ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԳԱՐԻՆ ՃԻՆՃԻՕՂԼՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Համակրելի նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլու երէկ անհատական ցուցահանդէս մը բացաւ Պէյօղլուի մէջ։ Իտալական մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ բացուեցաւ այս ցուցահանդէսը, որ ձօնուած է Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելեանին։ Գարին Ճինճիօղլու, որ երկար տարիներէ ի վեր մեր գեղարուեստական կեանքէն ներս ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանի նկարչուհի մըն է, որոշած է իր ստեղծագործութիւններուն հասոյթը ներդնել Գալֆաեան Տան համար։
Ցուցահանդէսին հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան։ Ձեռնարկը պատուեցին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանի կողմէ գլխաւորուած Գալֆաեան Տան խնամակալութիւնը եւ 150-ամեակի կարգադիր յանձնախումբի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր մասնակիցները։ Անոնք մանաւանդ մեծ գնահատանքով եւ համակրանքով շրջապատեցին նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլուն, որ զօրակցութեան ոգի ցուցաբերած է այս հաստատութեան նկատմամբ։
Գարին Ճինճիօղլուի երէկ բացուած ցուցահանդէսը կ՚եզրափակուի այսօր։