ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ (Գ.)
ԿՈՄԻՏԱՍ ԵՐԳԻՉԸ
Կոմիտաս Վարդապետ ի ծնէ օժտուած էր գեղեցիկ ձայնով, կ՚երգէր գիտակից ապրումով, խորունկ, ոգեշունչ, եւ խոհական, որովհետեւ շատ լաւ ծանօթ էր երգարուեստի ոգիին եւ գաղտնիքներուն, մեր երգերու ներքին բնոյթին եւ ինքնատիպ ոճին։ Ահա թէ ինք ինչպէ՛ս կը հասկնայ եւ կը բացատրէ երգելու արուեստը. «Երգի մը խօսքերը՝ մտքի իսկ ձայնը՝ զգացումի արտայայտութիւններն են։ Հետեւաբար, կանոնաւոր երգել, սերտ կերպով, քնքոյշ, խաղաղ, ազդու եւ ձայնը առանց սահեցնելու, ձայնը պէտք է վայրկենական թափանցէ մարդուս կուրծքէն ներս եւ այնտեղ հիմնէ զգացումի եւ մտքի վառարան մը»։
Նոյնիսկ եւրոպացին սիրով եւ սքանչացումով կ՚ընդունէր Կոմիտասի երգերը։ Օր մը, Լոնտոնի մէջ, Կոմիտաս կ՚երթայ փոքրիկ պանդոկ մը, ուր դաշնամուրի ընկերակցութեամբ կը սկսի երգել իր զմայլելի մեներգներէն մին։ Ծեր պանդոկապետուհին, Կոմիտասի հոգեզմայլ երգին եւ մեկնաբանութեան ազդեցութեան տակ, կը սկսի արտասուել։ Քիչ ետք կնոջ ամուսինը գալով՝ կը նկատէ այս աննախընթաց երեւոյթը եւ դառնալով Կոմիտասին կ՚ըսէ. «Վարդապետ, այսքան տարի ամուսնացած եմ կնոջս հետ, բայց մինչեւ այսօր լալը երբեք չէի տեսած։ Այս ի՞նչ յուզիչ ու գեղեցիկ երգ ըլլալու է, որ տակնուվրայ ըրած է իմ կնոջս հոգին…»։
Իսկ նշանաւոր հայ թաւջութակահար Տիրան Ալեքսանեան, որ Փարիզի երաժշտանոցի փրոֆեսէօր էր, լսելէ ետք Կոմիտասը, բացագանչած է. «Աշխարհի առաջին երգիչն է այս մարդը։ Նման երգիչ ես կեանքիս մէջ չեմ լսած…»։
Գ) ԿՈՄԻՏԱՍՆ ՈՒ ՀԱՅ ԳԵՂՋՈՒԿ ԵՐԳԸ
Հայ գեղջուկ երգերու հաւաքագրումը Կոմիտասի համար դարձած էր նպատակասլաց աշխատանք մը, որով արժէք մը կորուստէ փրկելու մտահոգութիւն մը չէր միայն, այլ տենդ մը՝ ապացուցանելու հայ երաժշտութեան առանձնայատկութիւններն ու ինքնուրոյնութիւնը։
Արշակ Չօպանեան Կոմիտաս Վարդապետը դրուատելով՝ շատ գեղեցիկ կերպով կ՚ըսէ. «Գալով ժամանակակից հայ երաժշտութեան մը, գոյութիւն ունի ան, բայց աւելի հայերէ յօրինուած երաժըշ-տութիւն մըն է, քան՝ երաժշտութիւն մը ճշմարտապէս ազգային։ Ժողովրդական երգերը արհամարհուած էին մեծ քաղաքներու մէջ բնակող հայոց կողմէ, կը նախընտրէին երգել եւրոպական եղանակներ, իսկ եկեղեցական երաժշտութիւնը, արաբ, թուրք, պարսիկ, եւ բիւզանդական երաժշտութեանց տիրական ազ-դեցութիւններով խաթարուած էր։ Այդ ազդեցութիւնն է, որ քանի մը եւրոպացի քննադատներու ըսել տուած է, թէ «հայ երաժշտութիւն չկայ»։ Կոմիտաս ուսումնասիրեց՝ մէկ կողմէ արաբ, պարսիկ, թուրք, ասորի, բիւզանդական երաժշտութիւնները, եւ միւս կողմէ՝ հայոց ժողովրդական երաժշտութիւնը…։ Գիւղերու մէջ է, որ ազգային բոլոր աւանդութիւնները ամենէն աւելի հարազատօրէն կը պահպանուէին, մտիկ ըրաւ գեղջուկներու երգերը, ձայնագրեց անոնց եղանակները, վերցուց ամէն ինչ որ օտար երաժշտութեանց դրոշմը կը կրէր, ինչ որ կը մնար բացարձակապէս համաձայն էր գեղջական երգին, երաժշտական կերպին հետ»։ Միով բանիւ՝ Կոմիտասի կատարած գործը կ՚անդրանցնի հայ երգը հաւաքելու, մշակելու աշխատանքը, որովհետեւ ան օտարներու համար գոց, անտեսուած հայ երաժշտութիւնը վերածեց բաց եւ անկորնչելի գանձարանի մը։
Ի՞նչ է գեղջուկ երգը, ինչպէ՞ս կը ծնի ան, ո՞վ է անոր հեղինակը։
Ըստ Կոմիտասի հայ գեղջուկ երգին ծնունդ տուողը գիւղացին ինքն է. «Գիւղում ամէնքն էլ լաւ կամ վատ երգել գիտեն, որովհետեւ մասնակից են երգաստեղծութեան կամ երգասացութեան։ Բայց ոչ մէկը գիտէ, թէ ով է կապել խաղը, որովհետեւ խաղ ստեղծել կարելի է ամէն տեղ։ Ոչ մէկը գիտէ, թէ ինչպէ՞ս է յօրինել, որովհետեւ իր երգաստեղծութիւնն ինքնաբեր կարելիութիւն է։ Ոչ մէկը գիտէ, թէ ե՞րբ է հնարել, որովհետեւ իւրաքանչիւր րոպէ հետը բերում է նոր տրամադրութիւն։
«Մէկն առիթ է տալիս, միւսը՝ նիւթ, մէկը միտք է յղանում, միւսը՝ ձեւակերպում է եւ տեղն ու տեղը, վայրկենական տպաւորութեան եւ ազդեցութեան տակ խօսքն ու ձայնը, բանաստեղծութիւնն ու երաժշտութիւնը, իբր երկուորեակ քոյրեր, բխում են անսպառ կերպով ժողովրդի մտքից ու սրտից. բնազդաբար եւ առանց կանխակալ նախապատրաստութիւնն ունենալու, իրաց միջի նուրբ ճաշակի տէր անձն էլ կոկում է բնականաբար, տեղական դրոշմ դնում, եւ գեղջուկի բուն ոգին, վառ գոյներով պայծառացնում։ Արդէն յետոյ իբր կատարեալ պատրաստի երգ իրենք էլ չգիտեն, թէ ո՞վ, կամ ե՞րբ է ստեղծել, ո՞ւր, կամ ի՞նչպէս է ծնունդ առել»։
Կոմիտաս այլ յատկանիշ մը եւս ցոյց կու տայ՝ ըսելով. «Ոչ մի գիւղացի, տանը նստած կալի երգ չի ասի, որովհետեւ կալերգն ստեղծելու տեղն է կալը, ուստի շատ օտարոտի է երեւում, թէ ինչո՛ւ են հետաքրքիր լինում մի երգով, երբ անտեղի եւ անյարմար ժամանակ է։ Իւրաքանչիւր երգ կապուած է գիւղական կեանքի մէկ րոպէի հետ եւ տալիս է միայն, այդ րոպէի հաշիւը»։
Դ) ԿՈՄԻՏԱՍ ԽՄԲԱՎԱՐԸ
Կոմիտասի խմբավարական գործունէութիւնը սկսած է 1883-ին, Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանին մէջ, ուր ուսանողական տարիներուն իսկ երգչախումբ ղեկավարած է։ Սակայն Պերլինէն վերադարձին, 1899-ին, ան շնորհիւ իր բնատուր եւ բացառիկ կարողութեանց, երաժշտական բարձր եւ նուրբ ճաշակին, կատարելագործեց իր խմբավարական հմտութիւնն ու արուեստը եւ դարձաւ կախարդող ուժ մը իր խումբի երգողներուն համար, որոնք իր դէմքի արտայայտութենէն եւ ձեռքերու խօսուն շարժումներէն հմայուած ու ներ-շընչուած՝ բոլոր երգերն ալ կը մեկնաբանէին նրբութեամբ եւ կատարելութեամբ։ Կարճ ժամանակ մը ետք Ճեմարանի գիւղացի պատանիներուն անտաշ եւ անվարժ ձայները կարծես մետաքս թելի փափկութիւն եւ նրբութիւն ստացած ըլլային։
1905-ին, Թիֆլիզի մէջ տեղի կ՚ունենայ Գէորգեան ճեմարանի երգչախումբին մեծ համերգը։ Այս համերգի յաջողութեան առիթով սրահէն դէպի բեմ թերթիկներ եւ այցետոմսեր կը սկսին տեղալ, որոնց մէջ գըր-ւած էին հետեւեալ յատկանշական կարծիքները. «Հիանալի է, սքանչելի, զարմանալի եւ անհաւատալի։ Կախարդ Վարդապե՛տ, դուն պարզապէս հմայեցիր մեզ։ Եթէ մեր Եկեղեցիներուն մէջ այսպէս երգեն, ժամերով պէտք է դուրսը հերթի սպասել՝ ներս մտնելու համար»։
Կոմիտաս Վարդապետը իր խմբավարական հանճարով ո՛չ միայն իր ազգակիցները զմայլեցուցած է, այլ նաեւ Փարիզի, Պերլինի, Լոզանի, Ժընեւի, Վիեննայի, Գահիրէի եւ դեռ բազմաթիւ քաղաքներու երաժիշտներն ու երաժշտասէրները։ Եւ ինչպէ՞ս չցաւիլ ու չափսոսալ, մտածելով, որ նման աննախընթաց եւ փայլուն յաջողութիւններէն ետք, մեր մէջ եղած են թշուառական հոգիով մարդիկ, որոնք առանց ամչնալու եւ խղճահարելու, ժպրհած են գրելու, թէ՝ «Կոմիտաս Վարդապետի գործերէն ախոռի հոտ կու գայ»։
Ե) ԿՈՄԻՏԱՍ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ
Շնորհիւ իր բնատուր կարողութեանց եւ հանրագիտական լայն զարգացումին, Կոմիտաս Վարդապետ եղած է նաեւ հմուտ մանկավարժ մը։ Իր սրտին շատ մօտիկ էր երիտասարդ երաժիշտներ եւ խմբավարներ պատրաստելու գաղափարը։ Ուստի, միշտ երազած էր Պոլսոյ մէջ երաժշտանոց մը հիմնել, ինչ որ դժբախտաբար չյաջողեցաւ։ Տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ կը գրէ Կոմիտաս այս մասին. «Ամբողջ մտահոգութիւնս է հասցնել աշակերտներ, որոնք նուիրուին ազգային երաժշտութեան ուսումնասիրութեան եւ տարածեն հայ երաժշտութեան ոգին, որպէսզի ժողովուրդին մէջ ազգային երաժշտութեան խօսքը ամրանայ եւ անոր ազդեցութեան տակ ժողովուրդը թօթափելով իր թոյլ պատեանը՝ մտնէ վերակենդանացման շաւիղին մէջ։ Ինչքան բաղձալի էր ունենալ երաժշտական առանձին վարժարան, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլար մեծ արդիւնք ձեռք բերել։ Ուսուցիչ պարոննե՛ր եւ քոյրե՛ր, զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան վեհ գործին, որովհետեւ խիստ փափուկ եւ պատասխանատու պաշտօն մըն է ձերը։ Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. եթէ սխալ ուղղութեամբ դաստիարակէք, ամբողջ ազգ մը խորտակած կ՚ըլլաք»։
Եւ վարդապետը որքան կը ցաւէր, երբ շուրջը կը տեսնէր բազմաթիւ շնորհալի եւ ընդունակ հայ պատանիներ, որոնք զուրկ կը մնային երաժշտական կըր-թութենէ, որովհետեւ չկար համապատասխան դպրոց-երաժշտանոց մը։ Անոր երազը 1923-ին իրականացաւ միայն ամբողջ Հայաստանի տարածքին իր անունը կրող երաժշտանոցի, ինչպէս նաեւ երաժշտական ուսումնարաններու եւ երաժշտական եօթնամեայ դըպ-րոցներու խիտ ցանցի մը կառուցման շնորհիւ։ Իր մասին խօսելով, Կոմիտաս Վարդապետ երախտագիտութեամբ հետեւեալ խոստովանութիւնը ըրած է. «Եթէ բախտն ինձ չժպտէր եւ ես Ս. Էջմիածին եւ ապա Պերլին չերթայի, իմ ծննդավայր Քէօթահիոյ մէջ կ՚ըլլայի շատ-շատ կօշկակար մը, որովհետեւ որբիս խնամող Յարութիւն հօրեղբայրս ալ կօշկարար էր, որուն քով իբրեւ աշկերտ կ՚աշխատէի նախքան Էջմիածին երթալս»։
1913-ին, Կոմիտաս Վարդապետ Պոլսոյ մէջ իր շուրջը հաւաքեց 5-6 շնորհալի երիտասարդներ, որոնց աւանդեց երաժշտութեան տեսական դասեր եւ խմբավարութիւն։ Այս սաներն էին՝ Վաղարշակ Սրուանձտեանց, Բարսեղ Կանաչեան, Վարդան Սարգսեան, Արտաշէս Սապունճեան, Հայկ Սէմէրճեան եւ Միհրան Թումայեան։
Զ) ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Պատարագի երաժշտութիւնը մեր մշակոյթի կոթողական ստեղծագործութիւններէն եւ մեր ազգային հարստութեան անփոխարինելի գանձերէն մէկն է։ Դժբախտաբար շատեր կ՚անգիտանան այս հանգամանքը կամ թերեւս չեն գնահատեր, քանի որ մե՛րն է ան եւ յաճախակի կը լսեն զայն։ Կոմիտաս Վրդ. կ՚ըսէ, թէ այս աշխարհի մէջ «անազդեցիկ մնացած ազգ չկայ, ամէն ազգ ինչ որ չունի, պէտք զգացած ժամանակ ունեցողներէն փոխ կ՚առնէ եւ կ՚ազգայնացնէ…։ Կենդանինե՛րը միայն անազդեցիկ են»։
Մեր Շարակնոցին հայկականութիւնը եւ պատարագի իւրայատուկ գեղեցկութիւնն ու վեհութիւնը նկատած են նոյնիսկ օտար մասնագէտներ։ Պելժիոյ գիտական կաճառի անդամներէն Ֆերտինանտ Լուազէն, իր «Քաղաքակրթութեան Ազդեցութիւն Բանաստեղծութեան Վրայ» խորագրով յօդուածին մէջ այսպէ՛ս կը գրէ. «Բանաստեղծութեան ճիւղին մէջ աշխարհի ոչ մէկ գրականութիւն կրնայ հաւասարիլ կամ բաղդատ-ւիլ հայկական բանաստեղծութեան հետ իր յուզական խորհրդաւոր խորութեամբ, կրօնաշունչ ջերմութեամբ, նուրբ եւ անարատ սիրով ու գաղափարի վեհութեամբ։ Եւրոպայի մէջ քրիստոնէական բանաստեղծութիւնը երբեք չէ կարողացած հաւասարիլ հայկական Շարակնոցին»։
Անմահանուն Կոմիտաս Վարդապետը իր պատարագը գրեթէ հասցուցած էր աւարտին, երբ փչեցին Եղեռնի սեւ հովերը ու քայքայեցին հայ կեանքը ամէնուր։ Գործը հասած էր մինչեւ «Սուրբ Սուրբ»ը։ Եղեռնը տարա՛ւ նաեւ Կոմիտասը։ Ապահովաբար կորսուեցան իր ձեռագիրներուն որոշ մէկ մասը։ Բարեբախտաբար, կարգ մը ուրիշ գործերու շարքին փրկուեցաւ նաեւ պատարագը։
Է) ԵՐԳԵՐ
Կոմիտաս Վարդապետ մեր կրօնական երգերը հաւաքած է եւ «զտած»։ Իրմէ մեզի հասած են՝ «Յիշեսցուք»ը, «Սիրտ իմ սասանի»ն, «Ով զարմանալի»ն, «Այսօր ձայնն հայրական»ը, ինչպէս նաեւ ուրիշ տաղեր։ 1933-ին Կոմիտասեան Պատարագը առաջին անգամ տպուեցաւ Փարիզի մէջ։ Եկմալեան Պատարագը լոյս տեսած էր 1896-ին, որուն մասին Կոմիտաս Վարդապետը հրաշալի գրախօսական մը հրապարակած է։
Կոմիտաս նաեւ գրած է մանկական, բնութեան եւ հայրեսնասիրական երգեր. «Կաքաւի երգ», «Ծիրանի ծառ», «Ով մեծասքանչ», «Հի՞մի էլ լռենք եղբա՛րք», «Մայր Արաքսի», «Հայ ապրինք եղբա՛րք», «Հայ մեռնինք եղբա՛րք», «Ես լսեցի մի անուշ ձայն», «Մայրենի լեզու», «Մայրենի բարբառ» եւ այլն։
Մեծ երաժիշտը ստեղծագործած է հերոսական, երգիծական, պանդուխտի եւ սիրոյ երգեր. «Մոկաց միրզէն», «Սիփանայ քաջեր», «Ո՜հ, ինչ քաղցր բան», «Կռունկ», «Քէլէր, ցոլէր», «Քէլէ, քէլէ», «Երկինքը ամպել ա», «Խնկի ծառ», «Էս օր ուրբաթ է», «Ջուր կու գայ վերին սարէն», «Հօյ նազան իմ» եւ բազմաթիւ այլ աշխատութիւններ։ Կարօտի եւ յուզական երգերու մէջ կան «Սարերի վրով գնաց», «Տըլէ եաման», «Ախ մարալ ջան», «Չինար ես հեռանալ մի», «Էս առուն ջուր է գալիղ», «Էրվում եմ», «Էս գիշեր լուսնակ գիշեր», «Գարուն ա, ձուն ա», «Ես սարէն կու գայի» եւ բազում մեներգներ ու խմբերգներ։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Կոմիտաս Վարդապետը իր մեծ հմտութեամբ, բարձր արուեստով եւ գեղարուեստական բազմակողմանի գործունէութեամբ հիմը դրաւ մեր ազգային երաժշտութեան, որով անսահման ծառայութիւն մատուցեց զինք ծնող տաղանդաւոր ժողովուրդին։ Ան դժուար եւ յուսահատական պայմաններու մէջ աշխատեցաւ, տքնեցաւ, փառքի գագաթներ նուաճելով, որովհետեւ, ինչպէս ինք կ՚ըսէ. «Ինձ համար չկայ ուրիշ երկինք, բացի իմ ժողովուրդիս հարազատ հոգիէն»։
Կոմիտաս հայ երգը հաւաքողը, մշակողը չեղաւ սոսկ, այլ այդ երգերուն մէջ դրաւ իր կնիքը, դրոշմը եւ Կոմիտասեան շունչը։ Մ. Մուրատեան խօսելով Կոմիտաս Վարդապետի կատարած ներդաշնակման աշխատանքի մասին՝ կը վկայէ. «Հայ ժողովրդական երգերի ներդաշնակման գործին, նա մօտենում էր բացառիկ լրջութեամբ։ Իւրաքանչիւր երգ նրա համար, ծառայելով որպէս ստեղծագործութեան բնաբան, անցնում է երկարատեւ պրոցես, մինչեւ որ վերածւում էր անկրկնելի գլուխ գործոցի։ Իսկ դրան հասնելու համար, նա փորձում էր բոլոր հնարաւորութիւնները, միեւնոյն երգը մշակում էր ե՛ւ որպէս մեներգ, ե՛ւ որպէս խմբերգ։ Իր ներդաշնակութեամբ աշխատում էր բացայայտել, նրա մէջ թաքնուած գեղեցկութիւնները, ցայտուն դարձնել նրա կերպարային բովանդակութիւնը, մինչեւ վերջ հասկանալ նրա հիմքում ընկած յոյզերն ու ապրումները եւ դրանք վերարտադրել այնպէս, որ իսկոյն համակեն ունկնդիրներին»։
Ամբողջացնելու համար մեր այս ուսումնասիրութիւնը, կը մէջբերեմ Սպ. Մելիքեանի խօսքը. «Ակամայից յիշում եմ Կոմիտասի (եւ իմ) պրոֆեսորի՝ Ռ. Շմիդտի խօսքերը Կոմիտասի մասին, թէ՝ «Նա մի մոլեռանդ արեւելցի էր, պատրաստ ամէն մի նօթայի համար արիւն թափելու»»։
Օգտագործուած աղբիւրներ
- Ազատեան Թ., Կոմիտաս Վրդ., Կ. Պոլիս, 1931։
- Գապասաքալեան Գ.. Գրքոյկ. որ կոչի նուագարակ, 1794։
- Էրզրումեցի Խ.. Համառօտական իմաստասիրութիւն. Վենետիկ, 1711։
- Իյճեան Մ. Ա., Հայ Երաժշտութիւնը, «Պայքար» (Ամսաթերթ), 1960։
- Մելիքեան Ս., Ժամանակակիցները Կոմիտասի մասին, Երեւան, 1960։
- Մուրատեան Մ., Հայկական երաժշտական մշակոյթի պատմութիւն, Բ. հատոր, Երեւան, 1970։
- Յովհաննիսեան Ա․ Հին Հայաստանի երաժշտութիւնը. Երեւան. 1973։
- Չօպանեան Ա., Կոմիտաս եւ հայ գեղջուկ երաժշտութիւնը, «Անահիտ Ամսագիր», 1907, թիւ 1-2։
- «Պատմաբանասիրական հանդէս», 1960, թիւ 1։
- Տայեան Հ. Ղ., Կոմիտաս Վրդ., Ս. Ղազար, 1936։
- Տնտեսեան Ե,. Տեսութիւնք Շարականի երգոց խազերուն. «ժամանակ». 1864. № 45։
(Վերջ)
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ