծմէ ընտրուած ըլլալուն իսկութիւնը, Բարձրեալին զօրութեամբ հրաշքներ կը գործեն:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 7-ին, ուրիշ եկեղեցական տօն մը նշուեցաւ, որ Ս. Սոփիայի եւ անոր երեք դուստրերուն՝ Պիստոսի, Էլպիսի եւ Ագապիի յիշատակութեան օրն է:
Այս անունները քրիստոնէական ծագում ունին եւ յունարէն յաջորդաբար կը նշանակեն՝ իմաստութիւն, հաւատք, յոյս եւ սէր: Դուստրերը, Քրիստոսի ջերմեռանդ հետեւորդներն էին, կ՚ապրէին քրիստոնէական արժէքներով ու գաղափարներով: Անոնք կը նահատակուին յանուն անոնց, իսկ անոնց մայրը կ՚աղօթէ, որ օր առաջ միանայ սիրասուն դուստրերուն եւ Աստուած խաղաղութեամբ կ՚առնէ անոր հոգին:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 9-ին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին նշեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն եւ թոռներուն՝ Արիստակէսի, Վրթանէսի, Յուսիկի, Գրիգորիսի եւ Դանիէլի յիշատակութեան օրը: Անոնք նոյնպէս նշանակալից աւանդ ունեցած են հայոց աշխարհին մէջ քրիստոնէութեան քարոզման եւ տարածման գործով եւ իրենց կեանքը հատուցած են անոր համար:
Փետրուարեան եկեղեցական տօներէն է Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը, որ այս տարի նշուեցաւ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 10-ին: Պէտք է նշել, որ Առաջաւորաց պահքի շրջանը յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ եւ կը սկսի Մեծ պահքէն երեք շաբաթ առաջ: Առաջաւորաց պահքին նոյնպէս, ինչպէս՝ Մեծ պահքին, կը նախորդէ Բարեկենդանը, իսկ հնգօրեայ պահքի օրերուն կը պահանջուի խիստ պահեցողութիւն: Հին ժամանակ, այդ օրերուն արտօնուած էր միայն աղ ու հաց ուտել: Առաջաւորաց պահքի խորհուրդը հեթանոսական ապականութենէն մարդկային հինգ զգայարաններու սրբումն է: Հին ժամանակ նաեւ սովորութիւն կար մկրտութենէն առաջ հինգ օր ծոմ պահել: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նոյնպէս կը հրամայէ Տրդատ թագաւորին եւ միւսներուն՝ մկրտութենէն առաջ հինգ օր ծոմ պահել, որուն շնորհիւ Տրդատը եւ ուրիշներ կը փրկուին այսահարութենէն: Այդ պատճառով ալ Առաջաւորաց պահքը կը կոչուի նաեւ փրկութեան պահք: Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետներուն, Առաջաւորաց պահքը հաստատած է Ս. Գրիգոր Լուսավորիչ՝ ի յիշատակ վերոյիշեալ ծոմապահութեան: Այս պահքին Առաջաւորաց կոչուելուն վերաբերեալ կայ երկու մեկնութիւն. առաջին՝ իբրեւ կարապետ Մեծ պահքի, եւ երկրորդ՝ իբրեւ հայոց առաջին պահք: Պէտք է նշել նաեւ, որ Առաջաւորաց պահքը ժողովուրդին մէջ թիւրիմացաբար կոչուած է նաեւ Ս. Սարգիսի պահք, քանի որ Առաջաւորաց պահքին յաջորդող շաբաթ օրը Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Սարգիսի տօնը: Սակայն, հոգեւորականներու մեկնաբանութեամբ, պահքը ոչ մէկ կապ ունի Ս. Սարգիսի տօնին հետ։
Առաջաւորաց պահքը այս տարի սկսաւ Բարեկենդանի յաջորդ օրը՝ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 11-ին, պահքի վերջին օրը վաղն է: Պահքէն դուրս ելլելու համար մեր եկեղեցւոյ հայրերը կարեւորութիւն կու տան Ս. Սարգիսի տօնին, Ս. Պատարագին մասնակցիլն ու Ս. Հաղորդութիւն ստանալը:
ԱՅՍՕՐ՝ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ
Փետրուարեան եկեղեցական օրացոյցին մէջ իր նշանակալից տեղը ունի տօնը՝ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 14-ի Տեառնընդառաջը, որ կը խորհրդանշէ 40 օրուան Յիսուսի տաճար ընծայումը:
Ըստ հրէական օրէնքին, իւրաքանչիւր արու զաւակի ծնունդէն ետք, երբ կը լրանար սրբագործման 40 օրերը, նորածինին մայրը իր երեխային հետ կ՚այցելէր տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ իր զաւկին համար օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն: Այդպէս ալ Ս. Աստուածամայրը 40 օուան Յիսուսին հետ կը ներկայանայ տաճար: Այս դրուագը նկարագրելով՝ Ղուկաս աւետարանիչ կը յիշէ նաեւ Սիմէոն Ծերունին, որուն շնորհուած էր գրկել Աստուածորդի Յիսուսը:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Տեառնընդառաջը կամ 40 օրուան Յիսուսին տաճար ընծայումը կը տօնէ Աստուածայայտնութենէն 40 օր ետք: Հայ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, տօնի նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, կը կատարուի նախատօնակ, որ կ՚աւետէ Տէրունի տօնին սկիզբը: Արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ՚օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը: Եկեղեցւոյ կանթեղներէն առնուած կրակով կը վառուին խարոյկները՝ իբրեւ Քրիստոսի լոյսին խորհրդանիշը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Տեառնընդառաջի պատարագէն ետք, հայոց եկեղեցիներէն ներս տեղի կ՚ունենայ Նորապսակներու օրհնութեան կարգ: Ժողովրդական տօնախմբութեամբ, փողոցներուն մէջ, տեղի կ՚ունենան խարոյկի արարողութիւններ, կրակը հանգելէ ետք՝ կրակթռուկներ: Կրակին վրայէն կը ցատկեն նորապսակներն ու նշանուածները: Պտղաւորուելու ակնկալութեամբ խարոյկին վրայէն կը ցատկեն նաեւ երեխայ փափաքող կիներ՝ այրելով իրենց զգեստին քղանցքը: Հայաստանի մէջ ընդունուած է նոր նշանուածներու պատուին այս օրը սեղան պատրաստել՝ սովորաբար Տեառնընդառաջի աւանդական ուտեստներով՝ փոխինդով, գունաւոր բլիթներով, չիրերով, գաթայով եւ այլ համեղ ուտելիքներով, որոնք նորապսակներուն կեանքը քաղցրացնելու եւ գունաւորելու իմաստը ունին:
Վաղը՝ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 15-ին, Ս. Յովնան մարգարէի յիշատակութեան օրն է, որ կրկին նշանակալից տօն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ:
Ս. Յովնան մարգարէն Աստուածաշունչի տասներկու փոքր մարգարէներէն է: Հին կտակարանի մէջ տեղ գտած «Յովնանի մարգարէութեան» մէջ կը պատմուի, թէ ինչպէս Աստուծոյ պատգամով Յովնան մարգարէն կը մեկնի Նինուէ՝ քարոզելու համար քաղաքի հեթանոս բնակիչներուն, սակայն անմիջապէս չի հետեւիր Տիրոջ պատգամին: Խուսափելով կատարել Աստուծոյ պատուիրանը՝ Յովնան կը փորձէ թաքնուիլ Թարսիս կոչուած բնակավայրին մէջ: Սակայն փախուստի ճանապարհին կը փոթորկի ծովը, որուն մէջ նետուած մարգարէն հսկայ կէտի մը կողմէ կը կլլուի Աստուծոյ հրամանով: Սարսափահար Յովնան աղօթքով ու զղջումով կ՚աղերսէ Տիրոջ փրկութեան համար եւ երեք օր ետք, Աստուծոյ կամքով, կ՚ազատի հոնկէ: Այս անգամ անսալով Աստուծոյ պատուիրանին՝ Յովնան կը մեկնի Նինուէ: Կը սկսի քարոզել եւ կը մարգարէանայ քաղաքի կործանման մասին: Յովնանի մարգարէութիւնը լսելով, սպասուածին հակառակ, Նինուէի բնակիչները՝ մեծէն պզտիկ, նոյնիսկ թագաւորը, պահք կը բռնեն եւ ապաշխարութեամբ ու աղօթքով կը փրկեն հայրենի քաղաքը վերահաս կործանումէն:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Յովնան մարգարէի յիշատակութեան օրը կը նշուի Առաջաւորաց պահքի շրջանին, որպէս խորհուրդ, թէ ճշմարիտ ապաշխարութեամբ կարելի է արժանանալ Աստուծոյ հաճութեան ու ողորմածութեան:
Շուտով՝ Սուրբ Սարգիս
Երիտասարդներու բարեխօս Ս. Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան օրը յառաջիկայ շաբաթ օրն է՝ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 16-ին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր: Տօնին օրը, Ս. Սարգիս զօրավարին անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, ապա կը կատարուի Երիտասարդներու օրհնութեան կարգ: Ս. Սարգիս զօրավար Հայ Եկեղեցւոյ ամենասիրուած սուրբերէն է: Իր որդիին՝ Մարտիրոսին եւ 14 քաջ մարտիկներուն հետ ան նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքի: Արիութեան համար Ս. Սարգիսը Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր կողմէ կարգուած է իշխան եւ սպարապետ՝ Հայաստանին սահմանակից Կապադովկիա աշխարհին մէջ: Ան ոչ միայն գերազանց սպարապետ մըն էր, այլ նաեւ հիանալի քարոզիչ: Ըստ աւանդազրոյցին, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց անոր մասունքները բերած է Կարբի (Աշտարակի շրջան) եւ կառուցած է երանելիին անունը կրող եկեղեցի մը:
Այս տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ՝ ժողովրդական սովորոյթներով: Մարդիկ կը հաւատան, որ Ս. Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է եւ անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՚ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կը դիմեն սուրբին, որպէսզի իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած: Հայաստանի երիտասարդութեան մէջ ընդունուած է տօնին նախորդող գիշերը աղի բլիթ ուտել, որպէսզի գիշերը ծարաւնան եւ երազի մէջ տեսնեն, թէ ո՛վ իրենց ջուր կու տայ: Ըստ աւանդութեան, ջուր տուողն ալ կ՚ըլլայ անոնց ապագայ կինը կամ ամուսինը: Հին Հայաստանի մէջ, այդ օրուան յիշատակելի սովորոյթներէն եղած է փոխինդով կամ ալիւրով մատուցարանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամին եւ սպասել, որ Ս. Սարգիս զօրավարը հրեշտակներուն հետ անցնի եւ անոր ձիուն պայտը դրոշմուի փոխինդին կամ ալիւրին վրայ:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18
Ս. ԱՏՈՄԵԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Եկեղեցական մեկնութեան համաձայն՝ Ս. Ատոմեանք իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար լաւագոյն օրինակ են: Անոնք կեանքի բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարած են Տիրոջ օգնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ: Ատոմեանց հայազգի զօրավարները՝ Ատոմ Գնունին եւ Մանաճիհր Ռշտունին, իրենց գունդերով ծառայութեան մէջ էին պարսից Հազկերտ թագաւորի արքունիքի մէջ: Մոգպետերու հրահրումով, Հազկերտ Պարսկաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը արմատախիլ ընելու նպատակով կը սկսի հալածել քրիստոնեաները: Ատոմեանց քրիստոնեայ զօրավարները հրովարտակ կը ստանան Հազկերտէն, ուր վերջինս զանոնք, իրենց զօրագունդերով, կը կանչէ արքունիք՝ դաւանափոխ ընելու մտադրութեամբ: Հայոց զօրավարները նախ կը հնազանդին, սակայն, քաջատեղեակ ըլլալով թագաւորի նախապատրաստած որոգայթին, հայրենիք կը վերադառնան եւ կ՚ապաստանին Անձեւացեաց գաւառը: Տեղեկանալով հետապնդող պարսից մեծաքանակ բանակին մասին՝ Ս. Ատոմ Գնունիին երանելի զինուորները, գօտեպնդուած լեռնաբնակ ճգնակեաց սուրբի մը մարգարէութեամբ եւ Ատոմին գիշերային տեսիլքով, կ՚որոշեն կամաւոր նահատակուիլ: Պարսից զօրքը կը հասնի հայոց զօրավարներուն, կը շրջապատէ եւ սրախողխող կ՚ընէ Քրիստոսին խոստովանող եւ փառաբանող, սաղմոսերգութեամբ մարտիրոսութեան գացող սուրբերը: Իսկ Ս. Մանաճիհր Ռշտունին իր ուղեկիցներով կը հասնի հայրենի Ռշտունիք եւ 449 թուականին կը նահատակուի:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 19-ին, Ս. Սուքիասեանց վկաներու յիշատակութեան օրն է: Կրկին գեղեցիկ ու նշանակալի պատմութիւն մը կը պատմուի այս օրուան խորհուրդին առընթեր:
Հայոց արքունիքէն ներս Սաթենիկ թագուհիին ազգականները, որոնք կը հետեւէին Ոսկեաններուն, իրենց գլխաւորին՝ Սուքիասին անունով, յետագային կոչուած են Սուքիասեանք: Չյաջողելով համոզել եւ ետ վերադարձնել նախկին պալատականները՝ հայոց արքայորդիները վրէժխնդիր կ՚ըլլան անոնց քարոզիչներուն՝ Ոսկեաններուն՝ սրախողխող ընելով զանոնք:
Այս օրուան խորհուրդին շարունակութիւնն է Ոսկեանց քահանաներուն յիշատակութեան օրը, որ այս տարի կը տօնուի ՓԵՏՐՈՒԱՐ 21-ին:
Ըստ ազգային աւանդութեան, Ոսկեանք Հռոմի կայսեր կողմէ հայոց Սանատրուկ թագաւորի մօտ ղրկուած հինգ դեսպաններ էին, որոնք առաջին դարու կէսերուն Հայաստան կու գան, կը հանդիպին Ս. Թադէոս առաքեալին եւ անոր քարոզներէն ազդուած, քրիստոնեայ կը մկրտուին: Անոնցմէ գլխաւորը՝ Խռուսին (հայերէն՝ Ոսկի, հոսկէ ալ՝ Ոսկեաններ) կը ձեռնադրուի քահանայ: Ս. Թադէոս առաքեալի նահատակութենէն ետք Ոսկեանք կը մեկուսանան հայոց Ծաղկոտն գաւառի Ծաղկաւէտ կոչուած լեռներուն մէջ եւ շուրջ 40 տարի ճգնակեաց կեանք մը կը վարեն: Առաջնորդուելով աստուածային պատգամով, անոնք կու գան հայոց արքունիք՝ քրիստոնէութիւն քարոզելու հայոց Արտաշէս թագաւորին ու Սաթենիկ թագուհիին: Արքունիքի մէջ Ոսկեաններուն կը հետեւին միայն Սաթենիկ թագուհիին ազգականները՝ Ալանաց երկրէն թագուհիին հետ Հայաստան եկած շուրջ տասնութ պալատականներ, որոնք կը մկրտուին Եփրատ գետին մէջ եւ Ոսկեաններուն հետ կը հեռանան լեռներ: Սաթենիկ թագուհիի ազգականները, որոնք կը հետեւէին Ոսկեաններուն, իրենց գլխաւորին՝ Սուքիասին անունով յետագային կը կոչուին Սուքիասեանք: Հոս է, որ չյաջողելով համոզել եւ ետ վերադարձնել նախկին պալատականները՝ հայոց արքայորդիները վրէժխնդիր կ՚ըլլան անոնց քարոզիչներուն՝ Ոսկեաններուն: Ոսկեանները Հայ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակներէն ու ճգնաւորներէն են:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 23-ին, կը նշուի Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետի տօնը: Ծանօթ է, որ Ս. Սահակ հայրապետը Ս. Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի որդին էր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմին վերջին ներկայացուցիչը, որ 387 թուականէն ի վեր՝ 52 տարի, եղած է հայոց հայրապետական աթոռին գահակալը: Ըլլալով կրթուած եւ հմուտ՝ երաժշտութեան, հռետորութեան արուեստներու, իմաստասիրութեան եւ լեզուագիտութեան մէջ՝ Ս. Սահակ Պարթեւ մեծ նպաստ բերած է հայ ազգային մշակոյթի զարգացման, եղած է հայոց գիրերու ստեղծման ջատագով, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին հետ դարձած է հայ դպրութեան ու եկեղեցական մատենագրութեան հիմնադիր: Գիրերու գիւտէն ետք Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրոպը կը սկսին Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ այնպիսի կատարելութեամբ այդ մէկը կ՚ընեն, որ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը դարեր յետոյ կը կոչուի Թագուհի թարգմանութեանց:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 25-ին, կը նշուի Ս. Մարկոս եպիսկոպոսի, Ս. Պիոն քահանայի, Ս. Կիւրեղ եւ Ս. Բենիամին սարկաւագներու եւ սուրբ վկաներ Աբդլմսեհի, Որմզդանայի եւ Սայէնի յիշատակութեան օրը:
Ս. Մարկոս 4-րդ դարու կէսերուն եղած է Արիթուսի եպիսկոպոսը: Անոր կը վերագրուին աստուածաբանական ծանօթ բանաձեւումներ: Յուլիանոս Ուրացողի հալածանքներուն ժամանակ ենթարկուած է բազմաթիւ տանջանքներու, ապա աքսորուած է հեռաւոր կղզի մը, ուր կնքած է մահկանացուն՝ կեանքի վերջին տարիները նուիրելով քրիստոնէութեան քարոզչութեան:
Հեթանոսներու մէջ քրիստոնէութեան տարածման նուիրեալ ջատագովներէն եղած է նաեւ Ս. Պիոն քահանան: Յայտնի է, որ ան գործած է Զմիւռնիա, ուր ալ նահատակուած է իբրեւ քրիստոնեայ քարոզիչ:
Յանուն քրիստոնէութեան մարտիրոսացած սուրբերէն են նաեւ Ս. Կիւրեղ եւ Ս. Բենիամին սարկաւագները:
Հազկերտ Ա.-ի օրով նահատակուած բազմաթիւ վկաներէն են պարսից արքունիքի նախարար Ս. Որմզդանան եւ պարսից իշխան Ս. Սայէնը: Երկուքն ալ, զրկուելով արքայական ու իշխանական վայելքներէն, կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի հաւատքին եւ կը նահատակուին իբրեւ նուիրեալ քրիստոնեաներ:
ՎԱՐԴԱՆԱՆՔ ՈՒ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՔ
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 26-ին, Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակութեան օրը:
Աւարայրի ճակատամարտի ժամանակ սրբացած քաջորդիները՝ Ղեւոնդեան քահանաները, այսօր ալ, իրենց վարքով օրինակելի են: Հայոց բանակին առջեւէն քալելով՝ անոնք իրենց բոցաշունչ խօսքերով կը քաջալերէին, ոգի ու ուժ կը հաղորդէին Քրիստոսի եկեղեցւոյ եւ հայոց ինքնութեան համար պարսից զօրքերուն դէմ ոտքի ելած հայ մարտիկներուն: Անոնցմէ աւագը Ղեւոնդ քահանան էր: Վարդանանց հերոսամարտէն ետք պարսից Հազկերտ արքան վրէժխնդիր եղած է հայոց քաջերէն:
Եւ վերջապէս, այս փետրուարի վերջին եկեղեցական տօնը՝ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակութեան օրն է, որ այս տարի կը տօնուի փետրուար 28-ին:
451 թուականի մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին, հայրենիքի, Հայ Եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներն ու 1036 մարտիրոսները Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն են: Իրենց նահատակութեամբ անոնք հաստատեցին հայ ժողովուրդին ապրելու կամքը եւ լինելութեան իրաւունքը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ