Երկիրներու Աստղաբաշխական Պարտքերը
Առանց երկար մտածելու կարդանք այս թիւերը, առանց սխալելու եւ թոթովելու: Ասոնք նմոյշներ են երկիրներու պարտքի պատկերէն: Չորրորդը Հայաստանի պարտքն է:
Բնապահպանները կ՚ըսեն, թէ խախտած ենք բնութեան կարգը՝ ապականութեամբ, անկարող դարձած ենք՝ անպատասխանատուութեամբ՝ մեր արտադրած աղբը մաք-րելու: Տարածութիւններ կը կրաղիւսապատուին եւ կպրապատ-ւին, հողը իր սպնգումի դերը չի կատարեր եւ հեղեղային աղէտներ կը պատահին: Բնածխային կազի արտադրութիւնը տեւաբար կ՚աճեցնենք: Ջրային պաշարները չարաչար կը գործածուին, հողագործութեան համար եւ անոնք տեւաբար կը թունաւորուին միջատասպան քիմիական նիւթերով:
Բնակչութեան աճով, եւ անոր հետեւանք կեանքի որակի բազմապատկուող անհաւասարութեամբ, կը յառաջանան պայթուցիկ կացութիւններ ստեղծելու կոչուած զանգուածային գաղթեր, իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելու դատապարտուած ժողովուրդներ: Այս բոլորի խորքին՝ շահագործումներ, անարդարութիւններ, գործազրկութիւն, սով, բժշկական խնամքի տրամագծօրէն հակադրուող անհաւասարութիւն…
Շարքը կարելի է երկարել: Հեռատեսիլի պատուհանը տեւաբար պատկերներ կը սփռէ, անոնք դարձած են սովորական, չենք հակազդեր, ըլլալով բանտարկեալները անհատապաշտ ընկերութեան, մանաւանդ երբ այդ պատկերները հեռու աշխարհներու կը վերաբերին:
Կառավարումը անկարելի դարձած է, քանի որ հանրային ծառայութիւնը վերածուած է շահի, դիրքի եւ անհատապաշտական յաւերժանալու հակամէտ իշխանութեան, անաշխատ արհեստի, ինքնանպատակ, ընտրութիւն-վերընտրութիւն զբաղումի, զանգուածին տալով այն խաբկանքը՝ որ ինք կ՚ընտրէ եւ կ՚որոշէ: Եւ նոյն դէմքերը կը յաւերժանան, յաճախ նաեւ ժառանգական (չ)իրաւունքով, պզտիկ փառքերու հետամուտ պալատականներով, եւ անոնք զիրար կը հրմշտկեն յաւելեալ դիրքի, յաւելեալ փառքի եւ յաւելեալ շահերու համար:
Երեւոյթը նոյնն է արեւելքի եւ արեւմուտքի մէջ: Փորձեցէ՛ք գըտ-նել ամէն ձեւի քաղաքական իշխանութեան(ներ) մասնակիցներու կենսագրականները, հասկնալու համար, թէ անոնք ե՞րբ եւ ո՞ւր արտադրող աշխատանք կատարած են, ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ գամ մը գամած են:
Եւ որովհետեւ իշխանութեան եւ անկէ օգտուելու շրջանակը սահմանափակ է, պայքարները կը շարունակուին դիրքի տիրանալու կամ դիրք պահելու համար զիրար կոխկրտելով:
Երկիրներու կառավարումը անկարելի դարձած է, քանի որ իշխանաւորները իշխանութիւն պահելու համար կը ծախսեն-կը մսխեն երկրի եկամուտը եւ աշխատանքով արտադրուած բարիքները: Հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ երկիրները կը ծախսեն իրենց եկամուտէն աւելին, կը ծախսեն ոչ անհրաժեշտին համար: Համացանցին վրայ կարելի է գտնել երկիրներու կուտակ-ւող պարտքերը: Փորձեցէ՛ք կարդալ բազմաթիւ զերօներով այդ գումարները, որոնք իւրաքանչիւր վայրկեանի հետ կ՚աճին իրենց տոկոսներով:
Միացեալ Նահանգներու պարտքը 18.400 միլիառ տոլար է (18.400.000.000.000), Ֆրանսայի պարտքը՝ 2.148 միլիառ եւրօ (2.148.000.000.000), Լիբանանի՝ 70.000.000.000 տոլար, նաեւ պըզ-տիկ Հայաստանի՝ 4 միլիառ, որ տարուան սկիզբէն ի վեր աւելցած է 280 միլիոնով… Այս անունները եւ թիւերը օրինակի արժէք ունին:
Օր մը պէտք է վճարուին այդ պարտքերը: Բայց մեծ հարցական է՝ ինչպէս: Կարելի կ՚ըլլա՞յ վճարել: Եթէ անկարելի ըլլայ վճարել, ի՞նչ պիտի պատահի:
Պետութեան յարաճուն պարտքը արգելք չէ անհատներու կողմէ դիզուող հարստութեան: Մասնագիտական թերթեր կը կազմեն ցուցակը աճող միլիառատէրերու:
Երբ պետութիւն մը կը ծախսէ իր եկամուտէն աւելի, ի՞նչ կրնայ պատահիլ: Անհատ մը որ այդպէս կ՚ընէ, կը սնանկանայ: Անհատը կը ստիպուի սահմանափակել իր ծախսերը: Նոյնը պարտին ընել երկիրները, սկսելու համար անաշխատ դիւանակալութիւնը փոքրացնելով: Անհատը կը սնանկանայ, բայց պետութիւններու պարտ-քը յար կ՚աճի:
Երկիրներու «քաղաքական-վարչական» կազմերը եկամուտ չապահովող թիւ են, այդ կազմերը կարելի է նուազեցնել: Խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներու թիւը եթէ երկուքով բաժնուի, եթէ անոնք պետութեան կողմէ վճարուած թիկնապահ եւ վարորդ չունենան, անոնց տրուած յաւելեալ յատկացումները եթէ ջնջուին կամ նուազին, աշխարհ փուլ չի գար, եւ երկրի ամավարկը կը փոքրանայ: Բացառութիւն երկիրներ չկան, անոնք ըլլան բնական պաշարներով հարուստ կամ ճարտարարուեստականացած:
Համաշխարհայնացման հեւքին մէջ, դրամատիրական միջազգային կայսրութիւնը տեւաբար կը ստեղծէ ոչ-անհրաժեշտ պահանջներ, սկսելով սնունդէն, հասնելու համար վաղանցուկ պերճանքի: Աստղաբաշխական գումար արժող բնակարաններ եւ ինքնաշարժներ, ադամանդակուռ մանեակներ: Ֆրան-սայի մէջ հրապարակեցին, թէ ինչ կ՚արժէ պետութեան նախկին նախագահի մը համար եղած ծախսերը: Խորհրդարանի անդամները եւ նախարարները, նոյնիսկ երբ կը դադրին իրենց պաշտօնէն, կը շարունակեն յատկացումներ ստանալ. թոշակ, վարորդ, թիկնապահ, եւայլն: Ֆրանսան՝ օրինակ: Այդպէս է նաեւ, օրինակ, դժուարութիւններու մատնուած փոքրիկ Լիբանանը: Այս պատճառով ալ քաղաքականութիւնը դարձած է հասութափեր արհեստ եւ ոչ ծառայութիւն:
Նաեւ, «ընտրող-յաճախորդութիւն» ունենալու համար, քաղաքական գործիչներ եւ համախըմ-բումներ, ըստ իրենց ունեցած դիրքին, պետական գումարներէն յատկացումներ կ՚ընեն մարդորսութեան համար, կամ պաշտօններ կը բաժնեն, քուէ ստանալու համար, քանի որ քաղաքական կեանքը կը շնչէ յաջորդական «ընտրութիւններ»ով, այսինքն՝ քուէներով:
Ֆրանսայի մէջ, քանի մը տարի առաջ գրքոյկ մը լոյս տեսաւ «Ընդվզեցէ՛ք» անունով: Միլիոններով ծախուեցաւ: Եթէ զանգը-ւածներու ընդվզումը այսօր տեղի չունենայ, օր մը անպայման տեղի կ՚ունենայ: Ընկերային արդար հասարակակարգ ստեղծելու համար, լուսաբանուած հանրութիւն պէտք է, անոր համար ալ կենսական է մամուլի եւ մամուլի աշխատաւորի ազատութիւնը:
Այս արագ նշումներէն ետք, պէտք է մտածել, թէ կա՞ն լուծումներ:
Կա՛ն լուծումներ: Եթէ իշխանական համակարգերէն դուրս գտնը-ւող պատրաստուած եւ պարկեշտ մարդիկ գտնուին որոշողներու ցանկին վրայ, անկաշառ եւ անկողմնակալ արդարադատութիւն մը պատասխանատուութեան կանչող հաշուեքննութիւն կատարէ եւ արդիւնքները հրապարակէ, եւ կայ նաեւ հրաշքը, եթէ յանկարծ հրապարակ գան պետական գանձէն չօգտուող զօրավար տը Կոլ մը, հեղինակութիւն ունեցող եւ գետին պառկող ու աղքատ ապրող Կանտի մը, որոնք առաջին կարգով չճամբորդեն, եւ հիւրանոցի «ժագուզի»ով սենեակ չուզեն, եւ կաշառքէ, կողոպուտէ եւ մսխումէ փրկեն ժողովուրդը: Այս մարդիկ բարձր հեղինակութիւն ունէին, «քարիզմ», Հայաստան կ՚ըսեն՝ «խարիզմա»:
Եթէ «Ընդվզում» ծաւալի եւ նախախնամական կոչուելու արժանի ղեկավարութիւններ հրապարակ գան եւ չյաւերժանան, քանի որ երկարատեւ իշխանութիւնը ապականութեան կ՚առաջնորդէ, յիշուած բազմաթիւ զերօներով պետական պարտքերը, որոնք յանձնառութեան տակ կը դնեն քաղաքացիները, կը նուազին եւ ընկերային աղէտները, ինչպէս գործազրկութիւնը, աներդիք ըլլալու վիճակը, խնամքի անհաւասարութիւնը, վերջ կը գտնեն:
Քաղաքացիները կրողներն են միլիառով պարտքերու, որոնց համար իրենց կարծիքին չէ դիմուած, չի դիմուիր:
Իսկ քաղաքացիին հզօրութիւնը ստեղծելու համար թութակ կամ մունետիկ չեղող ազատ հրապարակախօսութիւնը էական է, այսինքն՝ ազատութիւն:
Այդ ազատութեան նուաճման համար պէտք է հետեւիլ Վոլթէրի այլակարծութեան պաշտպանութեան խօսքին, որ յաճախ կը վերագրուի նաեւ ուրիշներու, բայց չի դադրիր մարդու վեհութիւնը բնորոշելէ: «Համաձայն չեմ այն բանին որ կ՚ըսես, բայց մինչեւ մահ պատրաստ եմ կռուելու, որ այդ ընելու իրաւունք ունենաս»:
Մեծ ու պզտիկ ախտաւոր բռնակալներ, չարագործներ եւ չարաշահողներ անթափանց են այս մարդակերտ իմաստութեան առջեւ:
Ազգերու եւ ժողովուրդներու վերականգնումին համար, միշտ ըսած եմ, պէտք է յաճախել իրաւ մեծերու դպրոցը:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ