ԵՐԱԽՏԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐ

Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի (ԵՊՀ) Հայ­կա­կան բա­նա­սի­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն ներս նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ «Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րան (95-ա­մեակ). ե­րախ­տա­ւոր դա­սա­խօս­ներ (դի­մա­քան­դա­կա­յին հպում­ներ)» խո­րագ­րեալ գրքին շնոր­հան­դէ­սը։ Հարկ է նշել, որ այս գիր­քին հե­ղի­նակն է լի­բա­նա­նա­հայ հրա­պա­րա­կա­գիր ու գրա­կա­նա­գէտ Պա­րոյր Աղ­պա­շեան։ Շնոր­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած էր ԵՊՀ-ի եւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, ԵՊՀ-ի Հայ բա­նա­սի­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէի տե­սուչ Արծ­րուն Ա­ւա­գեան, «Ազգ» շա­բա­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան, գրա­կա­նա­գէտ Ե­րուանդ Տէր-Խա­չատ­րեան, ու­սա­նող­ներ, դա­սա­խօս­ներ, գրա­կա­նա­գէտ­ներ, ինչ­պէս նաեւ հե­ղի­նա­կը՝ Պա­րոյր Աղ­պա­շեան։ 

Ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ ը­սաւ, թէ ԵՊՀ անջն­ջե­լի հետք մը կը թո­ղու իր իւ­րա­քան­չիւր սա­նին վրայ, կը վա­ռէ ջահ մը, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը մնայ ան­մար։ Ան այս բո­լո­րի վառ ա­պա­ցոյ­ցը նկա­տեց Պա­րոյր Աղ­պա­շեա­նը, որ մեծ գործ մը կա­տա­րած է՝ գրքի մը մէջ ներ­կա­յաց­նե­լով ԵՊՀ-ի ե­րախ­տա­պարտ դա­սա­խօս­նե­րու կեր­պար­նե­րէն, այն մե­ծա­մեծ­նե­րը, ո­րոնք հայ գրի ու գրա­կա­նու­թեան, հա­յոց լե­զուի տի­տան­ներ ե­ղան, կան­գուն պա­հե­ցին հա­մալ­սա­րա­նը, կրթե­ցին ու դաս­տիա­րա­կե­ցին սե­րունդ­ներ եւ ի­րենց պատ­գա­մը փո­խան­ցե­ցին ա­նոնց։ Նա­խա­րա­րը յատ­կա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց գրքի հե­ղի­նա­կին՝ Լի­բա­նա­նի մէջ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան, Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու ամ­րա-պընդ­ման ուղ­ղու­թեամբ տա­րած աշ­խա­տան­քին հա­մար։

Արծ­րուն Ա­ւա­գեանն ալ հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ը­սաւ. «Այս գիր­քը մեր նուի­րեալ ու­սու­ցիչ­նե­րու մա­սին է. ու­սու­ցիչ­ներ, ո­րոնք մեծ մտա­ւո­րա­կան ըլ­լա­լով հան­դերձ, նաեւ մեր հո­գիի եւ մտքի ըն­կեր­ներն էին։ Մկրտիչ Մկը­րեան, Ե­դուարդ Ա­ղա­յեան, Գէորգ Ջուլ­հա­կեան, Հրանդ Թամ­րա­զեան, Լե­ւոն Ներ­սի­սեան, այս շար­քը կա­րե­լի է եր­կար շա­րու­նա­կել եւ Պա­րոյր Աղ­պա­շեան ա­շա­կեր­տե­լով ա­նոնց, գի­տակ­ցած է՝ որ այդ մե­ծե­րը ժա­մա­նա­կի շունչն ու ո­գին էին եւ այդ շուն­չը այ­սօր առ­կայ է նաեւ այս գրքին մէջ»։

Գի­նե­ձօ­նի տե­ւո­ղու­թեան ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան, Ե­րուանդ Տէր-Խա­չատ­րեան, բա­նա­սէր Սա­մուէլ Մու­րա­տեան եւ այլք։ Այս բո­լո­րէն վերջ Պա­րոյր Աղ­պա­շեան հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց. «1970 թուա­կա­նէն ի վեր կառ­չած եմ հա­մալ­սա­րա­նէն, յի­շո­ղու­թեանս մէջ որ­պէս հե­րոս­ներ ու­նե­նա­լով իմ դա­սա­խօս­ներս՝ հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած եմ ա­նոնց թո­ղած ժա­ռան­գու­թեան։ Ար­դէն լրա­ցած ԵՊՀ-ի 95-ա­մեա­կը եւ շու­տով պի­տի բո­լո­րուի ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան հա­րիւր տա­րին։ Ես նպա­տակն ու­նէի այս գիր­քով նաեւ ամ­փոփ ներ­կա­յաց­նել այն ու­ղին՝ շեշ­տադ­րե­լով նաեւ Հայ բա­նա­սի­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէի ա­ռա­քե­լու­թիւնն ու ա­նոր ե­րախ­տա­պարտ դա­սա­խօս­նե­րու դե­րը հա­մալ­սա­րա­նա­կան կեան­քի մէջ։ Եւ այդ ի­մաս­տով այս գրքի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը եր­կար տա­րի­նե­րու ե­րա­զանք մըն էր ին­ծի հա­մար»։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017