ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԳԻՐՔԵՐԸ՝ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, մէկ հատորով եւ արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն փոխադրութեամբ լոյս ընծայած է Պոլսոյ Հայոց 83-րդ Պատրիարք, հասարակական եւ հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական ու գրող Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեանի երեք առանձին մենագրութիւնները («Աստուածաշնչական Սուրբեր», «Համաքրիստոնէական Սուրբեր» եւ «Հայազգի Սուրբեր») հետեւեալ ընդհանուր խորագրի ներքոյ՝ «Սուրբեր․ Աստուածաշնչական, համաքրիստոնէական, հայազգի»։

Սկսած 1960-ականներէն եւ գրեթէ մինչեւ իր մահուան թուականը (1990) Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան ընթերցողի սեղանին դրած է զանազան մենագրութիւններ, որոնք կրօնական, մշակութային նիւթերով հարուստ աշխատութիւններ են, եւ քանի մը անգամ վերահրատարակուած են: «Աստուածաշնչական Սուրբեր» մենագրութիւնը լոյս տեսած է 1977 թուականին, «Համաքրիստոնէական Սուրբեր»ը՝ 1978 թուականին եւ «Հայազգի Սուրբեր»ը՝ 1982 թուականին, Իսթանպուլ:

Մայր Աթոռի հրատարակչական բաժնին լոյս ընծայած միացեալ հատորին մէջ ի մի բերուած են համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող հայ եւ օտարազգի սուրբերուն վարքերը, սրբադասման հանգամանքները եւ անոնց հոգեւոր սխրանքները։ Հեղինակին կողմէ զատ ներկայացուած են նաեւ տօնելի սուրբերուն յիշատակութեան օրերը եւ տօնացուցային այլ մանրամասներ, իսկ վերջաւորութեան ներկայացուած է Հայոց եկեղեցւոյ տօնացոյց անցած սուրբերու անուններուն այբբենական կարգով դասաւորուած բառարանը։

Աշխատութիւնը իր բնոյթով գիտահանրամատչելի է, իսկ վերոնշեալ երեք գիրքերուն ողջ նիւթը մէկ հատորին մէջ ամփոփելը զայն կը դարձնէ համաքրիստոնէական սուրբերու մասին համայնագիտարանական նշանակութեան հատոր մը:

Արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն փոխադրութիւնը կատարած է Լիլիթ Յակոբեան:

Առհասարակ, քրիստոնէական եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ուրոյն տեղը ունի սուրբերուն կեանքն ու գործունէութիւնը, եւ վարքագրական գրականութիւնն ալ եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութեան մէկ կարեւորագոյն մասն է:

Շնորհք Պատրիարք օրին, սուրբերու եւ սրբութեան գաղափարին մասին գիրքեր գրելու իր մտադրութիւնը պատճառաբանած է մեր ժամանակներուն այդ գաղափարի անտեսման մտահոգութեամբ՝ նշելով, որ քրիստոնէական կրօնքի ծագումէն ասդին գրեթէ ոչ մէկ ատեն այնքան անտես-ւած է սրբութեան գաղափարը եւ անոր դրօշակիրները, որքան՝ մեր ժամանակներուն մէջ: Պոլսոյ պատրիարքը իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ, որ սրբութեան գաղափարը երբեմն կ՚արհամարհուի ո՛չ միայն եկեղեցիի շրջանակէն դուրս, այլ՝ մինչեւ իսկ երբեմն անոր շրջանակէն ներս:

Բնագիրէն հատուածներ տալով, պատկերացում կ՚ուզենք տալ մօտաւորապէս 50 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ կազմուած եւ հրատարակուած այս հատորներուն մասին, որոնցմով նաեւ վառ պահելով յիշատակը Պոլսոյ հոգելոյս պատրիարքին, որ գահակալելով 29 տարի, բարի գործ եւ անուն ձգած է պոլսահայութեան եւ համայն հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:

Ո՞Վ Է ՍՈՒՐԲԸ

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔԵՊՍ. ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Երբ կը փորձենք գրել սուրբերու մասին, բնականաբար առաջին հարցումը, որ կը ծագի, միտքերու մէջ պիտի ըլայ ի՞նչ ըսել է ՍՈՒՐԲ. ինչո՞ւ կարգ մը մարդեր «Սուրբեր» նկատուած են եւ տարեկան յիշատակութեան արժանացած են: Այնպէս կ՚ենթադրենք, որ շատերու մտքին մէջ կազմուած է արդէն իսկ սուրբի գաղափար մը առաւել կամ նուազ միգամածային կերպով, եւ ինչ ալ ըսուի այդ մասին, դիւրին պիտի չըլլայ փոխել այդ պատկերը, ինչպէս մենք չենք կրնար փոխել անունը եւ պատկերը երկինքի երեսին փակած Ծիր Կաթին կամ Յարդգողի ճանապարհին, մինչեւ որ չանցնինք աստղադիտարանի մը հսկայ խոշորացոյցին առջեւ, որուն մէջէն յանկարծ միգամածային այդ երեւոյթը կը վերածուի բիւրաւոր աստղերու համախմբութեան մը, որուն մաս կը կազմէ կ՚ըսեն գիտնականները, նաեւ մեր արեգակնային դրութիւնը:

Շատերու մտքին մէջ կազմուած է այն գաղափարը, թէ սուրբ ըսուածը տարաշխարհիկ էակ մըն է. շատ-շատ՝ պատմութեան կամ լոկ երկինքի հետ կապ ունեցող անուններ են անոնք: Ոմանց համար սուրբերը իրենց սրբանկարներէն տարբեր չեն. այսինքն՝ մնայուն բեակիչները մեր եկեղեցիներուն, ուրկէ դուրս չեն կրնար գալ, ոչ ալ մենք կը ձգենք, որ դուրս գան, որ մի գուցէ չխանգարեն աշխարհի վրայ տիրող գէշ-աղէկ կարգը կամ չվարակուին անոր մէջ վխտացող մեղքի եւ բարոյական ապականութեան միքրոպներէն: Այս ենթադրական տեսութիւնները բնականօրէն կ՚առաջնորդեն զմեզ հետեւցնելու, թէ ոմանց մտքերուն մէջ ձեւ առած սուրբերը կէս դիցավիպային էակներ են, որոնք կրնան յիշուիլ եւ յարգուիլ, առանց անպատճառ մեզի յարացոյց կամ օրինակ ծառայելու... Նման գաղափարները սակայն ոչ մէկ կապ ունին իրական սուրբերուն հետ, որոնք մեզի պէս միսէ եւ ոսկորէ կազմուած մարդեր եղած են, նոյն տկարութիւններով եւ նոյն առաւելութիւններով օժտուած են, ապրած են մեր այս անկատար ու չարիքներով լեցուն աշխարհի վրայ, ըմպելով անոր մատուցած անուշ եւ դառն բաժակները: Հիմնական տարբերութիւնը ասոնց եւ հասարակ մահկանացուներուն միջեւ այն է, որ ասոնք յաղթական բաժնուած են կեանքէն: Ուրեմն սուրբերը ՅԱՂԹԱԿԱՆ դէմքերն են եկեղեցիին:

Ի՞ՆՉ Է ՍՐԲՈՒԹԻԻՆԸ

Նախքան սուրբերու մասին խօսիլը, ընդհանուր ակնարկ մը նետենք ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ գաղափարին վրայ, զոր իրականացուցեր են անոնք իրենց կեանքին մէջ:

Սրբութեան գաղափարը մեծագոյն տեղը գրաւած է քրիստոնէական կրօնքին մէջ՝ կազմելու աստիճան անոր գերագոյն նպատակը: Քրիստոնէութիւնը գոյութիւն առած է եւ այսօր կայ սուրբեր պատրաստելու համար, սուրբեր արտադրելու համար, մեղաւոր մարդերը սուրբերու վերածելու համար: Սակայն պէտք է ընդունինք, որ սրբութեան գաղափարին ստեղծիչը Քրիստոնէութիւնը չէ եղած: Այդ գաղափարականը գոյութիւն ունեցած է իր ծնունդէն դարեր առաջ Հին ուխտի կամ Հին կտակարանի մէջ, որուն եւս հիմնական նպատակներէն մէկն է բացատրել սրբութեան ինչ ըլլալը եւ մատնանշել սրբութեան ճանապարհը «բազում մասամբք եւ բազում օրինակօք»:

Այնտեղ, արդարեւ, կան սուրբ եւ անսուրբ բազմաթիւ դէմքեր, պատմուած են սուրբ եւ անսուրբ բազմաթիւ պատմուածքներ, մարդոց մտքին մէջ դրոշմելու համար այս հիմնական ըմբռնումը իր դրական ու ժխտական գիծերուն մէջ: Աստուծմէ ներշնչեալ մարդերու կողմէ տրուած են անթիւ պատգամներ՝ մարդիկը անսրբութեան ճանապարհէն դուրս կանչելու եւ սրբութեան ճանապարհին հրաւիրելու համար: Այնպէս որ, այս գաղափարը ոսկեղէն եւ ամուր թելի մը նման կ՚երկարի Հին կտակարանի մէկ ծայրէն միւսը, եւ առանց ընդհատուելու կ՚անցնի Նոր կտակարանին, ուր անիկա աւելի շեշտ, փայլ եւ մարմին կը ստանայ, վերածուելու համար՝ Քրիստոնէական կեանքի նպատակին:

Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ «Սուրբ, Սրբութիւն եւ Սրբել» բառերը գործածուած են աւելի քան 1200 անգամ, այսինքն՝ միջին հաշուով գրեթէ մէկ անգամ Ս. Գրքի ամէն մէկ էջին վրայ: Հին կտակարանի մէջ մասնաւոր գիրք մը կայ անծանօթ՝ շատերուն, սրբութեան գաղափարին պէս, որ գրեթէ ամբողջութեամբ սրբութեան յատկացուած է: Այս գիրքը կը կոչուի ՂԵՒՏԱԿԱՆ, զոր սակայն աւելի յարմարապէս կրնայինք կոչել «Գիրք Սրբութեան»: Այս փոքր մատենիկին մէջ միայն՝ վերոյիշեալ երեք բառերը գործածուած են 135 անգամ, այսինքն՝ այդ բառերուն ընդհանուր գումարին շուրջ 9 էն մէկը, երբ ինքը՝ գիրքը, կը կազմէ ամբողջ Աստուածաշունչի 40 մասէն մէկը: «Սրբեսջիք եւ սուրբ լինիջիք» պատուէրը կը յեղյեղուի շարունակաբար անոր մէջ: «Եղիջիք սուրբք, զի ես սուրբ եմ»,- կը պատգամէ շարունակ Աստուած այդ գրքին մէջ:

ՍՈՒՐԲ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԱՔՈՒՐ

Իր Հնագոյն եւ տառական առումով «սուրբ» ածականը պարզապէս կը նշանակէ «մաքուր»: Ու այդ իմաստը պահած է մինչեւ այսօր, իր բայական ձեւին մէջ: «Սրբել» այսօր ալ կը նշանակէ «մաքրել». աչքը սրբել, դասարանի գրատախտակը սրբել, գետինը սրբել եւ այլն։ Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ «սուրբ» բառը նախքան բարոյական եւ կրօնական պատմուճան հագնիլը, գործածուած է նիւթական իրերու համար՝ նիւթապէս «մաքուր»ի իմաստով: Օրինակ՝ այն ոսկին, որով Աստուած հրամայած էր պատել Իսրայէլի ժողովուրդին ամենէն նուիրական առարկան հանդիսացող Ուխտի Տապանակը, պէտք էր ըլլար «սուրբ ոսկի», ոչ թէ կրօնական իմաստով, այլ՝ մետաղային զտութեան իմաստով, այսինքն՝ պիտի գործածուէր անխառն, զուտ, մաքուր ոսկի, այսօրուան բացատրութեամբ՝ 24 քարաթ ոսկի: Նոյնպէս Յայտնութեան գրքին մէջ երբ. «երկինքէն իջած սուրբ Երուսաղէմը» կը նկարագրուի, կ՚ըսուի, որ քաղաքը կը պսպղար «սուրբ ապակիի նման» (Յայտ. ԻԱ 18): Այստեղ ապակին «սուրբ» կը կոչուի պարզապէս բացատրելու համար անոր բիւրեղային մաքրութիւնը, զտութիւնը:

Նոյնն է պարագան «սրբել կամ սրբիլ» բայերուն համար, որոնք նախքան բարոյական եւ հոգեւոր մաքրագործումի իմաստ ստանալը՝ կը գործածուին ֆիզիքապէս մաքրուելու առումով: Օրինակ՝ Յակոբ Նահապետ, երբ կը պատրաստուի զոհի սեղան մը կառուցանել Բեթելի մէջ, կ՚ըսէ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն. «Վերցուցէք ձեր մէջէն օտար աստուածները եւ ՄԱՔՐՈՒԵՑԷՔ (գրաբար «սրբեցարուք») ու փոխեցէք ձեր լաթերը». (Ծն. ԼԵ 2): Երբ Աստուած «անձամբ» պիտի խօսի Իսրայէլի ժողովուրդին, կը պատուիրէ Մովսէսին. «Գնա ժողովուրդին եւ ՍՐԲէ զանոնք, եւ թող լուան իրենց լաթերը» (Ել. ԺԹ 10):

ՍՈՒՐԲ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՆԱԵԻ ԶԱՏՈՒԱԾ

Մաքրութեան սկզբնական այս հասկացողութեան կը զուգորդուի իմաստի ուրիշ եւ կարեւոր երանգ մը, որ աւելի հիմնական եւ տիրական կը դառնայ տակաւ առ տակաւ սրբութեան գաղափարին մէջ: «Սուրբ» կը կոչուի նաեւ ոեւէ իր, առարկայ եւ անձ, որ կը ԶԱՏՈՒԻ իր տեսակին մէջէն եւ կը յատկացուի նուիրական նպատակի մը, եւ իբրեւ այդ՝ կը ստանայ յատուկ օրհնութիւն: Ըստ այսմ Արարիչն Աստուած իր ստեղծագործութեան աւարտումէն յետոյ՝ եօթներորդ օրը «կը հանգստանայ» իր գործերէն, ուստի՝ «Օրհնեց Աստուած եօթներորդ օրը եւ ՍՐԲԵՑ զայն» (Ծն. Բ 3):

Այս պարագային շաբաթ օրը «սուրբ յայտարարուեցաւ, որովհետեւ զատուեցաւ եօթնեակի միւս օրերէն ու նուիրուեցաւ հանգստեան ու յատուկ պաշտամունքի սրբազան նպատակին՝ ստանալով իր օրհնութիւնը ուղղակի Աստուծմէ»:

ՍՈՒՐԲ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻԻՆԸ ԶԳԱՑՆՈՂ ԱՄԷՆ ԻՆՉ

Սրբութեան գաղափարին մէջ մտաւ երրորդ երանգ մը եւս, երբ «սուրբ» կոչուեցան յատկապէս այն վայրերը, որոնց մէջ Աստուծոյ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻԻՆԸ զգալի կամ իմանալի կերպով յայտնուած է: Օրինակ՝ երբ Մովսէս կը մօտենայ Անկէզ Մորենիին, ձայն մը կու գայ Մորենիին մէջէն. «Մովսէ՛ս, հանէ՛ կօշիկներդ, որովհետեւ այն հողը, որուն վրայ կեցեր ես, «ԵՐԿԻՐ ՍՈՒՐԲ է» (Ել. Գ 5): Այս իսկ պատճառով «սուրբ» կոչուեցաւ Սինա լեռը, որուն վրայ Աստուծոյ զգալի ներկայութիւնը տեսնուած էր, եւ որմէ Աստուծոյ խօսքը լսուած էր: Ինչպէս նաեւ «սուրբ» կոչուեցաւ Իսրայէլի ժողովուրդի ամենէն նուիրական կրօնական առարկան՝ Ուխտի Տապանակը, ուրկէ Աստուած իր պատգամները կու տար Մովսէսին, եւ որուն մէջ գրուած էին Տասնաբանեայ պատուիրաններու քարեղէն տախտակները եւ ուրիշ նուիրականութիւններ: «Սուրբ» կոչուեցան նաեւ Վկայութեան Խորանը եւ Սողոմոնի Տաճարը, որոնց վրայ տեսնուած էր Աստուծոյ ներկայութիւնը ամպի ձեւին տակ եւ լսուած՝ Անոր Ձայնը: Ապա «սուրբ» կոչուեցաւ նաեւ Երուսաղէմը՝ Աստուծոյ գերազանց բնակարանը իր մէջ պարունակած ըլլալուն համար: Ու վերջապէս ամբողջ Աւետեաց Երկիրը՝ Հրէաստանը, ուր Աստուած բազմիցս երեւցած ու խօսած էր, եւ ուր ի վերջոյ մարմնաւոր կերպով երեւցած էր Աստուծոյ Որդին եւ գործած ու քարոզած էր անոր մէջ:

Տակաւ առ տակաւ, սրբութեան այս ըմբռնումը անշունչ իրերէն անցաւ ու առաւելաբար սկսաւ գործածուիլ շնչաւոր եւ բանաւոր էակներուն համար: Ըստ այսմ ժողովուրդ մը սկսաւ «սուրբ» կոչուիլ, որովհետեւ ճշմարիտ Աստուծոյ ճանաչումին գաղափարակիրը դարձաւ:

Օրհնուեցան յատկապէս անոր երեք նախահայրերը՝ Աբրահամ, Իսահակ ու Յակոբ, որոնցմէ փոքր ազգ մը կազմաւորուեցաւ եւ ջոկուեցաւ բոլոր միւս ազգերէն՝ Աստուծոյ պատգամներուն ընդունարանը դառնալու, ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ եւ ՄԵՍԻԱՅԻ գաղափարին տապանակիրը հանդիսանալու համար: Աստուած ըսաւ, խօսքը այս ժողովուրդին ուղղելով Սինա լերան ստորոտը, ասոնց եւ Աստուծոյ միջեւ Ուխտ մը կնքուելու ատեն.

«Եւ արդ, եթէ իրաւամբ ձայնիս հնազանդիք եւ իմ ուխտս պահէք.

Դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ մը պիտի ըլլաք՝ բոլոր միւս ազգերէն ԶԱՏՈՒԵԼՈՎ.

Դուք պիտի ըլլաք իմ թագաւորութիւնս, սուրբ ազգ մը». (Ել. ԺԹ 5, 6):

Այլուր ըսած է Աստուած՝ դարձեալ իր խօսքը այս ժողովուրդին ուղղելով. «Սուրբ մարդեր պիտի ըլլաք ինծի համար» (ԵԼ. ԻԲ 31): Այս ժողովուրդին տրուեցաւ բազմաթիւ առողջապահական, ծիսական, բարոյական ու ընկերային օրէնքներ, որոնց նպատակն էր վերածել զանոնք ֆիզիքապէս ու բարոյապէս մաքուր, այսինքն՝ «սուրբ» ժողովուրդի մը:

Ուրեմն, համադրելով մինչեւ հիմա ըսուածները այս մասին. սուրբ է՝ ինչ որ ՄԱՔՈՒՐ է, այսինքն՝ որուն մէջ իր բնութեան հակառակ կամ օտար տարր չկայ: Սուրբ է այն, ինչ որ ԶԱՏՈՒԱԾ է իր տեսակներուն մէջէն եւ ԸՆԾԱՅՈՒԱԾ՝ աստուածային նպատակի մը, որուն համար ՕՐՀՆՈՒԹԻԻՆ ՍՏԱՑԱԾ է ուղղակի Աստուծմէ կամ իր պաշտօնեաներէն՝ յանուն Աստուծոյ: Ու վերջապէս սուրբ է ամէն ինչ, որ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ զգալի նշաններն ունի իր մէջ:

Սուրբին հակառակն է բնականաբար՝ «անսուրբ»: Սակայն Աստուածաշունչի մէջ աւելի յաճախ գործածուած եզրն է «Պիղծ», որ եւրոպական լեզուներու մէջ ծանօթ է «բրօֆան» բառով: Օրինակ՝ ուտելի կամ Աստուծոյ ընծայելի կենդանիները կը կոչուին «սուրբ անասուններ», իսկ անուտելի եւ Աստուծոյ անզոհելի կենդանիները՝ «անսուրբ անասուններ»: Եթէ Իսրայէլը «սուրբ» կը կոչուի, անոր դիմաց հեթանոսները՝ «պիղծ» կ՚անուանուին: Մինչեւ իսկ այն հացը որ Աստուծոյ չէ նուիրուած եւ սովորական ուտելի հաց է, կը կոչուի «պիղծ», յարաբերաբար Աստուծոյ ընծայուած հացին: Օրինակ՝ Դաւիթ իր փախստական շրջանին կը հանդիպի Աքիմելէք քահանայապետին եւ անկէ հաց կ՚ուզէ. քահանայապետը կը պատասխանէ՝ «Ձեռքիս տակ «պիղծ» հաց չունիմ, այլ՝ սուրբ հաց». Այսինքն՝ «առաջաւորութեան հաց» կոչուածը, որ Աստուծոյ ընծայուած հացն էր (Ա Թագ. ԻԱ 4): Աստուծոյ հրեշտակները առ հասարակ «սուրբ» կը կոչուին, իսկ դեւերը՝ «պիղծ»: Քահանաները կարգ մը բացառիկ օրէնքներ պիտի գործադրէին, որպէսզի «սուրբ»ին եւ «պիղծ»ին միջեւ տարբերութիւն դնել սորվէին (Ղեւ. Ժ 10):

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022