ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՓՐԿԱՐԱՐ ԿԱՅԱՆՆԵՐ. ՕՏՏՕ
Գաղթականութեան պատմութիւնը մարդկութեան պատմութեան ամենադաժան էջերէն է: Պատերազմները, աղէտները, երկիրներու քաղաքական դրութիւնը, զանազան անցքերը մարդոց կը ստիպեն բռնել գաղթականին ցուպը եւ իր բնօրրանէն հեռանալ: Եւ ինչքան ալ մարդը նոր երկրի մը մէջ նոր կեանք սկսի՝ հեռացումը, բնավայրին լքումը անդարմանելի սպի մը կը ձգէ անոր հոգիին վրայ:
Գաղթականութիւնը հայերու պատմութեան անբաժան մասն է, հայը միշտ գաղթած է, յաճախ՝ բռնի կերպով: Այսօր դժուար թէ գտնուի հայ մը, որուն ընտանիքին մէջ գաղթի, արտագաղթի, ներգաղթի պատմութիւն մը չըլլայ: Կ՚ըսեն՝ ամէն հայու կեանք վէպ մըն է, եւ այդ մէկը իրական է, քանի որ մեր պատմութեան մէջ շատ են տառապանքի ճանապարհները, որոնցմով անցած են մեր ժողովուրդին զաւակները:
Այսօր ալ, հակառակ որ ունինք հայրենիք, սակայն հայը կրկին գաղթականութեան ճանապարհին է: Հայրենիքէն եւ զանազան հայաշատ վայրերէ գաղթող հայերը ուրիշ երկիրներու մէջ մեծ ու փոքր հայրենիքներ կը ստեղծեն՝ իրենց հոգւոյն մէջ միշտ ունենալով երազային հայրենիքին գաղափարը… Այդպէս կազմաւորուած են Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի, ուրիշ երկիրներու սփիւռքները, եւ դժուար է հաւատալ, որ այդ համայնքներուն մէջ այսօր շէն ու զուարթ կեանքով ապրող հայերէն շատեր ժամանակին գաղթական եղած են:
Ֆրանսայի հայութեան պատմութեան ուշագրաւ էջերէն է Մարսէյլի հայութեան կեանքին մէջ կարեւորագոյն դեր խաղացած «Քէմբ Օտտօ»ին պատմութիւնը:
100 տարի առաջ՝ 1922 թուականին, Իզմիրի աղէտէն շաբաթներ յետոյ, ֆրանսական նաւատորմի «Թուղւիլ» անունով նաւը Իսթանպուլի ափէն կ՚առնէ եւ Մարսէյլ կը տանի անցեալ դարասկիզբի դէպքերէն փրկուած հայ գաղթականներու առաջին մեծ խումբը: Մինչ այդ, Մարսէյլի մէջ հայերու փոքր գաղութ մը արդէն կար, որուն անդամները հոն հասած էին 1895-ի Օսմանեան կայսրութեան դէպքերէն յետոյ եւ հիմնականը կը զբաղէին առեւտուրով: Անոնք արդէն իրենց տեղը գտած էին երկրին մէջ, եւ անոնք ալ առաջինը օգնեցին նորեկ հայ գաղթականներուն՝ հաստատուելու Մարսէյլ: Ատկէ ետք արդէն Մարսէյլ կը հասնին նաեւ գաղթականներու ուրիշ խումբեր: Իրենց հարազատներն ու տուները կորսնցուցած, գրեթէ կիսամերկ այդ մարդիկ սկիզբը կը բնակէին ֆրանսական աժան պանդոկներու մէջ, կը ստանային սնունդ: Այդ օժանդակութիւնը հնարաւոր դարձած էր Ֆրանսայի մէջ գործող Հայ Կարմիր խաչի տիկնաց միութեան եւ համայնքի մէջ կազմուած Օժանդակութեան յանձնախումբին ջանքերով: Գաղթականներուն օրական երեք անգամ ճաշ տրուած է, վճարուած է անոնց գիշերակացը: Այնուհետեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան (1918-1920) ներկայացուցիչ Տիգրան Միրզայեանց կը դիմէ ֆրանսական կառավարութեան, այն խնդրանքով, որ հայ գաղթականները տեղաւորեն զինուորական ճամբարի մը մէջ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն յետոյ դատարկուած էր:
«Քէմբ Օտտօ» անունով այդ ճամբարն ալ կը դառնայ հայ գաղթականութեան առաջին կայանը Մարսէյլի մէջ, նաեւ այդ տեղէն սկիզբ կ՚առնէ մարսէյլահայ համայնքին հարուստ պատմութիւնը:
Մարսէյլի մէջ այդ տարիներուն հայ գաղթականներու ուրիշ փոքր ճամբարներ ալ եղած են, բայց ամենամեծը «Քէմբ Օտտօ»ն էր, ուր 1922-1927 թուականներուն (ոչ միաժամանակ, զանազան տարիներու) բնակած է 5244 հայ: Հայ գաղթականներու ցուցակները կազմած են իրենք՝ ճամբարին մէջ բնակողները. անոնք գաղթականներէն քարտուղար ընտրած են իզմիրցի Ալեքսանտր Արապաճեանը, որ ամենայն մանրամասնութեամբ գրի առած է ճամբար մտնողներուն անուն-մականունները, տարիքը, տեղեկութիւններ անոնց ծննդավայրերուն, ճամբարին մէջ մնալուն ժամանակահատուածին, զբաղմունքին, «Օտտօ»էն դուրս գալէն յետոյ այլ տեղ երթալու, աշխատանք գտնելու մասին:
Մօտ մէկ դար այդ ցուցակները պահուած են Արապաճեանի եղբօր թոռան մօտ, ան ալ, կարեւորելով պատմական այդ փաստաթուղթին նշանակութիւնը, տարիներ առաջ զայն յանձնած է Մարսէյլի Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութեան, որ յայտնի է «A.R.A.M.» անունով: Այս կազմակերպութիւնը կը հաւաքէ այն ամէնը, ինչ կապ ունի հայութեան, Հայաստանին եւ մանաւանդ՝ ֆրանսահայութեան անցեալին հետ: Կազմակերպութեան հարուստ արխիւին մէջ կան լուսանկարներ, գիրքեր, ձեռագրեր, քարտէսներ, փաստաթուղթեր, ժապաւէններ, ձայնագրութիւններ, վաւերական բազմաթիւ նիւթեր: Կազմակերպութիւնը, ստանալով «Քէմբ Օտտօ»ին մէջ ապրած հայերուն ցուցակները, թուայնացուցած է զանոնք, ինքն ալ իր արխիւէն ընտրած է «Քէմբ Օտտօ»ի մասին տարիներու ընթացքին հաւաքած լուսանկարներ, փաստաթուղթեր, վաւերագիրներ ու Մարսէյլի մշակութային տան մէջ կազմակերպած է յատկանշական ցուցահանդէս մը:
«Քէմբ Օտտօ»ի 100-ամեակին նուիրուած այդ ցուցահանդէսը իրականութիւն դարձած է «A.R.A.M.»ի նուիրեալներու՝ տնօրէն Ասթրիտ Լուսիկեանի, կամաւոր աշխատակիցներ Հուրի Վարժապետեանի, Մայտա Շաւաքի եւ Կարին Քէօքչեանի շնորհիւ:
Գաղթականութեան մասին պատմող ցուցահանդէսը աննախընթաց հետաքրքրութիւն առաջացուցած է ո՛չ միայն ֆրանսահայութեան, այլեւ՝ ֆրանսացիներուն մօտ. շատեր, տեղեակ ըլլալով իրենց հայ ընկերներուն, բարեկամներուն գաղթական անցեալէն, ցուցահանդէս այցելած են՝ մօտէն տեսնելու եւ լսելու անցեալ դարասկզբին իրենց ծննդավայրերուն մէջ ամէն ինչ կորսնցուցած եւ Ֆրանսա հասած հայերուն պատմութեան մանրամասնութիւնները:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ կազմակերպուած են նաեւ համաժողովներ, հանդիպումներ, քննարկումներ, տեսողական նիւթերու ցուցադրութիւններ, որոնց ընթացքին առաւել պատկերաւոր ներկայացուած է տեղահանութենէն, հարազատներու, ընտանիքի անդամներու կորուստէն յետոյ բազմաթիւ հայերու ապրելու կամքը՝ օտար երկրի մը մէջ, ուր անոնք նոյնիսկ այդ երկրի լեզուն չէին գիտեր:
«Քէմբ Օտտօ»ի մէջ այդ ժամանակ հիմնուած է «Արարա» երկսեռ ազգային հայկական վարժարանը՝ մանկապարտէզի առանձին բաժանմունքով եւ նախակրթարանի ուսման ծրագիրով:
Այս վարժարանին մէջ գաղթականներու երեխաներուն հայերէնով դասերէն զատ նաեւ ֆրանսերէն կ՚ուսուցանէին: Կարեւորելով կրթութիւնը՝ ճամբարին տնօրէնութիւնը հրաւիրած էր լաւագոյն ուսուցիչներու, նոյնիսկ փոքրիկ աշխատանք ունեցող ծնողքը չէին զլանար իրենց երեխաներու ուսման համար վճարելէն: Նախակրթարանի բաժնին համար ուսուցչական պաշտօնի հրաւիրուած են Պոլսոյ Ուսումնական խորհուրդէն վկայեալ, զանազան ազգային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարած եւ Բերայի Էսաեան ազգային վարժարանի տնօրէնութենէն բարւօք պաշտօնավարութեան վկայագիր ներկայացուցած պարոն Արամ Ճէվիզ եւ օրիորդ Մարի Տէրտէրեան: Առաջինը՝ հայերէն, երկրորդը՝ ֆրանսերէն առարկաները ուսուցանելու համար: Այս մասին կը տեղեկանանք «Քէմբ Օտտօ»ի՝ 1925 թուականին տպագրած տեղեկագիրէն, ուր կը յայտնուի նաեւ, որ օրիորդ Տէրտէրեանը Կոմիտաս Վարդապետի՝ Պոլսոյ մէջ կազմակերպած երգչախումբի սանուհիներէն եղած է: Դարձեալ Էսաեան վարժարանի ընթացաւարտներէն եւ սքաուտական մարզիկ Սեդրակ Թասմաճեան, իբր օգնական ուսուցիչ եւ մարզիկ պաշտօնի հրաւիրուած է նախակրթարանի բաժնին համար:
Գաղթականական այս կայանի հայկական վարժարանի մանկապարտէզի բաժնին իբր վարիչ մանկապարտիզպանուհի ընտրուած է Մարի Սվաճեան, որ Պոլսոյ եւ գաւառներու մանկապարտէզներու մէջ պաշտօնավարած էր եւ վկայեալ էր Պոլսոյ Կեդրոնական Ուսումնական խորհուրդէն: Դարձեալ 1922-1924 տարին ներկայացնող տեղեկագիրէն կը կարդանք. «Վարժարանի բացումէն առաջ՝ քաղաքական պայմաններու բերումով, այլասերիչ եւ մոլորեցուցիչ փուլերու եւ օտարոտի մթնոլորտին մէջ այլանդակուած եւ տգիտութեան խաւարին մէջ խարխափող մեր մատաղատի յոյսերը՝ ուսման եւ կրթական տաճարին կենսաբաշխ եւ շինիչ մթնոլորտին մէջ կազդուրուելով, ազնուացած եւ բարեշրջուած են՝ խիստ ցայտուն կերպով: Այս երեւոյթը՝ մխիթարական եւ խրախուսիչ ըլլալուն համար՝ մեր խիղճին ու սիրտին վրայ պարտք կը դնէ, մասնաւոր հպարտութեամբ եւ գնահատութեամբ արձանագրել այն: Մեր նախակրթարանի երկսեռ ուսանողութիւնը ոչ միայն մայրենի լեզուի մէջ զգալի եւ շօշափելի յառաջդիմութիւն ունեցած է, այլեւ՝ ֆրանսերէն լեզուի ուսման եւ ընթերցանութեան մէջ: Թէ՛ նախակրթարանի եւ թէ՛ մանկապարտէզի ուսուցչութեան խղճամիտ աշխատասիրութիւնը հաստատուեցաւ 1924 նոր տարուայ առթիւ մէկ ամսուան ընթացքին կազմակերպուած դպրոցական հանդէսին առթիւ, ուր ներկայ էր կայանէն եւ քաղաքէն երկու հազարէ աւելի հայութիւն»:
Պահպանուած է Մարսէյլի մէջ տեղի ունեցած այդ հանդէսին ազդագիրը, որուն վրայ կը կարդանք, որ «Արարա» վարժարանի հայ մանուկները հանրութեան առջեւ արտասանած են, թատերախաղ ներկայացուցած են եւ խմբերգեր եւ ուրախ երգեր երգած են: «Քէմբ Օտտօ»ի տեղեկագիրին մէջ կը կարդանք.
«Ամավերջի հանդէս-ցերեկոյթի գլխաւոր նպատակն էր հայ ուսանողութեան ընդունակութիւններն ու հայ գրականութեան եւ գեղարուեստին ինքնատիպութիւնները իբրեւ քաղաքակրթական անվիճելի արժէքներ, օտար բարեկամներուն ծանօթացնելէ զատ, ֆրանսական կառավարութեան ու ժողովուրդին հիւրընկալ ասպնջականութիւնը վայելող քառասուն հազարէ աւելի գաղութահայերուն երախտագիտութեան թարգմանը հանդիսանալ: Հանդէսին ներկայ գտնուող երկու հազարէ աւելի հայեր եւ ֆրանսացի բազմաթիւ պաշտօնական եւ ականաւոր անձնաւորութիւններ, իրենց զգացած գոհունակութենէն յուզուած՝ արցունքներ թափեցին, ի տես հայ տարագիր բեկորներու անսպասելի յաջողութեան եւ արտակարգ կենսունակութեան»:
Հանդէսին, ինչպէս տեղեկագրի մէջ նշուած է, ներկայ եղած են ֆրանսացի պաշտօնեաներ, տեղական մամուլը լուսաբանած է զայն եւ գնահատած հայ աշակերտներուն փայլուն ելոյթը: Դպրոցի շէնքը կիրակի օրերուն ծառայած է իբրեւ մատուռ, այնտեղ հաւաքուած են կրօնական արարողութիւններուն համար, ճամբարին մէջ հարսանիքներ եղած են, ծնած են երեխաներ, մկրտուած…
«Քէմբ Օտտօ»ի պատմութիւնը ներկայացնելով՝ «A.R.A.M.» միութիւնը կը կարեւորէ փոխօգնութեան այն գաղափարը, որ առաջին օրէն գործած է թէ՛ ճամբարականներուն, թէ՛ Մարսէյլի հնաբնակ հայերուն մէջ, որոնք ամէն բան ըրած են, որպէսզի գաղթականները գտնեն իրենց տեղը, եւ պատահական չէ, որ յետագային անոնց մեծ մասը յաջողութեան պատմութիւններ ունեցած է Մարսէյլի, ֆրանսական այլ քաղաքներու, ԱՄՆ-ի, այլ երկիրներու մէջ:
Ցուցահանդէսը կը կարեւորուի նաեւ զանազան վայրերէ գացածներուն, զանազան ճակատագիրներ ունեցողներուն կեանքը մէկ վայրի մը մէջ կանոնակարգելու առումով, եւ այդ մէկը, կարելի եղած է շնորհիւ «Քէմբ Օտտօ»ի տնօրէն Թագւոր Խաչիկեանին, անոր շուրջը համախմբուածներու եւ նաեւ մարդու մը՝ Ֆրանսա հասած շուշեցի առեւտրական Սիմէոն Միրզայեանցի որդին՝ Տիգրան Միրզայեանցի:
Ան թէպէտեւ այդ տարիներուն այլեւս առաջին հանրապետութեան ներկայացուցիչը չէր Ֆրանսայի մէջ, առաջին հանրապետութիւնը արդէն չկար ալ, սակայն պետական համակարգին մէջ ունեցած իր կապերուն շնորհիւ ամէն ջանք ըրած է՝ փախըս-տականներուն հարցերը լուծելու համար:
«Քէմբ Օտտօ»ին մէջ ապրելու տարիներուն՝ 1922-1927 թուականներուն, աշխատանք գտնելու, պետական կառոյցներուն հետ առընչուելու առումով հայ գաղթականները կը բախէին փաստաթուղթերու հարցերու, իսկ անոնց օգնութեան կը հասնէր հրաւիրուած հայ թարգմանիչը: Սկիզբը անոնք ոչ մէկ փաստաթուղթ ունէին, յետագային այդ մարդոց տրուեցաւ Նանսէնեան անձնագիր, որուն իրաւասութիւնները շատ քիչ էին, իսկ ֆրանսական հպատակութիւն այդ հայերը ստացած են շատ աւելի ուշ՝ 1950-ականներուն:
Պահպանուած տեղեկագիրները, պատմութիւնները կը վկայեն, որ «Քէմբ Օտտօ» հասածները, ճամբարը համարելով ժամանակաւոր հանգրուան, երկար ժամանակ յոյս ունեցած են, թէ անպայման պիտի վերադառնան իրենց ծննդավայրերը…
Ամենաշատ գաղթականները սեբաստացիներ էին, կային նաեւ Քոնիայէն, Եոզղատէն, Այնթապէն, Վանէն, Խարբերդէն, Թոքատէն եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ հայաբնակ վայրերէ գացածներ: Այդ մարդիկ երկար ժամանակ թափառած են անապատներուն մէջ, ապաստան գտած մօտիկ այլ տեղերու մէջ, այդ ժամանակ ալ յոյս ունեցած են, թէ պիտի վերադառնան իրենց տուները: 1922-ի Իզմիրի անկումը վերջնականապէս խորտակած է վերադառնալու անոնց յոյսերը: Ահա ինչու անոնք Մարսէյլ հասած են ոչ թէ 1915-էն անմիջապէս ետք, այլ 1922-էն սկսեալ:
Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են նաեւ 1920-ականներու ֆրանսական մամուլի արձագանգները «Քէմբ Օտտօ»ին մասին: Յօդուածները հիմնականը դրական եղած են, բայց եղած են նաեւ քննադատական նիւթեր: Յայտնի է յատկապէս Մարսէյլի՝ այդ տարիներու քաղաքապետին նամակը հայ գաղթականութեան դէմ: Քաղաքապետը վախ ունէր, որ օտար վայրերէն եկած անծանօթները կարող են հիւանդութիւններ եւ այլ ախտեր տարածել, իրենց ապրելակերպով եւ կենցաղով յարիր չըլլալ ֆրանսական երկրին, ուստի ան կոչ ըրած է այդ մարդիկը կրկին նետել ծովը, ինչպէս որ եկած են։
Սակայն հայ գաղթականները ամէն կերպով ապացուցած են հիւրընկալ երկրին օրէնքներուն ենթարկուելու իրենց կամքը, հրատարակած են տեղեկագիրներ, որոնց մէջ մանրամասն նկարագրած են իրենց կեանքը, կազմակերպուածութիւնը, ճամբարէն ներս տիրող կարգերը: «Քէմբ Օտտօ»ի տնօրէնութիւնը բժիշկներ հրաւիրած է, որպէսզի առողջական հարցերը հսկողութեան տակ առնուին, ճամբարին մէջ բացուած է դեղատուն, ուրկէ անոնք անվճար դեղեր կը ստանային:
Ճամբարի հասարակական կեանքը սովորաբար կազմակերպուած է հայրենակցական միութիւններու միջոցով: Հոն կազմուած են յետագային Մարսէյլի մէջ նշանակալի գործունէութիւն ծաւալած հայկական հայրենակցական միութիւնները:
Ճամբարին պայմանները բնականաբար ժամանակաւոր էին, տնակները արագ հաւաքուող զինուորական փայտեայ շինութիւններ էին, որոնց ներսը բաժնուած էր սաւաններով, եւ հայերը այնտեղէն դուրս գալու ելքեր կը փնտռէին: Միւս կողմէ ալ ֆրանսական կառավարութիւնը հակուած չէր երկար պահելու ի սկզբանէ ժամանակաւորի կարգավիճակով տրուած այս կայանը, եւ 1927 թուականին կը գոցուի «Քէմբ Օտտօ»ն ՝ դառնալով պատմութիւն:
Շատ տարիներ յետոյ այդտեղ կը դրուի փոքր յուշաքար մը, որ կը վկայէ հինգ տարուան հայկական ճամբարական կեանքին հետքերը Օտտօ անունով պողոտային կից տարածքի մը մէջ: Օտտոն ֆրանսացի բժիշկ մըն էր, որուն մականունով կոչուած են պողոտան եւ անոր կից ճամբարը, որ բազում հայերու փրկութեան կայանը դարձած էր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան