ՈՒԽՏԸ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ (Զ.)

2- Աստտուծոյ ուխտին վախճանաբանական իրականացումը

Աստուած Աբրահամի ըսաւ, թէ իր սերունդը Քանաանի երկիրը պիտի ժառանգէ։ Աստուած Դաւիթով այդ խոստումը վերահաստատեց՝ ըսելով. «Իմ Ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ, որ իր տեղը բնակի ու ալ չշարժի» (Բ. Թգ 7.10)։ Սակայն Դաւիթի խոստումին մէջ Աստուած այս խոստումը տարբեր կերպով եւ տարբեր արտայայտութեամբ յայտնած է։

Աստուծոյ վախճանաբանական յայտարարութեան գլխաւոր խօսքն է հետեւեալը. «Եւ քու տունդ ու թագաւորութիւնդ քու առջեւդ յաւիտեան ապահով պիտի ըլլայ, քու աթոռդ յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ» (Ա. Թգ 7.16)։

«Յաւիտեան» բառը հարց կը ծագեցնէ։ Ի՞նչ բանի կ՚ակնարկէ։ Վստահ, որ Դաւիթի թագաւորութենէն մինչեւ Յուդայի թագաւորութեան անկումը յաւիտեան ժամանակամիջոց չէր։ Իբրեւ պատասխան կը մէջբերենք մարգարէական խօսքերը, որոնք տարբեր կերպով նոյն խոստումին կ՚անդրադառնան։

Եսայիի մարգարէութեան գիրքը, որ նաեւ կոչուած է «Հին Կտակարանին Աւետարանը», Մեսիային կապուած բացայայտ ականարկութիւններ ունի։ «Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը Անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան։ Դաւիթին աթոռին վրայ ու Անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա» (Ես 9.6-7)։

Երեմիայի մարգարէութեան մէջ գրուած է. «Ահա օրեր կու գան, կ՚ըսէ Տէրը, երբ Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի հանեմ, որ թագաւորի պէս թագաւորութիւն պիտի ընէ, իմաստութեամբ պիտի վարուի ու երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ» (Եր 23.5)։

Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ այսպէս ըսուած է. «Անոնց վրայ հովիւ մը, այսինքն Իմ ծառաս Դաւիթը պիտի կեցնեմ, որպէսզի զանոնք հովուէ։ Անիկա պիտի հովուէ զանոնք։ Անիկա պիտի ըլլայ անոց հովիւը։ Ես՝ Տէրս՝ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ Իմ ծառաս Դաւիթ անոնց վրայ իշխան պիտի ըլլայ» (Եզ 34.23-24)։

Ամովսի մարգարէութեան մէջ ըսուած է. «Այն օրը Դաւիթին ինկած խորանը պիտի կանգնեցնեմ եւ անոր փլածները պիտի նորոգեմ, աւերակները պիտի շէնցնեմ, զանիկա հինին պէս պիտի շինեմ» (Ամ 9.11)։

Այս բոլոր խոստումները Դաւիթին կ՚ակնարկեն, երբ ան արդէն խաղաղութեամբ ննջած էր։ Այլաբանօրէն, Աստուածշունչը Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս խոստացեալ Դաւիթ թագաւորը։

Աւետարանները զՔրիստոս կը ներկայացնեն որպէս խոստացեալ Թագաւորը, որ Դաւիթի շառաւիղէն պիտի ծնէր, Ս. Գրային ժամանակաշրջանին ճանչցուած «Մեսիա» տիտղոսով։ «Մեսիա» կը նշանակէ «Օծեալ», որ կ՚արտացոլացնէ Հին Կտակարանեան թագաւորական քահանայական ձէթով օծուելու պատկերը։ Որովհետեւ Քրիստոս թէ՛ թագաւոր էր եւ թէ քահանայապետ։ Մեսիա բառին յունարէն տարադարձութիւնն է «Քրիստոս»։ Զարեհ Արք. Ազնաւորեն կ՚ըսէ. «Քրիստոս» յունարէնով կը նշանակէ «Օծեալ», համապատասխանը եբրայերէն «Մեշիահ» (=Մեսիա) բառին, այսինքն Ան՝ որ Աստուծմէ պիտի գար՝ փրկելու համար Իսրայէլի ժողովուրդը»։

Հետեւաբար, Դաւիթի թագաւորութիւնը ակնարկութիւն է Քրիստոսի եւ Քրիստոսով հաստատուելիք թագաւորութեան։ Մատթէոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները հրէական յատուկ բծախնդրութեամբ ազգաբանական կարգով ցոյց կու տան, թէ Քրիստոս Դաւիթի շառաւիղէն ծնաւ։

ՆՈՐ ՈՒԽՏ

Հին Կտակարանի մարգարէութեան մէջ Երեմիա մարգարէն կը խօսի «Նոր» Ուխտի մասին, որ պիտի փոխարինէր Հին Ուխտը։ Այսինքն՝ Մովսիսական Օրէնքի Ուխտը պիտի փոխարինուէր Նոր Ուխտով։ Հին Կտակարանը Հին Ուխտով ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ, բայց չկրցաւ փոխել մարդոց սիրտը, որպէսզի կարենային Աստուծոյ ճամբուն մէջ քալել։ Հին Ուխտի զոհագործումը մեղքերը կը ծածկէր, մինչ Նոր Ուխտի Զոհը մեղքերը կը սրբէր եւ յաւիտենական քաւութիւն կը շնորհէր։ Աստուած Նոր Ուխտը հաստատեց Քրիստոսի խաչափայտին վրայ զոհագործումով։ Յիսուսի խաչելութիւնը եւ յարութիւնը կը նշեն Նոր Ուխտի ժամանակաշրջանին սկիզբը։ Երբ Քրիստոս կրկին յայտնուի, այն ատեն ամբողջական ներքին փոփոխութիւն պիտի ունենանք, ինչ որ Նոր Ուխտը կը խոստանայ։ Այս իմաստով, Նոր Ուխտը Աբրահամի եւ Դաւիթի ուխտերուն նման վախճանաբանական է։ Ան մեզի կը յայտնէ, թէ պատմութեան աւարտին ի՛նչ պիտի պատահի։ Այս Ուխտը փորձառական Ուխտ է։ Այսինքն զայն ձեռք կը ձգենք Յիսուսի հաւատալով, որ մեր մեղքերուն ամբողջական քաւութիւն կը պարգեւէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕԾԵԱԼԸ՝ ՔՐԻՍՏՈՍ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՒԵՏԱԲԵՐՆ ՈՒ ԱՐՁԱԿԻՉԸ

Քրիստոս աշխարհ եկած էր, մարդիկը մահուան սպառնալիքէն ու մղձաւանջէն ձերբազատելով՝ անոնց անվախճան կեանք ու անմահութիւն շնորհելու, մարդոց վիշտն ու ցաւը, սուգն ու տառապանքը բաժնեկցելով՝ յաւիտենական ուրախութեան եւ երջանկութեան փոխակերպելու, մարդոց մեղքերուն ախտը մաքրելով ու սրբելով՝ զանոնք լոյսի եւ սրբութեան որդիներ դարձնելու։ Աստուածորդին մարմին զգեցած էր, որպէսզի երաշտացած մարդուն մէջ վերստին ցանէր աստուածութեան ցօղը եւ վերանորոգէր մարդուն կեանքը՝ զայն դարձեալ դնելով Աստուծոյ հաղորդութեան հետ ու միաժամանակ զինք իր նախկին աստուածաստեղծ վիճակին վերադարձնելու։ «Գառն Աստուծոյ»ն երկինքէն երկիր իջած էր՝ մարդիկը երկրէն երկինք բարձրացնելու եւ նիւթական խորհողութենէն աննիւթականին վերափոխելու։

Աստուած Եսայի մարգարէին բերնով կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ» (Ես 51.12)։ Աստուած Ի՛նքն է, որ «սրտով կոտրածները կը բժշկէ» (Սղ 147.3)։ Ի՛նքն է, «որ բոլոր իյնալու վրայ եղողները կը կանգնեցնէ» (Սղ 145.14)։ Ի՛նքն է, «որ կը մխիթարէ սրտաբեկները» (Բ.Կր 7.6)։ Ի՛նքն է, որ կ՚ազատէ չարին քմայքներուն մէջ խրած Իր ձեռակերտները (Հմմտ. Սղ 50.15։ Բ. Օր 20.4։ Կղ 1.13)։

Դարեր առաջ արտաբերուած ու կանխագուշակուած «անդառնալի ու անսուտ» մարգարէութիւնները իրականացած էին Քրիստոսով։ Օծեալը եկած էր աշխարհ՝ փրկութեան աւետիսը փոխանցելու եւ Աստուծոյ արքայութեան դռները բանալու աստուածատուր շնորհքէն պարպուած մարդուն առջեւ։ Բոլոր անոնց, որոնք զազիր մեղքին պատճառով իրենց մարդկային ինքնութեան եւ արժանապատուութեան մէջ կոտրած էին ու խորտակուած, որոնք մեղքին գերին դարձած՝ անոր կապանքներուն մէջ կը տուայտէին ու աղեկէզ կը հեծծէին, որոնց հոգեւոր տեսողութիւնը կորսուած էր եւ կոյրերու պէս կը խարխափէին փրկութեան ելքին ի խնդիր՝ իրենց վիրաւոր հոգիին մէջ ամէն օր ապրելով Աստուծոյ որդիութենէն իրենց զրկուածութեան դառն հետեւանքները։ Քրիստոս եկած էր աշխարհ, որպէսզի Հին Ուխտը Նոր Ուխտով՝ Իր կենարար արեամբ փոխարինելու։

Իր ժողովուրդը Եգիպտոսի տաժանակիր ստրկութենէն արձակող նոյն Տէրն է, որ հիմա կու գար մեղքով կուրցած Իր ժողովուրդը մեղքին եւ անմարմին փարաւոնին՝ չարին ստրկութենէն արձակելու եւ անոնց ծառայութեան լուծը խորտակելու։ Ճշմարիտ Արձակիչն է Ան, որ «մեզ սիրեց եւ Իր արիւնով մեր մեղքերուն շղթաները փշրեց» (Յյտ 1.5), որպէսզի Սատանային կողմէ գերեվարուած եւ մեղքով կարկամեալ հոգիներուն ու մարմիններուն ազատութիւն տայ՝ անոնց պարանոցէն չարին լուծը հանելով եւ իր սիրոյ լուծը անցընելով։

ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ՄԵՂՔԻ ՏԻՂՄԻՆ ՄԷՋ ԹԱՒԱԼՈՂ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏԱՐԱՐԸ

Իր աստուածային փառքէն մերկացած Աստուածորդին, Իր գալուստով ու հրաշափառ յարութեամբ կորուսեալներս ազատագրեց մեղքի տիրապետութենէն եւ առաջնորդեց դէպի արդարութիւն։ Մեզ արձակեց մահուան ահալի սարսափէն եւ առաջնորդեց դէպի յաւիտենական կեանք։ Մեզ դուրս բերաւ Սատանայի չարահաւան ծառայութենէն եւ դարձուց Աստուծոյ կամքին կատարիչները։ Մեզ ազատեց խաւարի ստապատիր թագաւորութենէն եւ առաջնորդեց լոյսի թագաւորութիւն։ Մեզ հեռացուց յաւիտենական ահագնադղորդ դատապարտութենէն եւ մօտեցուց յաւերժ երջանկութեան։

Ճշմարիտ ազատարարը՝ Քրիստոս եկաւ աւետելու, թէ հասած է ազատութեան ժամը, որովհետեւ արդէն իսկ հասած է երկնքի արքայութիւնը, հո՛ս է Օծեալ Թագաւորը, երկնքի Տէրը, որուն ձեռքն է փրկութեան դուռը փակելու եւ բանալու բացարձակ իշխանութիւնը (Հմմտ. Յյտ 3.7), փակելու երկրաւոր կեանքի դժւարութեանց եւ դժբախտութեանց ժամանակաշրջանը, եւ բանալու աստուածամերձ կեանքի մը երանութեան անվախճան ժամանակը. վերջ դնելու Աստուծմէ հեռու ապրուած երկրաւոր պանդխտութեան կարօտամաշ օրերուն եւ սկզբնաւորելու հոգիին սպասող տունդարձի երջանիկ օրը, բուժելու մեղքով երկիր ինկած հոգիին կոտրած թեւերը, եւ զայն վերստին սլացնելու դէպի բարձունքը յաւիտենութեան, «անմատոյց լոյս»ին հաղորդութեան մէջ վերստին ապրելու։


ՕԳ­ՏԱ­ԳՈՐ­ԾՈՒԱԾ ԱՂ­ԲԻՒՐ­ՆԵՐ
Աս­տուա­ծա­շունչ գիրք Հին եւ Նոր Կտա­կարն­նե­րու,
Պէյ­րութ, 1992։
Ազ­նա­ւո­րեան Զ. Արք., «Ծննդոց գիր­քի մեկ­նու­թիւն»,
«Դա­սա­րա­նա­յին դա­սըն­թացք», ան­տիպ։
Նոր Կտա­կա­րան, Ան­թի­լիաս, 1996։
­Սար­գիս Կունդ, «Մեկ­նու­թիւն կա­թո­ղի­կեայ թղթոց»,
Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծին, 2003։
Chafer L. S., Major Bible Theme, USA, 1974։
Genesis, USA, 1997։    
International Teonogical commentary, USA, 1993։ 
Laymanÿs Bible Book Commentary, Volume 1, 1978։
Nelsonÿs Expository Dictionary of the Old Testament, USA,
1980։     
Parallel Bible Commentary, USA, 1994։
Richards P., Every Covenent and Promise in the Bible, USA,
1998։
The mew Laymanÿs Bible Commentary, USA, 1979։

(Վերջ)

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018