ԶՈՒԻՑԵՐԱՀԱՅ ԵՐԱԺԻՇՏ ՀԱՅԿ ՎԱՐԴԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀՆՉԵՑԻՆ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ

Զուի­ցե­րա­հայ եր­գա­հան Հայկ Վար­դա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը վեր­ջերս ա­ռա­ջին ան­գամ հնչե­ցին Փրա­կի Սուրբ Սի­մո­նի եւ Յու­դա­յի ե­կե­ղե­ցւոյ մէջ՝ Զլի­նի Պո­հուս­լաւ Մար­թի­նուի ֆիլ­հար­մո­նիկ նուա­գախում­բի եւ Տա­ւիթ Շուե­ցի ղե­կա­վա­րու­թեամբ: Այս առ­թիւ կա­տա­րուե­ցան նուա­գախում­բի հա­մար Է­պի­տա­ֆը, Երկ­րորդ սիմ­ֆո­նին ջու­թա­կի, թաւ­ջու­թա­կի եւ նուա­գա­խում­բի հա­մար։ Վեր­ջին եր­կու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը կա­տար­ուէին ա­ռա­ջին ան­գամ՝ որ­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին փրէօ­միէր: Փրա­կի «Օ­րեր» ամ­սագ­րի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ձեռ­նար­կը ե­կաւ բնո­րո­շել նաեւ Չե­խիոյ մէջ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու ձեռ­նարկ­նե­րու մեկ­նար­կը։ 

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցաւ Փրա­կի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Տիգ­րան Սէյ­րա­նեան, որ ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Հա­մեր­գը ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին ալ այն էր, որ Հայկ Վար­դան եւս բե­րաւ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ե­րա­ժիշտ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ «Զար­մա­ցած եմ, որ այդ­քան կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի մը մէջ նուա­գա­խում­բը յա­ջո­ղե­ցաւ կա­տա­րել իմ գոր­ծե­րը։ Ա­ռա­ջին կա­տար­ման հա­մար հիա­նա­լի էր», ը­սաւ ան։ 

Հան­դի­սա­տես­նե­րը ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նե­ցին Հայկ Վար­դա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն կա­տա­րու­մը։ Հարկ է նշել, որ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 22-ին ալ Վե­նե­տի­կի օ­փե­րա­յին մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցուին իր գոր­ծե­րը։ Ա­ւե­լի ուշ՝ Սեպ­տեմ­բե­րին իր գոր­ծե­րուն կա­տա­րու­մը նա­խա­տե­սուած է նաեւ Լին­ցի մէջ։ 

Հարկ է նշել, որ տա­կա­ւին 1994 թուա­կա­նին Վե­նե­տի­կի մէջ ներ­կա­յա­ցուած էր Հայկ Վար­դա­նի «Պրո­մե­թեւս 12» օ­փե­րան, որ տա­րի մը վերջ ար­ժա­նա­ցած էր ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի մրցա­նա­կի­ն։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015