ԿԻՆ՝ ԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵԱՆ

Վեհանոյշ Թեքեանի վերջին հատորը՝ տպարանէն նոր ելած, թարմ ու կանչող խորագրով, ձեռքիս տակ է: Երեւան լոյս տեսած է սփիւռքահայ անուանի գրողին «Կին՝ ատեան եւ մատեան» խորագրով հատորը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ եւ Յարութիւն Պէրպէրեանի խմբագրութեամբ: Գրաթերթիկին զետեղուած մտերմիկ գրութիւնը կը յուշէ, որ քերթողական եւ արձակ կտորներու հաւաքածոն Վեհանոյշ Թեքեանի վաստակին մէջ կիներու մասին խօսող արտադրութեան մէկ ճաշակն է: Հատորին մէջ կը ներկայանան այլատեսակ կիներ՝ զանազան մշակոյթներէ, ցամաքամասերէ ու ընկերային յարաբերութեանց ժամանակաշրջաններէ: Անոնք իրե՛նց հոգեխառնութեամբ եւ ձայնով է, որ կը դիմակայեն սովորականն ու անսովորը, տարբեր պետութիւններու օրէնքները, դատարաններն ու պարտադրող ինչեւինչ աւանդութիւնները, մեղքերն ու սրբութիւնները: «Կը կազմեն սեփական կամքով ատեան եւ կը մատուցուին որպէս ժամանակակից մատեան», նշուած է իբրեւ յուշում: Վեհանոյշ Թեքեան գիրքը նուիրած է իր մեծմօր՝ Թագու նէնէին եւ աղջկան՝ Նայիրիին: Կողքի գեղարուեստական գործը կը պատկանի Նշան Գազազեանին, իսկ կողքը ձեւաւորած է Նշան Գուլեան: Լոյս տեսած է «Զանգակ» հրատարակչատունէն:

Սփիւռքահայ նշանաւոր գրագիտուհիի նոր լոյս տեսած գիրքէն կը ներկայացնենք «Տոքթորան» պատմուածքը, ուր կ՚երեւի թէ՛ գիրքին ընդհանուր բովանդակութեան ուղղութիւնը, թէ՛ իր՝ գրողին տաղանդը:

ՏՈՔԹՈՐԱՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Տոքթորա Մուշարրաֆիէ կ՚ըսէին իրեն: Թաղին բերանը, կարմիր պատշգամներով շէնքին առաջին յարկին վրայ իր ցուցատախտակը աչքառու ժեստով մը բազմած էր՝ Տոքթորա Մուշարրաֆիէ, մասնագէտ ներքին եւ ջղային հիւանդութիւններու: Անծանօթ մը կրնար խաբուիլ այս երեւոյթէն, որովհետեւ երբեմնի նշանաւոր բժշկուհին, որ Լիբանանի բժշկական պատմութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը կը գրաւէ, ինքը արդէն տարիներու մտային անհաւասարակշիռ վիճակի մը մէջ կ՚ապրէր ու տասներկու տարիներէ ի վեր ո՛չ մէկ հիւանդ այցելած էր իրեն:

Բայց չես գիտեր ի՛նչ դրդապատճառով, ինքզինք յարգե՞լ տալու թէ ներկան անցեալի ոլորտներու մէջ թաղելու համար, երեւոյթները կը պահպանուէին: Կար իր անուանատախտակը շէնքին դրան մուտքին, նաեւ իր պատշգամին վրայ: Հակառակ դրացիներու բազմաթիւ ու բուռն բողոքներուն՝ շէնքին տէրը կը յամառէր Տոքթորան պահել իր նախկին աշխարհին մէջ, որովհետեւ անցեալ տարիներուն ջղային հիւանդութիւն ունեցող իր տիկնոջ կեանքը փրկած էր քանի մը անգամ:

 Հիմա արդէն վաթսունը անց էր Տոքթորան: Միջահասակ, նիհար, միշտ սեւ հագուստներու մէջ, որ որոշ հմայք մը կու տար արտառոց ճակատագրէ հալածուած այս կնկան: Յաճախ լայն եւ գունագեղ ժապաւէն մը կը կապէր մազերուն եւ պայուսակը մատներուն ծայրերով բռնած, ձեռքը օդին մէջ, պարմանուհիի ծեքծեքումներով կ՚իջնէր աստիճաններէն: Իր ներքին եւ բարդ գիտակցութեան մէջ որոշ փշուրներ կային, որոնք ի յայտ կու գային երբեմն. իր տանտիրոջ կը բարեւէր յարգանքով, իսկ շէնքին վարձակալներուն հանդէպ արհամարհական կեցուածք մը ունէր, կ՚արհամարհէր անոնց գաղտագողի բամբասանքները, ինքզինք գերադաս կը սեպէր բոլորէն: Ինք բժշկուհի էր, մարդկային առաքելութիւն մը ունէր կատարելիք: Իր ժամանակը սահմանափակ էր, չէր հասներ բազմաթիւ պարտաւորութիւններուն:

Առաւօտները կը վազվզէր, գնումներ կ՚ընէր, կու գար տուն, կը կախէր դրան վրայ այն այցետոմսը, որ կը յայտարարէ, թէ ինք հիւանդներ կ՚ընդունի ժամը իննէն տասներկու, երկուքէն՝ հինգ: Արագ-արագ փոշիները կ՚առնէր դարմանատան. հիւանդակալի սաւանը կը փոխէր ամէն օր առանց վհատութեան, ու կը սպասէր յաճախորդի, որ չէր հասներ տասներկու տարիներէ ի վեր: Բայց ըստ իրեն, օ՜, անհաշիւ յաճախորդներ ունէր: Յաճախ երբ դրացիներէն մէկուն զանգը հնչէր, ինք կը բանար իր դուռը եւ. «Չեմ կրնար ընդունիլ ձեզ, չեմ կրնար, տեսէք սպասման սրահին մէջ շարք մը հիւանդներ կը սպասեն, այսօր ժամանակ չունիմ, վաղուա՞ն համար ժամադրութիւն կ՚ուզէք՝ սիրով, ժամը տասին», ու ձեռքի վրայ կը գրէր հինգշաբթի ժամը տասին՝ հիւանդ իքս: Ապա կը զգուշացնէր «միայն թէ չուշանաք, ձեր կարգը ուրիշին կ՚երթայ»:

Ու կը շարունակէր տոքթորան իր անհատնում ժամադրութիւնները. մինչեւ կէսօր շէնքը այցելող բոլոր հիւրերը իր հիւանդները կ՚ենթադրէր ու ժամադրութիւն կը շնորհէր՝ նոյնիսկ յաջորդ շաբթուան ժամերը կը լեցուէին: Երբեմն ալ կը գանգատէր իր յաճախորդներէն մէկուն. «Քլ զզուեցայ քեզմէ, աս քանի՛երորդ անգամ է կու գաս-կ՚երթաս. քանի՜ անգամ պիտի ըսեմ, որ հիւանդութիւնդ հոգեբանական է, դուն բան մը չունիս»: Ուրիշ օրեր կ՚անդրադառնար իր ժամանակացոյցին. «Քու օրդ անցեալ ամսուն տասնհինգին էր, ինչո՞ւ չեկար»: Ու երբ այցելուն ապշահար զինք կը դիտէր, ինք կը շարունակէր. «Լաւ, սպասէ, մէկ ժամէն կրնամ ընդունիլ քեզ»:

Բարեբախտաբար այս շէնքին վարձակալները հին էին ու բոլորին ծանօթները տեղեկութիւն ունէին ինքնաբուխ բժշկուհիին մասին: Բայց դժբախտութիւնը այն էր, որ շէնքը վերելակ չունէր եւ ամէն բնակիչ կամ այցելու անխուսափելիօրէն պիտի անցնէր առաջին յարկէն, ու եթէ տոքթորան զբաղած չէր իր երեւակայական հիւանդով, կամ յոգնած չէր օրուան շարան-շարան հիւանդներէն, անպայման իր մշտաբաց դարմանատան դռնէն դուրս կու գար եւ կա՛մ ժամադրութիւն կու տար, կա՛մ կը յանդիմանէր: Իսկ եթէ դիմացինը կին ըլլար, անսպասելի չէր որ մատիտ մը կամ թաղարէն ափ մը հող նետէր անոր վրայ:

Բայց Տոքթորան աւելի լուրջ գործերու ալ կը ձեռնարկէր: Սեմինարներ կը կազմակերպէր որուն միակ ներկան, դասախօսը, նիւթը ներկայացնողը եւ խորհրդականը ինք էր: Բաց պատուհանէն կարելի էր դիտել զինք: Կը կայնէր ճերմակ ու ցած սեղանի մը ետին, բացման խօսքը կ՚ընէր, յետոյ կը սպասէր որ ծափահարութիւնը վերջանայ, կրնայիր տրամաբանել թէ տեղատարափ ծափահարութիւն կայ, որովհետեւ անդադար աջ ու ձախ խոնարհութիւն կ՚ընէր, շնորհակալութիւն կը յայտնէր: Ապա կը նստէր սեւ աթոռի մը վրայ, ոտքը ոտքին կը նետէր եւ երկարօրէն մտիկ կ՚ընէր պաշտօնակիցի մը դասախօսութիւնը տրուած նիւթին շուրջ:

Երբեմն դիտողութիւններ կ՚ունենար եւ կը նոթագրէր. յետոյ ձայն կը խնդրէր, չորս կողմը կը նայէր թէ ուրիշ ձեռք բարձրացնողներ ալ կա՞ն, ու երբ վայրկեան մը անցնելէ ետք խօսելու արտօնութիւն տրուէր իրեն՝ կ՚ելլէր ոտքի. եւ քանի որ իր ենթագիտակցութեան մէջ կը յամենար այն գաղափարը, թէ բժշկական եզրաբանութիւնները բարդ են՝ տարօրինակ, բաղաձայններով սկսող եւ ձայնաւորներով աւարտող բառերով կը բացատրէր իր միտքը: Այո՛, կը բացատրէր, ձեռքերով որոշ ձեւեր կ՚ընէր. գրատախտակին վրայ կը գծէր մարդկային ուղեղը իր երեք գլխաւոր բաժանմունքներով, կամ ջղային դրութեան մէկ մասը կը գծէր ու անհասկնալի բառերով ցոյց կու տար բացականերուն: Ժամացոյցին կը նայէր յետոյ, վերջացած կը նկատէր սեմինարը, յաջորդ սեմինարին նիւթը թուղթերու վրայ գրուած կու տար անոնց, այսինքն՝ կը դնէր իւրաքանչիւր աթոռի վրայ ու սուրճը կու գար ափսէի մը վրայ շարուած գաւաթներու մէջ: Օր մը հաշուեցի. ինը գաւաթ սուրճ եփեց եւ դրաւ ճիշդ այն աթոռներուն վրայ, ուր սեմինարին նիւթին ինը թուղթերը տեղաւորած էր: Իսկ ինը բարձրագոյն թիւն է թուանշաններուն մէջ, ամենամեծը, ամէն ինչ ինը կը պարունակէր այս կնոջ համար, ամենաբարձր քանակութիւնը:

Տոքթորան իր հանգիստի ժամերն ալ կ՚ունենար. իր մտերիմ պահերը: Երբեմն, իրիկուան դէմ, տարիքոտ մարդ մը կ՚այցելէր իրեն. բժշկուհին թմրած էգի պէս կը նստէր անոր քով, կը շոյէր այտերը, մարդը կը գրկէր անոր ուսերը, յետոյ բժշկուհին կը փակէր սենեակին փեղկերը եւ երաժշտութիւն մը կը լսուէր: Մեղմ, դասական երաժշտութիւն մը: Մութը կոխելուն՝ կ՚իջնէր մարդը աստիճաններէն ջղուտ, կորաքամակ, իր ոսկրուտ դէմքով, ու յուզումը կը պատէր զիս։ Չէի գիտեր ի՛նչ էին այս մարդուն եւ բժշկուհիին յարաբերութեան աստիճանները, բայց անպայման անցեալէն բխող բան մը կար: Կ՚ըսէին թէ բժշկուհիին նախկին սիրածն էր այս մարդը, կ՚ըսէին թէ իր ներկայ վիճակին գլխաւոր պատճառն էր: Բայց երբ դիտէի անոր դէմքը, կը զգայի, թէ այս մարդը բժշկուհին ամոքելու չէր գար, այլ՝ ինքզինք. իր վիշտը, զոր գոց տուփի պէս կը կրէր սրտին մէջ՝ միայն բժշկուհին կրնար բանալ: Իր ներկայ վիճակին մէջ անգամ ան կը բանար իրենց երկուքին միջեւ անաւարտ ու բզկտուող այդ առեղծուածը:

Միակ իրական բանը, որ բժշկուհին ո՛չ թէ իր, այլ մեր աշխարհին մէջ ունէր, իր սեւ կատուն էր: Կանաչ աչքերով, սե՛փ-սեւ կատու մը, որուն անունը Ճինա դրած էին ինք ու իր սիրածը: Մարդուն երթալէն ետք, վայրի վագրի պէս այս կինը կը բանար փեղկը հրեշտակներ տեսած դէմքով մը, կը դնէր Ճինան պատուհանին առջեւ ու կը շոյէր զայն, Ճինա՛ ձագուկս, կ՚ըսէր ու կը գգուէր զայն: Ու իր աչքերը կը շոյէին անցեալը, եւ կը շոյէր իր սեփ-սեւ կերպարանքով, կանաչ, զգաստ աչքերով ներկան...

Ժամի հանդէպ գիտակցութիւն չունէր: Անցեալ, ներկայ, ապառնի շփոթած կը նայէին իրարու. ցերեկ եւ գիշեր խառնուած էին: Բնազդով կը զգար, երբ ուրիշ տուներէ ճաշի հոտ առնէր, թէ կէսօր է ու ինք ալ կը նստէր ճաշի, աջ ու ձախ կը սպասարկէր պատահական ու երեւակայածին իր հիւրերուն: Երբեմն, առտու կանուխ, արեւածագէն առաջ բարձրաձայն եւ ջղային կը խօսէր: Կ՚անդրադառնայի թէ կը վիճի մէկու մը հետ: Պատշգամը կեցած՝ ձեռքի ցնցուղը կը դնէր գետին եւ կը խօսէր բոյսերուն հետ. «Ոչ, քեզի այսօր ջուր պիտի չտամ, երէկ ուզեցիր՝ տուի»: Կամ կը բարկանար դեղնած բոյսի մը. «Քեզի ըսի որ Վիթամին Պէ Տուզ առ»:

Ուրիշ անգամ մը՝ թաղար մը ձեռքին կը մտնէր ննջարան հասկցնելով ատոր, թէ կը բաւէ առած արեւու լոգանքը: Հաւանաբար բոյսեր եւ յատկապէս իր խաւաքարտէ շինած ու կանաչ ներկած քաքթիւսները կը դիմադարձէին բժշկուհիին, որ կը ջղայնանար, կը փրփրէր. «Հիմա ձեզ տունէս դուրս կը նետեմ, մակաբոյծնե՛ր, ձեզ Ատնաններուն տունը կը ղրկեմ, հասկցա՞ք»: Ատնանները իր ատած մարդոց ցանկին գագաթն էին. կ՚ատէր զանոնք, որովհետեւ այդ տունէն եղած որոշ հեռաձայններուն պատճառով ինք եօթը-ութ անգամ փոխադրուած էր մտային հիւանդանոց, ակամայ ու վատաբար լքելով իր դարմանատունը, իր բոյսերը, դեղատոմսերը եւ անհամար հիւանդները:

Օրուան ընթացքին, երբ տեսնէր թէ դիմացի տանտիկինը լուացք փռած է, ինք ալ իր լուացքը կը հանէր մէջտեղ. ու պարանին վրայ կը կախուէին օրաթերթեր, խաւաքարտէ տուփեր, թափըրուէրի կափարիչներ, ճմռթկուած, տաք ջուրէ պաղ ջուրէ անցած կապոյտ թղթադրամներ եւ որովհետեւ ինք բժշկուհի էր, ուրիշներէն տարբեր լուացք ալ կ՚ունենար. այսինքն՝ դեղի տուփեր: Տասներկու տարի առաջ իրեն նմոյշ տրուած դեղի տուփերը՝ Սքուիպ, Մարքս, Ֆրոսթ կը շարուէին քով-քովի, չորնալու համար: Եթէ անձրեւ կաթկթէր, տրտրոցով կը հաւաքէր լուացքը, եւ պատշգամներէն մէկուն վրայ երեւցող կնոջ մը կը գանգատէր, թէ այս տունի գործերը վերջանալիք չունի՜ն, ինք տոքթորա էր, ներսը բազմաթիւ հիւանդներ ունէր եւ աներես անձրեւը չէր թողուր որ մարդկային պարտաւորութիւնները կատարէ լիուլի: «Այնքան յոգնեցայ երէկ, այնքան յոգնեցայ... քսանինը յաճախորդ ունեցայ, աշխարհի բոլոր կողմերը լսած են իմ մասիս: Յառաջիկայ տարի, Պերլինի Բժշկական Համագումարին պիտի հրաւիրեն զիս ըրած գիւտիս համար է՝ երաժշտութեան մոլիքիւլներու ազդեցութիւնը ուղեղային հորմոններու վրայ: Ի՞նչ կ՚ըսես, երթա՞մ, կրնա՞մ Ճինան հետս սրահ մտցնել»:

Եթէ դիմացի կինը, երեք փոքր զաւակներ ունեցող կինը խնդուքը զսպած ներս անցնէր, կամ տրամաբանական պատասխան մը տար, այսինքն՝ գնա՛, բայց Ճինան չեն թողուր որ հետդ նստի, բժշկուհին առանց այլեւայլի կը տաքնար. «Վա՜յ, դուք ամէնքդ ինծի կը նախանձիք, առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը հագուիք -կը շքուիք կը պտըտիք, զաւակներնուդ նայիլ անգամ չէք գիտեր, բարեգործական միութիւններու չէք ծառայեր, ուրիշ բժիշկներու կ՚երթաք... Ինծի պէս նշանաւոր, ինծի պէս ֆրանսական ֆաքիւլթէէն վկայեալ, ինծի պէս գիւտարա՜ր...»

Ու իր պրկուած ջիղերով ամէն բանի դէմ կը հայհոյէր Տոքթորան, իր ամբողջ շրջապատը մակաբոյծներ էին, ընկերութեան մակաբոյծները, կը խօսէր անոնց մասին արագ, կտրուկ, անկապակից բառերով: Մէկ նիւթի մասին հինգ նախադասութենէ աւելի չէր կրնար կեդրոնանալ:

Ամէն բանի մասին կը խօսէր բարձրաձայն, բացի մէկ նիւթէ՝ իր տարիքոտ բարեկամէն: Այդ մարդը հաւասարակշռութիւնն էր իր մէջ, միականի լռութիւնը, իր կնոջական փափկութիւնը, թաքուն յենարանը, զոր չէր ուզեր ուրիշի մը ցոյց տալ: Այս շռայլ եւ անտեղի ցուցամոլութեան մէջ այդ մարդը հին կեանքէն մնացած միակ իրաւի կծիկն էր. իր մշտատեւ կորուսեալ վիճակին յաճախակի փրկութիւնը. նաեւ որոշ վիճակներուն անորոշ ազդակը: Այս ախտաճանաչուած կացութեան մէջ՝ բժշկուհին իր լռութեամբ, ընդունելութեամբ ու փափկութեամբ, լուռ ու յետամնաց սիրով մը անախտաճանաչելի դարձուցած էր այդ մարդը: Բայց սէրը, հին ու առաջին սէրը այս նոպաներուն մէջ անգամ կը յայտնուէր ու կը պարտադրէր ինքզինք: Ֆաուսթեան իգութիւն մըն էր այս կինը:

Օր մը բժշկուհին տարօրինակ զգուշաւորութիւն մը գտաւ թաղին մէջ: Հարցուց-հարցուփորձեց եւ յօնքերը պռստած մտիկ ըրաւ երբ պատմեցին թէ նախորդ գիշեր իրենց կից՝ հիւպատոսարանի շէնքին տակ տասը քիլոնոց ուժանակ մը փորձեր էին պայթեցնել, բայց թաղեցիներէն մէկը տեսած էր, լուր տուած ոստիկանութեան ու լարուած ժամէն հինգ վայրկեան առաջ քակուած էր ուժանակը: Բժշկուհիին մէջ ծանր կշռեց հաւանական աղէտին դրդապատճառը:

Քանի մը օր ետք կրակոցներ լսեց. վայրկենական տանտիրոջ տունը ելաւ: Բացատրեցին թէ վարը՝ Մուրի աշտարակէն մինչեւ պանդոկներու շրջանը եւ Պուրճի հրապարակին վրայ կռիւներ տեղի կ՚ունենային: Ո՞վ է, ինչո՞ւ կը կռուին, զարմացաւ բժշկուհին: Տանտէրը նայեցաւ իր զաւակներուն ու երեքը մէկ բաներ մը ըսին, որուն մէջ այլազգը, քրիստոնեան, ձախակողմեանը, աջակողմեանը իրար խառնուէր էին: Աժիպի՜, ըսաւ բժշկուհին աստիճաններէն իջած միջոցին, արաբը արաբին դէմ կը կռուի կոր:

Գիշերուան՝ հրացանները մօտեցան, սաստկացան ձայները, ականջին մէջ պիտի պայթէին: Բժշկուհին փակեց բոլոր փեղկերը եւ ձայնապնակը դրաւ մեքենային վրայ: Որքան սաստկացան դուրսի ձայները, այնքան բարձրացաւ երաժշտութիւնը: Երաժշտութիւնը տարածուեցաւ չորս պատերէն դուրս, բժշկուհին շարունակեց չարլսթոնի ձայնապնակներ դնել: Դրացիները ապշեցան: Զինեալներ կրնային տարբեր ձեւով մեկնաբանել այս պոռոտ հակազդեցութիւնը: Քանի մը ժամ ետք բացուեցաւ բժշկուհիին դարմանատան դուռը. հանեց իր այցետոմսը եւ տեղը դրաւ ուրիշ մը՝ Տոքթորա Մուշարրաֆիէ, հիւանդ կ՚ընդունի օրական քսանչորս ժամ: Կրնային իրապէս վիրաւոր հանել իր մօտ եւ այն ատեն պատուհասը աներեւակայելի էր:

Առտու կանուխ տանտէրը իջաւ իր մօտ. տոքթորան իր տան դուրսի մասն ալ աթոռներ շարած էր, սպասման սենեակի վերածած: Սպիտակ գոգնոցը հագած էր, մութ ակնոցներ դրած՝ հրահանգներ կ՚արձակէր. «Դուն հո՛ս նստէ, ապա միւս կողմ կը դառնար՝ խնդրեմ սպասեցէք քառորդ ժամ եւս»: Երբ տեսաւ տանտէրը, հրաժարեցաւ իր մշտակայ դերէն, իր միւս անձէն, որ աւելի իրաւ էր եւ «տեսա՞ք,- ըսաւ,- պատրաստեցի ամէն ինչ, վիրաւորներ կրնան գալ... հիւանդներ...»: Երբ տանտէրը փորձեց բացատրել թէ հիւանդանոցներ հոգ կը տանին արդէն, վիրաբոյժներ կան: «Ես լիբանանցի բժշկուհի եմ,- ըսաւ,- իմ երկրիս համար կռուողներուն պարտաւոր եմ հոգ տանիլ. իմ գիւտս՝ երաժշտութեան ազդեցութիւնը ուղեղի բջիջներուն վրայ... «Միայն թէ դռները պատուհանները լաւ փակէ», միջամտեց տանտէրը ու բարձրացաւ իր յարկը:

Կէսօրէ ետք բժշկուհին իջաւ փողոց, սեփ-սեւ հագած. բացառաբար մազերուն ժապաւէն մը չէր կապած: Բռնկող ձայներուն մէջ ուղղուեցաւ փողոցէն վեր: Մէկ ժամ ետք կաս-կարմիր այտերով կեցաւ փողոցին անկիւնը: «Հէ՜յ մակաբոյծներ,- պոռաց,- գացէք արիւն տուէք, արի՛ւն. Կարմիր Խաչը արիւնի պէտք ունի, մեր կռուողները արիւն կը կորսնցնեն, ի՜նչ քաշուեր էք փեղկերուն ետեւ, գացէք արիւն տուէք...»: Փեղկերէն մէկը կամացուկ մը բացուեցաւ, մէկը նշան ըրաւ որ վեր բարձրանայ, անպայման ձեւացուց թէ հիւանդ է, որովհետեւ բժշկուհին ընդոստ շարժումով մը հասաւ աստիճաններուն վրայ: Դրացի մը բացատրեց իրեն որ, եթէ քալէ փողոցներէն՝ քիւրտ մը կրնայ մէկ փամփուշտով զգետնել զինք: «Քիւրտերը ի՛նչ գործ ունին այս բոլորին մէջ, իրենց գարշահոտութեան թող նային բորոտները», ըսաւ բժշկուհին, յետոյ գրկեց Ճինան եւ ոտքի ելաւ: Ինչքան ջանացին համոզել որ նստի, անդրդուելի մնաց իր անգործնական առաքելութեան մէջ: «Ես լիբանանցի բժշկուհի եմ,- կրկնեց,- վիրաւորներ կրնան բերել... հիւանդներ...»։

Մայրամուտին կարմիր դարպասը ճռնչալով բացուեցաւ: Հետաքրքիր եւ զգոյշ նայուածքներ հետեւեցան ամայութեան մէջ շարժում վերահաստատող դրան: Տարիքոտ մարդ մը իջաւ առաջին յարկէն, ջղուտ, կորաքամակ. ոսկրուտ դէմքով: Իջաւ ու խստօրէն չափուած քայլերով ուղղուեցաւ վեր՝ գետին նայելով միշտ. գետին՝ մայթին, ասֆալթին, երկաթի կտորներուն, բան մը կորսնցուցած էր կարծես: Յետոյ կեցաւ իր ինքնաշարժին առջեւ, հանդարտօրէն գլուխը դարձուց կարմիր պատշգամին կողմը ու փեղկերուն մէջէն ներս թափանցեց, դիտեց երկարօրէն, խորագոյն հայեացքով, կոշտ առարկայի մը քերծուած ներկին տակ նրբագիծ նկար մը գտնողի պէս...

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022