Հայերէնը Անաղարտ Պահենք…
Վերջին քանի մը տարիներուն հանրութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ արշաւեց Դիմատետրի եւ համացանցի միջոցով հաղորդակցելու եւ տեղեկութիւն քաղելու:
Հայերուս համար երկսայրի սուրի վերածուեցան այս գիտութեան անծայրածիր շտեմարանն ու հաղորդակցութեան միջոցները, ա՛յն աստիճան, որ Հայաստանի մէջ Facebook-ը կը կոչեն «Օգտատետր», փոխանակ Դիմատետրի (չես գիտեր ինչո՞ւ): Տարօրինակ մտածելակերպ…
Մօտաւորապէս տարի մըն է, որ Դիմատետրի մէջ որոշ գրութիւններ կը տեղադրեմ եւ մեծ մասամբ նկատողութիւններով ու ծանօթագրութիւններով որոշ անձերու հայերէնի եւ բառապաշարի թերութիւնները կը մատնանշեմ, մաքուր հայերէն բառապաշար գործածելու համար: Սակայն, յաճախ ապառաժի անդրդուելի տրամադրութեամբ հակադրութիւններու կը հանդիպիմ…
Ընդհանրապէս ողջամիտ է հանրութիւնը. պատճառաբանութեամբ ու փաստերով կը համոզուին, որ վրիպած են, բայց այդ վրիպումը տարիներու ընթացքին սովորութիւն դարձած է եւ ոչ ոք իրենց նկատողութիւն ըրած է կամ ճշդած այդ վրիպումը: Ուստի, յանկարծ, երբ սփիւռքահայ մը մատնանշէ, թէ ինֆորմացիա, ռեպորտաժ, ժիւրի, մաէստրօ, կոնսերվատորիա եւայլն բառերը օտար են եւ հարազատ մայրենի լեզուով բառեր ունինք, ինչպէս՝ տեղեկութիւն, տեղեկագիր, տեղեկագրութիւն, դատական կազմ, վարպետ, երաժշտանոց, կը վրդովին եւ կ՚անհանգստանան:
Դիմատետրի մէջ մինչեւ 4 ամիս առաջ ե՛ս ալ լատինատառ հայերէն կը գործածէի, արդարանալով, որ՝
1) Արհեստավարժական դժուարութիւններ կային նախ հայերէն գրելու, ապա այդ գրութիւնը տեղափոխելու յարմար էջն ու սիւնակը:
2) Ամերիկաբնակ հայ նոր սերունդին 80 տոկոսը ճանաչողութիւն չունի մեսրոպատառ հայերէնին: Ասոնց հետ հաղորդակցելու համար 2 միջոց կայ. կա՛մ լատինատառ հայերէն, քանի որ բանաւոր հայերէն կը հասկնան, հակառակ անոր, որ հայերէն չեն կրնար կարդալ, կամ ալ՝ անգլերէնով:
Ոմանք ալ հայերէն ուղղագրութեան լաւ չեն տիրեր, ուստի լատինատառ հայերէնով կը հաղորդակցին՝ ծածկելու համար իրենց ուղղագրական անգրագիտութիւնը…
Երբ նկատողութիւն կ՚ընէի Դիմատետրի մէջ օտար բառերու փոխարէն հայերէն բառեր գործածելու, շառաչուն ապտակը կը հասնէր երեսիս, թէ՝ «ինչո՞ւ լատինատառ կը գրես՝ անարգելով մեսրոպատառ հայերէնը, եւ մեզի կը քարոզես հայերէն բառեր գործածել, երբ այդ օտար բառերը ընդունուած են Հայաստանի մէջ»:
Վերոյիշեալ բացատրութիւններս ամերիկահայ նոր սերունդին մասին համոզիչ չթուեցան շատերուն: Ծանօթներու օգնութեամբ հայերէն գիրերը բջիջային հեռախօսիս մէջ տեղաւորելով՝ զինուած, ազատօրէն իջայ հայերէնի խաչակրութեան դաշտ՝ հայերէնի բառապաշարի մաքրազտման սատարելու:
Ցաւալին այն է, որ որոշ մտաւորական եւ ուսեալ հատուած մը երիտասարդ սերունդի, Հայաստանի մէջ կամ Հայաստանէն արտագաղթած, մոլեգին կերպով կը պայքարի օտար բառերը պահպանելու մոլութեան: Հազիւ 10 տոկոսը այս հատուածին, անձայն, առանց հակաճառութեան ընդունեց, որ բոլոր օտար բառերու գործածութիւնը հայերէնի մէջ սխալ է, եւ պէտք է սրբագրել: Մեծ մասամբ կ՚առարկեն, թէ՝ «միջազգային բառեր են», «մեր պոէտները (բանաստեղծները) գործածած են», «Հայաստանի մէջ ընդունուած բառեր են», իսկ ուրիշներ նախատական ու վիրաւորական բառեր կը գործածեն, հակառակ անոր, որ ուսեալ եւ պաշտօնի տէր անձնաւորութիւններ են…
Ինծի համար չափազանց սրտի կսկիծ է եւ անհասկնալի հանելուկ, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի նախագահը, վարչապետը, մշակոյթի կամ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարները հեռատեսիլէն ելոյթ չեն ունենար՝ պահանջելով հանրութենէն, որ լատինատառ հաղորդակցութեան եւ օտար բառերու գործածութեան վերջ տայ համացանցի ու Դիմատետրի մէջ, եւ մաքուր հայերէնով հաղորդակցի:
Ի հարկէ, նախ համակարգիչի եւ բջիջային հեռախօսի ընկերութիւններէն պէտք է պահանջուի եւ պարտադրուի Հայաստանի մէջ հայատառ գիրերու տեղադրումը այս հաղորդակցական գործիքներուն մէջ: Ներկայիս, հայաստանաբնակ հայերուն 50 տոկոսը Դիմատետրի անհատական գրութիւնները լատինատառ հայերէնով կը կատարէ: Իսկ ամերիկահայերուն 70 տոկոսը անգլերէն, 20 տոկոսը հայատառ հայերէն եւ 10 տոկոսը լատինատառ հայերէն կը գործածէ:
Յո՞ երթաս հայութի՜ւն…
Պետականօրէն առաջնորդութիւն, ուղղութիւն տուող չկա՛յ: Վերահսկիչ ազդու մարմին մը գոյութիւն չունի, որ հսկէ, թէ որոշ անհատներ՝ ըլլան անոնք խմբագիր, գրող, լրագրող, հաղորդավար կամ պետական պաշտօնեայ, ի՜նչ աւեր կը գործեն իրենց անտարբերութեամբ, պաշտօնի մէջ թերանալով, անիմաստ, հնարուած, շինծու ու արուեստական բառեր Դիմատետրի մէջ տեղադրելով, կամ՝ օտար բառերու ծովածաւալ գործածութեամբ իրենց գրութիւններուն եւ ելոյթներուն մէջ, որոնք կ՚արտագրուին ու կը տեղադրուին համացանցի եւ Դիմատետրի մէջ:
Բացի անհատներէ, պետութիւնն է, որ տէր պէտք է կանգնի մեր լեզուի բառապաշարի մաքրութեան… Այլապէս, հայերէնի փոխարէն՝ շուտով կ՚ունենանք ռուսա-անգլա-հայերէն, իսկ 20 տարի ետք՝ թրքա-ռուսա-անգլա-հայերէն:
Հայերէնի բառապաշարը տագնապալի վիճակի մէջ է… նոր սերունդը անսանձ կ՚արշաւէ անգլերէն բառերու ներմուծման՝ հայերէնին մէջ. ասոր եթէ աւելցնենք լատինատառ հայերէն գրելը Հայաստանի մէջ, ապա կրնա՛ք երեւակայել, թէ հայագիտութեան ո՞վ արժէք պիտի տայ…
Լեզուն մեր ազգային պատկանելութիւնն ու ինքնութիւնը բնորոշող՝ մեր նախնիքներէն ժառանգուած հայրենի հողին հետ, մեծագոյն գանձերէն մին է: Եթէ Հայաստանի հայը տէր չկանգնի, ապա ո՞վ տէր պիտի կանգնի անոր:
Օտար տիրապետող եւ գերիշխող ազգեր ուզած են տարածքային, քաղաքական եւ մշակութային լծակներով պարտադրել իրենց լեզուն ու կենցաղավարութիւնը նուաճուած ազգերուն, իւրացնելու համար զանոնք: Այսպէս ըրած են պարսիկները, յոյները, արաբները, թուրքերը, եւրոպացիներն ու ռուսերը՝ ենթակայ ազգերուն մէջ լեզուամտածողական համակարգը խաթարելով եւ փոխելով, այլասերելու եւ հեռացնելու համար զանոնք իրենց ազգային ակունքներէն:
Ներկայիս տնտեսական եւ լրատուական համացանցային ու դիմատետրային լծակները կը գործադրուին այդ նպատակներուն հասնելու համար, եւ Հայաստանի «ուսեալ խաւ»ին գրեթէ 50 տոկոսը ենթարկուած է այդ հոսանքին:
Արդեօք ժամանակը չէ՞ եկած հայերէնի բառապաշարի մաքրազտումը կատարելու եւ լատինատառ հայերէն գրելաձեւը կասեցնելու Հայաստանի մէջ։
Արդեօք այս ընթացքը ազգային անվտանգութեան խնդիր չէ՞…
Յուսանք, որ պատասխանատու պետական անձինք ողջմտութիւնը ունենան լրջօրէն վերլուծելու վերոյիշեալ հարցը եւ գործնական քայլեր առնեն, վասն հայերէնի սիրոյն…
ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
«Մեսրոպեան Ուխտ
Լեզուապահպանման Միութիւն»