ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԻ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի «Լո­քալ»ին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին պատ­մա­կան Ա­նի քա­ղա­քին եւ այ­սօ­րուան ա­ւե­րակ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան բա­նա­խօ­սու­թիւն մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ իր ըն­կեր­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ մշա­կու­թա­սէր­ներ։ Ա­տե­նա­խօսն էր Կար­սի Մշա­կոյ­թի եւ գե­ղա­րուես­տի միու­թեան նա­խա­գահ Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ։ Պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թեան զու­գա­հեռ ան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Ա­նի քա­ղա­քի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն մա­սին, նե­րա­ռեալ ստոր­գետ­նեայ ար­ժէք­նե­րը։ Քա­րան­ձաւ­նե­րէն սկսալ մին­չեւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ա­տե­նա­խօ­սը տուաւ ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ՝ «2016 ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ճա­նա­պար­հին Ա­նիի մոռ­ցուած ե­րե­սակ­նե­րը» խո­րագ­րին ներ­քեւ։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ պա­տաս­խա­նեց նաեւ ներ­կա­նե­րու զա­նա­զան հար­ցում­նե­րուն։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016