ՆՈՊԷԼԻ ՀԻՆԳ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. «ՈԳԵՇՆՉՈՒԷ՛ ԵՒ ՍՏԵՂԾԷ՛»

Այս օ­րե­րուն, երբ ողջ հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը ուղ­ղուած է դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ, ուր կե­նաց մա­հու կռիւ կը տա­րուի, Հա­յաս­տան ժա­մա­նած են մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր մար­դոց­մէ հինգ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր­ներ: Ե­րե­ւա­նի «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նը կազ­մա­կեր­պած է «Նո­պէ­լեան օ­րեր Ե­րե­ւա­նի մէ­ջ» գի­տա­կան ձեռ­նար­կը, ո­ր մեր երկ­րի մէջ եր­բե­ւէ կազ­մա­կեր­պուած ա­մե­նէն նշա­նա­կա­լի գի­տա­կան մի­ջո­ցա­ռումն է: Չորս օր շա­րու­նակ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան հան­րա­յին դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, հան­դի­պում­ներ, քննար­կում­ներ՝ մեր դա­րաշր­ջա­նի հինգ նշա­նա­ւոր ան­ձե­րու հետ: Վա­ղը՝ 15 Ապ­րի­լին «Նո­պէ­լեան օ­րեր Ե­րե­ւա­նի մէ­ջ» ձեռ­նար­կը կը հաս­նի իր ա­ւար­տին: «Ո­գեշն­չուէ՛ եւ ստեղ­ծէ՛» խո­րագ­րով ե­զա­կի ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նէր ներ­կա­յաց­նե­լու փաս­տեր այն­պի­սի գի­տա­կան նուա­ճում­նե­րու մա­սին, ո­րոնք ար­ժա­նա­ցած են Նո­պէ­լեան ժա­ռան­գու­թեան:

Մի­ջո­ցա­ռու­մը ա­ռա­ջին հնա­րա­ւո­րու­թիւնն էր մեր տա­րա­ծքաշր­ջա­նի փոր­ձա­ռու եւ ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ ու­սա­նող­նե­րու հա­մար կեն­դա­նի շփում ու­նե­նա­լու գի­տու­թեան աս­պա­րէ­զէն ներս ա­մե­նէն բարձր պար­գե­ւի ար­ժա­նա­ցած ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հետ:

Չորս օր շա­րու­նակ Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­տա­կան երկ­խօ­սու­թեան սե­ղա­նի առ­ջեւ նստան դա­րուն գիտ­նա­կան­ներն ու հայ մաս­նա­գէտ­նե­րը, ու­սում­նա­սի­րող­ներն ու դէ­պի գի­տու­թիւն հա­կուած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը: Ա­նոնց այ­ցե­լու­թիւնն ու հան­դի­պում­նե­րը լու­սա­բա­նուե­ցան մա­մու­լով՝ այս­պէ­սով, ան­գամ մը եւս աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րե­լով Հա­յաս­տա­նի վրայ: Աշ­խար­հի գի­տա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մա­նա­ւանդ, անց­նող օ­րե­րուն իր հա­յեաց­քը ուղ­ղեց դէ­պի Հա­յաս­տան:

Աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն գիտ­նա­կան­նե­րէն հին­գը մեր եր­կիրն ընտ­րած են՝ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ եր­կա­րա­տեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու, ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու եւ այլ կա­պե­րու ար­դիւն­քին:

«Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու գծով փոխ-­նա­խա­գահ, Փրոֆ. Քոնս­տան­դին Են­կո­յեա­ն տասն­մէկ տա­րի ա­ռաջ բախտն ու­նե­ցած է վե­րա­պատ­րաս­տուե­լու հրեայ գիտ­նա­կան Աա­րոն Չե­խա­նո­վէ­րի խում­բին մէջ: Չե­խա­նո­վէր այդ ժա­մա­նակ ար­դէն Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր էր, իսկ Քոնս­տան­դին Են­կո­յեան այդ ժա­մա­նակ նոր ա­ւար­տած էր Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նը եւ Չե­խա­նո­վէ­րի գի­տա­կան խում­բին մէջ ընդգր­կուե­լէ ետք մտեր­մա­ցած է ա­նոր հետ: 2010 թուա­կա­նին, Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րան: Ան­հա­տա­կա­նա­ցուած բուժ­ման աս­պա­րէ­զի մէջ կա­տա­րած ա­նոր աշ­խա­տան­քը հե­տաքրք­րած է Հա­յաս­տա­նի բժիշկ­նե­րը, այ­նու­հե­տեւ աշ­խոյժ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տուած է Չե­խա­նո­վէ­րին հետ, ո­րու ջան­քե­րուն շնոր­հիւ ալ Հա­յաս­տան ժա­մա­նած են չորս գիտ­նա­կան-մրցա­նա­կա­կիր­ներ եւս՝ Իս­րա­յէ­լէն, Աւստ­րա­լիա­յէն եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն։ Հինգ գիտ­նա­կան, ո­րոնց յայտ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նը եւ առ­հա­սա­րակ, տիե­զեր­քը դար­ձու­ցած են ա՛լ ա­ւե­լի ըմբռ­նե­լի:

Հա­յաս­տան ժա­մա­նած գիտ­նա­կան­ներն են՝ Աա­րոն Չե­խա­նո­վէ­ր, Ա­տա Եո­նա­թ, Տէն Շեխթ­մա­ն՝ Իս­րա­յէ­լէն, Ճոն Ռո­պին Ո­ւո­րէն՝ Աւստ­րա­լիա­յէն եւ Էյ-Ի­չի Նե­կի­շի՝ Ճա­բո­նէն: Գիտ­նա­կանն­ե­րը անց­նող օ­րե­րուն կեն­սա­տար­րա­բա­նու­թեան (Biochemistry), բնա­գի­տու­թեան (Physics) եւ բժշկա­գի­տու­թեան թե­մա­նե­րով ու­նե­ցան բաց դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ եւ ի­րենց մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս մաս­նակ­ցե­ցան հա­սա­րա­կա­կան թե­մա­նե­րով քննար­կում­նե­րու: Ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին նաեւ Հա­յաս­տա­նի տե­սար­ժան վայ­րեր, հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան Էջ­միած­նի, Դի­լի­ջա­նի մէջ:

Աա­րոն Չե­խա­նո­վէ­ր ծ­նած է 1947 թուա­կա­նին՝ Հայ­ֆա քա­ղա­քի մէջ՝ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մէն մէկ տա­րի ա­ռաջ: Իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը հրեա­ներ են, ո­րոնք ներ­գաղ­թած են Լե­հաս­տա­նէն՝ մին­չեւ Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին սկսի­լը: Տար­րա­բա­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ Նո­պէ­լեան մրցա­նակ ստա­ցած է 2004 թուա­կա­նին՝ բնու­թագ­րած ըլ­լա­լուն հա­մար տար­րա­բա­նա­կան այն մե­թո­տը, ո­ր բ­ջիջ­նե­րը կը գոր­ծա­ծեն սպի­տա­կու­ցի վե­րամ­շակ­ման եւ քայ­քայ­ման հա­մար՝ մէկ այլ կար­գա­ւո­րիչ սպի­տա­կու­ցի մի­ջո­ցաւ:

Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր Իս­րա­յէ­լի Գի­տու­թիւն­նե­րու ա­կա­դե­միոյ, Վա­տի­կա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան ա­կա­դե­միոյ ան­դամ է, ինչ­պէս  նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ թղթա­կից ան­դամ: Իսկ այժմ ան Իս­րա­յէ­լի Թեք­նիո­նի հա­մալ­սա­րա­նի «Ռութ եւ Պրուս Ռա­փփա­փորթ» բաժ­նի մէջ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու վաս­տա­կա­ւոր դա­սա­խօս է:

Որ­պէս Իս­րա­յէ­լի ա­ռա­ջին գի­տա­կան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր, Ա­ա­րոն Չե­խա­նո­վէ­ր մեծ դեր կը խա­ղայ Իս­րա­յէ­լի գի­տու­թեան եւ առ­հա­սա­րակ, Իս­րա­յէ­լի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան մէջ:

Գիտ­նա­կան Ա­տա Եո­նաթ ծնած է 1939 թուա­կա­նին՝ Ե­րու­սա­ղէմ:

Տար­րա­բա­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ Նո­պէ­լեան մրցա­նակ ստա­ցած է 2009 թուա­կա­նին, յայտ­նա­գոր­ծու­թիւն մը կա­տա­րե­լով բիւ­րե­ղա­գի­տու­թեան մէջ: Ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան աս­պա­րէ­զը բիւ­րե­ղա­գի­տու­թիւնն է եւ այդ ո­լոր­տէն ներս հիմ­նա­դիր է գի­տու­թեան նոր ճիւ­ղի մը:

1970 թուա­կա­նին ան Իս­րա­յէ­լի մէջ հիմ­նած է ա­ռա­ջին փրո­թէի­նով բիւ­րե­ղա­գի­տու­թեան տար­րա­լու­ծա­րա­նը: Աշ­խա­տած է եւ­րո­պա­կան եւ ա­մե­րի­կեան կարգ մը հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ:

Մար­դիկ կ՚ու­զեն մշտա­պէս ե­րի­տա­սարդ մնալ եւ ա­ւե­լի եր­կար ապ­րիլ: Վեր­ջին մէկ դա­րուն գի­տու­թեան մի­ջո­ցով հնա­րա­ւոր դար­ձած է ա­ւե­լի եր­կա­րաց­նել մարդ­կա­յին կե­ան­քը: Այս մա­սին «Նո­պէ­լեան օ­րեր Եր­ե­ւա­նի մէջ» մի­ջո­ցառ­ման ըն­թաց­քին նշեց Չե­խա­նո­վէր, որ հան­դէս ե­կաւ «Ան­հա­տա­կա­նա­ցուած բժշկու­թեան յե­ղա­փո­խու­թիւն. արդ­եօք բու­ժե­լո՞ւ ենք բո­լոր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը եւ ի՞նչ գնով» դա­սա­խօ­սու­թեամբ:

«Իս­րա­յէ­լը Հա­յաս­տա­նի նման փոքր եր­կիր մըն է. մենք 8 մի­լիոն բնա­կիչ ու­նինք, դուք՝ 3, մենք ու­նինք նմա­նու­թիւն­ներ: Եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ կան քա­ղա­քա­կան խնդիր­ներ, բայց յոյս ու­նիմ, որ այս շա­բաթ գի­տու­թիւ­նը կ՚օգ­նէ յաղ­թա­հա­րել մեզ քա­ղա­քա­կան պատ­նէշ­նե­րը», այս­պէս սկսաւ Ա­ա­րոն Չե­խա­նո­վէ­ր իր դա­սա­խօ­սու­թեան:

Ան անդ­րա­դար­ձաւ, թէ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ինչ­պէս յա­ջո­ղուած է ե­ր­կարաց­նել մարդ­կա­յին կեան­քը։

«Բո­լո­րը գի­տեն, որ մենք կ՚ու­զենք միշտ ե­րի­տա­սարդ մնալ եւ ապ­րիլ եր­կար: Պատ­մա­կան տե­սա­կե­տէ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ մար­դիկ մի­ջի­նը յի­սուն տա­րի կ՚ապ­րէին: Այ­սօր մար­դիկ ա­ւե­լի եր­կար կ՚ապ­րին՝ մի­ջի­նը ութ­սուն­հինգ տա­րի: Մենք եր­կա­րաց­ու­ցած ենք մեր կեան­քի տե­ւո­ղու­թիւ­նը ե­րե­սուն­հինգ տա­րիով: Հին յոյ­նե­րը մի­ջին հա­շուով կ՚ապ­րէին ե­րե­սուն տա­րի: Մե­զի հա­մար տե­ւեց չորս հա­զար տա­րի՝ կեան­քը եր­կա­րաց­նե­լու հա­մար», նշեց ան։

Ա­ա­րոն Չե­խա­նո­վէ­ր կեան­քի եր­կա­րաց­ման մէջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը կը կա­պէ գի­տու­թեան եւ փոր­ձա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման հետ:

«Գի­տու­թիւ­նը կը բա­րե­լա­ւէ մարդ­կա­յին կեան­քը: Բայց կեան­քի եր­կա­րա­ցու­մը սուղ ար­ժեց», ընդգ­ծեց ան:

Նո­պէլ­եան մրցա­նա­կի դափ­նե­կի­րը վեր­յի­շեց, որ ժա­մա­նա­կին մար­դիկ կը մա­հա­նա­յին սո­վո­րա­կան հի­ւան­դու­թիւն­նե­րով: Ան կար­ե­ւո­րեց այն փաս­տը, որ այժմ գո­յու­թիւն ու­նին դե­ղեր, ո­րոնք շատ կար­ե­ւոր են մար­դու հա­մար:

Դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին գիտ­նա­կա­նը խօ­սե­ցաւ նաեւ պա­տա­հա­բար յայտ­նա­բեր­ուած դե­ղօ­րայ­քի մա­սին՝ յա­ւե­լե­լով, որ ներ­կա­յիս ան­թի­պիո­թի­քը կրնայ փրկել մարդ­ի­կը:

Չե­խա­նո­վէր խօ­սե­ցաւ նաեւ այն մա­սին, որ գի­տու­թիւ­նը շատ յա­ճախ կ՚օգ­տա­գործ­ուի մարդ սպա­ննե­լու հա­մար:

Այն հար­ցին, թէ ար­դեօք բժշկու­թեան վերջ­նա­կէ­տը մար­դը ան­մահ դարձ­նե՞լն է, ան նշեց. «Ես չեմ հա­ւա­տար այդ մէ­կուն: Բո­լո­րը կ՚ու­զեն ան­մահ ըլ­լալ, մար­դիկ դրամ կը ծախ­սեն ի­րենց մար­մին­նե­րը սա­ռեց­նե­լով: Չեմ կար­ծեր, որ մե­քե­նան կրնայ այդ մէ­կը ի­րա­կա­նաց­նել: Ե­թէ ես իմ ու­ղե­ղը փո­խեմ, ես այ­լեւս ես չեմ, ու­րիշ մարդ մըն եմ: Բայց մենք կրնանք եր­կա­րաց­նել կեան­քը. այ­սօր ծնած­նե­րը կրնան ա­ւե­լի եր­կար ապ­րիլ»։

Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր յայ­տա­րա­րած է նաեւ, որ գի­տու­թիւ­նը խա­ղա­ղու­թեան լե­զու է, որ պէտք է օգ­նէ յաղ­թա­հա­րե­լու բո­լոր սահ­ման­ներն ու ա­տե­լու­թիւ­նը: «Ես երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով կ՚այ­ցե­լեմ ձեր գե­ղե­ցիկ, հրա­շա­լի եր­կի­րը: Գի­տու­թիւնն ու ա­րուես­տա­գի­տու­թիւ­նը խա­ղա­ղու­թեան լե­զուն են, մինչ­դեռ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ցա­ւօք, մարդ­կու­թիւ­նը կրնայ յան­գեց­նել ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան: Գի­տու­թիւնն ու ա­րուես­տա­գի­տու­թիւ­նը կը նպաս­տեն մար­դոց կեան­քի ո­րա­կի բա­րե­լաւ­ման՝ ըլ­լայ ա­տի­կա ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, եր­թե­ւե­կու­թեան, թէ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ: Մենք պէտք է կի­րա­ռենք գի­տու­թիւ­նը՝ վերց­նե­լու մար­դոց մի­ջեւ առ­կայ սահ­ման­նե­րը, որ­պէս­զի յաղ­թա­հա­րենք ա­տե­լու­թիւ­նը», ը­սած է ան: Ըստ իս­րա­յէլ­ցի գիտ­նա­կա­նին՝ Հա­յաս­տանն ու Իս­րա­յէ­լը բա­զում նմա­նու­թիւն­ներ ու­նին, եւ այդ հան­գա­ման­քը եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մեծ հե­ռան­կար կը բա­նայ: «Մենք կը պայ­քա­րինք մեր գո­յու­թեան հա­մար: Դուք նոյն­պէս: Մենք հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու մեծ դաշտ ու­նինք, բայց այս­տեղ դեր կը խա­ղան նաեւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րը: Ես իս­կա­պէս յոյ­սով եմ, որ մենք կը կա­րե­նանք մշա­կել այն­պի­սի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, որ թոյլ կու տայ բա­րե­լա­ւե­լու մար­դոց կեան­քը: Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տար­բեր եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ կա­րե­ւոր է, սա­կայն ա­նի­կա ա­ւե­լի քան կա­րե­ւոր է Հա­յաս­տա­նի եւ Իս­րա­յէ­լի հա­մար», ը­սած է Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր:

Գիտ­նա­կա­նը իր խօս­քի վեր­ջա­ւո­րու­թեան ը­սաւ, թէ այժմ անհ­րա­ժեշտ է լու­ծել հար­ցը այն հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց բուժ­ման հա­մար մի­ջոց­ներ չեն մշակ­ուած:

Ա­տա Եո­նաթ ա­ռա­ջին կին Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիրն է Իս­րա­յէ­լի մէջ եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ միակ կի­նը, որ վեր­ջին քա­ռա­սուն­հինգ տար­ուան ըն­թաց­քին ար­ժա­նա­ցած է այդ բարձր պար­գե­ւին՝ տար­րա­բա­նու­թեան մէջ: Եո­նա­թ այժմ Իս­րա­յէ­լի մէջ գի­տա­կան-ու­սում­նա­սի­րա­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէն է:

Ան ու­նի մէկ դուստր՝ Հա­կիթ Եո­նա­թը, որ Շե­պա­յի բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ բժիշկ է:

Իս­րա­յէ­լէն Հա­յաս­տան ժա­մա­նած միւս գիտ­նա­կա­նը Տէն Շեխթ­մանն է:

Ծնած է 1941 թուա­կա­նին՝ Թել Ա­ւիւ: Տար­րա­բա­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ Նո­պէ­լեան մրցա­նակ ստա­ցած է 2011 թուա­կա­նին՝ դառ­նա­լով տար­րա­բա­նու­թեան մէջ իս­րա­յէլ­ցի վեց Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր­նե­րէն մէ­կը:

Ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան բնա­գա­ւա­ռը նոյն­պէս բիւ­րե­ղա­գի­տու­թիւնն է, նշա­նա­ւոր է իբ­րեւ կի­սա­բիւ­րեղ­նե­րու յայտ­նա­գործ­ման ա­ռա­ջա­մար­տիկ:

1998 թուա­կա­նին ստա­ցած է Իս­րա­յէ­լի մրցա­նակ, 1999 թուա­կա­նին՝ Ո­ւոլ­ֆի մրցա­նակ՝ բնա­գի­տու­թեան մէջ, 2000 թուա­կա­նին՝ Կրե­կո­րի Ա­մի­նոֆ մրցա­նակ:

Ան այժմ Թեք­նիո­նի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս է:

Գի­տա­կան խոր­հուր­դի ղե­կա­վարն ու ան­դամն է կարգ մը նշա­նա­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րու:

Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր Ճոն Ռո­պին Ո­ւո­րէն ծնած է 1937 թուա­կա­նին՝ Ա­տե­լայտ, Աւստ­րա­լիա։ Նո­պէ­լեան մրցա­նակ ստա­ցած է ստա­մոք­սի խո­ցա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջաց­ման ո­լոր­տին մէջ բա­ցա­յայ­տում մը ը­րած ըլ­լա­լուն հա­մար՝ 2005 թուա­կա­նին, իր գոր­ծըն­կե­րոջ, Պեր­րի Մար­շա­լի հետ:

Ազ­գու­թեամբ աւստ­րա­լա­ցի գիտ­նա­կա­նը կը գոր­ծէ թէ՛ բժշկու­թեան եւ թէ կից այլ աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ: Ան բժշկա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու ախ­տա­բա­նու­թեան (փա­թո­լո­ժի) աս­տի­ճան ստա­ցած է Ա­տե­լայ­տի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ՝ մինչ այդ ա­ւար­տե­լով Սուրբ Պետ­րո­սի գո­լէ­ճը: Ա­նի­կա տեղ­ւոյն «Ռո­յըլ Փերթ» հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս իբ­րեւ ախ­տա­բան գոր­ծու­նէու­թիւն տա­րած է եր­կար տա­րի­ներ։ Իբ­րեւ բժիշկ վե­րա­պատ­րաս­տուած է Ա­տե­լայ­տի թա­գա­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, որ­մէ ետք՝ Բժշկա­կան եւ ա­նաս­նա­բու­ժա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կին մէջ, ուր ան ա­րիւ­նա­բա­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ կ՚աշ­խա­տէր եւ ուր­կէ ալ յա­ռա­ջա­ցած է ա­նոր հե­տաքրք­րու­ա­ծու­թիւ­նը՝ ախ­տա­բա­նու­թեան հան­դէպ:

1967 թուա­կա­նին Ո­ւո­րէն գլխա­ւոր ախ­տա­բան ընտ­րուած է «Ռո­յըլ Փերթ» թա­գա­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին, ուր ալ ան­ցու­ցած է իր գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան մա­սը:

2006 թուա­կա­նին նկա­րա­հա­նուած է աւստ­րա­լիա­կան վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը ՝ Ո­ւո­րէ­նի ու Մար­շա­լի՝ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ճա­նա­պար­հի վե­րա­բե­րեալ, ո­ր կը կո­չուի «The Winner's Guide to the Nobel Prize»։

Անց­նող օ­րե­րուն հայ գի­տա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ա­ռիթն ու­նե­ցաւ ա­ռըն­չուե­լու նաեւ ճա­բոն­ցի գիտ­նա­կան Էյ-Ի­չի Նե­կի­շիին, որ ծնած է 1935 թուա­կա­նին: Եր­կու գիտ­նա­կա­նի հետ հա­մա­տեղ Նո­պէ­լեան մրցա­նակ ստա­ցած է տար­րա­բա­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ՝ 2010 թուա­կա­նին:

Էյ-ի­չի Նե­կի­շի ծա­նօթ է որ­պէս իր ա­նու­նը կրող միա­ցու­թեան տա­րա­տե­սա­կի հե­ղի­նակ: Ճա­բոն­ցի գիտ­նա­կա­նը ծնած է Չի­նաս­տան, իսկ ա­նոր ման­կու­թիւ­նը ան­ցած է Քո­րէա­յի Սէուլ քա­ղա­քին մէջ: Իր գի­տա­կան հիմ­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը տա­րած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փուր­տիւ­յի հա­մալ­սա­րա­նէն ներս: 1958 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է Թո­քիո­յի հա­մալ­սա­րա­նը, որ­մէ ետք ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ուր ալ, 1963 թուա­կա­նին Փեն­սիլ­վա­նիո­յ հա­մալ­սա­րա­նէն ներս տար­րա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոք­թո­րի կո­չում ստա­ցած է:

1966 թուա­կա­նին Նե­կի­շի դար­ձած է Փուր­տիւ­յի հա­մալ­սա­րա­նի հե­տա­զօ­տող, իսկ 1968 թուա­կա­նին՝ փրո­ֆէ­սէօ­րի օգ­նա­կան՝ աշ­խա­տե­լով Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր Հեր­պերթ Պրաու­նի հետ: Ո­րոշ ժա­մա­նա­կա­հա­տուած Սի­րա­քու­զա­յի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ աշ­խա­տե­լէ յե­տոյ ան վե­րա­դար­ձած է Փուր­տիւ­յի հա­մալ­սա­րան:

«Ո­գեշն­չուէ՛ եւ ստեղ­ծէ՛» խո­րագ­րով գի­տա­կան մի­ջո­ցա­ռու­մը նոր լիցք հա­ղոր­դած է հա­յաս­տա­նեան գի­տա­կան դաշ­տին: Բազ­մա­թիւ ու­սա­նող­ներ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած են նշա­նա­ւոր գիտ­նա­կան­նե­րու հետ հան­դի­պում­նե­րուն, ներ­կայ ե­ղած են ա­նոնց դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րուն՝ այն ե­րա­զով, որ յա­ջո­ղու­թիւ­նը օր մը կրնայ նաեւ ժպտիլ ի­րենց եւ ի­րենք նոյն­պէս կը նուա­ճեն գի­տու­թեան ա­մե­նէն բարձր գա­գաթ­նե­րը:

Վա­ղը՝ 15 Ապ­րի­լին այս մի­ջո­ցառ­ման մաս­նա­կից­նե­րը հան­դի­սա­ւոր ընթ­րի­քով հրա­ժեշտ կու տան Հա­յաս­տան ժա­մա­նած նշա­նա­ւոր գիտ­նա­կան­նե­րուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016